Կիրակի, Դեկտեմբեր 1, 2024

Շաբաթաթերթ

Իսլամութիւնն ու ահաբեկչութիւնը

Թէքէեան Մշակութային Միութեան Կլենտէյլ-Փասատինա մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպութեամբ, Կիրակի, 5 Մարտ 2017-ի երեկոյեան ժամը 5-ին տեղի ունեցաւ բանախօսութիւն մը Դոկտ. Յովհաննէս Ահմարանեանին ներկայացումով, Ալթատինայի Պէշկէօթիւրեան կեդրոնին մէջ:

Դոկտ. Յովհաննէս (Ժան) Ահմարանեան ուսանած է Լիբանանի Զմմառի Հայ Կաթողիկէ վանքին մէջ, որմէ ետք յաճախած է Վատիկանի Կրեկորեանա  համալսարանը աւարտելով պսակաւոր արուեստից տիտղոսով փիլիսոփայութեան և աստուածաբանութեան ճիւղերը:

Դոկտ. Ահմարանեան մասնագիտացած է նաև իսլամական փիլիսոփայութեան մէջ, Գահիրէի պետական համալսարանէն վկայուելով. ստացած է դոկտորական կոչում Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Համալսարանէն, աւարտաճառ ունենալով «Աբրահամ Նահապետին Հուրեական-Հայկական ծագումը»:

Դոկտ. Ահմարանեան դասաւանդած է իսլամաբանութիւն և փիլիսոփայութիւն՝ Փասատինայի Էմմանուէլ քոլէճին մէջ, արաբերէն և Միջին Արևելքի պատմութիւն՝ ամերիկեան բանակին մէջ, և Ամենայն Հայոց Կաթողոկոս, Գարեգին Բ.-ի հրաւէրով դասաւանդած է Աստուածաշունչ Էջմիածնի Գէորգեան ու Սեւանի Վազգէնեան ճեմարաններուն մէջ: Ան հեղինակած է  29 գիրքեր՝ հրատարակուած 4 լեզուներով։

Դոկտ. Ահմարանեանի զեկոյցը կը կեդրոնանար Միջին Արեւելքի ներկայ տագնապին վրայ, որուն գլխաւոր դրդապատճառներէն մին կը հանդիսանար իսլամական ահաբեկչութիւնը և անոր  կրօնական կացութիւնն ու հետապնդուած նպատակները: Ան իր մասնագիտական փորձով ներկայացուց իսլամական կրօնքին ծնունդն ու անոր արագ ընկալման, տարածման պայմանները և պատճառները, արաբական թերակղզիէն սկսեալ մինչև Ափրիկէ, Եւրոպա, Ասիա և Միջին Արևելք: Ան նշեց գոյութիւնը իսլամութեան հետեւողականութեան  երկու ճիւղերուն, ուահապիներու, սալաֆիներու և անկէ բաժնուած շիաներու համայնքին մասին, որոնցմէ վերջինը աւելի հեզ և լայնախոհ մօտեցում ունի իր և այլ կրօնքներու ժողովուրդներու քան սիւննի իսլամները: Դոկտ. Ահմարանեան մանրամասնօրէն ներկայացուց քուրանի գրութիւնները, անոնց տարրական իմաստը, այնտեղ գրուած օրէնքները Մէքքայական, Մէտինայական և հատիսներու հատուածներով, անոնց ուսուցմունքը և պարտադիր գործադրութիւնը իսլամ և ոչ իսլամ ժողովուրդներու կեանքի և մահուան գնով, շարիաայի օրէնքները, մուլլաներու ուսուցման կեդրոններու և անոնց վստահուած առաքելութիւնները և վերջին տարիներուն ստեղծուած Տաէշ շարժումը և անոր նպատակները: Ան մանրամասնեց տարբերութիւնը արաբին և իսլամ արաբին, որուն հետեւանքով այսօր կը տառապի համայն արաբական աշխարհը:

Դոկտ. Ահմարանեան նշեց հազուագիւտ դէպք մը հայոց պատմութեան էջերէն, երբ 8-րդ դարուն, արաբ հրամանատար մը կը յարձակէր Հայաստանի վրայ, Յովհաննէս կաթողիկոս դէմ գալով արաբ բանակին, քուրանի մէջ բազում անգամ նշուած Քրիստոսի արարքներով և անունով յանձնարարեց հետեւիլ իսլամ կրօնքի քուրանի ուղղութիւններուն, փրկելով Հայաստանը ստոյգ պատերազմէ և վնասներէ: Ի միջի այլոց կրնանք ըսել թէ՝ հայերը և Հայաստանը, պատմութեան ընթացքին, շատ յաճախ պաշտպանուած են արաբ իսլամ ժողովուրդին կողմէ, տարբեր առիթներով և պայմաններով:

Դոկտ. Ահմարանեան եզրակացնելով իր բանախօսութիւնը, ըսաւ թէ՝ քրիստոնէութիւնը բաժնեց իր հետեւորդները, սակայն իսլամութիւնը միացուց իր ժողովուրդները, որուն փաստը կը տեսնենք այսօր Միջին Արեւելքի մէջ:

Բանախօսութեան աւարտին եղան երկոտասնեակէ աւելի հարցումներ, որոնց պատասխանեց յարգելի բանախօսը ամենայն համբերութեամբ և մանրակրկիտ պատասխաններով, գոհունակութեան մթնոլորտի մը մէջ:

Ելոյթը աւարտեցաւ աւանդական հիւրասիրութեամբ, ուր տակաւին կը շարունակուէին հարցադրումները, մտերմիկ խորհրդակցութիւնները և ընկերային շաղակրատութիւնները:

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ