Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Հարցազրոյց Պէյրութի Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի տնօրէն՝ Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանի հետ

Փետրուարի առաջին տասնօրեակին, «ԱրարատԷսքիճեան» թանգարանի տնօրէնութեան հրաւէրով Լոս Անճելըս կը գտնուէր Պէյրութի Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի տնօրէն եւ Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի պատասխանատու քարտուղար Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան: Օգտուելով այս առիթէն, «Նոր Օր» Դոկտ. Տագէսեանին հետ ունեցաւ հարցազրոյց մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ:

 

ՆՈՐ ՕՐ.- Դոկտ. Տագէսեան, բարի եկած էք Լոս Անճելըս: Ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէ ձեր այս այցելութիւնը:

Ա. ՏԱԳԷՍԵԱՆ.- Այստեղ կը գտնուիմ հրաւէրովը «Արարատ-Էսքիճեան» թանգարանի վարիչ Տիկ. Մակի Մանկասարեան-Կոշընի, որ Քալիֆորնիոյ Նահանգային Համալսարանի Նորթրիճի Հայկական Բաժանմունքին հետ գործակցաբար կազմակերպած է Հաճընի նուիրուած միօրեայ գիտաժողով մը՝ 11 Փետրուարին, որուն կը մասնակցիմ: Ունիմ նաեւ զեկոյց մը Լիբանանահայ գիրքի տպագրութեան եւ տպարաններու պատմութեան վերաբերեալ:

Հ.- Դուք վերջին տարիներուն տնօրէնն էք Հայկազեանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնին: Համառօտակի հաճեցէք պատմել Կեդրոնին, նպատակին եւ իրագործումներուն մասին:

Պ.- Մեկենասութեամբ Տիար Երջօ Սամուէլեանին, 2012 Յունուարին պաշտօնապէս բացումը կատարուեցաւ Կեդրոնին՝ Հայկազեան Համալսարանին մէջ: Հայերը վերջին հարիւրամեակին ամենաշատ նպաստը ունեցած են Միջին Արեւելքի երկիրներու վերելքին, յառաջդիմութեան եւ զարգացման: Կեդրոնին նպատակն է ուսումնասիրութիւններով եւ փաստացի տուեալներով վկայագրել ու փաստագրել այդ նպաստը, յառաջացնել պատումը այդ հարիւրամեայ կենսագործունէութեան:

Մայիս 2014ին Կեդրոնը կազմակերպեց «Լիբանանի հայերը», 2015 Մայիսին՝ «Սուրիոյ հայերը», 2016 Մայիսին՝ «Յորդանանի հայերը» վերնագրեալ գիտաժողովները: 2017 Մայիսի վերջաւորութեան Կեդրոնը պիտի կազմակերպէ «Իրաքի հայերը» գիտաժողովը, որուն պիտի յաջորդեն «Եգիպտոս-Սուտան-Եթովպիա», «Կիպրոս-Յունաստան» եւ «Արաբական Ծոցի Երկիրներ» գիտաժողովները:

Գիտաժողովներուն կը մասնակցին հայ, արաբ եւ օտար մասնագէտներ, մտաւորականներ եւ փորձագէտներ աշխարհի բոլոր կողմերէն: Մինչեւ Մարտի վերջը լոյս կը  տեսնէ Լիբանանի գիտաժողովի նիւթերուն հատորը, եւ այնուհետեւ թափ կ’առնէ հրատարակութիւնը այս հայօճախներու մատենաշարին միւս հատորներուն եւս: 

Հ.- Ի՞նչ է սփիւռքի ձեր սահմանումը:

Պ.- Դժուար է միուղի եւ համապարփակ պատասխան տալ այս հարցումին: Սփիւռքը հին ու նոր սահմանումներ ունի: Եթէ Սփիւռք կը նշանակէ Հայաստանէն դուրս իբրեւ հայ ապրող հաւաքականութիւն, ապա թերեւս զայն պէտք է բաժնել չորս խոշոր ժամանակահատուածներու.- ա) պատմական սփիւռք, ուր պէտք է ընդգրկել բոլոր այն հայագաղութները, որոնք գոյութիւն ունեցած են մինչեւ Հայկական Զարթօնքի շրջանը՝ 18-րդ դարասկիզբ, բ) աւանդական սփիւռք, որ կ’երկարի 18-րդ դարասկիզբէն մինչեւ Եղեռն, գ) դասական սփիւռք, որ կ’ընդգրկէ 1920-1990-ականները, այսինքն՝ Ցեղասպանութեան յաջորդած տարիներէն մինչեւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախացում, եւ՝ դ) յետ-դասական կամ նորագոյն սփիւռք, որ ձեւաւորուիլ սկսաւ 1980-ականներէն Հայաստանէն արտասահման եւ դասական սփիւռքէն այլ վայրեր արտագաղթող հայկական ալիքներով:

Հ.- Ի՞նչ է ձեր տպաւորութիւնը Քալիֆորնիոյ հայագաղութէն:

Պ.- Շատ կարճատեւ հոս կը գտնուիմ, հետեւաբար պիտի չփափաքիմ որոշակի խօսք ըսել, բայց կ’ուզեմ երկու տպաւորութիւն փոխանցել:

Նախ ըսեմ, որ քալիֆորնիահայ այսօրուան գործունէութիւնը կը նմանի այն ինչ կարդացած եմ լիբանանահայ մամուլին մէջ՝ 1960-70-ականներու լիբանանահայ եռուզեռին մասին: Երկրորդը տեսական մտածում մըն է. համեստաբար կը կարծեմ, որ լիբանանահայ փորձը կրնայ աւելի լայնածիր ու խորքային մտորումներ եւ տեսադաշտ բանալ քալիֆորնիահայութեան առջեւ: Ասիկա կ’ըսեմ, որովհետեւ կը թուի թէ մենք Պէյրութի մէջ անհրաժեշտ չափով չօգտուեցանք ատենի պոլսահայ ազգային-քաղաքական-մշակութային եւ կրօնական փորձէն եւ մենք սուղ վճարեցինք մեր «անգիտութեան» համար, ու չկրցանք մեր սահմանափակ միջոցները ռազմագիտականօրէն շահարկել:

Հ.- Դուք նաեւ առնչուած էք Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսին: Ի՞նչ վիճակի մէջ է Հանդէսը:

Պ.- Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսը հրատարակուիլ սկսած է 1970-ին: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառով, մինչեւ 1990 հրատարակուեցաւ 10 հատոր: 1991-էն իվեր ան լոյս կը տեսնէ տարեկան ճշդապահութեամբ՝ խմբագրակազմի մը կողմէ, զոր կը գլխաւորէ Հայր Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեան: 2016-ին հրատարակեցինք 36-րդ հատորը եւ խմբագրակազմը այժմ լծուած է 37-րդ հատորի աշխատանքներուն վրայ: Դժբախտաբար, ան մնաց Սփիւռքի միակ արեւմտահայ եւ արեւելահայ հայագիտական, պարբերականութեամբ հրատարակուող տարեգիրքը: Միջին հաշուով իւրաքանչիւր հատոր կը հաշուէ շուրջ 650 էջ, եւ կ’ընդգրկէ շուրջ 35 հայագիտական նիւթ:

Հայագիտական մթնոլորտի պահպանման ու աճումին համար ամենամեայ շնորհանդէսներ կը կազմակերպենք Հայաստանի Հանրապետութեան այլեւայլ քաղաքներուն թէ Արցախի մէջ:

Պէտք է հաստատել, որ թէ՛ Հանդէսի պէյրութեան շնորհանդէսները եւ թէ՛ Կեդրոնի տարեկան գիտաժողովները, կ’առանձնանան Լիբանանի մշակութային առոյգ հարթակին վրայ, սկսած են յառաջացնել իւրօրինակ ակադեմական մթնոլորտ մը եւ ազդել նորահաս սերունդի տարրերէն ոմանց՝ որոնք հետաքրքրուած են հումանիտար մասնագիտութիւններով:

Հ.- Հայկազեանի մէջ կեանքի կոչուած է նաեւ հրատարակչատուն մը:

Պ.- Այո, Հայկազեան Համալսարանի երրորդ հայագիտական ոլորտը Հայկազեան Հրատարակչատունն է՝ Հայկազեան Եունիվըրսիթի Փրէսը, որ անցնող չորս տարիներուն հրատարակած է քսան գիրք: Հրատարակչատունը կը հրապարակէ հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն հայագիտական բնոյթի ուսումնասիրութիւններ, ինչպէս Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանի Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն, Դոկտ. Վահրամ Շեմմասեանի Մուսա Լեռան 1919-39 շրջանի ընկերամշակութային եւ ժողովրդագրական ու տնտեսական կեանքին վերաբերող անգլերէն ուսումնասիրութիւնները, Դոկտ. Նորա Արիսեանի Ցեղասպանութեան արաբական վկայութիւններուն վերաբերող արաբերէն հատորը, Դոկտ. Արտա Էքմէքճիի ծանօթագրութիւններով ու անգլերէն թարգմանութեամբ լոյս տեսած Յակոբ Արսէնեանի եղեռնի ականատեսի վկայութիւններու հատորը (որ իդէպ ունեցաւ երկրորդ տպագրութիւն մը) եւն.:

Հ.- Հայկազեան Համալսարանի հայագիտական գործունէութեան այլ բնագաւառներ կը գործե՞ն:

Պ.- Համալսարանի հայագիտական այլ ոլորտ մըն է Տէրեան Հայագիտական Գրադարանը, որուն պատասխանատուները ճիգ չեն խնայեր ՝ համապատասխան նորագոյն հայագիտական գրականութեամբ հարստացնելով այժմէական պահելու զայն: Առիթը պատեհ է կոչ ընելու բոլոր գրիչի մարդոց եւ ուսումնասէրներուն, որ յատուկ ջանք ընեն իրենց հրատարակութիւններէն օրինակ մը անպայման գրադարանին նուիրելու համար: Գրադարանը կը ծաւալէ նաեւ հրապարակային գործունէութիւն. աննախընթաց էր հայ տպագրութեան հինգհարիւրամեակին առթիւ կազմակերպուած ձեռնարկներուն շարքը: Վերջերս Գրադարանը լծուած է յատուկ ձեռնարկներով քաջալերելու եւ լուսարձակի տակ առնելու լիբանանահայ հեղինակներն ու տպագրութիւնները: Եւ կայ անշուշտ հայագիտական ամբիոնը, որուն վերջերս տնօրէն նշանակուեցաւ Դոկտ. Նանօր Գարակէօզեան:

Հ.- Ու՞ր է հայագիտութիւնը այսօր:

Պ.- Հայագիտութիւնը համաշխարհայնացման եւ համացանցի այս հրաշքոտ պայմանններուն մէջ կրնայ միայն ծաղկիլ՝ եթէ իմաստուն օգտագործենք ընձեռուած հնարաւորութիւնները: Տինամիթով կարելի է քանդում կատարել, բայց կարելի՛ է նաեւ ժայռեր փշռել ու շինարարութիւն իրագործել…: Հայագիտութիւնը այսօր սքանչելի առիթն ունի հարստանալու աշխարհի բոլոր անկիւնները գտնուող հայերու կենսագործունէութեամբ։ Այսօր հկայագիտութիւնը կը գտնուի այնպիսի հարթակի մը վրայ, որ կրնայ ուսումնասիրուիլ առաւելագոյն ելակէտերէ՝ շնորհիւ աշխարհի որեւէ անկիւնը գտնուող հայ եւ ոչ-հայ հայագէտներու կողմէ: Այսինքն հայագիտութիւնը ծաղկելու առարկայական գրեթէ համահաւասար պայմաններ ունի ֆրանսագիտութեան կամ արաբագիտութեան եւն.ի հետ: Ասիկա մեծ առաւելութիւն է եւ աննախընթաց՝ մեզի համար: Ուշագրաւ է նաեւ այն, որ գրեթէ որեւէ նիւթի ուսումնասիրութեան համար հայկական հումք կայ: Այս իրականութիւնները ուրիշ տինամիզմ կրնան հաղորդել հայագիտութեան:

Կը թուի թէ հայագիտութեան մերօրեայ մեծագոյն մարտահրաւէրներէն է հայագիտութիւնը (հայուն կենսագործունէութեան ամբողջութիւնը) համաշխարհային քաղաքակրթութեան համարկելը:

Այլ մեծ եւ սկզբունքային մարտահրաւէրը հայագիտութեան անցումն է՝ նկարագրական, պատմողական, փաստագրումի վիճակէն խորքային վերլուծումի եւ տեսականացման: Ասիկա կը նշանակէ նաեւ, որ մեզի համար ոչ միայն կարեւոր է գիտնալ թէ հայը ուր ինչ ըրեր է, այլ նաեւ վերլուծել այդ ըրածին դրդապատճառները, արդիւնքները, հետեւանքները, շարունակուիլը կամ դադրիլը:

Հ.- Ձեր մասին. ո՞րն է ձեր վերջին ուսումնասիրութիւնը:

Պ.- Ճիշդ այս օրերուն լոյսին եկաւ լիբանանահայ մշակութային կեանքին առասպելական դէմք Բարսեղ Կանաչեանի մասին աշխատութիւնս: Ջանացած եմ մէկտեղել մեծ նուիրեալին երաժշտական կենսագործունէութեան ծալքերը: Գիրքը համադրական աշխատանք մըն է, որուն ընդմէջէն կը պարզուի Բարսեղ Կանաչեանի փրոֆայլը՝ կենսապատկերը:

Հ.- Դարձեալ հանդիպելու տրամադրութիւններով, շնորհակալութիւն կը յայտնենք ձեզի եւ յարատեւութիւն ու յաջողութիւն՝ պէյրութահայութեան:

Պ.- Շնորհակալութիւն ձեզի՝ այս հարցազրոյցին համար:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ