Երեքշաբթի, Մարտ 19, 2024

Շաբաթաթերթ

Գրախօսական. The Bilderberg Group DANIEL ESTULIN

Պիլտըրպըրկի խումբին հեռանկարային նպատակները

Ռազմավարական այլազան նախաձեռնութիւններով, Պիլտըրպըրկցիները կը ձգտէին իրականացնել կարգավիճակներ, որոնք աստիճանաբար պիտի առաջնորդէին համազգային հասարակարգի մը (world order) հաստատման։

1. Կեդրոնացեալ հակակշիռ ժողովուրդին, յատկապէս անոր ուսման եւ արտաքին քաղաքականութեան վրայ։ Յառաջ բերել ենթարկուող եւ ոչ թէ զարգացող ընկերութիւն մը, այլ խօսքով՝ ունենալ միայն կառավարողներ եւ հլու ծառայողներ։

2. Առեւտրական խումբի տարածում, NAFTA-ի ընդարձակումով դէպի արեւմտեան կիսագունդ, հասնելով մինչեւ Հարաւային Ամերիկա։

3. Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան հեղինակութեան զօրացում de jure ու de facto իրաւասութիւններով, աշխարհաքաղաքացիները ենթարկելով յատուկ տուրքի։

4. NATO-ի տարածում, Եւրոպական գործերը հակակշռելու, անոր բանակը փոխարինելով որեւէ երկրի ազգային զօրքերը։

5. Միակ դատական դրութեան մը հաստատումը։

6. Հաստատել սոցիալիստ բարօր պետութիւն, ուր հլուները պիտի վարձատրուին, իսկ անհամակերպողները պիտի անտեսուին մինչեւ անոնց անհետացումը։

 

Պիլտըրպըրկի թիրախները

Իրենց  նոր ծրագիրները իրականացնելու համար, Պիլտըրպըրկի ղեկավարութիւնը դիմեց կարգ մը արմատական միջոցառումներու, որոնք կը պահանջէին ֆինանսական մեծ ներդրումներ, դիւանագիտական ու զինուորական նեցուկ, հիները փոխարինող վաճառականական, ճարտարարուեստական ու քաղաքական նոր կառոյցներ։

Այսպէս, անոնք ուզեցին փոխարինել.-

1. Անգլիական Կայսրութիւնը։ Marshall Plan-ը (1948-51) Համաշխարհային Բ. Պատերազմի վաղորդայնին, Քոնկրէսի որոշումով, 135 պիլիըն տոլար յատկացուց եւրոպական երկիրներու, սովի առաջքը առնելու ու քանդուած շրջաններու վերանորոգութեան համար։ Այս հսկայական օգնութիւնը, սակայն, իրեն հետ բերաւ պարտաւորութիւններ։ Այլ խօսքով՝ Եւրոպան սկսաւ ամերիկանալ։ Ամերիկեան մեծ ընկերութիւններ, օրինակ՝ Ճենըրըլ Մոթըրզ, Ֆորտ, եւլն. բաժնեկից դարձան Եւրոպայի իրենց գործակիցներուն։ Ռոպէր Շումանի նոր ծրագիրը՝ Եւրոպական Միութիւնը կամ խորհուրդը (1949) լրացուցիչ այլ նախաձեռնութիւն մըն էր։

2. Ֆրանսայի ու Գերմանիոյ առուծախի ու պողպատի արդիւնաբերութիւնը՝ գերազգային  (superanational) European Coal and Steel Community-ով (ECSC – 1951)։

3. Գոյութիւն ունեցող տնտեսական համակարգը՝ Եւրոպական Հասարակաց Շուկայով (European Common Market, Մարտ 1957)։

4. Եւրոպայի Ուժանիւթի արտադրութիւնը՝ EURATOM-ով (European Atomic Energy – 1957)։

5. Եւրոպական երկիրներու միջեւ գոյութիւն ունեցող տնտեսական կապերը՝ Հռոմի Դաշնագրով (Treaty of European Economic Community), 1957-58-ին, եւրոպական 6 երկիրներու մասնակցութեամբ.- Գերմանիա, Ֆրանսա, Իտալիա, Հոլանտա, Պելճիքա, Լիւքսեմպուրկ։

6. Քանատայի ֆիզիքական կառոյցը՝ փորձելով իրականացնել երկրամասին բաժանումը, Քեպէք քաղաքը առանձնացնելով, մնացեալը կցելու համար Ամերիկայի Միութեան։ Սակայն, վերոյիշեալ նպատակի յաջողութեան համար մէկէ աւելի նախաձեռնութիւններ ձախողեցան։

7. Քարիւղի ընթացիկ գինը՝ 1973-ին մէկ տակառը բարձրացնելով 12 տոլարի – 350 առ հարիւրի յաւելում մը-, խուճապ ստեղծելով Ամերիկայի եւ Եւրոպայի մէջ, ու միաժամանակ արաբ-իսրայէլեան պատերազմը յառաջացնելով։

8. Իտալիոյ քրիստոնեայ տեմոքրաթ վարչապետ Ալտօ Մորոն՝ իր պահակախումբին հետ 1978-ի գարնան սպաննել տալով մասոնական «Կարմիր փաղանգաւորներ»ը։ Պիլտըրպըրկը դէմ էր անոր բարգաւաճումի ծրագրին։

9. Նախագահ Ռիչըրտ Նիքսընը՝ հրաժարիլ տալով, կազմակերպելով Ուոթըրկէյթի գայթակղութիւնը (1974), Իրանի շահ Մոհամմէտ Ռըզա Փահլաուին, պարտադրելով անոր փոխուստը իր երկրէն (1979), Բրիտանիոյ վարչապետ Մարկրէթ Թեչըրը՝ հրաժարիլ տալով (1991), Արժանթինի պահանջատիրութիւնը Ֆոլքլէնտ կղզիներու վրայ՝ անգլիական նաւատորմը պարտութեան մատնելով արժանթինեան բանակը (1982)։

10. Բարգաւաճ Եուկոսլավիան՝ տարանջատելով զայն (1989-92) ու մէջտեղ բերելով նոր պետութիւններ. Սլովինիան (1990), Քրոէյշիան ու Պոսնիան (1990 Մայիս-Օգոստոս), Մասետոնիան (1991) ու Քոսովոն (1988-99), անկախ՝ 2008-ին, ՄԱԿ-ի ուժերուն գործօն մասնակցութեամբ. այս վերջիններս մինչեւ օրս կը պահպանեն նախապէս գոյութիւն չունեցող այս նորաստեղծ պետութիւնը։

 

The Trilateral Commission

Վերոյիշեալ անուանումով Պիլտըրպըրկ Խումբը, 1973-ին, Թոքիոյի մէջ կազմեց յանձնաժողով մը, որ այսուհետեւ պիտի վարէր համազգայնական բարձր քաղականութիւն մը, հոգալով աշխարհի մարդկութեան գերագոյն կարիքները։ Անոր հիմնադիրը ու մղիչ ուժն էր Տէյվիտ Ռոքըֆելլըրը՝ Chase Manhattan դրամատան տէրն ու տնօրէնը։ Վերոյիշեալ Մարմնին անդամակցութիւնը կը բարձրանար 350-ի, եւ ունէր 3 կեդրոնատեղիներ՝ Ուաշինկթըն, Փարիզ ու Թոքիօ։

Յիշեալ յանձնաժողովէն բխած ա) Եւրոպական Հասարակութիւնը, բ) Ամերիկաներու Միութիւնը, որոնք Ազգային Ազատ Վաճառքի Համաձայնութիւն մը (NAFTA) կնքեցին։ Ռոքըֆելլըրի առաջարկն էր կազմել միջազգային դաշնակցութիւն մը, որ պիտի զօրացնէր աշխարհի տիրող ուժին քաղաքական, դրամական, մտաւորական ու կրօնական չորս սիւները, համաշխարհային կեդրոնական կառավարութեամբ։ Յատկապէս CFR-ի խօսնակը՝ «Foreign Affairs» երկամսեան, պիտի ներկայացնէր մարդկութեան լայն շահագրգռութիւններն ու մտահոգութիւնները։

Վերոյիշեալ վարդապետութեան մունետիկները դարձան Փոլ Ժիկօ, Տէյվիտ Պըրկըն, Ուիլլիըմ Քրիսթոլ եւ Ուիլլիըմ Սեֆայր, Զպիկնիեւ Պրզեզինսքի, եւ անուղղակի կերպով ալ՝ նախագահներ Ռ. Ռիկըն, Ճ. Քարթըր ու Պ. Քլինթըն։

 

Յատկանշական այլ տեղեկութիւններ

Ա.- Աֆղանիստանի հակամարտութեան արմատները կ՚երթան մինչեւ Գահիրէ, ուր Ազհարի մզկիթը կեդրոնավայրը եղած է Իսլամ Եղբայրակցութեան գործունէութեանց, նեցուկը վայելելով Պիլտըրպըրկ Խումբին։

Նիւ Եորքի առեւտրական կեդրոնի երկու բարձր շէնքերու օդանաւով ահաբեկիչներէն մէկը՝ Մոհամմէտ Ադդան, հաստատուեցաւ, որ անդամ էր յիշեալ եղբայրակցութեան։ Իսկ Աֆղան Մուճահիտիններու  տասնամեայ (1979-89) զինեալ պայքարը սովետ բանակին դէմ Աֆղանիստանի մէջ, ֆինանսաւորուած էր Սէուտական Արաբիոյ կողմէ։ Իսկ Փաշտուն հաշիշի մաքսանենգները նեցուկը կը վայելէին CIA-ի ու Փաքիստանի պետական գաղտնի գործակալութեան։ Վարագոյրի ետին կը գործէր Պիլտըրպըրկը։

Բ.- Աշխարհի տիրապետութեան այս մոլուցքին մէջ, յատկապէս Ճոն Ռոքըֆելլըր, իր անձնական գաղտնի պատուիրակին միջոցով, կը քաջալերէր յեղափոխական շարժումը ցարին դէմ։ 1900-ական թուականներուն, Ռուսիա, մանաւանդ Պաքուի նաւթահորերով, Մ. Նահանգներէն աւելի՛ քարիւղ կ՚արտադրէր. աշխարհի սպառումի կէսէն աւելին։ 1915-ին, J. P. Morgan, American International Corporation-ը, National City Bank-ը 20 միլիոն տոլար ուղարկեցին Լենինին։ Այս տեղեկութիւնը արձանագրուած է Քոնկրէսի 1919-ի արխիւներուն մէջ։

1922-ին հիմնուեցաւ ռուս-ամերիկեան Chamber of Commerce-ը։ Գլխաւորաբար Ռոքըֆելլըրներու նախաձեռնութեամբ, 1920-30-ական թուականներուն, Vacuum Oil, International Harvester, Guarantee Trust ու New York Life Խորհրդային Միութեան կատարեցին 75 միլիոն տոլարի փոխատուութիւն։ 1933-ին, պաշտօնական ճանաչումը կատարուեցաւ Խորհրդային Միութեան։ Ինչպէ՞ս բացատրել այս երկրի կազմաւորման տարիներուն, Ամերիկայի լայն օժանդակութիւնը նաե՛ւ երկրագործական հում նիւթերով ու ճարտարարուեստի բնագաւառէն ներս մասնագիտական սարքերով։ 1943-ին, Նիւ Եորքի Cremator Corporation-ի միջոցով, 200 lbs. uranium oxide, 220 lbs. uranium nitrate, ու 25 lbs. uranium metal ուղարկուեցան Ռուսաստան, ստեղծելու համար «փոխադարձ հասկացողութիւն» եւ աւելի սերտ գործակցութիւն։ Շահի փոխարէն կատարուած վերոյիշեալ օժանդակութիւնները դաւաճանութեան համազօր նախաձեռնութիւններ չէի՞ն արդեօք։

Համաձայն Էսթուլինի մէկ այլ զգայացունց բացայայտումին, 2000 թուականին, Ամերիկայի պաշտպանութեան նախարար Տանըլտ Ռամզֆելտ, եւ Իրլանտայի Զօր. Փիթըր Սատըրլէնտ, որոնք կը ծառայէին տնօրէն-մարմնին մէջ զուիցերիական ուժանիւթի ABB ընկերութեան, այս վերջնոյն միջոցով Հիւսիսային Քորէայի վաճառած  են երկու հիւլէական բարդեր (reactors)։

 

Թարգմանութիւն՝

(Շար. 2 եւ վերջը յաջորդիւ)

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ