Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Հարցը

Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ճան Էվընզ այս տարի ներկայ էր «Հայկական ժառանգական նաւապտոյտ»-ին, որ տեղի ունեցաւ Յունուար 20-էն մինչև 29-ը, Քարիպեան կղզիներու այցելութեամբ, Ֆլորիտայէն սկսեալ և վերադարձ միևնոյն նաւահանգիստը:

Դեսպանին բանախօսական ելոյթները կրկնակիօրէն կը դառնան հետաքրքրական նորանոր ռազմաքաղաքական և դիւանագիտական  յայտնաբերութիւններով, որոնք քողարկուած կամ անծանօթ կը մնային հայ ժողովուրդի մեծամասնութեան գիտութենէն:

Դեսպան Ճան Էվընզ ունեցաւ երկու ելոյթներ. առաջինը՝ Հայաստանի և երկրորդը՝ Արցախի վերաբերեալ:

Կը փափաքիմ կեդրոնանալ առաջին ելոյթին վրայ։ Դեսպան Ճան Էվընզ ներկայացուց Հայաստանի ներկայ ռազմաքաղաքական կացութիւնը և տարածաշրջանի երկիրներուն ազդեցութիւնը անոր գոյատևման և յառաջխաղացման համար: Բանախօսութիւնը կը յատկանշուէր գործնական և իրողութեան ենթակայ լուծումներով և առաջարկներով, որոնք հաւանաբար կրնան հայրենիքի պետական կառոյցներուն համար դառնալ հիմնաւոր յենակներ իրենց ռազմաքաղաքական տուեալներով:

Խօսնակը նշեց Հայաստանի մէջ իր պաշտօնէութեան ընթացքին կատարած հանդիպումներուն արդիւնքները նախկին պաշտպանութեան նախարար և այժմու նախագահ Սերժ Սարգիսեանի հետ, մեծապէս գնահատելով անոր դիւանագիտական հմուտ պատրաստակամութիւնը երկրին խաղաղ ընթացքին համար, այն ժամանակ երբ Թուրքիա կը յոխորտար տրորել Հայաստանը իր «փան-թուրանական» տենչանքներուն, շահերուն և եղբօր՝ Ատրպէյճանի սիրոյն:

Ճան Էվընզ անդրադարձաւ նաև Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին, անոր աշխարհատարած և մանաւանդ՝ Միացեալ Նահանգներու ճանաչման խնդրին, որ երկար տասնամեակներէ ի վեր կը տարուբերի երկրին նահանգային և պետական կառոյցներու քաղաքական քուլիսներու և պետական գրասենեակներու մէջ, զանազան տարբերակներով, և տակաւին կը մնայ առկախ՝ այլազան կոչումներու ենթակայ:

Նախագահ Ռէկընի օրով՝ նախագահական բանախօսութեանց և ճառերու հեղինակներէն մին էր հայազգի Քէն Խաչիկեանը, որ համարձակեցաւ Ռէկընի Ապրիլ 24-ի ճառերէն մէկուն մէջ յիշատակել Հայոց Ցեղասպանութիւնը իր բուն իսկ անունով, որմէ ետք սակայն, թրքական լոպին ջանաց հազար ու մէկ արգելքներով և աշխատանքներով կասեցնել ճանաչման գործընթացը, և Միացեալ Նահանգներ  պարզապէս՝ «չխրտչեցնելու համար» իր «հաւատարիմ» դաշնակիցը՝ Թուրքիան, դարանեց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը: Անշուշտ, նոյն յանկերգը տակաւին կը շարունակուի Ռէկընէն ետք յաջորդ նախագահներուն մօտ ևս:

Բանախօսը նշեց, թէ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփ նոյնպէս իրեն հետ գործակցութեան հրաւիրած է նոյն Քէն Խաչիկեանը նոյն պաշտօնով, որուն հետեւանքով՝ շատ հաւանականօրէն կրկնուի նախկին նախագահ Ռէկընի դիպուածը, և նախագահ Թրամփ առժամաբար յայտարարէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը, որուն հետեւանքը տակաւին կը մնայ անյայտ:

Թուրքիա միացած է Ատլանտեան ուխտին 1952 թուականին և կը նկատուի Միացեալ Նահանգներու թիւ երկու դաշնակիցը Միջին Արևելքին մէջ, Իսրայէլէն ետք։ Ան մեծ տարողութեամբ օգտակարութիւն և օժանդակութիւն ունեցած է Ատլանտեան ուխտին, Քորէական պատերազմէն սկսեալ մինչև այսօր: Սակայն Թուրքիա այսօր չի վայելեր անցեալի իր դիրքը Ատլանտեան ուխտին մէջ, նկատի ունենալով իր հակասական դիրքաւորումները Իրաքեան, Իսրայէլեան, արաբական և վերջերս՝ Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքներով, որոնք մեծ դժգոհութիւն և թշնամութիւն սերմանեցին իր և Ատլանտեան ուխտի երկիրներուն միջև, մանաւանդ՝ Միացեալ Նահանգներուն:

Բայց հակառակ այդ բոլորին, Թուրքիա տակաւին կը մնայ հակակշիռը խախտող տուեալ Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան շահախնդրութեան համար:

Այնպէս որ, Միացեալ Նահանգներու պետութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հաստատ հաւատքը տակաւին կանխահաս կը նկատուի քաղաքական ներկայ վերիվայրումներուն ենթակայ:

Ճան Էվընզ իր խօսքի աւարտին նշեց յատկապէս հայ ժողովուրդի յառաջգնացութեան անհրաժեշտութիւնը հայրենիքի կերտման ծիրէն ներս, առանց տեղքայլի կամ՝ ծանրանալու անցեալի ողբերգութեան վրայ. այլ՝ կենսարար դասեր քաղելու ունակութեամբ, իր արժանի տեղը գրաւելու համար համաշխարհային քաղաքական շրջանակներէ ներս։ 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ