ՀԵՆՐԻԿ ԱՆԱՍԵԱՆ
Տաղանդաւոր արձակագիր Սարգիս Վահագնի ԾԱՂԿԱՔԱՂ պատմուածքներու ժողովածուն փոթորկայոյզ հոգիով ծայրէ-ծայր կարդալէն ետք, որոշեցի «քիչ մը աւելի բացուիլ»` փոխան ողջոյնի եւ շնորհաւորական խօսքի:
Ես միշտ հիացած եմ Սարգիս Վահագնի գրելու ոճով, անոր ունեցած բառամթերքի ճոխութեամբ, հարստութեամբ, բառերը ճիշդ տեղին օգտագործելու բացառիկ ունակութեամբ, անոր` ի ծնէ գրող ըլլալու անուրանալի տաղանդով:
Տարիներու թաւալգլոր երեւոյթներու ընթացքին ան կրցած է վարպետօրէն նկարագրել իրականութեանը համապատասխանող դէպքեր, իրողութիւններ, որոնք եղած են, կամ կրնային եղած ըլլալ: Ստոյգ է. այնքան համոզիչ եւ հաստատուն պիտի ըլլայ գրողին ըսելիքը, որ ընթերցողին թուայ թէ իրական են գրողին պատմածները, թէեւ, շատ անգամ կրնան յօրինուած ըլլալ: Այո, արձակագրին գրածը կրնայ ամբողջովին յօրինովի ըլլալ, սակայն ան պիտի շնչէ իրականութեան բոյրով եւ ընթերցողը իրեն պիտի զգայ այն միջավայրին մէջ, որը կը նկարագրէ արձակագիրը:
Նման երեւակայական, իրական թուացող, հոյակապ պատմութիւն մըն է Սարգիս Վահագնի ՍԻՐՈ ԿԵՐՈՆ պատմուածքը: Հոս, Կոմիտասն է, որ կու գայ Մարգարիտ Բաբայեանին քով. հրաշալի պատկեր մըն է այս, որ կը գծէ արձակագիրը.
Ես սարէն կու գայի,
Դուն դուռը բացիր:
Միայն Կոմիտասի հոգեկան տուայտանքներու, Մարգարիտի հանդէպ անոր ունեցած ակնածանքի, գուցէ թէ սիրոյ երեւակայական պատմութիւնն ինքնին ամբողջ վէպ մը կ՚արժէ: Ընթերցողին կը թուայ, թէ ֆիլմ մըն է, որ կը դիտէ Կոմիտասի մասին: Սոյն պատմուածքէն դժուար չէ համոզուիլ, թէ որքա՜ն քաջատեղեակ է գրողը մեր հանճարին կենսագրութեանը:
Ընդհանրապէս, դժուար չէ նկատել պատմուածաշարի գրութիւններուն մէջ այն սէրը, գուրգուրանքն ու շոյանքը, որ կը տածէ մշտարթուն սիրահար, արձակագիր Սարգիս Վահագնը կնոջ նկատմամբ, բնածին յատկութիւն մը, որ միշտ խթան եղած է բոլոր իրապաշտ գրողներուն` հնարաւորինս անկեղծ ըլլալու համար ընթերցողին հետ:
Վահագնի գիրքը բանալուն պէս, առաջին իսկ էջերուն մէջ ուշադրութիւնդ կը գրաւեն բազմաթիւ հիանալի նկարագրողական պատկերները եւ համեմատութիններով լի արտայայտութիւնները: Խնդրեմ, անոնցմէ մի քանին. ՅԱՂԹ ՔԱԼՈՒԱԾՔ, ԱՓԸ ԼԵՑՆՈՂ ԽՆՁՈՐ, ԿԱՇԱՌՔ ԺՊԻՏ, ուրտեղէն-ուր` մէյ մըն ալ` ԲԱՂՆԵՏՈՒՆ,- ինչո՞վ է վատ, փոխան ԲԱՂՆԻՔ ըսելուն:
Սարգիս Վահագնի «Ծաղկաքաղ» պատմուածքներու ժողովածուն պարզ գիրք մը չէ կարդալու համար, այլ, եթէ կ՚ուզէք, «համայնագիտարան»` անցեալ դարու մեծագոյն հայ Սփիւռքի, Լիբանանի, մասնաւորապէս հայերով խճողուն, փարիզեան հովեր առած Պէյրութի հայ համայնքին մէջ մէկ-մէկուկէս տասնամեակ տեւող խմորումներու, ազգադաւ երեւոյթներու, եղբայրասպան սահմռկեցուցիչ դէպքերու մասին:
Այն ամէնը ինչ որ կը պատմուի այս գիրքին մէջ` առաւելապէս կապուած է իր ծննդավայր Պէյրութին հետ, ըլլայ մանկական տարիներու յիշողութիւններ, ուսանողական տարիներուն բնորոշ խանդավառութիւն, հրճուանք, հիասթափութիւն եւ այլն:
Պատմելու ուրոյն ոճ, միայն իրեն յատուկ պատմելաձեւ ունի գրողը: Կրնայ քանի մը էջ խօսիլ ինքն իր հետ: Սովորաբար, դիւրին կը կարդացուին այն պատմուածքները, որոնց մէջ մեծ թիւ կը կազմեն երկխօսութիւնները (dialog):
Վահագնի պարագային այդպէս չէ: Ան կը գրէ, կը պատմէ այնքա՜ն սահուն, այնքա՜ն շքեղ, որ բնաւ կարիքը չես զգար իրավիճակը աշխուժացնող երկխօսութիւններու: Երկու-երեք էջ կը կարդաս առանց շունչ առնելու եւ ոչ մէկ ձանձրոյթ: Կարծես դիմացդ է ան եւ քեզի հետ է, որ զրոյցի բռնուած է, բայց խօսողը ինքն է, դեռ կարգը քեզի չէ հասած: Բնութեան պատկերներու նկարագրութեան այնպիսի նորայայտ բառեր, բառարմատներ մէջտեղ կը բերէ գրողը, որ կը զարմանաս, կ՚ապշիս իր հայերէնի իմացութեան վրայ: Նորաստեղծ բառերով ամբողջ պատկեր մը կրնայ գրողը դնել առջեւդ:
Ես որեւէ տեղ, ոեւէ գրողի քով չեմ հանդիպած այնպիսի բառերու, որ կ՚օգտագործէ Սարգիս Վահագնը: Ահա, խնդրեմ. ԼԻԱՀԱԳԱԳ խնդուք, ՅՈՐՁՔ, ԱԿՌԱՊԼԻԿ: Կրնար չէ՞ գրողը ըսել. ԼԻԱԿԱՏԱՐ ՀԱԳԵՑՆՈՂ ԽՆԴՈՒՔ, ՅՈՐՁԱՆՔ, կամ` ՊԼՊԼԱՆ, ՓԱՅԼՈՂ ԱՏԱՄՆԱՇԱՐ: Բայց ոչ. ան Սարգիս Վահագն է, ոչ միայն գեղեցիկ ձեւով պիտի պատմէ, այլեւ հայերէն գեղեցիկ բառեր պիտի օգտագործէ, եթէ պէտք ըլլայ, պիտի յօրինէ նաեւ նոր բառեր:
Իր` քանի մը տասնեակնոց գեղեցիկ համեմատութիւնները նորայայտ, նորաստեղծ բառերու սիմֆոնիի մը կը վերածեն այս կամ այն պատմուածքը: Ահա քանի մը օրինակներ.
Ափը լեցնող խնձոր, կաշառք ժպիտ, ժպիտը ինկաւ, փշրուեցաւ սալայատակին վրայ, թիկնադարձ, տառապակոծ ժողովուրդ, լիահագագ խնդուք, խաղաղ կազդոյր, յօնքերու թաւուտք, մանրիկ եւ պճլտուն, խղճահարութեան կճոց, Արման մաքրուեցաւ իր հին ժանգերէն, եւ այլն, եւ այլն:
Իր պատմուածքներուն մէջ Սարգիս Վահագնը կարծէք թէ վրձինը առած պատկեր է որ կը գծէ. ահա օրինակ մը ՄԻՒՍԸ պատմուածքէն.
«Ախուրեան գետի ձորին մէջ կանաչի հրդեհ է, գոյներու համերգ: Նորածիլ կուրծքեր, ակռապլիկ ու խենեշ քրքիջ»: Հիանալի է, չէ՞, հոյակա՜պ…
Սարգիս Վահագնի «Ծաղկաքաղ» պատմուածաշարի գրեթէ բոլոր գրութիւններու մէջ կարմիր գիծով կ՚անցնի հայրենիքի գաղափարը: Հիմնականը մարդուս ծծնդավայրն է, հայրենի հողը, հայրենիքը, եւ անոնց անդորրը խանգարողը մշտապէս եղած է, եւ է` ջարդարար թուրքը եւ Ցեղասպանութիւնը: Եւ, անշուշտ, Եղեռնի պատճառով աշխարհով ցիրուցան եղած հայու ճակատագիրը:
ԱՆԱՀԻՏ պատմուածքին հերոսը կերպասի վաճառական երզնկացի Երուանդ Վիրապեանի մեկուսի խորհդածութիւններն են պէյրութահայութեան տարտամ, տխուր ճակատագիրի մասին: Հրաշալի եզրայանգում կայ այս պատմուածքին մէջ, որ է, թէ որքա~ն սխալած են մեր պապերը ե նախապապերը ազգովին քանդել տալով այն ամէնը ինչ-որ կու գար հեթանոսական շրջանէն: Եւ իսկապէս, ո՞րքան բարիք բերաւ մեզի Քրիստոնէութիւնը: Բարիքը եղաւ միայն բարոյական. հարիւր անգամ ջարդուեցանք, նոյնքան անգամ ալ յարութիւն առինք: Ա~խ, ինչո՞ւ, ինչո՞ւ հաշուի չառինք երկրին աշխարհագրական դիրքը…:
Ինչո՞ւ այդքան բարի եւ ազնիւ մեծցուցին մեզի մեր մեծերը, որպէսզի առաջին ապտակին պատասխանը չտուած, թոյլ տայինք, որ ոսոխը երկրորդը` ալ աւելի շա-ռաչուն ապտակը իջեցնէր մեր երեսին: Ամէն հայ գիտէ, տեսած է իրական, շարժուն պատկերներ, երբ քանի մը հազարնոց դժբախտ հայերուն քարաւանը Տէր Զօրի աւա-զուտներուն մէջ, ձեռքերնին դէպի երկինք պարզած, իրենց կեանքը Աստուծոյ ողորմութեանը ապաւինած, սլքտալով կը հետեւին խաչը ձեռին Տիրոջը երկրպագող Տէր Հօրը, փոխանակ ձեւը գտնալու քարաւանի ընթացքին հետեւող քանի մը ասկեար-ներուն հախէն գալով: Չէ, ոչ, սխալ բան մը կայ հոս…
Ի զուր չէ, որ Սարգիս Վահագնը կ՚եզրափակէ իր ըսելիքը հետեւեալ հռետորական բառերով. ԱՅԴ ԱՄԷՆԻ ԱՐԴԻՒՆՔԷՆ ԴԱՐՁԱՆՔ ՏԷՐ ԶՕՐ ԵՒ ՍՓԻՒՌՔ: Իրաւունք ունի, առարկութիւն չի վերցներ:
Սարգիս Վահագնի ՏԱԳՆԱՊԸ պատմուածքին մէջ 1958-ի եղբայրական կռիւներն են Պէյրութի մէջ, Դաշնակ-Հնչակ անզիջում, անմտածուած, անիմաստ պայքար օտար հողին վրայ: Ինչպէս կը գրէ հեղինակը` «Օտարին զէնքովը սկսան անխնայ զիրար կոտորել»: Որո՞ւ, ի՞նչ բանի համար: Պէյրութի թրքախօս հայ համայնքը, որ մաքա-ռում ունէր, նպատակ` մէկ անգամէն խարխուլ, ցիրուցան զանգուածի մը վերածուեցաւ:
Այդ օրերուն էր, որ հերոսին մտապատկերին մէջ գլուխ բարձրացուց գաղափարական գիծին հետամուտ ըլլալը: Կամ այս կողմ, կամ այն կողմ` իր մտածումէն հեռու էր: Ուստի, ինչպէս կը գրէ Վահագնը, հերոսը որոշեց փախչիլ Պէյրութէն: Եկաւ հասաւ Ափրիկէ, ուր ամուսնացաւ աշխատատեղի տիրոջը աղջկան` Մոնիքին հետ: Սկիզբը ամէն ինչ հարթ էր, սակայն ժամանակ առ ժամանակ ինքնիրեն հարց կու տար,- ճի՞շդ ըրի արդեօք օտարին հետ ամուսնանալով: Հետաքրքիր մտայնութիւնը յայտնութեան նման բան մըն է հոս: Ֆրանսերէն բառերով հայը կրնա՞յ գուրգուրանքի, հաճոյքի, արբեցումի բառեր ըսել: Կ՚ըսես, այո, բայց հայերէնի համը չունի: Եւ պատումի աւարտին հերոսը կ՚ըսէ` «Հայերէնով սիրելու կարօտը կ՚արթննար հետզհետէ»:
Սարգիս Վահագնի ՎԵՐԳԻՆԷ պատմուածքին մէջ եղեռնապուրծ (ի՜նչ հրաշալի բառ է) Պէյրութի հայութիւնը մէկ գիշերուան ընթացքին մոխիր դարձած Քարանթինա հիւղաւանը ֆրանսական իշխանութեանց «հոգատարութեամբ» բոլորովին նոր աւան մը կը կառուցէ: Դոդոխեանին ըսածին պէս` հայը «Իր բոյնը կը շինէ»: Բոյն, բնակատեղ, բայց ոչ հայրենի տուն: Հայրենի տունը հոն մնաց, հոս անոր յիշողութիւններով է, որ պիտի ապրիս: Կարօտի վայրկեաններուն ալ գաւաթ մը օղի պիտի ճնկես: Բայց ներսդ, հոգիդ պարապ է: Ոչինչ պիտի օգնէ կարօտախտդ բուժելու համար:
Անչափ ուսանելի պատմութիւն մը հիւսած է Սարգիս Վահագնը ԿՏԱԿԸ պատմուածքին մէջ: Ծերունի Համբաձում-Համբարին զոյգ տղաքը եւ հարսերը չկրցան երկար ատեն հանդուրժել անոր ներկայութեանը երկյարկանի խոշոր տան մէջ: Համբերութեան բաժակը լեցուած պահուն, տղաքը, հարսերը, թոռները, ամէնը միասին իբրեւ թէ իրեն պտոյտի կը տանին ծովեզերեայ հանգստաւէտ վայր մը: Իրականութեան մէջ մայրապետներու ծերանոց կ՚առաջնորդեն ծերուկը: Վերջինս դժուարաւ կը համակերպի իրադրութեանը: Սեփական զաւակներու կողմէ այդպէս անգթօրէն խաբուած ըլլալը ստորնութեան գագաթնակէտն էր իրեն համար: Ի վերջոյ, ծերուկ Համբարձումը կտակարարի միջոցով իր անունին եղած ամէն ինչ` տուն-տեղ, ինչք եւ դրամ` կը կտակէ կաթողիկէ քոյրերու հանգստարան-ծերանոցին: Աւագ որդւոյն կը մնայ սարսափած ոտքի ելլել եւ պոռալ.
– Պա՜պ, ի՞նչ կ՚ընես… խենթացա՞ր…
– Չէ՜, ոչ, չխենթեցաւ պապը, այլ արթնցաւ թմբիրէն…
ՏԱՐՕՐԻՆԱԿ ՄԱՐԴԻԿ պատմուածքը տարաբախտ, անօթեւան հայու վիճակի նկարագրութիւնն է: Անօթեւան ֆրանսահպատակ հայ ընտանիքը, որ չէ կրցած տան վարձքը վճարել, հայր, մայր եւ երեք աղջիկներ տաս օր շարունակ գիշերած են Փարի-զի Օռլի օդակայանին սպասասրահին մէջ: Գիշերները բազմոցներուն վրայ շնթռկած, իսկ ցերեկներն ալ` ուտելիքի ողորմութիւն ստացած օդակայանի սրճարաններէն:
Սարգիս Վահագնի ՍԷՐԸ ՇՐՋԱՊԱՏԻՆ ՄԷՋ պատմուածքը արձակագիրի վաղ շրջանի գործերէն է, գրուած` 1954-ին: Նոյն դպրոցին մէջ ուսուցչութիւն կ՚ընեն Տիրանը եւ Հուրին: Երկուքն ալ յառաջադէմ հայեացքներու տէր: Երկուքն ալ տարուած են նշանաւոր ռուս մանկավարժ Մակարենկոյի ուսուցչական մակավարժական փորձով եւ կ՚ուզեն նորամուծութիւն մտցնել իրենց մանկավարժական գործին մէջ: Իրենց մտերմիկ կապը արդէն յայտնի է ամէնուն: Դպրոցի տնօրէնը հիմնականին մէջ դէմ չէ նորամուծութեան, սակայն գոհ չէ անոնց մտերմութէնէն: «Դպրոցէն ներս խնդրայարոյց չեմ ուզեր»,- կՙըսէ ան:
Այն է` երիտասարդ մանկավարժները իրենց յարաբերութիւնները լուրջի առնելու վրայ են` կու գայ հոգաբարձութեան ատենապետին խօսքը.
– Քեզ դպրոցին մէջ պահել չենք կրնար այլեւս, մինչ այդ իր ելոյթին ընթացքին զայն մեղադրած ըլլալով դպրոցէն ներս իբրեւ թէ պոլշեւիկութիւն քարոզելուն համար:
Սարգիս Վահագնի ԱՆՈՒՆԸ պատմուածքը կարդալու ատեն, ակամայ յիշեցի երկու տարի առաջ հրատարակած յօդուածս, որուն վերնագիրն էր` «Անպայման հայացնել մեր մականունները», որ պատասխան էր ընթերցողներուն մէկուն «Կրօնք կը փոխուի, բայց մականուն չի փոխուիր» արտայայտութեան: Եւ իմ առաջարկս էր ոչ թէ փոխել մականունը, այլ հայացնել, ինչպէս ըսենք Տէմիրճեանը` Երկաթեանի (Դարբինեան), Պէրպէրեանը` Սաբրիչեան, Կէօզալեանը` Սիրունեան, եւ այսպէս, քանի մը տաս-նեակ թրքաբոյր մականուններ: Սարգիս Վահագնի հերոսին անունը Բարսեղ Ճգնա-ւորեան է եւ ֆրանսացի պաշտօնեան կը դժուարանայ գրի առնել, գտնալով որ խրթին է: Բարսեղ կ՚ընդունի, որ խրթին է, բայց բնաւ համաձայն չէ իր անուն-մականունը ֆրանսացիի սիրոյն դիւրահունչ (այս բառն ալ թող ես իբրեւ յօրինող սեպուիմ, սիրելի գրող,- Հ. Ա.) դարձնել:
Տասը տարի ֆրանսահպատակ դառնալ փափաքող Բարսեղ կռնակադարձ (Սարգիս Վահագնի օգտագործած բառերէն է…) դուրս կ՚ելլէ կառավարական սենեակէն:
Պէյրութի ճանաչուած Համրա շրջանին մէջ գործող «Ֆօթօ Մայք» լուսանկարչատան տէր հայորդի Միքայէլ Արշակեան, պարտքերէն ազատուելու եւ ընտանիքին համար բարւօք պայմաններ ստեղծելու սիրոյն զոհը կը դառնայ ֆրանսացի կաւատ Ժագին եւ բաւական դրամ շահելէն ետք բանտ կ՚առաջնորդուի:
Սարգիս Վահագնի ԴԻՄԱԿԻՆ ՏԱԿ պատմուածքին մէջ յորդոր կայ, զգուշացում` հեռու մնալու համար հաշիւով, ընդգծուած ծրագիրով, արթուն տրամաբանութեամբ, եւ հաշուենկատութեամբ առաջնորդուող մարդոցմէ: Եւ, վստահ եղէք, որ պիտի գայ պահը անոնց դիմակը պատռուելու:
Սարգիս Վահագնի «Ծաղկաքաղ» պատմուածաշարի վերջին երեք պատմուածք-ները կը վերաբերին հայ եւ թուրք փոխյարաբերութիւններուն: Առաջինին մէջ, որ կը կոչուի ԱՐՍԷՆ ԵՒ ԷՕԶԷՆ, հեղինակը յորդոր ունի, զգուշացում. որքան ալ թուրքը ընկեր, բարեկամ խաղայ հետդ` մի հաւատար անոր…:
Երկրորդ` ՄԵՆՔ ԵՒ ԴՈՒՔ պատմուածքը հայ եւ թուրք ժողովուրդներու փոխյարա-բերութեան մասին է: Թուրքը կ՚ընդունի, այո, իր նախորդ սերունդը Ցեղասպանութիւն գործած է: Քարոզչութիւն չէ գրող Վահագնին նկարագրած զրոյցը, այլ իրական պատկերը նաեւ այսօրուայ վիճակին:
Վերջին` ՎՐԷԺԸ պատմուածքը գրուած է 1965-ին, Մեծ Եղեռնի 50-ամեակի օրերուն: Հոգեբանական ոճի ցնցող պատկեր մը վրձնած է հոս տաղանդաւոր Սարգիս Վահագնը, գուցէ թէ իրական դէպքի մը հանգոյն: Սկիզբէն կը զգաս, որ բան մի պիտի ըլլայ, լուրջ բան մը: Պատմուածքին հերոսը ստիպուած, պետին հրահանգով պիտի գործուղումի երթայ Անքարա` ուր ամէն ինչ թրքական է. կեանքը, փողոցները, թուրք են ամէնը, իր հիւրանոցին պաշտոնեաները, ոստիկանները, ամէ՜նը ամէ՜նը…, Առաջին օրն իսկ հիւրանոցէն գործատեղի երթալու ճամբուն վրայ, ան կը տեսնէ շէնքի մը պատին շուքին տակ, աթոռակին վրայ նստած, յաճախորդի սպասող կօշիկ փայլեցնող ծերուկը: Այստեղ խօսքը տանք հեղինակին.
– Կարծես մագնիսական ոյժ մը զիս մղեց դէպի անոր սնտուկը ուր ոտքս դրի: Վարէն վեր սուր նայուածք մը սարսռացուց զիս: Այդ հատու նայուածքին մէջ նշմարել կարծեցի կայծ մը` եաթաղանի փայլը յիշեցնող:
Եկուր տես, որ այդ ենթադրեալ փայլը երթալով մեծցաւ, ահագնացաւ եւ ծայր տուաւ վրէժխնդրութեան մոլուցքին: Ի վերջոյ` մեր հերոսը իր գործուղման բոլոր օրերուն, ամէն օր, տեղի-անտեղի, դիտմամբ քալելով փոշոտ փողոցներվ, կօշիկներն աղտոտելով գործ «կը հայթայթէր» ծերուկին, իւրաքանչիւր անգամ սադիզմի հասնող տարբեր պատճառներ փնտռելով գործողութիւնը երկարացնելու եւ անոր համբերութեան բաժակը լրանալուն հաճոյքը վայելելու համար: Մինչ ծերուկը անտրտունջ, աւելի եռանդով կը մաքրէր, կը ներկէր, կը փայլեցնէր մեր պարոնին կօշիկները:
Հոս խօսքը դարձեալ տանք հեղինակին, որ ցնցող պատկեր մըն է եւ դաս մը կարգ մը մարդոց.
– … Չես գիտեր ուրկից, եօթ-ութ տարեկան, կարկտնուած հագուստներով մանչուկ մը մօտեցաւ իրեն, պպզեց քովիկը եւ երկարեց ճաշի ծրար մը, եւ յետոյ, որպէս թէ փսփսաց ծերուկին.
– Տէտէ, նանիս ըսաւ քի տաք-տաք ուտես, տոլմա է…
Ես խայթուածի պէս քաշեցի ոտքս։
Մանչուկը հայերէն էր խօսած:
…Այսպիսով եկանք եզրայանգումին. Մեր առջեւ ունինք տաղանդաւոր մարդ-գրող Սարգիս Վահագնի, նոյնքան լուսամիտ մտածողի` տարաբախտ Սփիւռքի, ի մասնա-ւորի լիբանանահայութեան վերջին 40-50 տարուայ վայրիվերումներով լի պատմութիւնը գեղարուեստական անթերի մակարդակով լայն ընթերցողի սեղանին դրուած այս փառաշուք հրատարակութեան մեր կողմէ աւելի կամ պակաս չափի լուսաբանումին:
Եւ, որովհետեւ, այս հաւաքածուն հիմնականին մէջ կ՚ամփոփէ Սարգիս Վահագնի` որպէս փնտռուած արձակագիրի գործունէութեան առաջին կէսը, ուստի իմ եւ ամէնուն փափաքն է, որ ան իր 90-ամեակի օրերուն մէջտեղ հանէ «Ծաղկաքաղ»-ին երկրորդ հատորը, ուր ամփոփուած ըլլան անցեալ դարու 70-էն վերջ գրած գործերու ընտրանին:
Ընթերցուած ԹՄՄ-ի կազմակերպութեամբ, Մարտ 16, 2017-ին, Սարգիս Վահագնի «Ծաղկաքաղ» պատմուածաշարին նուիրուած երեկոյին, Ալթատինա, Քալիֆորնիա