Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան Վարժարանի աշակերտները ճատրակի Superstates 2017-ի մրցանակակիրներ

ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանը 2016-2017-ին առաջին անգամ ըլլալով բացաւ ճատրակի յատուկ դասարաններ, ընդգրկելով զայն Նախակրթարանի ծրագիրին մէջ։ Ուսուցիչ-մարզիչն է Պրն. Արթուր Աղաջանեանը, որ բծախնդրութեամբ եւ ամենայն պատասխանատուութեամբ անցաւ գործի։ Եւ արդիւնքը չուշացաւ։ Մարտ 18-ին եւ 19-ին, Վալենսիայի մէջ տեղի ունեցած Superstates 2017-ի մրցաշարքին մասնակցեցան նաեւ մեր վարժարանի աշակերտները, երկու անգամ արժանանալով տարբեր տարիքային խումբերու արծաթէ պարգեւին, եւ մէկ անգամ ալ՝ շահելով պատուաւոր երրորդ՝ պրոնզէ բաժակը աւելի քան 700 մարզիկներու մէջ։ Մրցաշարքին կը մասնակցէին Մանկապարտէզէն 12-րդ դասարաններու աշակերտներ։ ՀԲԸՄ Մարի Մանուկեան Նախակրթարանը մասնակցեցաւ 63 հոգինոց մեծ խումբով։

Անոնք շահեցան հետեւեալ մրցանակները. K1 (մանկապարտէզ) մակարդակի ախոյեանութեան երկրորդ տեղի բաժակ, K-3 մակարդակի՝ 2-րդ տեղի բաժակ եւ K-6 մակարդակի՝ 3-րդ տեղի բաժակ։

Գալով անհատական մրցումներուն, մրցանակներու տիրացան Սեւակ Վաքեան, Արնօ Մինասեան, Սանդրօ Բեգլարեան, Ռաֆֆի Աբրահամեան, Արի Աբրահամեան, Անտրէ Գէորգեան եւ Վերոնիկա Մինասեան։

Մենք զրուցեցինք Պրն. Արթուր Աղաջանեանին հետ, որ անկեղծօրէն խոստովանեցաւ. «Շատ գոհ եմ արդիւնքներից։ Մեր երեխաները գերազանցեցին իրենց իսկ հնարաւորութիւնները։ Նրանցից ամէն մէկը կարողացաւ իր լուման ներդնել թիմային յաղթանակի համար։ Այս յաղթանակները նրանց անշուշտ կ՚ոգեւորեն նոր բարձունքների հասնելու համար»։

Աղաջանեան ծնած է Երեւան, FIDE National instructor-ի կոչում ունի եւ 20 տարուան փորձառութիւն։ Ան 1997-ին անցած է Գերմանիա, ուր եղած ճատրակի մարզիչ եւ ուսուցիչ։ Վերջին տասը տարիներուն կ՚ապրի Լոս Անճելըսի մէջ։ Աղաջանեան հիմնադիր տնօրէնն ու մարզիչն է ACO (Advanced Chess Organization) շախմատի դպրոցին, որ կը գտնուի Նորթ Հոլիվուտի մէջ։  Աղաջանեան միջազգային կարգի մարզիչ է։ Մարզադպրոցի սաներէն ամենակրտսերը 4 տարեկան է, իսկ ամենամեծը՝ 18 եւ ունի 1888 վարկանիշ։ Անոնք կը մարզուին տարբեր խմբակներու մէջ՝ համաձայն իրենց վարկանիշներուն։

Կը շնորհաւորենք Պրն. Աղաջանեանը, ՀԲԸՄ-ի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի աշակերտները, ինչպէս նաեւ անոնց ծնողներն ու տնօրէնութիւնը այս առաջին յաջողութեան համար։

 

ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ