Կիրակի, Դեկտեմբեր 1, 2024

Շաբաթաթերթ

Ամերիկեան Բարքեր. Ընտանի անասունի հոգեբա՞ն (Pet Psychic)

Ամերիկայի մէջ՝ եւ հաւանաբար ալ շարք մը եւրոպական երկիրներու մէջ, ընտանի անասունը կը հաշուըուի որպէս ընտանիքին անբաժան մէկ անդամը։ Անոնք այնքան գուրգուրանք կը ցուցաբերեն իրենց ընտանի կենդանիներուն նկատմամբ, որ երբեմն իրենց ժառանգը կը թողուն անոնց։

Վերոյիշեալ մտածողութեամբ՝ հասկնալի է, որ ընտանի անասունները ունենան իրենց յատուկ դարմանատուները, գերեզմանատուները եւ ինչո՞ւ չէ պանդոկները, ուր անասունները կը մնան, երբ իրենց «ծնողներ»ը՝ այսինքն տէրերը, ճամբորդութեամբ քաղաքէն կամ երկրէն բացակային։

Այսքանը կարելի է ըմբռնել՝ թէեւ դժուարահաճութեամբ, սակայն… անոնք ունենան նաեւ իրենց հոգեբաննե՞րը, քիչ մը անմարսելի է մեզի համար։ Կարծես չի բաւեր, որ անասունները ունենան իրենց հոգաբանները, հիմա ալ անոնք կը հրաւիրուին՝ հեռատեսիլէն ելոյթ ունենալու համար…

Արդարեւ, վերջերս անոնցմէ մին հրաւիրուած էր առաւօտեան լուրերու NBC կայանէն՝ հարցազրոյցի մը համար։ Ան դիտել տուաւ, որ ինք կը հասկնայ անասուններու հոգեբանութիւնը, մեկնաբանելով անոնց նստուածքն ու շարժուձեւերը (body language):

Շարունակելով իր զրոյցը, «հոգեբան»ը ցոյց տուաւ տեսաերիզ մը՝ առնուած ընտանի անասունի մը այցելութեան իր մէկ նիստէն (session), ուր ան կը բացատրէր, թէ շունը շատ ուրախ չէր (տեսնել նկարը), որովհետեւ կարօտը ունէր կողակիցի մը (boyfriend)։

Առ քեզի ախտաճանաչում եւ բուժումի միջոց… Բարեկամ, որո՞ւ վրայ կը խնդաս դուն։ Իսկ այս մեկնաբանութիւնը արժած է 120 տոլար… Հետաքրքրական է նաեւ գիտնալ, որ յիշեալ ինքնակոչ «հոգեբան»ներու ախտաճանաչման սակերը կը տարուբերին 100-էն մինչեւ 1,500 տոլար, նայած նիստերու քանակին եւ տեւողութեան։

Հայկական ասացուածքը կ՚ըսէ, «Եթէ գնողը կոյր է՝ ծախողը ինչ յանցանք ունի»։ Բարեւներ հասկցողին։   

 

Չարամիտ դրացին

Հայկական սացուածքը կ՚ըսէ, «Լաւ դրացին՝ հեռուի ազգականէն աւելի օգտակար է»։ Այս հիմնուած է փորձառութեան վրայ, նեղութեան մը պարագային յայտնաբերուած։ Սակայն անշուշտ դրամին միւս երեսն ալ կայ, այսինքն՝ գէշ դրացին կրնայ պատուհաս բերել գլխուդ, որը պիտի դառնայ մեր յօդուածին նիւթը։ Այս պարագային գէշ դրացին՝ հետաքրքիր ու խառնակիչն է։ Թոյլ տուէք բացատրեմ։

Ուրեմն, Քալիֆորնիոյ Սան Տիէկօ քաղաքի ծովեզերեայ մէկ շրջան, երկու սենեակնոց յարկաբաժինի մը մէջ ինը տարիէ ի վեր կ՚ապրին Մայք եւ Քելլի Պրունինկ, իրենց երկու եւ չորս տարեկան զաւակներով (տեսնել նկարը)։

Օրին մէկը անոնք նամակ մը կը ստանան իրենց մէկ դրացիէն, որ կ՚այպանէր զիրենք անձնասիրութեամբ։ Դրացին կը բացատրէր, թէ անոնք իրենց զաւակներուն սիրոյն պէտք է բնակէին տունի մը մէջ, որ ունենար բակ եւ պարտէզ՝ ուր իրենց փոքր տարիքի զաւակները կարենային խաղալ եւ զուարճանալ։

Քանի որ դուք շատ կը սիրէք ծովափը՝ կը շարունակէր դրացին, ձեր զաւակները կը զրկէք անկաշկանդ խաղալէ՝ տան շրջաբակին մէջ։ Ուրեմն «ամօթ ձեզի» ըսելով, ան կ՚եզրափակէր վատահամբաւ այդ նամակը…

Ընկերային համացանցի (social media) վրայ, շատեր քաջալերեցին Պրունինկները եւ խիստ կերպով այպանեցին այդ դրացին ու վախկոտ որակեցին զինք՝ քանի որ նամակը անստորագիր էր եւ նոյնիսկ հասցէ չկար անոր վրայ։

Ի՜նչ յանդգնութիւն, բարեկա՛մ, քեզի ինչ որ այդ մարդիկը կը նախընտրեն ծովը եւ կ՚ուզեն անոր մօտիկ ապրիլ, քան թէ պարտէզով տան մը մէջ։ Ամերիկեան ասացուածքը կ՛ըսէ, “To each, his own.” այսինքն, մարդիկ ազատ են ընտրելու իրենց կենցաղը եւ վերջ։

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ