Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2024

Շաբաթաթերթ

Դերասան Պէյլ անընդունելի կը համարէ Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութիւնը

Հոլիվուտի աստղերէն Քրիսթիան Պէյլը եւ Օսքար Այզէքը հիւրընկալուելով CBS հեռատեսիլի ընկերութեան “The Morning” հաղորդումին, անդրադարձած են Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող «Խոստում»ը շարժանկարին։

Պէյլ անընդունելի կը համարէ Ցեղասպանութեան գծով Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութիւնը, ընդգծելով, որ Թուրքիոյ կողմէ իրականացուող ճնշումներն են պատճառը, որ շատեր տեղեակ չեն կամ չեն ուզեր խօսիլ այդ մասին։

Օսքար Այզէք նոյնպէս կարեւորած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող շարժանկար պատրաստելու նախաձեռնութիւնը, արժեւորելով բեմադրիչ Թէրի Ճորճի աշխատանքը։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ