Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2024

Շաբաթաթերթ

Սրտաշարժ եւ հոգեշարժ շարժանկար մը՝ «Խոստում» (“The Promise”)

 

Հայոց Ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցի Ապրիլեան այս օրերուն Լոս Անճելըսի, եւ ընդհանրապէս Միացեալ Նահանգներու թատերասրահներուն մէջ մուտք գործեց «Խոստում» շարժանկարը. նոյնը նաեւ Հայաստանի մէջ՝ Ապրիլ 28-էն սկսեալ եւ աշխարհի տարածքին։ Առաջին անգամ ըլլալով մեծածախս եւ ամէնէն արդիական միջոցներով, որակեալ դերասանական կազմով Հայ Դատը աշխարհին կը ներկայանայ նման ժապաւէնով մը։ Հոն հիւսուած պատմութիւններու շղթան հայ ժողովուրդին պատահած պատմութիւնն է, մեզի ծանօթ եւ օտարին՝ անծանօթ։ Մեր ցիրուցան դարձած արեւմտահայութեան, կիլիկեհայութեան եւ Օսմանեան կայսրութեան տակ ապրող հայաբնակչութեան կեանքն է, այլ խօսքով՝ վիճակը մինչեւ 1915 եւ 1915՝ Համաշխարհային պատերազմ եւ Ցեղասպանութիւն։

Տպաւորիչ, ուժեղ, սրտաշարժ ու հոգեշարժ բառերով կարելի է սեղմօրէն նկարագրել այն, ինչ որ տեսանք մեծ պաստառին վրայ։ Դիտելը քիչ է, պէտք է դարձեալ դիտել, մտնելով իւրաքանչիւր կերպարին խորը, ուր պիտի գտնէք ձեր կեանքին պատմութիւնը։ Ես, մօրենական կողմէն որպէս մուսալեռցի, քանիցս առաջին բերանէ լսած եմ 1901-ի ծնունդ մեծ հօրս եւ 1908-ի ծնունդ մեծ մօրս եւ իրենց ընտանիքներուն լեռ բարձրանալը, ֆրանսական փրկարար նաւուն  հասնիլը, Եգիպտոսի Փորթ-Սայիտի վրանաքաղաքին տակ գաղթականութիւնը, եւ յետոյ՝ Պատերազմէն ետք վերադարձը Մուսա լեռ՝ Վաքըֆ եւ Հաճի Հապիպլի։

Անկարելի էր չյուզուիլ ի տես այդ բոլոր տեսարաններուն, երբ մորթիդ վրայ կը զգաս 7 տարեկան մեծ մօրդ կրած ահն ու սարսափը, եւ կը յիշես 8-10 տարեկան զաւակներդ, որոնք հիմա ազատ ու երջանիկ կ՚ոստոստեն, ապրելով նաեւ անոնց կեանքը՝ որոնք չունեցան մանկութիւն։

***

Պատմութիւնը կը սկսի, երբ Միքայէլ (կուաթեմալացի-ամերիկացի դերասան Օսքար Այզաք) անունով երիտասարդ մը Արեւմտեան Հայաստանի Սիրուն գիւղէն Պոլիս կ՚երթայ բժշկական բարձրագոյն ուսման, մինչ այդ խոստանալով շուտով վերադառնալ եւ ամուսնանալ իր սիրելիին՝ Մարալին (Անճելա Սարաֆեան) հետ։ Սակայն, վրայ կը հասնի Համաշխարհային պատերազմը եւ դէպքերը կ՚առնեն տարբեր ընթացք։ Միքայէլը կը ծանօթանայ «Ասոսիէյթըտ փրէս»ի թղթակից ամերիկացի Քրիս Մայըրզին (բրիտանացի դերասան Քրիսչըն Պէյլ) եւ Ֆրանսա հասակ առած արուեստագիտուհի հայուհիի մը՝ Անային (քանատացի-ֆրանսացի դերասանուհի Շարլոթ Լը Պոն), ուր կը զարգանայ նաեւ սիրոյ ջերմ յարաբերութիւն մը մէկ կողմէ՝ Միքայէլի եւ Անայի եւ միւս կողմէ՝ Քրիսի ու Անայի միջեւ։

Վրայ կը հասնին հայերու ձերբակալութիւնները, տեղահանութիւն, աքսոր, ջարդ։ Դէպքերու այս զարգացումը ցնցող տեսարաններով, սակայն միշտ մնալով պատմական փաստերու վրայ, կը կապեն հանդիսատեսը մեր ժողովուրդի ամենատխուր էջին։ Գաղթականներուն մէջ են նաեւ Միքայէլն ու Անան, մինչ այդ Միքայէլ կը կորսնցնէ իր ամբողջ գերդաստանը թէ՛ Պոլսոյ եւ թէ՛ Սիրունի մէջ. յղի կինը, հայրը, աւելի ուշ՝ մայրը, նոյնպէս զոհ կ՚երթան արհաւիրքին, իսկ լեռ բարձրանալէ ու ապա՝ ծովափ իջնելէ ետք, երբ ֆրանսական փրկարար նաւը զիրենք ապահով ապաստան պիտի տեղափոխէր, Միջերկրականի ջուրերուն մէջ մահը կը գրկէ նաեւ Անան։ Իսկ ամերիկացի լրագրողը, անցնելէ ետք տարբեր արկածախնդրութիւններէ, եւ զուգադիպօրէն կը գտնուէր այդ նաւուն վրայ, հասած էր Անային, Միքայէլին եւ հազարաւոր հայերու օգնութեան։ Աւարտին՝ կը վերապրին Միքայէլն ու ամերիկացի լրագրողը. նաւը զիրենք կը տեղափոխէ ապահով ափեր։ Միքայէլ հաստատուելով Միացեալ Նահանգներ, կը շարունակէ իր կեանքը, որ կը խորհրդանշէ հայուն վերապրելու հզօր կամքն ու մեր այսօրուան իրականութիւնը։

***

 Շնորհակալութեան եւ շնորհաւորական մեր ջերմագին խօսքերը կ՚երթան բոլորին, սկսելով գլխաւոր հովանաւոր, ողբացեալ Քըրք Քըրքորեանէն, անոր ստեղծած “Survival Pictures”-ին եւ “Phoenix Pictures”-ին, ցրումի պատասխանատու՝ “Open Road Films”-ին, բեմադրիչ Թէրի Ճորճին, արտադրողներ՝ Էրիք Իսրայէլեանին, Մայք Մետավոյին, Ուիլիըմ Հորպըրկին, հեղինակներ՝ Թէրի Ճորճին եւ Ռապին Սիքորտին, գլխաւոր դերասաններ՝ Օսքար Այզաքին, Շարլոթ Լը Պոնին, Քրիսչըն Պէյլին, Տանիէլ Կիմէրէզ Քաչոյին, Շորէ Աղտաշլուին, Ռատէ Շէրպէճիային, երգահան Կապրիէլ Եարէտին, նկարահանման բեմադրիչ՝ Խաւիէր Ակիրէսարոպին, եւ բոլոր անոնց, որոնց շնորհիւ այս շարժանկարը իրականացաւ։

Նկարահանումները կատարուած են Փորթուկալի, Մալթայի եւ Սպանիոյ մէջ։ Ծախք՝ 90 միլիոն տոլար, տեւողութիւն՝ երկու ժամ քառորդ։ Ժանր՝ տրամա։

Այսօր մեր պարտականութիւնն է ոտքի պահել այս շարժանկարը այնքան շաբաթ, որքան կարելի է, որպէսզի անոր արձագանգը ըլլայ մեծ եւ շարունակական։ Քաջալերեցէք ձեր հայ թէ օտար բարեկամները, դիտելու, եւ ինչու չէ, երկրորդ անգամ դիտելու «Խոստում»ը։

 

«Թայմ»-ը «Խոստումը» շարժանկարին մէջ ընդգծած է պատմական փաստերը

 

Ամերիկեան «Թայմ» հրատարակութիւնը անդրադառնալով «Խոստումը» շարժանկարին, ընդգծած է, որ ֆիլմին հիմքը կը հանդիսանան պատմական իրողութիւնները։ Նշած է, թէ ֆիլմին ցուցադրութիւնը համընկած է Ապրիլ 24-ի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրուան հետ։

Մանրամասնութիւններ տալէ ետք, «Թայմ» կը գրէ, թէ 1914-ին Օսմանեան կայսրութեան մէջ կ՚ապրէր մօտ 2,1 միլիոն հայ, իսկ մինչեւ 1922-ը մօտ 387,800 հայ մնաց երկրին մէջ։

«Թայմ» կը գրէ նաեւ, որ հայերը աւելի քան մէկ դարէ ի վեր կը պայքարին, որպէսզի Թուրքիա եւ այլ պետութիւններ հայերու կոտորածները որակեն Ցեղասպանութիւն։

 

 

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ