Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Մահուան Ա. Տարելիցին Առիթով. Հայկ Նագգաշեան՝ հայ գիրի ու գաղափարի աննահանջ մարտիկը

Տարի մը առաջ, 3 Մայիս 2016-ին, Մոնթրէալի մէջ իր մահկանացուն կը կնքէր 90-ամեայ գրող եւ հասարակական գործիչ Հայկ Նագգաշեան։

Ինը տասնամեակներու վրայ երկարող բեղուն կեանք մը, նախ ուսուցիչ, ապա՝ հայ մամուլի աշխատակից ու յօդուածագիր, իսկ աւելի ուշ՝ հեղինակ գեղարուեստական արձակ երկերու,– պատմուածք եւ վիպակներ։

9-րդ Համանուագի եւ 9-րդ Ալիքի համահունչ իր ստեղծագործութիւնները լոյս ընծայած է թիւով ինը առանձին հատորներու մէջ՝ 1979-2009 երեսնամեակի ընթացքին։ Վերջինը՝ «Խճանկար կէս դարու հրապարակագրութեան (1957-2009)» (672 էջ) հատորն է, ուր կ՚արտացոլայ գաղափարապաշտ մարդու իր ներաշխարհը։

90-ամեայ կեանքի մը աւարտը, մշակոյթի գործիչի ու գրողի մը համար, իսկապէս հոգեկան ներքին գոհունակութիւն մը կը պարգեւէ թէ՛ ենթակային եւ թէ՛ իր անմիջական մերձաւորներուն համար։ Արդարեւ, իր ընտանեկան եւ ընկերական զոյգ շրջանակները եղած են հպարտ՝ Հայկ Նագգաշեանի շուրջ եօթը տասնամեակներու վրայ երկարող ուսուցչական, գրական, խմբագրական, միութենական եւ հասարակական բեղուն գործունէութեամբ։

Հաւատաւոր անդամ ու ղեկավար դիրքերու վրայ իր գործօն դերակատարութիւնը ՀԲԸՄ-ի, ԹՄՄ-ի ու ՌԱԿ-ի կառոյցներէն ներս, աւելի քան կէս դար՝ լիբանանահայ մեր ազգային կեանքին տուին շունչ ու ոգի։ Իր ողջմիտ հայրենասիրութիւնն ու հաւասարակշիռ գաղափարախօսութիւնը արտայայտեց «Զարթօնք»ի եւ անոր պաշտօնակից թերթերու էջերէն, իսկ իր գրական ստեղծագործութիւններուն ծննդավայրը հանդիսացաւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան «Շիրակ» գրական ամսագիրը, որուն խմբագրակազմի եռանդուն անդամներէն էր ու վարչական գործերու պատասխանատուն։ «Շիրակ»ի մէջ հրատարակուած էին իր պատմուածքներն ու վիպակները, որոնք յետագային լոյս տեսան առանձին հատորներով ու խորագրուեցան «Որսորդի ուղիներով», «Մարկերիթայի առիւծները», «Ափրիկեան անտառներու մէջ», «Անաւարտ պատմութիւն», «Սրբազան ծառին տակ», «Դէպի ինքնութիւն», «Բնութեան կանչը» եւ «Բերքահաւաք»։ Այս գիրքերուն մէջ ընթերցողը կը գտնէ Նագգաշեանի թէ՛ ներաշխարհը եւ թէ՛ զինք շրջապատող բնութեան ու մարդկային կեանքը։ Մանաւա՛նդ Ափրիկէն՝ իր տարաշխարհիկ բնութեամբ ու ցեղային յատկանիշերու ուսուցողական հարստութեամբ, հայ գրականութեան էջերուն կը պարգեւէ անկրկնելի երանգաւորումներ։

Հայկ Նագգաշեան եւ իր կողակից՝ Սօսի Թորոսեան-Նագգաշեան լիբանանահայ մեր մշակութային կեանքին մէջ շուրջ քառորդ դար ունեցան բեղուն գործունէութիւն, յատկապէս ՀԲԸՄ-ի եւ ԹՄՄ-ի զոյգ շրջանակներէն ներս։

Այսօր, երբ կը խոնարհինք Հայկ Նագգաշեանի յիշատակին առջեւ, մեզի համար անկարելի է չյիշել դառնաղէտ կորուստը Նագգաշեան ընտանիքին տաղանդաւոր դստեր՝ Սեւանին, որ վաղաժամ հետեւեցաւ իր հօրը ճանապարհին։

Յիշատակը անմար մնայ հայր ու դուստր Նագգաշեաններուն։ Յաւերժ լոյս ու խաղաղութիւն անոնց հոգիներուն, իսկ ընտանիքին՝ երկնային մխիթարութիւն։

 

ԱՐԱՄ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ

Պէյրութ, Լիբանան 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ