Շաբաթ, Յուլիս 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Ուսանողական յուշերէս. Ապրիլ 24-ին Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին

Տարին 1970 էր՝ քաղաքական եւ ազգային տարողութեամբ յոբելինական տարի մը: Նախ Ցեղասպանութեան 55-ամեակն էր եւ ապա Հայաստանի խորհրդայնացման 50-րդ տարեդարձը, որուն հայրենի պետութիւնը կը պատրաստուէր նախորդ տարուընէ, որով լուրեր կը շրջէին թէ Խորհրդային Միութեան Համայնավար Կուսակցութեան Առաջին քարտուղար՝ Լէոնիտ Ի. Պրեժնեւ Հայաստան պիտի այցելէր քանի մը օրուայ համար:

Սփիւռքահայ ուսանողութեան մեծ մասը խանդավառ էր ի հարկէ, իսկ անոր ժողովրդավարօրէն ընտրուած Սփիւռքահայ Ուսանողների Ֆետերացիան (դաշնութիւնը) կը պատրաստուէր իր ներկայութիւնը ցոյց տալ եւ արժանանալ պետական ուշադրութեան: Ես նոյնպէս անդամ էի դաշնութեան վարչութեան՝ նախագահի (ատենապետ) հանգամանքով: Միւս անդամներէն կը յիշեմ անունները քանի մը ուսանող ընկերներու, ինչպէս Վահագն Յակոբեանց, Կարիկ Պասմաճեան (այժմ երկուքն ալ հանգուցեալ), Ասատուր Տէվլէթեան, եւ ուրիշներ:

Մենք նախ պէտք է որպէս սփիւռքահայ լրջօրէն պատրաստուէինք Ապրիլ 24-ի խաղաղ երթին՝ յարգելով Խորհրդային Հայաստանի բոլոր օրէնքներն ու տրամադրութիւնները նման երթերու պարագային: Մենք նպատակ ունէինք նաեւ յաչս Հայաստանի երիտասարդութեան զգացնել մեր ներկայութիւնը որպէս հայրենի եւ սփիւռքահայ զանգուածներուն թէ՝ քաղաքականօրէն գործօն տարր մըն էինք եւ կը պատրաստուէինք յաջորդ տարիներու ընթացքին սփիւռքի ղեկավարութեան մէջ զգալի դեր խաղալ:

Այս պատրաստութիւններուն մասին տեղեկութիւնները կայծակի արագութեամբ արդէն հասեր էին համապատասխան նախարարութիւններ ու կոմիտէներ…: Մեր վարչութիւնը հրաւիրուեցաւ հանդիպման մը համալսարաններու մէջ հաստատուած սփիւռքահայ ուսանողութեան դեկանատներու (faculty dean) աշխատակիցներուն հետ: Մեզմէ ոչ ոք զարմացաւ ի լուր այս հրաւէրին, բայց մտահոգութիւն պատճառեց այն փաստը, որ «ներսէն»՝ մեզմէ գացած էր տեղեկութիւնը: Վախնալիք բան մը չունէինք, նախ որովհետեւ նոր սկսեր էինք իրարու քով գալ, որպէսզի ձեւի մը բերելէ ետք մեր օրակարգը եւ ապագայ ծրագիրները՝ ներկայանայինք մեր ղեկավարութեան: Երկրորդ՝ բոլորս ալ յարգուած եւ ընդհանրապէս լաւ սորվող ուսանողներ էինք եւ մեր քաղաքական հայեացքներով հակառակ բեւեռին կանգնած «խորթ» տարրեր չէինք:

Քանի մը ժողովներէ ետք մեր տեղեկագիրը պատրաստ էր, որուն վաւերացուելէն ետք մեր ուսանողական հանրակացարանին (Զէյթուն թաղամաս, Ա. Մասնաշէնք) «Կարմիր անկիւն» կոչուած հաւաքավայրին մէջ ուսանողութեան պիտի ներկայացնէինք մեր ծրագիրը, այլեւ պիտի տեղեակ պահէինք մեր եւ ղեկավարութեան միջեւ կայացած հանդիպումին մասին:

Հանդարտ եւ գլուխ գլխի հանդիպումէն ետք եկանք այն եզրակացութեան, որ մենք, որպէս յետնորդները Ցեղասպանութեան զոհերու կամ մազապուրծ ազատած մեր մեծ հայրերուն ու մայրերուն, բարոյական լուրջ պարտաւորութիւն կը զգայինք մեր յարգանքի վերաբերմունքը ցոյց տալ Ապրիլ 24-ին: «Դիմացինները» համամիտ գտնուեցան մեր զուսպ խնդրանքներուն. միակ առարկութիւնը եղաւ ծաղկեխաչի չափի ու բովանդակութեան շուրջ:

Ժամանակները տակաւին չէին հասունցած բացէ ի բաց խաչով երեւալ հանրութեան մէջ: Փոքրիկ սակարկութենէ մը ետք եկանք այն որոշման, որ մեծաչափ ծաղկեպսակին կեդրոնը զետեղուէր ծաղկեխաչը աւելի փոքր չափերու մէջ սեղմուած:

Մեզի զարմացուց Ծիծեռնակաբերդ բարձրանալու արարողութեան մեր հաւաքուելու վայրին եւ երթը սկսելու ժամուն իրենց բերած առաջարկութիւնը: Բացատրութիւնները պարզեցին, որ մեր երթը  պէտք է սկսէինք գլխաւոր զառիվերի կեդրոնէն, իսկ ժամի համար մտածեր էին որ յարմարագոյն պահը կ. ա. ժամը 10-ն էր: Միամիտ չէինք ու անմիջապէս ընբռնեցինք առաջարկութիւններուն մէջ թաքնուած «մանրամասնութիւններուն» նպատակները: Հասկցանք որ՝ եթէ վարէն սկսէինք, այսինքն Քիեւեան կամուրջի մօտէն, ապա մեր խումբին պիտի միանային այլ հայրենակիցներ – ինչ որ կը նշանակէր թէ մեր երկու հարիւրնոց խումբը կրնար արագօրէն վերաճիլ հազարի եւ աւելիի եւ «ամբոխը կրնար ստանալ պատկառելի երեւոյթ…»: Հասկցանք նաեւ, թէ ժամը 10-ը համեմատաբար «մեռեալ» ժամ էր, այսինքն շրջաններէն, հեռաւոր գիւղերէն տակաւին հոծ թիւով «կոլլեկտիւներ» (հանրութիւն) հասած պիտի չըլլային, իսկ ուսանողներէն շատեր զանազան ճնշումներու եւ կամ զգուշաւորութիւններու պատճառով պիտի մնային իրենց հաստատութիւններու մէջ:

Համապատասխան մարմիններու զգուշաւորութիւնները նպատակին չծառայեցին: Յոբելինական տարի ըլլալով հազարաւոր ուսանողներ նախընտրեր էին դասերէն «փախչիլ» եւ յարգանքի տուրք մատուցել մեր աւելի քան մէկուկէս միլիոն նահատակներուն:

Ուսանողական մարմինը խաղաղ երթի վայրի շուրջ «խորամանկութիւն» մը մտածեց՝ դիմելով վտանգաւոր ռիսքի: Մենք պաշտօնապէս պիտի հաւաքուէինք նշուած վայրը, իսկ ուսանողներու կարեւոր թիւ մը, իբր անտեղեակ ամբոխ մը, պիտի սպասէր վարը՝  հետաքրքրութիւն ստեղծելով իր շուրջը եւ բարձր ձայնով արեւմտահայերէն խօսելով, ապա խումբը ճամբայ պիտի ելլէր դէպի «պաշտօնական» վայրը՝ իր հետ քաշելով նաեւ հարիւրաւոր հայրենակիցներ:

Ժամը 9:30-ին ծաղկեխաչը պատրաստ էր նշանակուած վայրը: Սեւով ճերմակի վրայ գրուած էր.

ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ՈՒՍԱՆՈՂՈՒԹԻՒՆԻՑ 1915-Ի ՄԵԾ ԵՂԵՌՆԻ ԶՈՀԵՐԻՆ

Կէս ժամը բաւարար եղաւ, որ անմահ կրակի մօտ բարձրացող հայրենաբնակ երիտասարդներէն հարիւրաւորներ միանան մեզի, իսկ հասակաւորներ ու արեւմտահայ գաւառներէն փրկուածներ ու անոնց յետնորդները մօտենան մեզի եւ առանց վարանելու զրուցել մեզի հետ – չէ՞ որ մենք արտասահմանեան քաղաքացիներ էինք, որոնց հետ շփումները կրնային կասկածի առիթ թոյլ տալ…: Այդպէս էին օրերը:

«Ապրէ՛ք տղէք… ողջ լինէք… հալալ ըլնի ձեզ», եւ այլ քաջալերական խօսքերը մեր կոկորդները կը լեցնէին խեղդող արտասուքով: Մենք նոյն ժողովուրդի երկու հատուածներն էինք, որ «մրրկաւ էինք բաժնուած»:

Քիչ ետք վարէն երեւցաւ նաեւ մեր խումբին մնացեալ մասը. ի՜նչ հարիւր, ի՜նչ երկու հարիւր: Մեր թիւը 500-ը կ՚անցնէր: Եւ այսպէս հանդիսաւոր քայլերով, ազգային ու հոգեւոր երգերով ու շարականներով հասանք գլխաւոր հրապարակ, ուր անակնկալ մը աւելի յուզեց մեզ. հազարաւոր ժողովուրդը յանկարծ երկուքի բաժնուեցաւ եւ մեծ յարգանքով ճամբայ տուաւ շուրջ հազարի հասնող «սփիւռքահայ երկսեռ ուսանողութեան»:

Այդ պահուն մեր երգիչ ուսանողներէն մէկը իր բամբ ձայնով սկսաւ երգել «Կիլիկիա»ն: Բոլորս ընկերակցեցանք: Ես զարմացած էի ի տես մեր երիտասարդութեան, որ մեզի հետ միասին կ՚երգէր «Կիլիկիա»ն՝ իր սիրտն ու հոգին դրած իւրաքանչիւր բառի մէջ: Ու այսպէս մենք հասանք թեքուած սիւներու մօտ՝ միշտ հերթապահ (տրուժինա) կոմսոմոլներու ուղեկցութեամբ: Պատկառելի խումբը շարուեցաւ անմար կրակին շուրջ: Մեր սգոյ այցը կը մօտենար իր գագաթնակէտին: Մէկ սփիւռքահայ ուսանող եւ մէկ ուսանողուհի ծաղկեխաչը տեղաւորեցին սիւներէն մէկուն տակ եւ իմ նշանիս տակ բոլորս միասին սկսանք արտասանել «Տէրունական աղօթք»ը, մինչ Լուսինէ Զաքարեանի հրեշտակային ձայնը կը սփռէր «Կռունկ»ը:

Անմար կրակին շուրջ, մինչեւ սիւներու տակը ասեղ ձգելու տեղ չկար, իսկ «Հայր մեր»ի խօսքերը բոցերուն կրակին հետ կը բարձրանային առ Բարձրեալն Աստուած եւ Խաչեալն Քրիստոս, որպէս համայն սփիւռքահայութեան աղաչանք ու ակնկալութիւն. այդ պահուն «զի քո է արքայութիւն եւ զօրութիւն» բառերը իրենց մէջ կ՚ամփոփէին մեր ակնկալութիւնները Ամենակալէն: Այնուհետեւ մենք, ինչպէս բոլոր այցելուները, մեր վարդերը ծնկաչոք տեղաւորելէ ու խաչակնքելէ ետք իրարու հետեւելով բարձրացանք սիւներու միջեւ գտնուող աստիճաններէն: Արարողութիւնը հոս պիտի չվերջանար: Մենք որոշեր էինք ամբողջ ուսանողութեամբ նկարուիլ քաղաքամայր Երեւանի ու գարնանային Մասիսներու խորքին վրայ եւ ղրկել բացի Հայաստանի մէջ լոյս տեսնող քանի մը թերթերէն՝ նաեւ սփիւռքահայ մամուլին, առանց կուսակցական խտրականութեան:

Այսօր, 47 տարիներ ետք, երբ կը յիշեմ այդ օրը եւ յաջորդող տարիներուն արդէն աւանդութիւն դարձած յարգանքի մեր մատուցման ձեւն ու լրջութիւնը, քաղցր ու մելամաղձոտ յուզմունքով կը լեցուի սիրտս ու հոգիս: Այդ օրը մենք՝ սփիւռքահայ ուսանողներս անգամ մը եւս կը լեցուէինք այն խոր գիտակցութեամբ թէ մենք անբաժան մէկ մասնիկն էինք հայրենի ժողովուրդին, որովհետեւ ցեղասպանութեան յիշատակութիւնը մեզ կը միացնէր եւ կը զօդէր՝ անկախ այն իրականութենէն որ մենք տարբեր հասարակարգերէ ու մշակութային զանազան ազդեցութիւններէ կու գայինք: Երկրորդ, մեր հայրենի պետականութիւնը իր տուրքը տալով հանդերձ Խորհրդային հասարակարգի պահանջներուն՝ հայրենի պետութիւն էր, պետութիւն մը, ուր թէեւ կային խորթ ու պատեհապաշտ (Սեւակի խօսքերով՝ աշխարհի շալակին ելած սովետահայեր) այրեր, բայց կը լրացնէր հայրենի պետութենէ մը պահանջուած գրեթէ բոլոր պայմանները: Ձեւով խորհրդային էր, խորքով հայկական: 

Ցաւօք պէտք է յուշս աւարտեմ սա խորհրդածութեամբ. այսօր քիչ մը ամէնուր եւ առանց լուրջ մօտեցման՝ խորհրդային վերջին տասնամեակները կ՚ենթարկուին անհեթեթ ու մակերեսային քննադատութեան՝ շուտիկ դատողութիւն մը, որ չի համապատասխաներ իրականութեան: 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ