Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024

Շաբաթաթերթ

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈԻԹԻՒՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ. Յայտարարութիւն

Ինչպէս ամէն տեղ, նաեւ հայկական իրականութեան մէջ դժբախտաբար անհակակշռելի երեւոյթ դարձած է համացանցի միջոցաւ սուտեր եւ անճիշդ տեղեկութիւններ տարածել ամէն կողմ:

Վերջերս աշխարհասփիւռ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնն ու անոր կարգ մը անդամները, որոնց շարքին նաեւ Վարչութեանս ատենադպիր՝ Ընկ. Սեւակ Յակոբեանը վարկաբեկող նողկալի գրութիւններ, ծաղրանկարներ ու «հաղորդագրութիւններ» շրջագայութեան մէջ դրուած են կասկածելի եւ շինծու հասցէներու միջոցաւ:

Բարոյականութեան եւ մարդկային պարկեշտութեան ամէն սահման անցած նման «հաղորդագրութիւններու» եւ գրութիւններու հեղինակները, կուսակցութիւնս ջլատել փորձող եւ character assassination-ի ոճրային միտումով, իրենց տարածած բազմաթիւ սուտերն եւ ցեխարձակումները կը կատարեն մերթ իրական թուացող ու շփոթեցուցիչ, յաճախ ալ կուսակցական երեւակայական մարմիններու անունով:

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւնս, մինչ իրաւական պատկան իշխանութիւններու միջոցաւ պէտք եղած հետաքննութիւններուն ձեռնարկած է յայտնաբերելու նման գրութիւններու ոչ այնքան անյայտնի հեղինակները, սոյն յայտարարութեամբ ի պաշտօնէ բացարձակապէս կը հերքենք անոնց բովանդակութեան մէջ տեղ գտած յերիւրածոյ լուրերը:

Վարչութեանս անդամները՝ իւրաքանչիւրը իր դիրքէն, իր աշխատանքներն ու ստանձնած պատասխանատուութիւնները ամենայն նուիրումով ու անսասան կամքով կը շարունակեն իրենց ազգանուէր աշխատանքները, ի փառս եւ ի պատիւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան:

Յոյսով ենք, որ վերոյիշեալ յստակացումը առաջքը կ՚առնէ ամէն տեսակի թիւրիմացութեան եւ մոլորեցնող լուրերու պատճառած կամ պատճառելիք շփոթին:

Այս առիթով, հայրենի թէ սփիւռքահայ մամուլին ուշադրութեան կը յանձնենք իրենց առած լուրերուն հաւաստիութիւնն ու աղբիւրին վստահելիութիւնը լաւապէս ստուգելու պարագան՝ առաջքը առնելու համար անհիմն, պառակտող եւ խնդրայարոյց լուրերու ակամայ հրապարակումին ու տարածման՝ մեր կուսակցութեան վերաբերող լուրերու որպէս աղբիւր որդեգրելով վարչութեանս անունով հանդէս գալու իրաւասութիւնը ունեցող անձերուն ստորագրութիւնը կրող մեր պաշտօնական յայտարարութիւններն ու հաղորդագրութիւնները:

 

ՍԵՐԽԻՕ ՆԱՀԱՊԵՏԵԱՆ

Ատենապետ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան

Պուէնոս Այրէս, 30 Ապրիլ 2017 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ