Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցին առթիւ. Արամ Սեփեթճեանի «Ձայներ լռութեան մէջ» ուշագրաւ հատորը

ՓՐՈՖ. ՕՇԻՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

 

Արամ Սեփեթճեան հեղինակած է ութ գիրքեր, սկսեալ իր առաջինէն «Անլոյս Գիշերներ», որ լոյս տեսաւ 1964-ին։

Հայաստանի մէջ հրատարակուեցաւ իր գործերէն հաւաքածոյ մը «Հող եւ մորմոք» խորագիրով 2001-ին, իսկ 2004-ին իր «Ողջակէզ» վիպակը արաբերէնի թարգմանուեցաւ «Ազզապիհա» խորագիրով՝ հանրածանօթ Նիզար Խալիլիի կողմէ։ Արդարեւ, թէ՛ Սեփեթճեանը եւ թէ՛ հայ գրականութիւնը բախտաւոր են, որ արաբ ժողովուրդն ալ այսպէսով աւելի կը ծանօթանայ հայ ժողովուրդի մշակոյթին։ Ինչպէս ծանօթ է, Նիզար Խալիլին հայերէն ուրիշ գիրքեր ալ արաբերէնի թարգամանած է՝ աւելի սերտ յարաբերութիւն ստեղծելով հայ եւ արաբ ժողովուրդներու միջեւ՝ գրականութեան ճանապարհով։

«Ձայներ լռութեան մէջ» մատեանը կը բաղկանայ 280 էջերէ։

Համադրուած են 58 գրութիւններ, խոհագրութիւններ, յուշագրութիւններ, կարծիքներ ու տեսակէտներ, որոնք ամէն բանէ առաջ ունին պատմական կարեւոր արժէք ժամանակի պարունակին մէջ։ Բարեբախտաբար, այս հատորին գրութիւններուն վերջաւորութեան թուականներ կան եւ ընթերցողը վերահասու կ՚ըլլայ ժամանակին տիրող մթնոլորտին ու քաղաքական եւ ընկերային իրավիճակին, ինչպէս նաեւ ազգային եւ միջազգային անցուդարձերուն։

Համադրուած գրութիւնները նախապէս լոյս տեսած են 1977-էն 2013 թուականներուն միջեւ. այսինքն, այս պարագային, Հայաստանի անկախութենէն 14 տարի առաջ եւ անկախութենէն 22 տարի ետք, այնպիսի շրջանի մը, երբ հայ կեանքը  նոր իրողութիւններու առջեւ կը գտնուէր – Խորհրդային Միութեան փլուզում, Հայաստանի անկախութեան ստեղծում, ինքնավար երկիր ունենալով անփորձութիւն եւ նոր հեռանկարներ։

Հատորին գրութիւնները լոյս տեսած են «Զարթօնք», «Պայքար», «Արարատ», «Հայրենիքի Ձայն», «Նոր Կեանք» ու մանաւանդ ՀԲԸ Միութեան ՀԵԸ-ի «Խօսնակ»ին մէջ։

Հատորը ունի տրամաբանական չորս բաժանումներ՝

– Խորհուրդ ապրիլեան

– Ձայներ լռութեան մէջ

– Գիր եւ ճանապարհ

– Պահեր ու խոհեր հայրենիքէն

Հատորը հոգեհարազատ է բոլորիս եւ բոլորիս ալ սիրտին կը խօսի, բոլորիս ալ միտքը կ՚աշխատցնէ, որովհետեւ հայութեան մասին կը խօսի, հայութիւնը յուզող հարցեր կը վերլուծէ անթաքոյց կերպով։

Խորհուրդ Ապրիլեան բաժինին մէջ տեղադրուած են 16 խոհագրութիւններ, դասախօսութիւններ, տեսակէտներ որոնք կ՚անդրադառնան ցեղասպանութեան այլազան երեսներուն՝ տարբեր առիթներով գրուած կամ արտասանուած՝ այդ օրերու մթնոլորտը ցոլացնող։

Ի՛նչ կը թելադրէ մեզի Ապրիլ 24-ը այսօր։ Այսպէս, պահեր ու խոհեր՝ ընդառաջ Ապրիլեան Ցեղասպանութեան 90-րդ տարելիցի սեմին, պահեր ու խոհեր՝ ընդառաջ Ապրիլեան Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի սեմին եւ այլ խորհրդածութիւններ։ Պէտք է շեշտել, որ այս գրութիւններուն մէջ կրկնութիւն չկայ, ընդհակառակը, ամէն յօդուածի մէջ նորութիւն մը, տարբեր երեւոյթ մը, նոր յղացում մը կայ։ Կը շեշտուի որ մեր դատին պահանջը անժամանցելի է, որ հիմնաքարն է բոլոր խորհրդածութիւններուն եւ իր ներկայացուցած առաջարկներուն։ Սեփեթճեան հատուցումի մասին կ՚արտայայտուի եւ վերլուծելէ յետոյ քաղաքական հաշիւներն ու խաղերը, յաճախ ըսուածը նորէն կը շեշտէ պարզ կերպով «միասնական ու միասնակամ մեր կեցուածքը՝ հեռու ամէն հատուածական մօտեցումէ՝ մէկ յայտարարի ներքեւ հարկ է որ հաւաքենք հայ ժողովուրդը։ Սփիւռքի մասնակցութեամբ հանդուրժող կեցուածք պէտք է ունենալ» ու կ՚ըսէ – «Հայրենի պետութիւնը, ի՛նք պիտի ըլլայ միակն ու առաջինը՝ այս կանաչ ազդալոյսին նշանը տուող, երբ կը հաւատայ կարելիութեանը մէկ եւ ամբողջական Հայաստանի»։

«Ձայներ լռութեան մէջ» բաժինը կը բովանդակէ եօթը ստեղծագործութիւններ՝ մշակուած առաւելաբար մեծատաղանդ Վահան Թէքէեանի խօսքերուն ու խոհերուն վրայ, Թէքէեանի ընդհանրական տեսութեան հիման վրայ, որ ազգային շրջագիծէն դուրս կ՚ելլէ համամարդկային կը դառնայ աշխարհով մէկ սփռուելու համար։ Բարձր պահելով Արցախի ազատամարտիկներու արիւնով կերտուող մեր հպարտութիւնը, մեր պատմական հողերն ու վանքերը, աւելի քան 2500 յուշարձանները, մեր գոյութիւնն ու ծաղկումը այս աշխարհին վրայ, կը մէջբերէ Թէքէեանի խօսքը՝

Տէր բարութիւնդ այսօ՛ր, իմաստութիւնդ հիմա,

Պէտք է ղրկես աշխարհին՝ այս հիւլէին տանջակոծ…

Ուրիշ յօդուածի մը մէջ Սեփեթճեան կը շեշտէ ազգային ոգիի միաձուլման անհրաժեշտութիւնը, հաւասարակշռուած մտածողութեան ազգասեւեռ անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ կարեւորութիւնը տրամաբանական դատումներու։ Այլ խօսքով, Սեփեթճեան կ՚ըսէ թէ հայուն անհրաժեշտ է ինքնաճանաչողութեան գիտակցութիւնը, որպէսզի հայ ժողովուրդը առաջնորդուի միացեալ հայութեամբ նոյն նպատակին հասնելու համար։ Մաղթենք, որ այդ օրը գայ եւ հայը ըլլայ հայուն հաւասար։

«Գիր եւ Ճանապարհ» բաժինը ունի ամէնէն շատ գրութիւնները, թիւով 34, տարբեր նիւթեր ընդգրկող, այլազան՝ սակայն հայկական եւ հայութեան հետ առնչութիւն ունեցող։ Պատմական թուականներու վրայ խորհրդածութիւններ, կարծիքներ, տեսակէտներ, որոնք առաւելաբար կը շահագրգռեն լուրջ ընթերցողներն ու մտածողները։

Այս բաժինին մէջ կը քննարկուին կրթական ու մշակութային հարցեր, մամուլի դերակատարութեան կարեւորութիւնը, ամանորեան մտորումներ, Աւարայրի խորհուրդէն մինչեւ արցախեան անկախութեան իրագործումը, հայրենի պետականութեան կարեւորութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը, մտաւորականութեան առաքելութիւնը, հայոց  հաւատքի բարձր հզօրացման անհրաժեշտութիւնը եւ բազմաթիւ այլ նիւթեր, որոնք հայոց ապագայի լուսաւոր ճանապարհը կը կերտեն։ Սեփեթճեան յստակ կերպով հարցերը կ՚ուսումնասիրէ, ախտաճանաչում կ՚ընէ եւ իր հասկցած ըմբռնումով սպեղանի կը տրամադրէ, անշուշտ եթէ հետեւող ըլլայ։ Ընդհանրապէս զգոյշ է Հայաստանի նկատմամբ քննադատական կարծիքներ յայտնելէ, թեթեւ կերպով կը քննադատէ՝ տեսնելով միշտ յուսատու միջոց մը կամ ճանապարհ մը։

Անդրադառնալով հայրենիք-սփիռք խորհրդաժողովներուն, անոնց կարեւորութեան, նոյնիսկ անհրաժեշտութեան, իր մտածումները կը ներկայացնէ 10 կէտերով, որոնք իսկապէս կրնային օգտակար ըլլալ հայրենիքի եւ սփիռքի համագործակցութեան՝ լուսաւոր ապագայի մը նկատմամբ։ Աւա՜ղ, լսող չկար։ Ձայն բարբարոյ անապատի, որովհետեւ դժբախտաբար, ձեւական երեւոյթ ստացան այդ ժողովները որոնց կը մասնակցէին աւելի քան հազար հոգի ամէն անգամ աշխարհի տարբեր քաղաքներէն։ Ես ալ մասնակցեցայ այդ ժողովներուն, որոնք երեք օրերու վրայ կ՚երկարէին՝ դժբախտաբար միայն ճառեր արտասանելով եւ ընդունելութիւններ կազմակերպելով եւ մեր մշտնջենականութիւնը ապահովելու համար, Սեփեթճեան կը թելադրէ ութ հարցերով լրջօրէն զբաղիլ՝

Հայ ժողովուրդին անվտանգութեան ուժ տալ,

Հայ լեզուին… կը ներէք, որ պիտի չշարունակեմ ու կը թելադրեմ որ կարդաք այս գիրքը եւ վստահ եմ պիտի օգտուիք եթէ լուրջ տեսակէտներ կ՚ուզէք լսել։

Հատորին վերջին բաժինը 40 էջերէ կը բաղկանայ եւ կը ներկայացնէ իր հայրենական օրագրութիւններն ու յուշերը։

Օրագրութիւններուն մէջ կը հանդիպինք Թէքէեան Մշակութային Միութեան «Շիրակ» ամսագրի յոբելենական տօնակատարութիւններուն, այցելութիւն թիւ 10 դպրոցը, ուր ուսանած են Կարէն Դեմիրճեանն ու Վարդգէս Պետրոսեանը։ Ապա հանդիսութիւն, ուր ելոյթ կ՚ունենան մեր ուսուցիչներէն Օննիկ Սարգիսեան, պուլկարահայ գրող Սեւտա Սեւան եւ ուրիշներ։ Օրագրութեան մէջ կը հանդիպինք շատ մը գրողներու՝ Սերօ Խանզադեան, Գէորգ Էմին, Լեւոն Միրիջանեան, Վահագն Դաւթեան, Զուլալ Գազանճեան եւ ուրիշներ։ «Պիտի ուզէի մնալ այդ յիշատակներով… քաղցր ու հպարտ», կը գրէ Սեփեթճեան ու կը շարունակէ. «Հայաստանի համը առնելու համար պէտք է այցելել անպայման Սիւնեաց պատմական աշխարհը։ 1919 թուականին Անդրանիկ Զօրավար այս ճանապարհով մեկնած է դէպի Էջմիածին։ Իսկ տեղական հրամանատարութեան մէջ մեծ համբաւի արժանացած են Մելիք Շահնազարեան, Թոփճի Սիմոնը եւ Խաչատուր Մալենցեանը։ Հայրենիք այցելել ու չկարենալ տեսնել վայրի գեղեցկութիւնը Զանգեզուրեան մեր աշխարհին… մեծ կորուստ մըն է»։

Պէտք է վայելել հայրենի հողին կանչը, հայրենիքի դաշտերուն ու սարալանջերուն գեղեցկութիւնը, գիտնականներուն նուաճումները, գիտութեան յառաջընթացը, մշակոյթի եւ արուեստի բարձրութիւնը, հայրենի վանքերուն հմայքը, կրթութեան մակարդակը, գործարաններուն արգասիքը։ Այս բոլորը կը զգաք, երբ ընթերցէք Սեփեթճեանի գիրքը։

Թերեւս աւելորդ է ըսել, որ Սեփեթճեան կը գործածէ անթերի հայերէն մը, նիւթին հետ առնչուող բառամթերք մը, որ ունի իմաստային երանգաւորում։ Ունի մանաւանդ անձանձիր սէր հայրենիքի, հայ լեզուի, հայ եկեղեցւոյ, հայ մշակոյթի, հայ կեանքի նկատմամբ՝ միշտ թելադրելով ճանապարհներ աւելի բարձրացնելու համար հայութիւնը։

Պէտք է կարդալ այս գիրքը։

 

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ