Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2024

Շաբաթաթերթ

Ի Յուշ` Բռնագրաւուած Արեւմտեան Հայաստանի. ՓԱԽՉԻ՛Լ ՉԿԱՅ ՔԵԶԻ, Ո՛Վ ԹՈՒՐՔ

Փախչիլ չկայ քեզի, ո՛վ Թուրք, այլ կը սպասէ քեզի միայն

Դատաստան մը այն մահաբեր օրուան համար յանկարծահաս,

Երբ ժողովուրդ մը, որ հա՛յն էր բարի, խելօք եւ շինարար,

Դուրս նետեցիք իր մայր տունէն, դո՛ւք նստաք հոն տէ՛րը որպէս։

 

Փախչիլ չկա՛յ… Ո՛ւր ալ ըլլաս, քեզ հալածեն եւ քեզ որսան

Պիտի էջերն բազմալեզու մատեաններուն եղեռնագիր,

Ինչպէս նաեւ արիւնլուայ յուշը Քսանչորս Ապրիլի,

Որ կախուած է գլխուդ վերեւ սուրի նման դամոկլեան։

 

Եւ արդէն ո՞ւր կրնաս փախչիլ երբ վերն՝ Աստուա՛ծ արդարադատ,

Վարն, հա՛յը կայ պահանջատէր՝ վկաներով՝ լուռ բայց խօսուն,

Տէր-Զօրը կայ հայաջինջ ու Եփրատը հայասպան,

Հայաստան կայ Արեւմտեան քաղաքներով քարուքանդ,

 

Այգիներով այրիացած եւ տուներով որբացած,

Խորաններով խողխողուած եւ խաչերով խոշտանգուա՛ծ։

Երբ բազմագոյն մեղքերըդ այս կուտակուած են խիղճիդ վրայ,

Ինչպէ՞ս կրնաս անհետ խոյս տալ՝ անոնց համար չզղջացա՛ծ։

 

Մինչեւ օ՛րն այդ՝ պիտի մնաս դուն բանտուած

Անփշրելի շղթաներուն մէջ քու մեծ պարտքիդ ահարկու,

Որմէ փախչիլ պիտի չըլլայ քեզի մինչեւ որ գաս ծունկի

Փախչիլ չկա՛յ ոչ երբեք, այլ դատաստա՛ն լոկ երկնառաք։

 

Փախչիլ չկա՛յ, փախչիլ չունիս երազի մէջ իսկ ո՛վ Թուրք, որ

Խուժդուժ դժոխք տեղացուցիր կեանքին վրայ հայոց անմեղ,

Մինչեւ ազատ թողուին, եւ հայ երկինքին մէջ կրկին թռչին

Եռագունեան ծիծեռնակներն Արարատին շղթայակապ։

 

Փախչիլ չկայ, որովհետեւ դատաստան կայ ոճիրներուդ,

Որոնց արդար մահավճռէն դուն ազատիս պիտի միա՛յն

Երբ բնակիչ բնիկ հայուն ետ դարձնես քու իսկ կորզած

Անիները հազարումէկ եւ Աղթամարը ադամանդ։

 

Մինչ հաւատքի եւ յոյսի բոմբ բամբերով մենք՝ Սփի՛ւռք պանդուխտ

Ե՛ւ գաղթածին, միշտ կը սպասենք, – օ՜, վերջապէս պիտի ցաթի

Պայթի, թնդայ ու որոտայ ռմբոտ արեւն արդարութեան,

Ու մենք կրկին դառնանք պիտի հայրենաւանդ հողերը մեր։

 

Կրկի՛ն նստինք մեր սուրբ տուները գողցուած ու դեռ խաչուա՜ծ՝

Տանուտէ՛րը որպէս իրաւ եւ բնակի՛չը դարաւոր,

Անխախտելի, անքանդելի Մասիսներուն պէս մեր երկու։

Ներում չկա՛յ քեզի բացի երբ հայունը ե՛տ տաս հայուն,

 

Փախչիլ չկա՛յ բացի միայն յանձնումովը Հայաստանին Ուիլսընեան։

 

Մարտ, 2017
Փասատինա, Լ.Ա.
                                                ԺԱԳ Ս. ՅԱԿՈԲԵԱՆ     

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ