Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

Շաբաթաթերթ

Ֆրեզնոյի ՌԱԿ «Աւետիսեան» ակումբը կը մասնակցի Ցեղասպանութեան համայնքային միջոցառումներուն

Ֆրեզնոյի հայ համայնքը կը շարունակէ հայատրոփ իր զարկերակը արթուն պահել եկեղեցիներով, դպրոցներով եւ ազգային տարբեր կառոյցներով։

Ազգային-քաղաքական իրենց տեղը ունեցած են եւ ունին նաեւ քաղաքական կազմակերպութիւնները Ֆրեզնոյի մէջ, ուր կը գործէ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան «Աւետիսեան» ակումբը։

Անոնք, իրենց գումարած վերջին նիստին, Ապրիլ 7-ին, կուսակցական կազմակերպչական աշխատանքներու կողքին անդրադարձած են Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած համագաղութային ծրագիրներուն։

«Աւետիսեան» ակումբի վարչութիւնը վերաշխուժացած է վեթերան եւ նոր ուժերով, որոնք իրենց փորձառութեամբ ու երիտասարդական ոգիով թարմութիւն կը բերեն ներկուսակցական թէ գաղութային աշխատանքներուն։

Յաջողութիւն եւ յարատեւ վերելք կը մաղթենք ՌԱԿ «Աւետիսեան» ակումբի վարչութեան ընկերուհիներուն եւ ընկերներուն, օգտակար հանդիսանալու Ֆրեզնոյի հայ համայնքին կարիքներուն։

 

Նկար

Ձախէն՝ Միհրան Քիւթնէրեան, Զոհրապ Աթթարեան, Լեւոն Չոփուրեան, Ստեփան Միրճեան, Փօլին Պասմաճեան, Սահակ Գասնագճեան, Գօգօ Ջուլհայեան, Կայծակ Աթթարեան, նստած՝ Պերճուհի Լոնկ եւ Սիրան Չոփուրեան

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ