ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ.- Մայիս 1-5 Թուրքիա եւ Ատրպէյճան համատեղ մարտական կրակով մարտավարական զօրավարժութիւն պիտի կատարեն Ատրպէյճանի մէջ։
ՖՐԱՆՍԱ.- Փարիզի կեդրոնական Ելիսէեան պողոտային վրայ ոստիկաններու վրայ կրակ բացուած է ինքնաձիգէ մը սպաննելով անոնցմէ մէկը եւ վիրաւորելով ուրիշ մը։ Սպաննուած է նաեւ յարձակողը։
ԳԵՐՄԱՆԻԱ.- Պրուհի քաղաքի թուրքերուն նամակներ ղրկուած են, ուր Էրտողանի կողմնակիցներուն կոչ կը կատարուի լքելու Եւրոպան։
ԱՄՆ.- Աւստրալիա գտնուող ԱՄՆ-ի փոխնախագահ Մայք Փենս յայտարարած է, թէ Ամերիկա պիտի գործնականացնէ գաղթականներուն մասին համաձայնագիրը, որ կնքած էր նախկին նախագահ Օպաման։ Խօսքը անցեալ Նոյեմբերին Ափրիկէի եւ Մերձաւոր Արեւելքի 1200 գաղթականներ ընդունելուն մասին է։ Նախապէս նախագահ Թրամփ այդ համաձայնութիւնը անուանած էր «անիմաստ»։
ՍՈՒՐԻԱ.- «Իսլամական պետութիւն»ը իր մայրաքաղաքը տեղափոխած է սուրիական Ռաքքա քաղաքէն Տէր Զօր։