Մեր հերոսամարտերը, անոնք ըլլան հեռաւոր կամ մօտիկ անցեալի, թէ մեր օրերուն շարունակուող՝ հասարակաց պատգամներ ունին բոլորիս, անժամանցելի ու չհինցող պատգամներ, որոնք կ՚ամփոփուին քանի մը սեղմ մտածումներու մէջ. արդար իրաւունքի, հողի ու ժառանգութեան տիրութիւնը կը կատարուի զոհաբերութեամբ, ի հարկին՝ գերագոյնը զոհելով, յաճախ ամենասուղ գինով, որովհետեւ անոնք կը դասուին աւելի՛ սուղ՝ քան մարդկային կեանքն ու ժամանակաւոր ստացուածքները:
Այս խորհուրդին ու պատգամին հաղորդակցութեան, զանոնք մեր կեանքերուն մասնիկը դարձնելու յուշարար առիթներ են մեր հերոսամարտերուն նուիրուած ձեռնարկները, որոնք տարեկան յաճախակիութեամբ կը կազմակերպուին հայրենակցական միութիւններու կողմէ կամ ազգային աւելի տարածուն շրջագիծի մէջ. նման ձեռնարկներ առիթ կ՚ընծայեն ոչ միայն յարգանքով խոնարհելու ինքնապաշտպանական մարտեր մղող ու կեանք զոհաբերող սերունդներու յիշատակին, այլ անդրադառնալու, որ հայ ժողովուրդին ամբողջ պատմութիւնը արդիւնք է քաջարի ազատամարտերու, առանց որոնց, մենք շատոնց պատմութեան անցած պիտի ըլլայինք ու այսօր հաւանաբար պիտի յիշատակուէինք ի սպառ հեռացած ժողովուրդներու ցանկին վրայ:
Իր նահատակ հերոսներուն ու վերապրումը կերտողներուն յիշատակութեան իւրայատուկ առիթ մը ունի Այնթապի Մշակութային միութիւնը, որ ամէն տարի, Ապրիլի սկզբնաւորութեան, յատուկ հանդիսութեամբ մը կը տօնէ 1 Ապրիլ 1920-ին սկսած ու ամբողջ 10 ամիս շարունակուած՝ Այնթապի Ինքնապաշտպանութեան Հերոսամարտի յիշատակը: Այս աւանդութեան հաւատարիմ մնալով, միութիւնը այս տարի եւս հանդիսութիւն մը կազմակերպած էր Կիրակի, 2 Ապրիլի յետմիջօրէին, Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ «Գույումճեան» սրահին մէջ:
Տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ հոծ բազմութեան մը ներկայութեան։ Յայտագիրը ունէր երկու գլխաւոր բաժին. բանախօսութիւն եւ գեղարուեստական: Հանդիսավարն էր ծանօթ արուեստագիտուհի Թագուհի Արզումանեան, որ իր իսկ ստեղծած աւանդութեան համաձայն՝ բանաստեղծական ու բանաստեղծաշունչ մէջբերումներով առաջին իսկ պահէն սկսեալ սրահին մէջ ստեղծեց օրուան խորհուրդը հաղորդող մթնոլորտ մը:
Բացման աղօթքը կատարեց Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան, որ հակիրճ կերպով խօսեցաւ հերոսամարտի պատմական դէպքերուն ու անոր թողած ժառանգութեան մասին: Ամերիկեան ու հայկական քայլերգները կատարեց տաղանդաւոր երգիչ Ռաֆֆի Գերպապեան: Իբրեւ բանախօս, Ֆրասնսայէն հրաւիրուած էր ծանօթ պատմաբան ու մտաւորական Քլօտ Մութաֆեան, որ մետասաներորդ պահուն ստեղծուած անակնկալի մը հետեւանքով, չկրցաւ հասնիլ սրահ (ան կէսօրին հասած էր Լոս Անճելըսի օդակայանը, սակայն յայտնապէս վերջերս ստեղծուած «օրինական նորարարութիւններու» պատճառով, մուտքի արտօնութիւնը ստացաւ բաւական ուշ, ձեռնարկին ժամէն բաւական ետք…): Կազմակերպիչ վարչութիւնը անմիջական դասաւորումով մը վերատեսութեան ենթարկեց յայտագիրը: Յաջորդաբար խօսք առին Սարգիս Մահսէրէճեան եւ միութեան վարչութեան ատենապետը՝ Աւետիս Տեմիրճեան:
Ս. Մահսէրէճեան խօսքին խորագիրն էր Այնթապի Հերոսամարտէն մինչեւ Արցախ: Ան հակիրճ կերպով խօսեցաւ պատմական այն դէպքերուն մասին, որոնք սկիզբ առին Թուրքիոյ պետութեան կազմակերպած Ցեղասպանութեամբ ու շարունակուեցան մինչեւ 20-ականներու առաջին տարիները. ան նշեց, որ Այնթապի հերոսամարտը մաս կը կազմէ հայութեան մղած ինքնապաշտպանական կռիւներուն երկրորդ շղթային, իբրեւ շարունակութիւն 1915-ին տեղի ունեցած Վանի, Սասնոյ, Մուսա Լերան, Ուրֆայի, Շապին Գարահիսարի եւ այլ հերոսամարտերու, որոնցմէ մաս մը վերջ գտան յաղթանակով, ինչպէս՝ Վանի հերոսամարտը, երբ քաղաքի բերդին վրայ ծածանեցաւ հայկական դրօշ: Ան շեշտեց, որ մեր հերոսամարտերը յուշարար են, որ Ցեղասպանութեան օրերէն միայն դառն ու սուգի յիշատակներ չունինք, այլ ունինք նաեւ յաղթանակի դրուագներ, զորս կարելի չէ անտեսել ու արհամարհել: Այս հերոսամարտերու շղթային յաջորդ օղակները կազմուեցան Արարայով, Սարդարապատով ու այլ ճակատումներով, որոնց իբրեւ արդիւնք, Հայաստանը վերանկախացաւ, իսկ Կիլիկիան բռնագաղթուած ու Տէր Զօր տեսած սերունդէն վերապրողներ վերադարձան հայրենի տուն, մօտաւորապէս երկու տարուան մէջ վերականգնեցին եկեղեցի, դպրոց ու սեփական տուն, սակայն միջազգային յարաբերութեանց մէջ արձանագրուած ծանօթ վերիվայրումներու հետեւանքով, դաշնակիցներուն կողքին յաղթական դուրս եկած հայութիւնը, Թուրքիան սիրաշահելու դաշնակիցներու խաղերուն հետեւանքով, վերստին կորուստներ ունեցաւ: Այդ շրջանին էր, որ Այնթապի հայութիւնը, կիլիկեան այլ քաղաքներու հայութեան նման, մղեց ինքնապաշտպանական իր հերոսամարտը եւ յաղթանակեց՝ նոր ցեղասպանութենէ մը փրկելով վերապրող հայութիւնը:
Ս. Մահսէրէճեան նշեց, որ մեր պատմութիւնը հինէն ի վեր եղած է հերոսամարտերու շարք մը. հերոսամարտեր՝ որոնք չեն սահմանափակուած 1915-էն 20-ական տարիներու հերոսապատումներով: Նորագոյն պատմութեան մէջ, մենք արձանագրեցինք Արցախի հերոսամարտը, որ ծայր տուաւ 1980-ականներու վերջերուն եւ կտրելով բազմաթիւ հանգրուաններ, կը շարունակուի նաեւ այսօր: Ան մասնաւորաբար կանգ առաւ ճիշդ տարի մը առաջ, Արցախի վրայ ազերիական լայնածիր յարձակումին վրայ, որ ծանօթ է քառօրեայ պատերազմ անունով. տուինք բազմաթիւ զոհեր, ունեցանք վնասներ, սակայն անգամ մը եւս վկայեցինք, որ մեր հողն ու իրաւունքը զիջելու տրամադիր չենք, պատրաստ ենք գերագոյն զոհաբերութեամբ պաշտպանելու կեանքէն աւելի սուղը: Ան եզրափակեց հաւատք յայտնելով, որ հերոսամարտերուն պատգամները անմար պիտի մնան հայութեան ու մասնաւորաբար երիտասարդ սերունդի հոգիներուն մէջ եւ մեր պահանջատիրական պայքարը պիտի յանգի մեր իրաւունքներուն հաստատման:
Ա. Տեմիրճեան խօսեցաւ միութեան գործունէութեան մասին, շեշտը դնելով գործող միութենականներու թիւի յաւելման ու մասնաւորաբար ազգային կեանքին երիտասարդներու մասնակցութեան հրամայականին վրայ: Ան ակնարկութիւն ըրաւ կարգ մը ծրագիրներու, որոնց պիտի դիմէ վարչութիւնը՝ այս ու նմանօրինակ առաջադրանքներու իրականացման նպատակով:
Գեղարուեստական յայտագիրը իրականացուցին երիտասարդ երաժիշտներ՝ Ալէն Տիշըգրըգեան (դաշնակ) եւ Օշին Մանուկեան (թաւ ջութակ). հաճելի էր տեսնել, որ նոր սերունդի արուեստագէտներ հմայիչ ու առինքնող կերպով կը մեկնաբանէին Տեպիւսիի ու Յարութիւնեանի նման մեծերու գործերը: Իսկ Ռաֆֆի Գերպապեան հայրենասիրական երգերով նոր գագաթնակէտի մը հասցուց մթնոլորտը, մանաւանդ երբ յաջողեցաւ վերջին երգին՝ «Ես իմ անուշ Հայաստանիին» մէջ ներգրաւել սրահը…
Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ Այնթապի հերոսամարտի քայլերգին կատարումով, զոր առաջնորդեց վարչութեան անդամներէն Յարութիւն Կարապետեան. Հայր Անտոն Նորատունկեան արտասանեց Պահպանիչ աղօթքը: Այնուհետեւ, ներկաները վայելեցին պատշաճ հիւրասիրութիւն:
ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՄԻՈՒԹԵՆԷՆ