Չորեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան կը ցաւակցի «զոհուած օսմանցի հայերու ժառանգներուն»

 

Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան Ապրիլ 24-ին ուղերձ մը յղած է Պոլսոյ հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ Արք. Աթէշեանին եւ Թուրքիոյ հայ համայնքին։ «Այս տարի եւս յարգանքով կը յիշենք Ա. Համ. Պատերազմի դժուարին պայմաններուն մէջ իրենց կեանքը զոհած օսմանցի հայերը եւ կը ցաւակցինք անոնց ժառանգներուն», ըսած է ան։

Էրտողան նշած է, որ հայերը եւ թուրքերը, որպէս տարածաշրջանի երկու հին ժողովուրդներ, հազար տարի ապրած են կողք-կողքի, կիսելով նոյն պատմութիւնն ու մշակոյթը։ Ան ջատագոված է հայութեան ներդրումը Օսմանեան շրջանին եւ ներկայիս Թուրքիոյ մէջ։ Մեր նպատակն է, որ երկու ժողովուրդները դարմանեն իրենց անցեալի վէրքերը, կ՚ըսէ Էրտողան։

Ապա, կը մաղթէ, որ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի ընտրութեան հարցը շուտով իր լուծումը գտնէ։ Աւարտելով իր խօսքը, «ալլահ»էն կը խնդրէ, որ խաղաղութիւն պարգեւէ առաջին համաշխարհային պատերազմին մահացած միլիոնաւոր օսմանեան քաղաքացիներուն հոգիներուն համար։

– Միւս կողմէ, Իսթանպուլի ոստիկանութիւնը Ապրիլ 24-ին թոյլ չէ տուած Հայոց Ցեղասպանութեան միջոցառում կազմակերպել մեթրոյի քովի տարածքին մէջ։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ