Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայկական Ցեղասպանութեան ժամանակագրական ծրագրումը եւ գործադրումը

1878-ի Յունիս 13-ին շուրջ մէկ ամիս տեւող Պերլինի վեհաժողովին, համաձայն 61-րդ յօդուածին`Օսմանեան կայսրութեան բռնակալ սուլթան Ապտիւլ Համիտին սահմանուեցաւ բարեկարգումներու ծրագիր մը Հայկական վեց նահանգներու (վիլայէթ) համար:

Այս ծրագրումը եւրոպական մեծ պետութիւններու կողմէ առաջ բերուեցաւ Օսմանեան կայսրութեան տարածքին հայ ազգաբնակչութեան կենցաղային պայմանները բարելաւելու միտումով, եւ քրիստոնեաներու հանդէպ մահմետական հալածանքը մեղմացնելու նպատակով։

Բայց այդ բարեկարգումները վստահուեցան հսկելու նոյնինքն արիւնարբու բռնակալ սուլթանին, որ պատրուակելով հայ ազատագրական պայքարի համար կազմուած կուսակցութիւններու գործունէութիւնը Արեւմտահայաստանի տարածքին ու կասեցնելու համար անոնց նուիրեալ աշխատանքները, որոնք կը միտէին պաշտպան հանդիսանալ հայ ազգաբնակչութեան, գործադրեց  Ծրագրուած Սպանդը իր սահմաններէն ներս բնակող հայ ազգաբնակչութեան վրայ` 1894-96 թուականներուն, կոտորելով 300,000 անմեղ հայեր:

Համիտեան այս սպանդը ծրագրուած էր թաղելու համար Պերլինի վեհաժողովին առաջադրուած Հայկական Հարցը, որակելով հայերը որպէս ապստամբ փոքրամասնութիւն ու վտանգ Օսմանեան կայսրութեան:

1896-ի կէսերուն տեղի ունեցած Վանի ինքնապաշտպանութիւնը, իր դիմադրութեամբ ստույգ սպանդէ փրկեց Վասպուրականի հայութիւնը, որ կը գնահատուէր 120,000-ի շուրջ, 1887-ի մարդահամարին համաձայն:

Ինքնապաշտպանութեան ղեկավարն էր Արմենական կուսակցութեան հիմնադիր Մկրտիչ Աւետիսեանը, որ Վանէն հեռանալու ճամբուն վրայ զոհուեցաւ իր 800 մարտիկներով, ինչպէս նաեւ 40 դաշնակցական եւ 30 հնչակեան հետեւորդներով:

Համիտեան ջարդերն ու ծրագրուած հալածանքը Հայ ազգաբնակչութեան հանդէպ սուլթան Համիտի կողմէ կիրարկուեցան քաջալերելով սիւննի մահմետական քիւրտեր, հրոսակներու չէթէներ, պատրուակելով հայերու քրիստոնեայ դաւանանքը ու քիւրտերուն ալ որոշ ինքնավարութեան գոհացում տալով:

20-րդ դարու սկզբնաւորութեան Օսմանեան կայսրութեան զանազան շրջաններու և փոքրամասնութեանց մօտ արդէն անհանդուրժելի դարձած էր սուլթան Համիտի բռնակալութիւնը:

Հայեր, արաբներ, յոյներ, հրեաներ և քիւրտեր սկսան գործակցիլ թուրք մտաւորականութեան և պետական թուրք պաշտօնատար տարրին հետ, որոնք դժգոհ էին սուլթանին բռնատիրութենէն ու իրենք եւս կ՚ակնկալէին բարեկարգումներ կայսրութեան տարածքին:

Դժգոհ թուրք այս տարրը ճանչուած էր որպէս Օսմանեան ազատականներ, որոնք թրքական միասնականութիւն հռչակելու համար որդեգրեցին Երիտասարդ Թուրքեր անունը։ Այս խմբակին նպատակն էր ստեղծել արդի պետութիւն մը, որ կը ներկայացուէր Օսմանեան կայսրութեան բոլոր ազգաբնակչութեամբ որպէս հաւասար իրաւունքներով քաղաքացիներ ու կը ձգտէր սուլթանը զրկել իր մենատիրութենէն, քաղաքականօրէն իրագործելու իրենց սահմանադրական նպատակը:

1908-ին Երիտթուրքերու Միութիւն և Յառաջդիմութիւն կոմիտէն (Իթթիհատ վա Թիրաքի), որ ճանչցուած էր որպէս CUP (Committee of Union & Progress) եւրոպական ազգերու մօտ, գրոհելով Կոստանդնուպոլսոյ պետական շէնքերը, հեռացուց Ապտիւլ Համիտը իր գահէն, դարձնելով զայն Օսմանեան կայսրութեան վերջին սուլթանը, կայսրութեան գոյառումէն շուրջ չորս դարեր ետք։

Երիտթուրքերու այս շարժումը կարճ ժամանակի մը համար հայ ազգաբնակչութեան սահմանադրական յոյսեր ներշնչեց, որոնք ընկճուած Համիտեան բռնակալութեան տակ, հալածանքի ու մահուան գողգոթան համտեսած էին միայն:

Թրքաբարոյ բոյր մը արդէն պատած էր ազատականութիւն քարոզող մունետիկներուն, որոնց ծայրայեղ քաղաքականութիւնը հեռու չէր թուրանական ծրագրի իրականացումը յաջողցնելու: 1909 Ապրիլին, Համիտեան հետեւորդներու պիտակին տակ իրագործուեցաւ Ատանայի կոտորածը, որպէս պատրուակ հայերը կոտորելու, որոնք ենթադրաբար մասնակցած էին Օսմանեան ազատականներու շարժումին: Կիլիկիոյ շրջանի հայաբնակ Ատանա քաղաքը որպէս արդիւնք կործանած էր, ու 30,000 հայեր զոհ գացած էին սարքուած կոտորածին:

Ատանայի կոտորածի ծրագրող տարրը պատժելու տրամաբանութիւն երբեք ցոյց չտրուեցաւ իշխող Երիտթուրքերու իշխանութեան կողմէ, որ յայտնի դարձած էր արդէն 1909 թուականի երկրորդ կիսուն, որ անոնք կը հետապնդեն ծայրայեղ ազգայնայկան- քաղաքական շարժում, որ առաջ պիտի քշէր` «Թուրքիան թուրքերուն համար» կարգախօսը, որ սկսած էր գետին պատրաստել Օսմանեան կայսրութեան թուրք բնակչութեան մօտ:

Այս երեւոյթը, ինչպէս նաեւ նախորդ դարու հալածանքները Օսմանեան կայսրութիւնը անուանած էին Եւրոպայի հիւանդ մարդը, որ սկսած էր եւրոպական իր հողաշերտին վրայ տկարանալ ու կորսնցնել կարգ մը ազգութեանց պատկանող հողամասեր, մանաւանդ հարաւ-արեւելեան Եւրոպայի մէջ 1912-13-ի Պալքանեան պատերազմին հետեւանքով:

Օսմանեան կայսրութեան Արեւելեան ծայրամասը որ առհասարակ կը գտնուէր ցարական Ռուսիոյ հսկողութեան տակ որպէս սահմանակից, Եւրոպայի հիւանդ մարդուն համար, Պալքաններու մէջ պարտութենէն ետք` մտահոգիչ կրնար դառնալ, որովհետեւ հայաբնակ շրջաններ ունէր Ռուսիան, փախուստի ժամանակ հայ ազգաբնակչութիւնը կրնար Պալքաններու ճակատագիրը կիրարկել անդամահատելով Թուրանական դարաւոր երազը:

Ցարական Ռուսիան միշտ ալ վտանգ նկատուած էր, ինչպէս նախապէս նշեցինք` Օսմանեան կայսրութեան համար, 1878-ի Պերլինի վեհաժողովէն ետք մանաւանդ: Պահանջելով Արեւմտահայոց սահմանուած բարեկարգումները, ռուսական բանակի յառաջխաղացքը միշտ ալ թուրքերուն կողմէ նկատուած էր ներխուժման վտանգ, մանաւանդ հայ զինուորներ և բարձրաստիճան բանակայիններ կը ծառայէին ռուսական բանակէն ներս:

Համաշխարհային Ա. Պատերազմը, ընթացք պիտի առնէր 1914-ի Յուլիս 28-ին: Երիտթուրքերու իթթիհատական իշխանութիւնը այս պատերազմը նկատեց լաւագոյն պատեհութիւնը` գործադրելու համար հայ ժողովուրդի զանգուածային տեղահանութիւնն ու բնաջնջումը: Այս ծրագիրը որոշուած էր արդէն Սելանիկի գաղտնի համագումարին մէջ: Մեհմէտ Թալէաթ, Իսմայիլ Էնվէր և Ահմէտ Ճէմալ, որոնք դարձած էին CUP-ի (Իթթիհատ վա Թիրաքի) եռոտանի ղեկավարութիւնը, վերոյիշեալ ծրագիրը առաջ տարին իրականացնելու համաթուրանական վաղեմի թուրքական երազը, որ պիտի կայանար Անդրկովկասի և Հիւսիսային Կովկասի վրայով ձգտելով հասնիլ Միջին Ասիա, միացնելով թրքացեղ ու թրքախօս բոլոր ժողովուրդները: Նախապէս, 1914-ի Մարտին, խորհրդարանական ընտրութիւններ կայացած էին Թուրքիոյ տարածքին, ու փոքրամասնութեանց պատկանող երեսփոխանները ընտրուած էին միայն Երիտթուրքերու իթթիհատական ղեկավարութեան որոշումով վաւերացուած թեկնածուներէն:

Օգոստոս 1-ին Գերմանիան պատերազմ կը յայտարարէ ցարական Ռուսիոյ դէմ։ Յաջորդ օրն իսկ Օգոստոս 2-ին, Թուրքիոյ կառավարութիւնը և Գերմանիան կը ստորագրեն գաղտնի համաձայնութիւն մը, որուն համաձայն թուրքական զինեալ ուժերը կը դրուէին գերման հրամանատարութեան ներքեւ:

1914 Սեպտեմբերին եւ աւելի կանուխ ալ, թուրք ու քիւրտ ոճրագործներ ու յանցագործներ ազատ կ՚արձակուին թրքական բանտերէն, ու կը կազմուին «Յատուկ ջոկատներ» (Թեշքիլաթը մախսուսէ), որոնց պարտականութիւն կը տրուի կողոպտելու և թալանելու հայկական նահանգներու տուները, և ի հարկին սպանել եթէ դիմադրող ըլլայ: Նոյն շրջանին նաեւ կազմուեցան հրոսակային թրքական խումբեր, որոնք կը կոչուէին չէթէներ, նպատակադրուած յարձակում կատարելու համար հայկական գաւառներուն վրայ:

Կոստանդնուպոլսոյ մէջ հայկական ազգային համագումարը, որ կը բաղկանար քաղաքային և կրօնական ներկայացուցիչներէ, 1914 Սեպտեմբեր 9-ին իր հանդիպման ընթացքին որոշում կայացուց գաւառներու հայ ազգաբնակչութիւնը հանդարտ պահել և չտարուիլ գրգռիչ երեւոյթներէ: Որմէ ետք Սեպտեմբեր 27-ին թուրք կառավարութիւնը փակել տուաւ Տարտանելի նեղուցը, նաւային փոխադրութիւնը արգիլելով:

Իթթիհատական Թուրքիոյ հայաջինջ ծրագիրը արդէն ի գործ դրուած էր Համաշխարհային Ա. Պատերազմի սկսելէն ետք շուրջ երեք ամիսներու ընթացքին. զանազան շրջաններ՝ Էրզրում, Սեբաստիա, Պիթլիս ինչպէս նաեւ Սասուն, Մուշ եւ Կիլիկիոյ Մարաշ ու Զէյթուն քաղաքները ծրագրուած կողոպուտի ենթարկուեցան, ինչպէս նաեւ տեղահանութիւն, սպանութիւն ու ջարդ գործադրուեցաւ ազատ արձակուած չէթէներու ձեռքով:

1914 Հոկտեմբերին ներքին գործերու նախարար՝ Մեհմէտ Թալէաթի նախագահութեամբ գումարուած գաղտնի իթթիհատական խորհրդաժողովը, կազմեց 3 հոգիներէ կազմուած գործադիր կոմիտէ մը: Պէհաէտտին Շաքիր, Նազըմ և Շիւքրի, որոնք իթթիհատական պարագլուխներ կը նկատուէին, դարձան գործադիր այս կոմիտէն կազմող երրորդութիւնը: Անոնց սահմանուեցաւ լայն լիազօրութիւններ, ինչպէս նաեւ զինուժ ու նիւթական մատակարարում:

Թալէաթի գլխաւորած այս խորհրդաժողովը անշուշտ ի մտի ունէր մէկ կարեւոր նպատակ. պատերազմի առիթը օգտագործել տեղահան ընելու հայ ազգաբնակչութիւնը ու ի հարկին բնաջնջել զայն նոյնիսկ իր պապենական հողին վրայ, թաղելով Թուրքիոյ գլխացաւ պատճառող Հայկական Հարցը:

Նոյեմբեր 2, 1914-ին իթթիհատական Թուրքիան համաշխարհային պատերազմի թատերաբեմ մտաւ, երբ ցարական Ռուսիան պաշտօնապէս պատերազմ յայտարարեց Թուրքիոյ դէմ: Գերմանիոյ եւ Աւստրօ-Հունգարական կայսրութեանց կողքին ըլլալով, Թալէաթ գերմանացիներուն կը յայտնէր թրքական ծրագիրը՝ աստիճանաբար բնաջնջելու հայ ազգաբնակչութիւնը ու յառաջանալու Ռուսիոյ վրայ:

1914-ի Նոյեմբեր 19-ին այս ծրագիրը իրականացնելու առաջին քայլը եղաւ դաւաճան նկատել թրքական բանակի հայ զինուորները ու զանազան քաղաքներու մէջ եւ որպէս արդիւնք անոնք սպաննուեցան: Աւելին. 18-45 տարեկան հայ տղամարդիկ, թիւով 75,000 որոնք զինուորագրուած էին որպէս Թուրքիոյ քաղաքացի՝ գնդակահարուեցան ու թաղուեցան իրենց իսկ փորած խրամներուն մէջ: Այս երեւոյթը դարձաւ առաջին մասսայական քայլը բնաջնջելու հայ մարտունակ տարրը: Երրորդութեան գործադիր կոմիտէն, արդէն Թուրքիոյ զանազան շրջաններու տեղական իշխանութեանց ուղարկած էր կնքուած փակ պահարաններ, որոնք պիտի բացուէին պատեհ առիթով, երբ Կոստանդնուպոլսէն հրահանգ ստանային։

Պատերազմական նախարար Էնվերի հրամանով, թրքական զօրքի կարեւոր բաժանմունք մը կը յառաջանայ Սեւ ծովու Տրապիզոն քաղաքը, ու անկէ ալ դէպի համշէնահայութեան տարածքը: Այս քայլը առնուեցաւ առաջքը առնելու համար հաւանական ռուսական յարձակում մը զսպելու Արտուինի և Կարսի ուղղութեամբ: Այդ տարածքէն ներս ծայր տուաւ նաեւ սպանդը ու թալանը բնաջնջելու Պոնտոսի յոյն և համշէնաբնակ հայեր: Պարտադիր կրօնափոխութիւնը ծայր տուած էր Սեւ ծովու տարածքին գտնուած գաւառներէն ներս 1914-ի տարեվերջէն առաջ:

Այս շրջանին ծրագրուած կերպով դատարկուեցաւ նաեւ դարաւոր հայկական Վասպուրական նահանգին սիրտը հանդիսացող Վան քաղաքը իր հայ ազգաբնակչութենէն:

1915-ի նոր տարուան օրը (1-1-1915), փոխ-կառավարիչ Նուրին հրաման ստացաւ բանակի հրամանատարութենէն, նախ սպաննել հոն հաստատուած թրքական բանակի հայ զինուորները: Այս քայլը անշուշտ պիտի չիրականանար, որովհետեւ Պարսկաստանի հիւսիս-արեւմուտքը գտնուող Թաւրիզի շրջանը իր Ուրմիա հայաբնակ քաղաքով որ պաշարուած էր թուրքերուն կողմէ, շուրջ 18,000 հայեր կրցան Կովկաս տեղափոխուիլ ռուսական զօրքերուն կողմէ՝ ազատելով ատոյգ սպանդէ: Ու աւելի ուշ, 1915-ի Մարտին, ռուսական բանակը մինչեւ անգամ պաշարեց Թաւրիզի շրջանը ու հոն ալ կայք հաստատեց, աւելի եւս աքցանելով Թուրքիոյ յառաջխաղացքը:

1915-ի ձմրան, թրքական բանակը արդէն կրած էր իր առաջին ծանր պարտութիւնը Սարիղամիշի մէջ, 85,000 հաշուող գումարտակը տուած էր 70,000 զոհ ռուսական բանակի հետ բախումներուն ընթացքին: Որմէ ետք ներքին գործերու նախարար Թալէաթը պաշտօնապէս Փետրուար 2, 1915-ին կը յայտնէր գերման դեսպան՝ Հանս Վոն Վակընհայմին, թէ պատերազմը թուրքերուն համար պէտք է ծառայէ Հայկական Հարցին թաղման:

1915-ի Մարտ ամսուան ընթացքին, պատերազմական նախարար՝ Իսմայիլ Էնվէր կ՚որոշէ իր հանգամանքը օգտագործել և գործել առանց գերմանական հրամանատարութեան, կատարել հարկն ու պատշաճը կասեցնելու ռուսական զօրքին յառաջխաղացքը, ու նոյն ժամանակ իրագործելու ծրագրուած բնաջնջումը հայ ազգաբնակչութեան: Մարտ 5-ին Վանի ոստիկանութեան և չէթէներու խմբակի մը միջոցաւ կը կազմակերպուի շրջանի գիւղերու թալանը հայ և ասորի ընտանիքները սարսափի մատնելով: Այս արարքը արդէն նախատեսուած էր Վանի մէջ կեդրոնացած հայ ազգային երեք կուսակցութեանց ղեկավարութեան կողմէ, ու կազմակերպչական աշխատանքները ծրագրումի փուլին մէջ մտան, ստոյգ կոտորածէ փրկելու Վանի հայութիւնը։ 4 օր ետք՝ Մարտ 9-ին, նոյնանման թալան մըն ալ կը կազմակերպուի Կիլիկիոյ շրջանի յայտնի հայաբնակ Զէյթուն քաղաքին շրջակայքը:

Իսկ 1915-ի հայաջինջ սպանդը պաշտօնապէս կ՚արձանագրուի Ալաշկերտի շրջանէն ներս, ուր չէթէներու յարձակումով կը կոտորուի հայ ազգաբնակչութիւնը՝ Մարտ 12, 1915-ին: Նոյն օրը Կիլիկիոյ շրջանի Չորք-Մարզպան քաղաքի հայ տղամարդիկը՝ 20 տարեկանէն վեր կը ձերբակալուին մօտակայ Հալէպ քաղաքը աշխատանքի ուղարկուելու առաքելութեամբ, բայց երբեք պիտի չհասնէին և ոչ ալ վերադառնային իրենց ծննդավայրը:

Այս շրջանին իթթիհատական երրորդութեան մաս կազմող ծովուժի նախարար՝ Ահմէտ Ճէմալի որոշումով, Սեւ ծովու տարածքին գտնուող թրքական ծովուժը կը փորձէ ռուսական խարիսխները ռմբակոծել, որուն որպէս արդիւնք, Մարտ 18-ին դաշնակիցները ծրագրուած յարձակում կը կազմակերպեն Տարտանելի նեղուցէն ներս թափանցելով:

Շուրջ տարի մը առաջ իթթիհատական Թուրքիոյ պարագլուխներուն կողմէ գաղտնի ծրագրումը՝ Արեւմտահայութիւնը բնաջնջելու Հայկական վեց նահանգներու, Կիլիկիոյ և Անատոլուի տարածքին, արդէն ընթացք առած էր Համաշխարհային առաջին պատերազմով, ու պատրուակելով Ռուսիոյ տարածքին ապրող արեւելեան զանգուածին հետ, Թուրքիոյ տարածքին ապրող հայութեան սերտաճումը: Ցարական Ռուսիոյ հետ իր ունեցած պատերազմական ճգնաժամային կացութիւնը պատրուակելով,  կոտորեցին հայութիւնը՝ Թուրքիոյ սահմաններէն ներս, հանգրուանային ծրագրումով:

Բնաջնջումի այս ծրագրումը հանգրուանային գագաթնակէտին հասաւ, երբ 1915 Ապրիլ 23-24 լուսցող գիշերուան ընթացքին, 200-ի հասնող հայ քաղաքական գործիչներ, պետական երեսփոխաններ, մտաւորականներ, գիտնականներ, բժիշկներ, հանրային գործիչներ և ուսուցիչներ ձերբակալուեցան՝ մայրաքաղաք Կոստանդնուպոլսոյ, Կիլիկիոյ և Արեւմտահայաստանի զանազան շրջաններու մէջ ու տարուեցան Այաշ և Չանղըրը (Անատոլու), ուր վայրագօրէն սպաննուեցան: Այս թուականը հին տոմարին համաձայն, արձանագրուած է Ապրիլ 11, 1915 (Կիրակի օր):

Կոստանդնուպոլսոյ մէջ Երիտթուրքերու կողմէ կիրարկուած հայ մտաւորականութեան բնաջնջումի ծրագիրէն շուրջ ամիս մը ետք, Մայիս 27-ին՝ ներքին գործերու նախարար Թալէաթի հրամանով, Վանի, Էրզրումի, Պիթլիսի, Խարբերդի, Սեբաստիոյ և Տիարպեքիրի նահանգներու հայ բնակչութիւնը պարտադիր տեղահան եղաւ ու շատեր կողոպտուեցան ու չարաչար սպաննուեցան չէթէներու կողմէ: Իսկ աւելի ուշ, մինչեւ նոյն տարուան Յուլիսը, տարագրութեան ճամբան բռնեցին Արեւելեան Անատոլուի շրջանի հայ ժողովուրդը, ինչպէս նաեւ աշնան այս անգամ Կիլիկիոյ քաղաքներէն՝ Հաճըն, Մարաշ, Այնթապ, Քիլիս և Զէյթուն հայութիւնը դատարկուեցաւ, իսկ 1916-ի ցուրտ ձմրան Արեւմտեան Անատոլուն ալ իր հայութենէն դատարկուեցաւ, որպէս տեղահանութեան վերջին հանգրուան:

Տարագրուած հայութիւնը ուղարկուեցաւ Միջագետք ու Սուրիոյ անապատները (մասնաւորաբար՝ Տէր Զօր) ուր կոտորուեցան հարիւր հազարներով, ընդհանրապէս տարեցներ ու կիներ, ինչպէս նաեւ դեռատի աղջիկներ, որոնք բռնաբարուեցան ու ապա սպաննուեցան:

Նախապէս տեղական բոլոր իշխանութիւններուն ուղարկուած կնքուած պահարաններով շրջաբերականները կը պարունակէին հայ ժողովուրդի բնաջնջման միջոցառումները, որոնք հեռագրային հրահանգով գործադրուեցան:

Տարագրութեան ճակատագիրը համտեսող հայու  խլեակները  հարիւր հազարներով զոհ գացին սովի ու համաճարակի, ինչպէս նաև թուրք ոստիկաններուն հետ գործակցող թուրք և քիւրտ ոճրագործներուն, որոնք յատուկ ջոկատներ կազմած կը կատարէին իրենց վստահուած գործը, դաժանութեամբ և գազանօրէն յարձակում գործելով տեղահան եղած հայութեան վրայ: Տեղահանութենէն փրկուողները նաեւ բռնի իսլամացան, և կամ ալ անապատաբնակ պետեուիներու վրաններուն տակ մնացին ապաւինելով անոնց մարդկային գութին:

Այս ծրագրուած տեղահանութիւնը եւ սպանդը շարունակուեցան ամբողջ յաջորդող 30 ամիսներուն: 1914 Օգոստոսէն առաջ սկսած հայ ժողովուրդի բնաջնջման ծրագիրը՝ թաղելու Հայկական Հարցը միանգամընդմիշտ, 1918 Հոկտեմբեր 30-ին յանգեցաւ Թուրքիոյ կողմէ պարտադիր զինադադարով, պարտուած կողմ որպէս Համաշխարհային Ա. Պատերազմին, Մուտրոսի մէջ:

Անմարդկային և աներեւակայելի հետեւողական կերպով ու առանց խղճահարութեան գործադրուած հայ ժողովուրդի բնաջնջումը միայն կարելի է նկատել որպէս ազգի մը ցեղասպանութիւնը: Երեքհազարամեայ քաղաքակիրթ ժողովուրդ մը, ո՛չ միայն զրկուած էր պետական կառոյցէ, այլեւ վտանգի առջեւ կը գտնուէր դադրելու որպէս ազգութիւն գոյութիւն ունենալէ:

Ըստ հաւաստի աղբիւրներու, որոնք ճշդուած են դաշնակիցներու 1919-ին գրանցուած ցուցակներէն, մինչեւ 1914 թուական 2,3 միլիոն հաշուող հայ ազգաբնակչութեան թիւը Օսմանեան Թուրքիոյ տարածքին նուազած էր ու կը հաշուէր միայն շուրջ 100,000: 1918-ին արձանագրուած այս թիւը սոսկ Պոլսոյ և Իզմիրի հայութեան համար նշուած էր ցուցակներուն մէջ:

Շուրջ 2,3 միլիոն հայութեան 1,6 միլիոնը կոտորուած և կամ մահացած էր, փորձելով իրականացնել հայութեան բնաջնջումի թրքական գազանաբարոյ ծրագիրը: Հայ ժողովուրդը զրկուած էր պապենական դարաւոր ունեցուածքէն, կողոպտուած էր անոր կուտակած հարստութիւնը: Իսկ մնացած տեղահան 700 հազարի շուրջ հայութիւնը միայն կրցաւ ապաւինիլ Սփիւռք կազմելու պարտադիր երեւոյթին, դիմակալելով կարմիր ջարդէն աւելի վտանգաւոր սպիտակ ջարդը, օտար երկինքներու տակ մղելով իր գոյապայքարը որպէս մարդ եւ որպէս հայ։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ