Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 4, 2024

Շաբաթաթերթ

Ազգայինն ու հայկականը՝ թթխմորային սերուցքով ու լիցքով

ՊԱՐՈՅՐ Յ. ԱՂՊԱՇԵԱՆ

Եթէ հայ ժողովուրդի զաւակները, հայրենիքի թէ Սփիւռքի մէջ, չեն անդրադառնար (աւելի ճիշդ՝ չեն ուզեր անդրադառնալ), թէ ինչպիսի մարտահրաւէրներու առջեւ կը գտնուին եւ ինչպիսի գահավիժումներ կը սպասեն իրենց, վա՜յ է եկեր իրենց։

Ո՛չ գուշակ, ո՛չ ալ գիտուն պէտք է ըլլալ տեսնելու կամ հասկնալու, թէ մեր չորսդին ինչե՜ր կը պատահին, ազգաշուք արարքներէն մինչեւ հայրենավնաս գործողութիւններ, գաղութացունց երեւոյթներէն մինչեւ հայամութ հեռանկարներ, ինքնութեան մռայլութենէն մինչեւ ազգադիմագծային խաթարումներ։

Բայց, կարճատեսութիւնը կամ հաւկուրութիւնը գեռակշռող է ամենուրէ՛ք, որովհետեւ մեծ մասը պատասխանատու կազմակերպութիւններու ու ղեկավարութիւններու, չունին այն տեսիլքը, որուն միջոցով կարելի պիտի ըլլար առաջքը առնել համայնական պատուհասներու ու հայաքանդ ողբերգութիւններու։

Դժբախտաբար, հայ ժողովուրդը «վարժ» է միայն հայրենական վարդագոյն ու պերճախօս երեւոյթներով հպարտանալու, մոռնալով, որ աղքատութեան թափը ինչպիսի թափով կը շատնայ, արտագաղթը ինչպիսի թափով աճ կ՚արձանագրէ, տնտեսութիւնը ինչպիսի անկումի մէջ կը յամենայ։

28 տարի անցած է եւ երկրաշարժի «հետք»երը իրենց ժանիքներով կը կրծեն անտունի մնացած շուրջ 600 ընտանիքներու անբարեկեցութեան կեանքը, մինչ վերնախաւի յաջորդական ներկայացուցիչները, անգութօրէն եւ աններելիօրէն, կը վայելեն հանգստաւէտ կեանքի մը բոլոր պայմանները։

Ապրիլեան չորսօրեայ պատերազմը, իր ձգած զոհերով եւ աւերներով, միա՞յն Ատրպէյճանի վրայ պէտք է ձգել կամ միա՞յն զայն պէտք է դատապարտել, երբ 25 տարուան երեք իշխանութիւնները իրե՛նք պարտաւոր էին հայկական բանակը զինել առաւելագոյն արդիական զինամթերքներով։

Ինչո՞ւ Ատրպէյճանը հինգ միլիառ տոլար պիտի կարենայ յատկացնել իր բանակի զինահարստացման, իսկ Հայաստանը պիտի բաւարարուի… երկու հարիւր միլիոն տոլարով։

Ուրիշ ուշագրաւ կէտ մը. հայկական բանակին մէջ ծառայող զինուորական մը, ասկէ շուրջ հինգ տարի առաջ, բրտօրէն խոշտանգուելով մահացած է եւ զոհին ընտանիքը Եւրոպադատարանին դիմած է եւ շահած է դատը, յիսուն հազար եուրօ հատուցման իրաւունք ստանալով, վճարելի՝ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ։

Բաց աստի, Հայաստանէն Սփիւռք «ողողուած» շքանշաններու այս յորդահոսքը ո՞ւր պիտի հասնի եւ ո՞ւր պիտի հասցնէ այս խելակորուսութիւնը։

Մնա՞ց չափանիշ կամ չափ ու կշիռ։

Ասիկա գնահատելու եւ արժեւորելու ի՞նչ ոճ է։

Անգամի մը համար (եթէ պիտի շարունակուի այս անհարթութիւնը), շքանշան (կամ վահանիկ) բաշխող ու զայն ստացող կողմերը, կրնա՞ն հայրենի եւ սփիւռքահայ հանրութեան բացատրել (եւ համոզե՞լ), թէ ի՞նչ սկզբունքներով ու չափանիշներով կը յատկացուի նման պարգեւ մը։

Ո՛չ մէկ կասկած, արժանին արժանի է արժեւորուելու, իսկ հայրենիքէն եկած նման նախաձեռնութիւն մը, միայն անսահման գոհացում ու հպարտութիւն կու տայ պարգեւատրուողի մը, բայց, ատիկա չի կրնար ըլլալ անիմաստ չափազանցութեամբ, անտեղի միջամտութեամբ կամ սանձարձակ կարգադրութեամբ։

Բանիմաց բարեկամ մը, որ ազգային հարցերուն հետեւող իրազեկ մըն է, ի տես այս շքանշանահարական հիւանդութեան, հետեւեալը հարցադրեց.

– Ո՞վ է «յանցաւոր»ը այս չափանիշներու խորտակումին ու խաչաձեւումին. Հայաստանը թէ՞ Սփիւռքը…

(Մենք ասոր պատասխանը տուած ենք, կը մնայ որ ուրիշներ ալ մտածեն այս մասին)։

***

Այսօրուան Սփիւռքը երէկուանը չէ, իսկ վաղուան Սփիւռքը չենք գիտեր ի՞նչ գոյն ու տեսք կը ստանայ, ի լուր այն խառնափնթոր եւ անկազմակերպ կացութեան, որուն մէջ կը տապլտկի ան։

ԸՆԴՈՒՆԻ՛Լ պէտք է. ամէն ինչ գրեթէ «շուռ» եկած է, իսկ ասոր համոզուելու համար, պէտք չկայ Զիմպապուէյ կամ… Հաուայի երթալու։ Կը բաւէ ապրի՛լ մեր իրականութիւնը եւ այդ մեկնարկով խորաչափել անոր էութիւնն ու կենսունակութիւնը։

Բայց, Սփիւռքը, փոխանակ բառնալու իր թերութիւններէն ու կաղացումներէն, ապա, զանոնք սրբագրելու կամ բարեկարգելու, վարպետ է բղաւելու.

– Կը բողոքենք

– Կը գանգատինք

– Կը պոռթկանք

– Կը փրփրինք

– Կը տագնապինք

Յանուն ինչի՞ սակայն, երբ՝

– Կը համակերպինք

– Կը թուլնանք

– Կը սանձուինք

– Կը ճղճիմանանք

– Կը ստրկանանք

Միթէ այս չէ՞ պատկերը սփիւռքահայ նիստուկացին, մտայնութեան ու հոգեբանութեան, դատողութեան ու տրամաբանութեան։

Ո՞վ կրնայ հակառակիլ կամ հակաճառել։

Խճապատկերը մեր առջեւն է.

– Օտարամոլութիւն

– Քաղքենիութիւն

– Խնկարկութիւն

– Այլասերութիւն

– Իրերամերժութիւն

Յստակ չէ՞ որ այս եւ այլ գործօնները ազդած են հայու ինքնութեան պահպանման ու կերտման ապակողմնորոշման վրայ, հայապահպանման լծակները թուլցած են, քատրային պատրաստութեան կոչերը չեն յաջողած։

Ճիշդ է, փորձեր ու ջանքեր կը կատարուին Սփիւռքը կանգուն ու գործունեայ պահելու, արդարեւ, շնորհակալ ու դրուատելի ներգործութիւն, բայց, ի՞նչ ըսել որ նոր սերունդը (իմա՝ երիտասարդութիւնը) ինչո՞ւ նուազագոյն ձեւով կը մասնակցի հայագաղութային կեանքին։

Ասոր «ինչո՞ւ»ի պատասխանը չ՚ըլլար բորբոքելով ու պոռթկալով, այլ՝ գործելաձեւի ու մտածողութեան նորարարական սրսկումներով, ուրկէ դուրս պէտք է շպրտել «անհատի պաշտամունք»ի ոգիի թուլամորթութիւնը, նաեւ ուժ տալ սերնդափոխութեան անիւին։

Ազգային մեր կառոյցները, որոնք այնքան ալ փայլուն գործընթացի մէջ չեն գտնուիր, պահելու համար իրենց ուժականութիւնն ու հմայքը, դառնալու համար ազդու եւ հզօր, օդի, ջուրի ու հացի նման կարիքը ունին բազմավերանորոգման ու բազմաթարմացման, արհեստավարժ մարդուժի սլացքով, ուր ազգայինն ու հայկականը ըլլան թթխմորային սերուցք եւ լիցք, դուրս գալու համար հաշմումի քանդիչ ոլորապտոյտներէն։

 

Պէյրութ, Լիբանան

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ