Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Թրամփ երեւոյթը պատերազմի սեմին Ինչպէ՞ս Պրն. Նախագահը կրնայ սայթաքիլ հակամարտութեան մէջ

ՖԻԼԻՓ ԿՈՐՏԸՆ

 

Ֆիլիփ Կորտըն Մ. Նահանգներու Արտաքին Յարաբերութեանց Խորհուրդի երէց անդամներէն է։ 2013-էն 2015 յատուկ օգնական էր նախագահին, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի, Հիւսիսային Ափրիկէի ու Ծոցի շրջանի Սպիտակ Տան համակարգողն էր։

 

Արդէն քանի մը ամիսներ անցած են Թրամփի վարչական իշխանութենէն, բայց տակաւին յայտնի չէ, թէ ի՞նչ ընթացք պիտի առնէ Պրն. Նախագահին արտաքին քաղաքականութիւնը։ Յստակ է, սակայն, թէ ինչ որ յատկանշեց, ընտրարշաւի ատեն, Տանըլտ Թրամփի գրգիռը, մարտունակութիւնը եւ անփութութիւնը, վերապրած են ու կը շարունակուին։ Արդէն իշխանութեան հասնելէ ետք, Թրամփ կը շարունակէ ասպարէզ կարդալ ընդունուած կանոններու, շեղիլ դիւանագիտական աւանդութիւններէ, հակադարձելով իմանալի գրգռութիւններու՝ նախատինքներով եւ սպառնալիքներով։ Իր արտաքին քաղաքականութեան պատգամին էութիւնը հետեւեալն է. Ամերիկա պիտի չթոյլատրէ այլեւս, որ բարեկամները կամ դուրսի թշնամիները իրմէ օգտուին։ Տասնամեակներ «կորսնցնելէ» ետք այլազան երկիրներու այնուհետեւ «առա՛ջ՝ Ամերիկա» լոզունգով պիտի սկսինք վերաշահիլ։

Կրնայ ըլլալ որ պարզապէս Թրամփ, այսուհետեւ, կարծր սակարկութեան սկզբունքը գործադրէ, ինչպէս որ կը սիրէ այս ձեւ կոչել «համաձայնութեան արուեստը»։

Ժամանակին նախագահ Ռ. Նիքսընն ալ որդեգրած էր «խենդի տեսութիւնը», այն իմաստով, որ իր հակառակորդներուն հաւատալ կ՚ուզէր տալ, թէ յիմար բան մը կրնար ընել, եթէ իր հակառակորդները իր պահանջները չգոհացնէին։ Նիքսըն «խենդ մարդու» ռազմավարութիւնը փորձեց հիւսիսային վիեթնամցիներուն վրայ, բայց ձախողեցաւ։ Նախագահ Թրամփ, որ հաստատ համբաւն ունի փոփոխականութեան, որոշապէս ատակ է գործածելու նմանօրինակ ռազմավարութիւն մը։

Այսուհանդերձ, հարցը ա՛յն է, թէ խօսակցութիւնները կրնան երբեմն ձախողիլ, իսկ հակառակորդները յաճախ լիրբ են եւ անգուշակելի։ Նախագահ Թրամփ կարողութիւնն ունենալու է խոհականութեամբ եւ յաջողապէս գործադրելու իր վարկածը։ Մինչ ձախող գործառնութեան մը պարագային կողմերը կրնան յուսախաբ  բայց անվնաս բաժնուիլ, դիւանագիտական ձախող նախաձեռնութիւն մը կրնայ առաջնորդել քաղաքական անկայունութեան, ծախսալից առեւտրական ու դիւանագիտական պայքարի, վտանգաւոր զինարշաւի, մինչեւ անգամ՝ պատերազմի։

Արդարեւ, լուրջ կարելիութիւն կայ, որ դէպքերը գահավիժին, առաջնորդուելով ապագայի մը, որու ընթացքին Թրամփի անկայուն ու մոլորեալ ոճը, ճակատումի քաղաքականութիւնը հակամարտութեան առաջնորդեն արդէն փխրուն աշխարհի կարգը, յանգելով բացայայտ բախումի, շատ հաւանականօրէն Իրանի, Չինաստանի եւ Հիւսիսային Քորէայի հետ։

 

Սայթաքումի հետեւանքով պատերազմ Իրանի հետ

 

Ենթադրենք թէ 2017-ի Սեպտեմբեր ամիսն ենք։ Սպիտակ Տունը վիճաբանական յագեցած խորհրդակցութեան մէջ է Իրանի հետ, ձգտեալ վիճակի մը նախօրեակին։ Իրաքի մէջ սպաննուած են տասնեակ մը ամերիկացի զինուորներ Իրանի նախաձեռնութեամբ։ Նախագահը փորձութեան մէջ է այս անգամ աւելի յարձակողական հարուածով պատասխանելու, միաժամանակ գիտակցելով թէ նման քայլ մը կը նախատեսէ բանակը առաջնորդելու ծախսալից եւ անժողովրդական պատերազմի մը, որմէ խոստացած էր խուսափիլ։ Անիկա կ՚անդրադառնայ թէ նման ճակատում մը անխուսափելի դարձած է, երբ նշանակած էր իր արտաքին քաղաքականութեան անձերու խմբակը, Իրանի հանդէպ իր նոր քաղաքականութիւնը գործադրելու համար։

Իր ընտրութենէն առաջ Թրամփ քննադատած էր Իրանի հետ հիւլէական համաձայնութիւնը, խոստանալով վերջ մը դնել Պարսկաստանի «յարձակողական քաղաքականութեան, որ կը միտէր անկայունացնելու եւ ապա տիրապետելու» Միջին Արեւելքի վրայ։ Իր կարգ մը խորհրդականները – Մայքըլ Ֆլին, Մայք Փոմփիօ, Սթիվ Պրենըն ու Ճէյմս Մեթիս – խորապէս թշնամական էին Իրանի հանդէպ, ու կողմնակից էին ճակատելու անոր դէմ։ Պրն. նախագահը հետեւողականօրէն մտրակեց հակապարսկական զգացումները, ու մոլորեցուց հանրային կարծիքը հիւլէական համաձայնութեան նկատմամբ։ Անիկա յատկապէս շեշտեց, թէ Ամերիկա «երբեք չօգտուեցաւ» անկէ, եւ թէ թոյլատրած եղաւ Իրանի վերջապէս ունենալու աթոմական ռումբը, եւ 150 միլիառ (պիլիըն) դրամատանց մէջ «սառեցուած» դրամէն (հաւանաբար ակնարկութիւնը կ՚երթայ համաձայնութեան մէկ նախատեսութեան, որ կ՚արտօնէ Իրանի 50 պիլիըն տոլարի օգտագործումը)։

Փետրուար 2017-ին, իբրեւ հակադարձութիւն Իրանի կողմէ հեռավար հրթիռով մը փորձարկութեան, Մ. Ֆլին՝ նախագահին ազգային ապահովութեան խորհրդականը, «պաշտօնապէս կը զգուշացնէր» Պարսկաստանը։ Երկու օր ետք, չուշացան 25 նոր պատժամիջոցներու (sanctions) պարտադրութիւնը իրանական ընկերութիւններու եւ անձնաւորութեանց դէմ, որոնք վերոյիշեալ նախաձեռնութեան հետ կապ ունէին։

Ինչպէս որ նախատեսելի էր, Իրան անտեսեց ամերիկեան իշխանութեանց կարծր դիրքորոշումը, ու շարունակեց հրթիռներու փորձարկումը, պնդելով թէ ո՛չ հիւլէական համաձայնագիրը եւ ո՛չ ալ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը արգիլած էին նման փորձարկութիւն կատարելու։ Նաեւ անիկա շարունակեց Եմէնի Հութի ըմբոստներուն զինամթերք հայթայթել, ու Պաշար Ասատի իշխանութեան ընծայել զինուորական աջակցութիւն։ Լրացուցիչ կերպով, Ամերիկայի ջանքերը Ռուսաստանի մօտ՝ սահմանափակելու Իրանի դերը Սուրիոյ մէջ, անտեսուեցան, աւելցնելով Սպիտակ Տան յուսախաբութիւնները։

Հիւլէական համաձայնագիրը (Յուլիս 13, 2015) չբեկանուեցաւ։ Սակայն, հաւանականօրէն քանի մը ամիսէն, նախատեսուեցաւ Իրանի «Յեղափոխական Պահակները» պիտակել իբրեւ ահաբեկիչ կազմակերպութիւն, ու պահանջել ազատ արձակումը երկու հպատակութիւն ունեցող (իրանեան եւ ամերիկեան) պարսիկներուն։ Իբրեւ հակադարձութիւն, Իրանի նորընտիր նախագահը (Մայիս 17-ին) հաւանական է, որ ձեռնարկէ իր երկրին հիւլէական կարգ մը փորձառկութիւններուն, աւելցնելով «հարստացած» (enriched uranium) իւրանիումի իր պահեստը։ Այն ատեն, Մ. Նահանգներ պիտի ջանայ տնտեսապէս խեղդել Իրանը, ի հարկին զինուորական կանխարգելիչ հարուած մըն ալ տալով։

Թրամփ համոզուած է, որ այլ երկիրներ նեցուկ պիտի կանգնին իր իշխանութեան կարծր դիրքորոշումին։ Բայց այս ճնշումը չյաջողեցաւ ենթադրուածին նման։ Չինաստան, Ֆրանսա, Գերմանիա, Հնդկաստան, Ճափոն, Ռուսական Դաշնութիւն, Հարաւային Քորէա եւ Անգլիա յայտնեցին, թէ համաձայնագիրը կը շարունակէ գործադրուիլ, այպանելով Ուաշինկթընը՝ տագնապ ստեղծելուն համար։ Եւրոպական Միութիւնը նոյնիսկ օրէնք պիտի անցնէր, որ ապօրէն պիտի ըլլար եւրոպական ընկերութեանց՝ գործակցելու Ամերիկայի հետ, անոր երկրորդական, վերջնագոյն պատժամիջոցներու գործադրութեան պարագային։

Լարուածութիւնը Իրանի հետ պիտի սրի։ Հորմուզի նեղուցին մէջ, Իրանեան պահակաշրջիկ նաւ մը մօտեցած ըլլալով ամերիկեան յածանաւի մը, այս վերջինը կրակ բանալով պիտի սպաննէ 25 նաւաստիներ։ Հակադարձ վրէժխնդրութիւնը, պիտի չուշանայ։ Իրանի թիկունքը վայելող քաղաքազօրք մը Պաղտատի մէջ պիտի սպաննէ 6 ամերիկացի զինուորներ։ Եւրոպական Միութիւնը պիտի առաջարկէ իր միջնորդութիւնը, յառաջացած ճգնաժամը փարատելու համար։ Իրանի դաս մը տալու համար, Թրամփ պիտի լիազօրէ հրթիռային հարուած մը, որ պիտի կործանէ Իսլամական Յեղափոխական Պահակազօրքի կեդրոնավայրի երեք շէնքեր, սպաննելով երկոտասնեակ մը սպաներ ու քաղաքացիներ։ Իրանի կողմնակից զինեալ խումբեր յարձակումներ պիտի  գործեն ամերիկեան անձնակազմի անդամներուն դէմ, ու ճնշում պիտի բանեցնեն Պաղտատի կառավարութեան վրայ, որպէսզի պահանջէ ամերիկացիներու մեկնումը Իրաքէն։ Ուաշինկթըն պիտի վերահաստատէ հիւլէական համաձայնագրով առկախուած պատժամիջոցները։ Իրան պիտի չուշանայ անտեսելու հարստացած իւրանիումի արտադրութեան վրայ դրուած արգելքները, վտարելով վերահսկող օտար քննիչները, յայտարարելով թէ այնուհետեւ կապուած պիտի չըլլայ կնքուած պայմանագրութեան յօդուածներով։ Ամերիկա պիտի հարուածէ Արաքի, Ֆորտոյի, Իսֆահանի, Նաթանցի ու Փարչինի հիւլէական արտադրամասերը։ Ամերիկայի նախագահը այն ատեն հարց պիտի տայ, թէ ինչպէ՞ս ստեղծուեցաւ պատերազմական նման գոյավիճակ մը։

Վերոյիշեալ սենարիոն հաւանական  է, որ պատահի 2017 Մայիսէն ետք, եթէ դիւանագիտական, շրջահայեաց եւ հակակշռեալ, բայց միաժամանակ հաստատակամ քաղաքականութիւն մը չորդեգրուէր։

 

(Շար. 1)

Ազատ թարգմանութիւն՝ յապաւումներով 

«Foreign Affairs», Մայիս-Յունիս 2017

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ