Կիրակի, Հոկտեմբեր 6, 2024

Շաբաթաթերթ

Յուշերու Շարքէն. Mr. Stretch-ը

ՎԱՐԴԱՆ ԹԱՇՃԵԱՆ

 

Մամուլի էջերէն եւ կամ յուշագրութիւններու ընդմէջէն շատ բան կարդացած ենք Մելգոնեանի հայ ուսուցիչներուն մասին: Նոյնը կարելի չէ ըսել սակայն օտար դասատուներու պարագային, մեծամասնութեամբ՝ յոյն, անգլիացի եւ կամ արաբ: Ընդունելու է, որ ասոնք ալ ոչ նուազ չափանիշով ակօսած են մելգոնեանցիներու միտքը ու հո՛ն սերմանած՝ լեզուական կամ գիտական նիւթերու ուսուցումով, երկրորդական ուսման ու զարգացման հունտերը, իրենց կարգին շունչ, քրտինք եւ ներդրում խնկարկելով Լուսոյ Տաճարի բնակիչներուն, եթէ ոչ հայակերտման, այլեւ մարդակերտման կարեւոր առաքելութեան ճամբուն վրայ:

Ահա, այս խումբին պատկանող մշակներէն մէկն էր անգլերէն լեզուի մեր սիրուած ու յարգուած ուսուցիչը, Պրն. Թովմըս Սթրէչը, որուն անունը տարիներ շարունակ կապուած մնացած է Հաստատութեան կեանքին, եւ վստահ եմ ելքի վիզա ալ ստացած չէ երբեք մելգոնեանցիներու միտքէն ու յիշողութենէն:

Նիհարակազմ, այտերու ծուռումուռ գիծերով, փոսիկներով, կսկլոր ակնոցով, երկար սուր քիթին տակ բերնաչափ պեխով ու երբեմնի մօրուքով տարօրինակ մարդ մըն էր, որուն ֆիզիքականը շատ դիւրաւ կրնար յարմարիլ անգլիացի լրտեսի եւ կամ զինուորականի մը դերին, ճերմակ պաստառի վրայ: Իր նիհարութիւնը հասակ ալ կու տար իրեն, բաղդատած հաստափոր կարգ մը ուսուցիչներուն: Եօ-եօ-ական քալուացք մըն ալ ունէր, ոստոստելու պէս, վեր-վար, կարծես օդէն քան թէ գետնէն, երգի կտոր մը ակռաներուն տակ եւ ձեռքերն ալ գրպաններուն մէջ յաճախ: Երբեմն բերանը կլորցնելով թեթեւ սուլոց մըն ալ կ՚արտաշնչէր, միմիայն իրեն լսելի, վերի շրթունքին դրացի պեխին տալով աքօրտիօնի մը բացուող գոցուող առաձգական վիճակը:

Ոչ կը ծխէր, ոչ կը խմէր եւ ոչ ալ կ’ուտէր… մարմինը՝ վկայ:  Չոր ուտելիքները պատառներու կը վերածէր, կը շարէր քով-քովի պնակին մէջ եւ երեք մատներու եռանկիւնով «snack» կտորը կը տանէր բերան, դարձեալ խանգարելով պեխերուն հանգիստը, ծամելու արարողութեան ընթացքին:

Շատ խօսողն ալ չէր, լռակեա՛ց, լո՛ւրջ, բայց երբ դասի պահուն բերանը բանար, ալ չէր գոցեր, աջ ափը ձախ ափին վրայ, անձայն զարնելու սովորութեամբ, յօնքերը վեր՝ շրջուած մէկական «ո» գիրը, օրուան նիւթը կը բացատրէր ձայնին տալով անգլիական թաւշային առոգանութիւն: Ասոր վնասն ալ օր մը տեսաւ, ընդհանուր պատմութեան դասին, ոտքի վրայ, երբ բերանը շարունակ բաց, պարտապանաց անուններու, թուականներու թմրեցուցիչ ու քնաբեր բացատրութեանը մէջ, այո՛, կէսօրուան ճաշին յաջորդող առաջին պահուն, յանկարծ կեցաւ եւ առանց դադարի սկսաւ հազալ: Զգացինք որ կոկորդին բան մը գնաց: Գրպանէն արագ մը թաշկինակը հանեց, տարաւ բերնին, «խը՛ խը՛ խը՛» փորձեց անոր մէջ որսալ սպրդած խայտառակը, յետոյ բացաւ, նայեցաւ, ստուգեց եւ

– O՜h, a fly! գոչեց ու թաշկինակը գունդի վերածելով հրմշտկեց եկած տեղին խորերը, ճանճով միասին:

Ինքնամփոփ էր, միայնակ, խորհրդաւոր: Կողակից չունէր: Չունեցաւ, որքան որ գիտեմ: Կեանքի զոհաբերում մը գուցէ, փակելով վարագոյրը՝ երազուած ընտանեկան բոյնի մը ջերմութեան, աշխարհիկ հաճոյքներէ զուրկ վանականեան կեանքին պէս:

Ուսուցչարանին մէջ, ինչպէս ամէն ուսուցիչ, ունէր իր յատուկ սեղանը եւ գլուխը հակ, կզակը ձախ ձեռքին յենած, տետրակներու դէզի մը վրայ անընդհատ կը սրբագրէր, զբօսանքի կամ ազատ պահերուն, մէջ ընդ մէջ դէմքին տալով տետրակներէն հոսող արտառոց սխալներուն բնազդական պատասխանը՝ տեսակաւոր ծամածռութիւններով եւ դժգոհական «ցը ցը ցը»ներով: Ֆիզիքական այդ յարափոփոխ վիճակին թարգմանութեամբ դժուար չէր կռահել թէ անգլիացիներուն սիրելի ո՞ր բառերը կը ճեմէին ուղեղին մէջ… «rubbish», «awful»! Եւ անբաժան այդ գունդ թաշկինակը քիթին ծայրը ձախէն աջ, աջէն ձախ քսելով տո՛ւր որ կու տաս կարմիր մելանին, անփոյթ աշակերտին իբր ապարդիւն պատիժ, գուցէ սպառելով շատ աւելի ժամանակ, համբերութիւն եւ ջիղ, քան ինչ որ տետրակին յանձնած կ՚ըլլար այդ պարտականութեան հեղինակ աշակերտը:

Յամառ ընթերցող էր: Պարագաներու բերումով, տարիներ ետք եղանք նաեւ պաշտօնակից, երբ ուսուցչութեան պաշտօն ստանձնեցի Մելգոնեանի մէջ եւ բարի զուգադիպութեամբ՝ նաեւ պատեկից դրացի եւ զրուցակից՝ ուսուցիչներու երկար հին շէնքին մէջ: Սենեակին դուռը երբ գոցէր, BBC-ի ունկնդրութեամբ կը գրէր, կ՚աշխատէր եւ… կը կարդար, գիրք կամ թերթ, ծայրէ ի ծայր, մինչեւ ուշ ատեն: Ոչ միայն անգլիական, այլեւ միջազգային քաղաքականութիւն, գրականութիւն, պատմութիւն, մշակոյթ, սովորութիւններ, մարզական կեանք գաղտնիք չունէին իրեն համար: Հո՛ն ալ, անպայման բան մը ունէր տալիք, եթէ երբեք այդ նիւթերով հետաքրքիր ու տրամադիր խօսակիցը գտնուէր: Կը խօսէր ամէն նիւթի շուրջ, ինքնավստահ, հանդարտ, կշռաւոր: Քաղաքական իրադարձութիւններու շուրջ ունէր իր անխախտ կարծիքը եւ իր տուած պատճառաբանութիւններուն համոզիչ եղանակը: Ժողովրդային զանգուածներու իրաւազրկումները, մեծ երկիրներու կամ ընկերութիւններու տիրապետութեան տակ՝ շատ հաճոյ չէին թուեր իր ներաշխարհին: Իրեն համախոհ չեղողը անգամ չէր կրնար լրջութեամբ չդիմաւորել իր տեսակէտները: Գաղափարախօսութիւն, քաղաքական անշեղ հաւատամք, սկզբունք, ըստ իրեն՝ մարդ արարածի պարտքն էր, մտածողութեան տունը, ուր այցելելը բնատուր իրաւունք էր եւ ոչինչ կրնար շեղել զինք այդ առանձնաշնորհումէն:

Մտերիմ իր բարեկամը գիրքէն ետք իր… հեծիկն էր, իր փոխադրամիջոցը: Իրեն պէս բարձր, խոշոր անիւներով եւ աթոռն ալ իր սրունքներուն յարմարող ելեւէջով: Կը քշէր ձիգ, արձանի պէս անշարժ մարմինով, այդ աթոռէն վեր: Մեզի, փոքրերուս համար, անգործնական էր հարկաւ քշել այդ հեծիկը եթէ կարելի ըլլար փոխ առնել իրմէ, քանի որ մեր ոտքերը «փէթալ»ին ստոյգ պիտի չհասնէին: Մենք ալ սիրահար էինք հեծիկին եւ յաճախ տօնական օրերու արձակուրդներուն, վարձու կ՚առնէինք քաղաքէն եւ հոս-հոն արշաւներ կը կազմակերպէինք: Այսպիսի արկածախնդրութեամբ տարի մը, զինք ունենալով իբրեւ առաջնորդ, քշեցինք դէպի Քայրինիա, ճեղքելով Քայրինիոյ լեռները, անցանք կղզիին արեւմուտքը՝ Քարավա, բարձրացանք դէպի Միրթուի ցից բլուրները, Քոնտէմէնոս, Սքիլուրա, Երոլաքքոս, Նիկոսիա, շուրջ 100 քլմ. ճամբայ, առտուընէ մինչեւ գիշեր, յոգնա՛ծ, սպառա՛ծ… բացի իրմէ հարկաւ: Այդ տարածութիւնը ներկայիս ամբողջութեամբ կը գտնուի թրքական բռնագրաւման տակ 1974-էն ի վեր:

Այդ հեծիկը, օր մը, քիչ մնաց պատճառ պիտի դառնար մեր յարաբերութիւններու խանգարման:

Աղջկանց կողմը նայող տղոց շէնքին ետեւը, կեդրոնական բակին մէջ, երեկոյեան ժամերուն, առաջին սերտողութենէն առաջ սովորութիւն ունէինք թէնիսի պզտիկ գնդակով ֆութպոլ խաղալ, այսպէս կոչուած «աթէշ» (կրակ) խաղը, դիմացը ճեմող աղջիկներուն ուշադրութիւնը գրաւելու տղայական միամտութեամբ: Բուռն, կատաղի բնոյթ կրող այս մրցումներէն մէկուն պատահեցաւ անխուսափելին:

Պրն. Սթրէչը, հեծիկին վրայ դամբանին կողմէն գալով դէպի իր բնակարանը ուղղուած պահուն, տղաքը սխալմամբ իրեն զարնուեցան եւ զինք տապալեցին գետին: Իրար անցած, անմիջապէս հաւաքուեցանք շուրջը, օգնութեան փութալու փորձով եւ մեղանչողական կանչերով:

– Sorry Sir, sorry Sir, we didn’t see you Sir, are you all right Sir?

Պրն. Սթրէչը քանի մը վայրկեան սառած մնաց, ցնցումէն ազդուած եւ թեթեւ մը գունատած, յետոյ առանց ցաւի, տկարութեան կամ ողորմելիութեան նշաններ ցոյց տալու, հաւաքեց ինքզինք, ոտքի ելաւ, թօթուեց փոշին, գտաւ թռած ակնոցը, շտկեց հեծիկին ծռած ղեկը, հազիւ լսելի բառերով, «I am all right» մը մրթմրթաց ու քալելով շարունակեց ճամբան, հեծիկը քովէն բռնած:

Այո՛, բարի մարդ մըն էր Պրն. Սթրէչը: Խիստ չէր: Անգլիական պաղարիւնութիւնը՝ վրան: Ուսուցիչ-աշակերտ բոլորս կը յարգէինք զինք իր ազնիւ բնաւորութեան համար: Մեր չարաճճիութիւնները շատ յաճախ կը հանդիպէին իր անսահման ներողամտութեան: Ոչ կը բարկանար, ոչ կը պոռար եւ ոչ ալ… կը պատժէր: Կ՚ուղղէր, կը խրատէր միայն: Դժբախտաբար կեանքի մէջ, թէ՛ փոքրեր, թէ ալ մեծեր ընդհանրապէս, հոս կամ այլուր, այսպիսի բարիութիւն մը սխալ թարգմանելով ճեղքած են կարգապահութեան «կարմիր գօտին», ենթակային ազնուութիւնը շփոթելով տկարութեան կամ հեղինակութեան պակասի հետ:

Ասոր մէկ օրինակը տեսանք մեր երկրորդ տարին, անգլերէնի պահերէն մէկուն: Զբաղած էինք դասարանային պարտականութեամբ, եւ Պրն. Սթրէչը գրասեղանէ գրասեղան կ՚անցնէր, ծռած վիճակի մէջ մօտէն հետեւելու եւ օգնելու ամէն մէկուս աշխատանքին, երբ ետեւի շարքը նստող դասընկերներէս մին, զսպանակաւոր խաղալիք փոքր ինքնաշարժ մը լարեց, թող տուաւ փայտէ խորտուբորտցած տախտակամածին վրայ, դէպի Պրն. Սթրէչին ուղղութեամբ եւ իսկոյն գլուխը հակեց իր տետրակին վրայ, ճարտար դերասանի պէս: Մեքենան վեր վար զօրաւոր բզզոցով սկսաւ յառաջանալ դէպի իր նշանակէտը, մինչեւ որ ետեւի անիւները տեղ մը պարապութեան հանդիպելով օդին մէջ աւելի սուր ձայնով սկսան իրարու վրայ դառնալ: Մենք խնդալու սկսանք: Պրն. Սթրէչը՝ ոչ: Դէմքը թթուեցաւ ու կէտաւոր կանաչ փոքր աչքերը լայնցած սառեցան խաղալիքին վրայ: Արագ ակնարկ մը նետեց ետեւի շարքերը, զզուանքի ու վրդովմունքի խառն արտայայտութեամբ, «but, why, why?» մը փրցուց բերնէն ու շարունակեց իր հսկողութիւնը, իր նկարագրին ու բնաւորութեան հաւատարիմ, ոչ իսկ մտածելով անկարգը որսալու եւ պատժելու ժամավաճառութեան մասին: Հասուն ու խոհեմ այդ վարմունքը մեր խնդուքը փոխարինեց ամօթի զգացումով: Վայ եկեր էր մեր գլխուն եթէ Պրն. Ակիշեանը ըլլար Պրն. Սթրէչին կօշիկներուն մէջ:

Այս պատահարներէն որեւէ մէկը եւ ոչ ալ ուրիշ անհաճոյ երեւոյթ նուազեցուցած էին իր համարումը հանդէպ մեզի: Կը սիրէր Մելգոնեանը, կը սիրէր մելգոնեանցին, կը սիրէր ուսուցչութիւնը, կը սիրէր Կիպրոսը, ինչ փոյթ թէ այդ սէրերը ցոլացնող «քէֆ»ը չէր կարդացուեր իր դէմքին վրայ: Կը սիրէր նաեւ ֆութպոլը, եւ ուսուցչութեանս առաջին տարին, ուսուցիչ-աշակերտ սերտ յարաբերութեան պերճախօս օրինակով ինքն ալ մաս կազմեց ուսուցիչներու խումբին ընդդէմ աշակերտական տասնըմէկին: Նիհար ըլլալը գիտէինք, բայց երբ կարճ տաբատով դաշտ իջաւ, միսին ուր ըլլալը անյայտ՝ այդ ոտքերով գնդակը հալածող իր վազքը դժուար չեղաւ յիշեցնելու Չայքովսքիի մէկ հանրածանօթ պալէն…

Աշակերտներուն ցնծութիւնը եւ խնդուքը անզուսպ էր ի տես՝ ուսուցչական տեսակաւոր սրունքներու շուրջպարին, մանաւանդ երբ խաղի վերջաւորութեան իբրեւ պահեստային դաշտ իջաւ նաեւ… մեր գրականութեան ուսուցիչը՝ Պրն. Թամամեանը, իր գիրուկ մարմնով, մեր խումբին պատիւը փրկելու համար… խմբապետ-մարզիչ Պրն. Տիգրան Միսիրեանի որոշումով:

Պրն. Թամամեանը չվազեց, չէր կրնար արդէն, այլ միայն քալեց սպասելով որ գնդակը ոտքին գայ: Այդպէս ալ ըրին տղաքը: Դարպասէն երկու մեթր հեռաւորութեան վրայ, դիտմամբ գնդակը բերին իր ոտքին առջեւ: Յետսապահը քաշուեցաւ մէկ կողմ, իյնալ ձեւացնելով, իսկ բերդապահն ալ անցաւ ծայր իբր թէ սահելով:

– Պարոն, shoot, shoot! Զարկէ՛ք Պարոն, լսուեցան չորս կողմէն, եւ Պարոն Թամամեանը կօշիկին քիթով այնպիսի հարուած մը տուաւ որ գնդակը ճեղքեց անտիրական-անուռկան բերդը եւ հասաւ թենիսի դաշտ: Իրաւարարը՝ Պրն. Աբգարեանը սուլեց եւ մատով ցոյց տուաւ դաշտին կեդրոնի շրջանակը:

«Կո՜լ, կո՜լ» գոռացին ամէնքը խանդավառութեան գագաթնակէտ մթնոլորտին մէջ, եւ Պրն. Սթրէչը գլուխը օրօրելով եղաւ առաջին շնորհաւորողը օրուան հերոսին, մինչ Պրն. Թամամեանը կը ճաթէր խնդալէն, իր անակնկալէն գինով…

Յո՜ւշ, յիշատա՜կ, անվերադարձ օրեր…

Նարեկի տնօրէնութեանս տարիներուն, երբ ինք Մելգոնեանէն հանգստեան կոչուած էր ալ, երբեմն պատահաբար կը հանդիպէինք ճամբան, անցեալէն ու ներկայէն նիւթեր գտնելով զրոյցի մը համար: Կիպրոս կը մնար: Կը բաժնուէինք՝ դարձեալ տեսնուելու փափաքով: Հրաւէր ընդունողը չէր, կը նախընտրէր պահուըտած մնալ իր իսկ մտերմութեանը մէջ, քաղաքավարական փոխադարձ այցելութիւններէ հեռու ու գոհունակ փափկանկատութեամբ:

Մեր վերջին հանդիպումին, փոխուած գտայ զինք արտաքնապէս: Ընկճուած էր տարիքի ճնշումին տակ, եւ քայլերն ալ դանդաղած էին: Տարօրինակ զուգադիպութեամբ խօսակցութեան առանցքը կազմեցին յառաջացեալ տարիքի հետ առնչակից մտահոգութիւններ եւ դժուարութիւններ: Իր կարծիքը անակնկալի բերաւ զիս, երբ համոզուած կը թուէր ըլլալ, թէ պետութիւնը սխալ կ՚ընէ հսկայական գումարներ յատկացնելով անյոյս հիւանդներու կամ ծերերու, euthanasia-ի ծանօթ բժիշկ Տոքթ. Ճէք Գէորգեանը յիշեցնող ջատագովութեամբ: Իր ինքնարդարացումը եզրափակեց երկու բառով, նորութիւն մըն ալ աւելցնելով իր արտակեդրոն մտածողութեան:

– Including me…

Նախազգացո՞ւմ մըն էր արդեօք: Երբե՛ք պիտի չգիտնամ, քանի որ անկէ ետք ալ չտեսանք զիրար:

 

Նիկոսիա, 22 Դեկտեմբեր 2016 

 

 

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ