Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Գաղութային Լուրեր

ԴՈԿՏ. ՔԼՈՏ ՄՈՒԹԱՖԵԱՆԻ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ

     Հինգշաբթի, Ապրիլ 6-ի երեկոյեան ժամը 7։30-ին, Մերտինեան վարժարանի Արամ եւ Անահիտ Պուլղուրճեան սրահին մէջ (13330 Riverside Dr., Sherman Oaks, CA 91403) տեղի պիտի ունենայ «Արցախի հարցին արմատները» նիւթին շուրջ դասախօսութիւն։

    Դոկտ. Քլոտ Մութաֆեան Փարիզ ծնած, Ֆրանսայի եւ աշխարհի զանազան երկիրներու համալսարաններու մէջ 40 տարի ուսողութիւն դասաւանդած գիտնական մըն է: Ան նաեւ մեծ հետաքրքրութիւն ունի պատմութեան նկատմամբ:

 

«ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ»Ը  «ԱՄԵՆԱՀԱՄԵՂ» ՇՐՋԱՆՆԵՐՈՒ ՑԱՆԿԻՆ ՄԷՋ

     Հոլիվուտի Little Armenia շրջանին մէջ մեծաթիւ հայեր ապրելուն համար, քաղաքապետարանը զայն անուանած է «Փոքրիկ Հայաստան»: Հոն ունինք երկու Առաքելական եկեղեցիներ, Աւետարանական աղօթատեղիներ, ամէնօրեայ վարժարան, Տաղլեան սրահ, բազմաթիւ ճաշարաններ, անուշավաճառներ, Հայ կեդրոն եւ թերթեր:

     Ամերիկեան «Ֆորպզ» հեղինակաւոր թերթը, ներկայացուցած է աշխարհի ամէնէն հետաքրքրական ճաշատեսակներու համար աշխարհի լաւագոյն 9 զբօսաշրջութիւններու առաջարկներ: Լաւագոյն խոհարարական ցանկին վրայ Լոս Անճելըսի Փոքրիկ Հայաստան (Little Armenia) եղած է այդ 9 շրջաններէն մին, կերակուրներու խոհարարական մշակոյթի բազմազանութեամբ եւ անուշեղէններու համեղութեամբ:

 

«ՀՈԳԻՍ ՔԵԶՄՈՎ ԿԸ ԽԱՅՏԱՅ» ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ

     Մարտ 26-ին, Կլենտէլի հայ սքուլի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հոգիս քեզմով կը խայտայ» թուրք գրող՝ Քեմալ Եալչինի փաստագրական գրքի թատերականացումը, դերակատարութեամբ հայրենի ծանօթ արուեստագէտներ Արթուր Կարապետեանի եւ Սաթենիկ Հախնազարեանի եւ խումբ մը մեծանուն դերասաններու:

     2015-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով, այս թատերախաղը առաջին անգամ ներկայացուած է Նիւ Եորքի մէջ: Հեղինակը՝ Քեմալ Եալչին, այս գործով կը ներկայացնէ Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն պարտադրաբար կրօնափոխ եղած հայերու կեանքէն օրինակներ:

    «Որպէս թուրք գրող, ձեզմէ եւ աշխարհէն ներողութիւն կը խնդրեմ», ըսած է Քեմալ Եալչին Հայոց Ցեղասպանութեան համար:

 

«ՍԻՐՈՎ ԱՊԱԳԱՅԻՑ» ԹԱՏԵՐԱԽԱՂԸ

      Քաղաքիս «Լեւոն Թրավըլ» ճամբորդական ընկերութիւնը, որ գրասենեակներ ունի Երեւան, Պէյրութ եւ Լոս Անճելըս, ամէն տարի արուեստի տարբեր բնագաւառներու մէջ գործող հայրենի արուեստագէտներ կը հրաւիրէ ԱՄՆ։ Մայիս ամսուան մէջ այս ընկերութիւնը ԱՄՆ-ի եւ Քանատայի մէջ 6 ելոյթներ ունենալու համար հրաւիրած է «Սիրով ապագայից» թատերախաղը Հայաստանէն:

    Մայիս 7-ի երեկոյեան ժամը 7-ին խումբը ելոյթ կ՚ունենայ Փասատինա Քոլէճի սրահին մէջ: Ապա խումբը կը մեկնի Սաքրամէնթօ, Թորոնթօ, Մոնթրէալ, Պոստոն եւ Ֆրեզնօ:

 

ՄՈՐԻՍ ՄԻՍԱՔ ՔԵԼԵՇԵԱՆԻ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ

Մորիս Միսաք Քելեշեան ասպարէզով ելեկտրական ճարտարագէտ է, միեւնոյն ատեն անկախ հետազօտող մը: Ունի հայկական ուսումնասիրութիւններ, հետազօտութիւններ եւ աշխատանքներ: Մարտ 19-ին, Արարատ-Էսքիճեան թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Անթիլիասը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէն առաջ» անոր դասախօսութիւնը կազմակերպուած թանգարանին եւ NAAFR-ի կողմէ:

    Դասախօսը ծանրացաւ Լիբանանի Անթուրա որբանոցին վրայ, ուր 1915-1918-ի տարիներուն 2000-է աւելի հայ որբեր ապաստան գտած էին, սակայն հետագային՝ թրքացուած։ Այս որբանոցին մէջ էր, որ հայ որբերը գորգ մը հիւսած եւ նուիրած էին Ամերիկայի Calvin Coolidge նախագահին, որ մինչեւ օրս ալ կը պահուի Սպիտակ Տան մէջ:

 

«ՀԱՅ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ»Ի ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

      Մարտ ամսուն լոյս տեսաւ Երուսաղէմի Սրբոց Թարգմանչաց վարժարանի Հիւսիսային Ամերիկայի Սանուց Միութեան «Հայ Երուսաղէմ» պաշտօնաթերթի 48-րդ թիւը: Երուսաղէմի ՍԹՎ Սանուց Միութիւնը իր հիմնադրութենէն ի վեր եռանդուն աշխատանք կը տանի օգտակար ըլլալու իրենց նախկին համաքաղաքացիներուն: Միութիւնը ամէն տարի նիւթական օժանդակութիւն կը հասցնէ իրենց մայր դպրոցին՝ Երուսաղէմի ՍԹՎ, նմանապէս Հայաստանին, Իրաքահայերուն, Սուրիահայութեան:

     Միութեան բաբախուն սիրտն է ՍԹՎ վարչութիւնը, ղեկավարութեամբ՝ գաղութիս ծանօթ մտաւորականներէն Նահապետ Մելքոնեանի: 

 

«ՎԵՐՋԻՆ ԲՆԱԿԻՉԸ» ՖԻԼՄԻ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ

     Ուրբաթ, Ապրիլ 7, երեկոյեան ժամը 8։30-ին Կլենտէյլի «Ալեքս» թատերասրահին մէջ պիտի ցուցադրուի բեմադրիչ Ճիւան Աւետիսեանի «Վերջին բնակիչը» (The Last Inhabitant) շարժանկարը: Այս ֆիլմը նկարահանուած է Արցախի մէջ։ Ցուցադրութիւնը կազմակերպուած է Արցախի Արուեստներ եւ Մշակոյթ կազմակերպութեան կողմէ: 

 

 ԱՐԹՈՒՐ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ

     Մարտ 3-էն 31, Artsy.Net Արթսի միջազգային համացանցի կայքին վրայ ցուցադրուեցան հայրենի տաղանդաշատ արուեստագէտ Արթուր Սարգիսեանի Լոս Անճելըսի մէջ հրատարակած ստեղծագործութիւնները: Սարգիսեան արուեստի այս գործերը պատրաստած էր 2016-ին, Լոս Անճելըս գտնուած հինգ ամիսներուն ընթացքին:

 

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՅ ԿԱՆԱՆՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԸ

    Մարտ 4-ին, Կլենտէյլի Իրանահայերու Միութեան Այնթապլեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Միջազգային Հայ Կանանց Միութեան կողմէ կազմակերպուած շատ հետաքրքրական գիտաժողով մը՝ “Pathway to Leadership” բնաբանով: Ձեռնարկը տեւեց առաւօտեան ժամը 10.30-էն մինչեւ 3:

    Գիտաժողովը համադրեց Մոնիք Սվազլեան-Թալոն, իսկ խօսողներն էին Լիլիթ Ենոքեան, Սոնա Մովսէսեան, Աննա Մինէճեան: Ճաշի սպասարկումէն ետք՝ խօսք առաւ Մարթա Հաուսքի: Գեղեցկօրէն կազմակերպուած եւ խիստ շահեկան զեկոյցներու գիտաժողով մըն էր: Կ՚արժէ որ այս զեկոյցները հատորի մը մէջ ամփոփուին ու հրատարակուին:

 

 «ԼԱՐՔ»Ի ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ԱՄԵՆԱՄՍԵԱՅ ՀԱՄԵՐԳԸ

      Ուրբաթ, Մարտ 10-ի երեկոյեան ժամը 9-ին, «ԼԱՐՔ»ի Թրբանջեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սփիւռքի իսկապէս հրաշք երաժշտական կեդրոնի ամենամսեայ համերգը:

     Կեդրոնի տարբեր բաժիններու ուսանողութիւնը դաշնամուրի, ջութակի, թաւջութակի, կիթառի, սրինգի, ձայնամարզութեան, սենեկային նուագախումբի աշակերտներ, այս անգամ իրենց յօրինած երաժշտական կտորները ներկայացուցին, արժանանալով ներկայ հոծ բազմութեան երկարատեւ ծափահարութիւններուն:

 

 «ԼԱՐՔ»-Ի «ԴԻԼԻՋԱՆ» ՀԱՄԵՐԳԱՇԱՐԸ

      «Լարք» երաժշտանոցի «Դիլիջան» սենեկային երաժշտութեան 12-րդ համերգաշարով հանրութեան կը ներկայացնէ վեց համերգներ, ղեկավարութեամբ համերգաշարի վարիչ՝ Մովսէս Պօղոսեանի:

     Մարտ 19, կէսօրէ ետք ժամը 3-ին տեղի ունեցաւ այս համերգաշարի հերթական ձեռնարկը, դարձեալ «Զիփըր» մեծանուն համերգասրահին մէջ:

Խօսք եւ բառ չունինք մեր հիացմունքը յայտնելու Վաչէ Պարսումեանի հմուտ ղեկավարութեան տակ գործող «Լարք» երաժշտական կեդրոնի աշխատանքներուն հանդէպ:

 

Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ “FASHION SHOW”-Ն

      Շաբաթ, Ապրիլ 8, 2017, Universal Hilton-ի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ 52-րդ տարեկան նորաձեւութեան ցուցադրութիւնը:

    Այս ձեռնարկը շատ մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէ: Այդ օր, 24 կրպակներով պիտի ցուցադրուին եւ վաճառուին հագուստեղէնի մեծանուն ընկերութիւններու արտադրութիւնները։ Տիկիններու մեծ փաղանգ մը ամիսներ կ՚աշխատին այս ձեռնարկը մեծ վարպետութեամբ կազմակերպելու համար, ներկաներուն անմոռանալի ժամեր պարգեւելով:

     Տոմսերու համար դիմել՝ Սեդա Մաթէոսեանին (626) 258-6424, կամ Սալբի Մանկրեանին (626) 355-3789։

 

ՈՒԻԼԵԱՄ ՍԱՐՈՅԵԱՆԻ ՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ

      Մեծանուն գրող Ուիլեամ Սարոյեան աշխարհահռչակ գրողը նաեւ արտակարգ նկարիչ մըն էր, որ մեծապէս ազդած եւ նպաստած է իր գրականութեան: «Նկարչութիւնը եւ գծագրութիւնը կեանքիս մէկ մասն էր», կը գրէ Սարոյեան:

     Մարտ 2-էն մինչեւ Մայիս 7, Կլենտէյլի Antacus Theatre-ի մէջ (110 E, Broadway, Glendale, CA) պիտի ցուցադրուին Ուիլեամ Սարոյեանի բնական նկարները:

     Ցուցահանդէսը կազմակերպուած է Ուիլեամ Սարոյեան հիմնադրամի եւ Armenian Dramatic Arts Allian-ի (ADAA) կողմէ:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ