Կիրակի, Դեկտեմբեր 1, 2024

Շաբաթաթերթ

Մերտինեան վարժարանի 35-ամեակի տօնակատարութիւն

Երէկ էր կարծես, երբ Մերտինեան վարժարանը, առաջին անգամ ըլլալով իր դռները բացաւ եւ իր երդիքին տակ հաւաքեց 13 աշակերտներ։ 35 տարիներ անցան այդ օրէն իվեր, որոնց ընթացքին կեանքի կոչուած մանուկը հասակ առաւ, դարձաւ պատանի, առոյգ երիտասարդ, հաստաբուն կաղնի։ Այդ կաղնիին սաղարթին տակ այսօր կը խայտան հարիւրաւոր աշակերտներ՝ յանձնուած 34 հոգինոց անձնակազմի մը խնամքին։

Ուրբաթ, 31 Մարտի երեկոյեան ժամը 7։00-ին, Մերտինեանի մեծ ընտանիքը խանդավառութեամբ տօնախմբեց վարժարանի հիմնադրութեան 35-րդ տարեդարձը իր «Արամ եւ Անայիս Տ. Պուլղուրճեան» հանդիսասրահին մէջ։ Բացի ծնողներէ, ներկայ էին պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, հոգեւոր հայրեր, նախկին տնօրէններ, հիւրեր եւ մեծ թիւով շրջանաւարտներ։ Այս առթիւ հրատարակուեցաւ գրքոյկ մը, ուր տեղ գտած են շնորհաւորական մաղթանքներ, Մերտինեանի առաքելութեան մասին վկայութիւններ եւ շնորհաւորական խօսքեր։

Յայտագիրը սկսաւ Վեր. Հենրիկ Շահնազարեանի աղօթքով. ապա բարի գալուստի եւ բացման խօսքերով ելոյթ ունեցաւ Տիկ. Աշխէն Իսբենճեանը, որ բացատրեց, թէ ինչու օրուան բնաբան որոշուած էր «Պահենք մեր ինքնութիւնը՝ հայ – քրիստոնեայ»։ Արդարեւ, այս հաստատութեան հեռատես եւ իմաստուն հիմնադիրներուն գլխաւոր ցանկութիւնը եղած էր ունենալ հայկական ամէնօրեայ վարժարան մը, ուր երկրի պետական ուսումնական ծրագրի կողքին հայ մանուկը ստանայ հայեցի եւ քրիստոնէական կրթութիւն ու դաստիարակութիւն։ Տիկ. Իսբենճեան վստահեցուց թէ՛ ներկաները եւ թէ՛ հիմնադիրները, որ ճիշդ այդ ուղղութեամբ կ՚ընթանայ Մերտինեանի գործընթացը։

Գեղարուեստական յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին 3-րդ – 8-րդ կարգերու աշակերտները՝ 3 խմբերգներով եւ 3 խմբային արտասանութիւններով, որոնց պատրաստութիւնը ստանձնած էին երաժշտութեան դասատու՝ Տիկ. Ալիս Տէր Գէորգեանը եւ հայերէն լեզուի դասատուներ՝ Տիկ. Մայտա Բաբումեանը եւ Մարգարիտ Մեղրոյեանը։ Դաշնակի վրայ Արամ Խաչատուրեանի “Masquerade Waltz”ը նուագեց 8-րդ կարգի աշակերտուհի՝ Ռէպէքա Գասարճեանը։ Նախկին աշակերտուհիներ՝ Քարինա Փիլիկեանը, Սաշա Երմաքովը, Լոռի Շիրաճեանը, Անժէլ Ապաճեանը եւ Թալիթա Ղազանեանը սրահը թնդացուցին 3 հայկական պարերով՝ 2 մենապար «Եար, պոյիդ մեռնեմ» կատարողութեամբ Քարինա Փիլիկեանի եւ «Սիրելի ուսուցիչ» կատարողութեամբ Լոռի Շիրաճեանի, իսկ խմբային պարը կատարուեցաւ «Մենք ենք մեր սարերը» երգով։ Ուրիշ շրջանաւարտուհի մը՝ Մէրի Պալեան-Սաղպազարեանը ելոյթ ունեցաւ 2 զուգերգով՝ «Եկէ՛ք գովենք ու երգենք» եւ «Բարձրիկ Հայաստան», ընկերակցութեամբ իր աղջկան՝ Լենային, որ Ծակիկ դասարանի աշակերտուհի է։ Օրուան հանդիսավարութիւնը կատարեցին 7-րդ եւ 8-րդ կարգերէն 8 աղջիկներ, որոնք համարձակօրէն ներկայացուցին յայտագրին մէջ բաժին վերցնող իւրաքանչիւր անձի կենսագրութիւնն ու ելոյթը։ Յայտագրին մէջ խօսք առին 2006-ի շրջանաւարտ Ներսէս Աբօշեանը եւ 2000-ի շրջանաւարտուհի, այժմ ծնողք՝ Շողեր Մելքոնեան-Շանոյեանը։

Հետաքրքրական եւ հաճելի էր մանաւանդ դիտել վարժարանի շրջանաւարտներէն Պետրոս Կրպոյեանի պատրաստած խտասալիկը, որ ներկայացուց վարժարանի 35-ամեայ պատմութիւնը, իրագործումները, յաջողութիւնները եւ նոր կառուցուած «Պէզճեան» շէնքը։ Ապրի՛ս Պետրոս։

Երրորդ խօսք առնողը եղաւ հոգաբարձական կազմի անդամներէն՝ Օրդ. Հելէն Հայկը, որ խօսեցաւ հայ դպրոցի կարեւորութեան, Մերտինեանի հիմնադրութեան ծրագրումին եւ անոր ներկայ լուսաշող ընթացքին մասին։ Յայտագրի վերջաւորութեան ելոյթ ունեցաւ վարժարանի տնօրէնուհին՝ Տիկ. Լինա Արսլանեանը, որ իր կարգին անդրադարձաւ Մերտինեանի ուսումնական ծրագրին, առաքելութեան եւ իրագործումներուն. ապա ան իր շնորհակալութիւնները յայտնեց նիւթապէս կամ բարոյապէս վարժարանին նեցուկ կանգնող բոլոր մարմիններուն, նուիրատուներուն, ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբին, յայտագրի մէջ բաժին վերցնող աշակերտներուն, շրջանաւարտներուն, օրուան հիւրասիրութիւնը յանձն առած Ազնիւ եւ Համլէթ Ղազարեաններուն, ինչպէս նաեւ բոլոր ներկաներուն։

Հանդիսութեան պաշտօնական բաժինը վերջ գտաւ Վեր. Վահէ Էքմէքճեանի օրհնութեան աղօթքով. հուսկ ապա տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։

Վարձքը կատար բոլորին, երկար կեանք, յաջող եւ բարի ընթացք՝ Մերտինեանին. «պատիւս արժանաւորաց»։

 

 ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ