Ուրբաթ, Ապրիլ 19, 2024

Շաբաթաթերթ

«Ճէնըրըլ Մօթըրզ» ընկերութեան գործադիր տնօրէնները Մանուկեան վարժարանէն ներս

ՀԲԸՄ-ի Միշիկընի Ալեք եւ Մարի Մանուկեան վարժարանի գրեթէ յիսնամեայ պատմութեան մէջ, յիշատակելի օր մը պիտի մնայ Յունուար 30, 2017 թուականը: Արդարեւ այդ օր, «Ճէնըրըլ Մօթըրզ» ինքնաշարժի ընկերութեան տարբեր բաժիններու եօթը պատասխանատուներ այցելեցին վարժարան, հանդիպելու Մանուկեան երկրորդական դպրոցի աշակերտներուն հետ: Անոնք հետաքրքրուած էին յատկապէս դպրոցիս արձանագրած գիտական յաջողութիւններով: Այս վերջին տարիներուն, դպրոցիս երկրորդականի տնօրէն Դոկտ. Յովսէփ Թորոսեանի նախաձեռնութեամբ, բարձրակարգ դասարաններուն մէջ կը դասաւանդուէին յառաջացեալ գիտական առարկաներ: Մանուկեան երկրորդական դպրոցը Միշիկընի այն առաջին պայմանագրային՝ չարթըր վարժարաններէն էր որ սկսաւ դասաւանդել STEM կոչուող (Science, Technology, Engineering, and Math) առարկաներէն երկուքը՝ Project Lead the Way եւ Automotive Engineering:

Անցեալ տարի, Automotive Engineering դասընթացքի արդիւնքը եղեր էր  Մանուկեանի աշակերտներուն ստեղծած ելեկտրական ինքնաշարժը: Անոնք իրենց գիտութեան ուսուցիչ Պրն. Սթիւ Սքաթի ղեկավարութեամբ մասնակցեր էին Էնն Արպըրի Միշիկընի համալսարանի դպրոցական ինքնաշարժներու մրցակցութեան, ունենալով միակ աշակերտուհի վարորդը բոլոր մասնակիցներուն մէջ: 25 երկրորդական վարժարաններ մասնակցեր էին այս միջոցառման, ուր Մանուկեանը գրաւեր էր երկրորդ պատուաբեր տեղը:

Այդ օր, Մանուկեանի աշակերտ Մաթիւ Եալտօն իր հերթին առաջին մրցանակը ստացեր էր իր գիւտին համար: Այս մրցանակները առիթ հանդիսացեր էին, որ Մանուկեան վարժարանը ստանայ երկու 5000-ական տոլարի նուիրատուութիւններ՝ առաջինը ինքնաշարժի արտադրամասերու MVC ընկերութեան, իսկ միւսը՝ Մանուկեան հաստատութենէն: Այս գումարները, յաջորդ տարուայ նոր ինքնաշարժի ստեղծման աշխատանքներուն պիտի յատկացուէին:

Յունուար 30-ին դպրոց այցելող խումբին մէջ կար նաեւ հայ ճարտարագէտ մը: Տիկ.

Ճիւլս Թորոսեան աւարտեր էր Միշիկընի յայտնի Լորընս ճարտարագիտական համալսարանը: Այս մէկը խանդավառեց յատկապէս վարժարանիս հոգաբարձութեան ատենապետ Դոկտ. Ռիչըրտ Մարպըրկըրը, որ երկար տարիներ եղած էր այդ համալսարանի դասախօսն ու տնօրէնը:

«Ճեներըլ Մօթըրզ»ի դպրոց այցելող ճարտարագէտները մեծապէս տպաւորուած էին  ի տես դպրոցիս գիտութիւն առարկայի դասաւանդման բարձր մակարդակին: Անոնք սիրայօժար կը պատասխանէին աշակերտներու զանազան հարցումներուն: Հիւր մասնագէտները գովասանական խօսքերով քաջալերեցին յատկապէս դպրոցիս «գիւտարար» Մաթիւ Եալտոյի աշխատանքը, որուն հնարած ինքնաշարժներուն համար գերզգայուն գործիքը ի վիճակի պիտի ըլլար զգուշացնել վարորդը հաւանական բախումէ, խուսափելով աղիտալի արկածներէ:

Իսկապէս Մանուկեան վարժարանի գիտական բաժինը մեծ քայլերով կը յառաջդիմէ շնորհիւ տնօրէն Դոկտ. Թորոսեանի հետեւողական ջանքերուն: Դպրոցիս ապագայ գործակցութիւնը հռչակաւոր «Ճեներըլ Մօթըրզ»ի եւ Լորընս Ճարտարագիտական համալսարանի հետ մեծապէս պիտի նպաստէ Մանուկեանի աշակերտներու յաջողութիւններուն:

Այսպիսով ՀԲԸՄ-ի Միշիկընի Ալեք եւ Մարի Մանուկեան վարժարանը, կը շարունակէ դասուիլ Ամերիկայի լաւագոյն երկրորդական դպրոցներէն մին, ուր աշակերտները ազգային-հայրենասիրական դաստիարակութեան առընթեր կ’արձանագրեն ուսումնական յաջողութիւններ:

 

Թղթակից           

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ