Ներկայացուցիչներու պալատի արտաքին յատկացումներու ենթայանձնաժողովի նիստին ընթացքին ելոյթ ունենալով, ԱՄՆ Քոնկրէսի Հայկական յանձնախումբի փոխնախագահ, քոնկրէսմէն Ատամ Շիֆ ըսած է, որ առնուազն 40 միլիոն տոլարի օգնութիւն պէտք է տրամադրուի Հայաստանին, ինչպէս նաեւ պէտք չէ մոռցուի Լեռնային Ղարաբաղը։