Կիրակի, Նոյեմբեր 10, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայոց Ցեղասպանութեան համագաղութային ոգեկոչում Մոնթէպելլոյի մէջ

Կիրակի, Ապրիլ 23-ի յետմիջօրէին, Մոնթէպելլոյի Նահատակաց յուշարձանին շուրջ համախմբուած հազարէ աւելի հայրենակիցներ եւ հիւրեր ոգեկոչեցին Հայոց Ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցը՝ համագաղութային մակարդակով։ Կազմակերպիչն էր Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման Լոս Անճելըսի միացեալ մարմինը (U.A.C.L.A.)։

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի եւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտական երկու կառոյցներու արի-արենուշներու դրօշակի արարողութեամբ, քայլերգներու կատարումով (Դաւիթ Սամուէլեան, ընկ. Արամ Լէփէճեանի) եւ չորս համայնքապետերուն ու հոգեւորականներու միացեալ աղօթքով ընթացք առաւ յայտագիրը, գերազանց հանդիսավարութեամբ Էլէն Ասատրեանի եւ Միհրան Թումաճանի։

Գլխաւոր բանախօսն էր մարդկային իրաւանց պաշտպան փաստաբան՝ Ֆէթհիէ Չէթինը, որուն թրքերէն համարձակ ելոյթը թարգմանաբար անգլերէնով կը ներկայացնէր Անի Գասպարեան։

Սրտի խօսքերով, պատգամներով եւ յայտարարութիւններով ելոյթ ունեցան տասնեակ մը քաղաքական դէմքեր, որոնց շարքին՝ Մոնթէպելլոյի քաղաքային խորհուրդի անդամ Ճէք Հաճինեան, Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամներ Քրիսթինա Կարսիա եւ Ատրին Նազարեան, Քալիֆորնիոյ ծերակուտականներ՝ Թոնի Մենտոզա եւ Անթոնի Փորթանթինօ, նահանգաին գանձապահ՝ Ճան Չէնկ, նահանգային քարտուղար՝ Ալեքս Փատիյա,  քոնկրեսականներ՝ Ճուտի Չու, Էտ Ռոյս, Լինտա Սանչէզ եւ Ատամ Շիֆ, Լոս Անճելըսի քաղաքային խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեան, Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Արմելա Շաքարեան, ասորիներու ցեղասպանութեան մասնագէտ՝ Սապրի Աթման եւ վերջապէս՝ Ուաշինկթընի մէջ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Ռոպէրթ Աւետիսեան։

Ներկայ էին նաեւ հայ հոգեւորական բարձրաստիճան դասը, ՀՀ հիւպատոսական կազմը,  ՌԱԿ-ի, ՀՅԴ-ի, ինչպէս նաեւ ազգային-հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։

Հաւաքին ելոյթ ունեցաւ իրաքահայերու Հայ Երիտասարդաց կազմակերպութեան երգչախումբը։

Աւարտին, բոլոր կազմակերպութիւնները իրենց ծաղկեպսակները զետեղեցին Նահատակաց յուշարձանին շուրջ։

Օրուան խորհուրդը ամէն տեղ էր։ Հայութեան նկատմամբ զօրակցական խօսքերը հիւր քաղաքագէտներուն կողմէ, շնորհակալութիւնները Ուայոմինկ նահանգին՝ որպէս 45-րդը՝ ընդունելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը, արդարութեան պահանջատիրութիւնը, բողոքը՝թուրքին անպատժելիութեան դէմ, անոր արթնացումը եւ ընդունումը 102 տարիներու ահաւոր ոճիրին, ԱՄՆ-ի կողմէ պետական մակարդակով Ցեղասպանութեան ընդունումը, ինչպէս նաեւ «Խոստումը» շարժանկարին յառաջ բերած թարմութիւնը՝ ծով ալիքներ ստեղծեցին ներկաներուն հոգիներէն ներս։ Անոնք, ոգեշնչուած ու գօտեպնդուած, լիցքաւորուած եւ վերանորոգուած ուխտով հեռացան Մոնթէպելլոյի յուշահամալիրէն, յաջորդ օրը՝ Երկուշաբթի 24-ին շարունակելու համար իրենց պայքարը քայլարշաւով, բողոքի երթով եւ ցոյցով՝ Հոլիվուտի մէջ եւ Լոս Անճելըսի Թրքական հիւպատոսարանին դիմաց։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ