Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024

Շաբաթաթերթ

«Էրտողան փոխանակ Եւրոպային դաս տալ փորձելու, իր պապերուն գործած ոճիրը թող ընդունի, ըսած է Արամ Ա. Կաթողիկոս

Այս բառերով ողջունած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.-ը  Անթիլիաս այցելող խումբ մը լիբանանցի արուեստագէտ-արուեստագիտուհիները, որոնք յառաջիկայ Ապրիլ 24-ին առիթով Պիպլոսի մէջ պիտի ցուցադրեն Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած իրենց գեղանկարները։ Սոյն ծրագիրը կազմակերպուած է Թէքէեան Մշակութային Միութեան կողմէ, եւ անոր նպատակն է արուեստի ճամբով օտարներուն ծանօթացնել Հայոց Ցեղասպանութիւնը։

Իր խօսքին մէջ Արամ Ա. գնահատելով լիբանանցի նկարիչներուն մասնակցութիւնը ցուցահանդէսին, թելադրած է, որ իրենց պատրաստելիք գեղանկարներուն մէջ շեշտը դնեն Ցեղասպանութենէն անդին՝ նաեւ հայ ժողովուրդի արդարութեան պահանջքին ու վերածնունդին վրայ։ Նորին Սրբութիւնը յիշեցուցած է, որ թուրքը ջարդեց հայ ժողովուրդը, իսկ արաբ ժողովուրդը, իսլամ թէ քրիստոնեայ, իր հայրենիքին դռները լայն բացաւ հայ ժողովուրդին դիմաց։ Շարունակելով իր խօսքը, Վեհափառ Հայրապետը ըսած է, որ «թուրքին նոյն ծաւալապաշտական ու բռնատիրական ոգին այսօր եւս տեսանելի է թէ՛ արաբական աշխարհին եւ թէ՛ Եւրոպայի մէջ»։

Աւարտին, Արամ Ա. պատասխանած է իրեն ուղղուած հարցումներուն։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ