Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Տոքթ. Վարդան Թաշճեանի «Բժիշկ, հիւանդ եւ դեղորայք» գիրքին շնորհանդէսը

Քալիֆորնիահայ Բժշկական Միութեան հովանաւորութիւնը վայելող վերեւ նշուած շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Մարտ 19, կէսօրէ ետք ժամը 4-ին, Կլենտէյլի Հայ Կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Գույումճեան» սրահին մէջ, գրասէր կոկիկ բազմութեան մը ներկայութեան:

        Որոշեալ ժամուն շնորհանդէսի բացումը կատարեց հանդիսավար Տոքթ. Սիլվա Քարճիկեան։ Իրաւաբան Անժելա Բարսեղեան կարդաց Տոքթ. Թաշճեանի կենսագրութիւնը: Ապա, Մարիէթ Թաշճեան հաղորդական ու յստակ ձայնով կարդաց  իր հօր՝ Համահայկական բժշկական 6րդ համագումարին ձօնած “Our Vocation” («Մեր կոչումը») բանաստեղծութիւնը, արժանանալով ներկաներուն գնահատանքին։

   Տոքթ. Վարդան Թաշճեանի վարակիչ հայրենասիրութեամբ, գրական ընտիր արուեստով գրուած «Հայաստան» բանաստեղծութիւնը կարդալէ առաջ, Սէսիլ Քեշիշեան ըսաւ, թէ երկար տարիներու բարեկամութիւն մը կայ իրենց երկու ընտանիքներուն միջեւ: Հիացումով անդրադարձաւ Տոքթորի կողակիցին՝ հանգուցեալ Մատլէն Թաշճեանի արժանիքներուն, անոր՝ որպէս կին, որպէս մայր եւ որպէս մարդկային էակ կիրթ, մաքուր նկարագրին մասին։

     Հանդիսավարուհին յարգալից խօսքերով ամբիոն հրաւիրեց օրուան գլխաւոր բանախօս Տոքթ. Յարութիւն Արմէնեանը:

    Իրեն տրուած առիթին համար շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք, ան ըսաւ, թէ շատ լաւ պահ է, երբ կ՚ուզենք  իր ներկայութեան պատուել մարդ մը, որ իր համեստութեամբ, իր կեանքի ամբողջ տեւողութեան հայ ժողովուրդի սրտին մօտ իր գործունէութեամբ բոլորին սիրելի դարձած է: Ապա, նշեց, թէ Լիբանանի մէջ Յիսուսեան (Ժեզուիթ) ճեմարանէն՝ Սէն Կրեկուարէն ետք Ֆրերները աւարտելէ ետք, իր Բ. պաքալորէան ստացաւ փորձառական գիտութեան մէջ Սէն Ժոզէֆ համալսարանէն:

   Արմէնեան բերելով Թաշճեանը որպէս օրինակ, ըսաւ,  որ պէտք է սորվին մեր երիտասարդ բժիշկները, թէ ազգային գործունէութիւնը իրենց բժշկութիւնը չի նուազեցներ, ընդհակառակը, կը հարստացնէ:

«Շքանշանները անշուշտ շատ բան կ՚ըսեն, բայց շքանշանները կարեւոր չեն. ամենամեծ շքանշանը, որ բժիշկ մը կը ստանայ, իր հիւանդներէն կը ստանայ: Ամենամեծ շքանշանը, որ կը ստանայ բժիշկ մը, իր գործունէութեան արդիւնքէն կը ստանայ», ըսաւ բանախօսը։

    Նշելէ ետք, որ երգիծանքը բժշկութեան մէջ հնադարեան ժամանակներէ՝ հին յունական թատրոնէն մինչեւ այսօրուան գիտա-երեւակայական կեանքի մէջ գոյութիւն ունի, օրինակ մը բերելով հաստատեց, թէ բժշկութիւնը ցաւի հետ ամենօրեայ գործունէութիւն է, ցաւը ամոքելու գործունէութիւն է:

     Այս առթիւ յիշելէ ետք երգիծագիրներ Մոլիէրի, Պեռնար Շոյի, մերիններէն՝ Յակոբ Պարոնեանի, Երուանդ Օտեանի, Յարութիւն Արփիարի եւ Նշան Պէշիկթաշլեանի անունները, Տոքթ. Արմէնեան ցաւով հաստատեց այսօր ըլլայ Սփիւռքի եւ ըլլայ հայրենիքի մէջ երգիծանքի  բացակայութիւնը: Երգիծանքի անապատ է ամէնուրեք: Փոխարէնը կայ չափազանցուած լրջութիւն ու քննադատութիւն:

     Գիրքին նշանաբանն է կարծէք՝ «Հոն ուր խնդուք կայ, դեղորայքի կարիք չկայ»: Ինքնին երկու տողի մէջ ամփոփուած փիլիսոփայութիւն մըն է: Այսպէս, խօսքը բժիշկներու մասին, նախ եւ առաջ իր գործակիցներուն մասին.

 

            Ամենագէտ ամբարտաւան 

            Այդ գիտնականներէն կու գան

            Առողջ մարդոց հիւանդութիւն

            Եւ հիւանդաց բիւր բարդութիւն:

 

            Տակաւին անձիդ անճանաչ,

            Անտեղեակ անգամ անունիդ,

            Կ՚ուզեն գիտնալ ցաւէդ առաջ

            Որպիսութիւնը գրպանիդ:

 

Ո՞ր մէկն այս աճպարարներէն

            Զանազանել իրաւ գիտէ

            Դեղը թոյնէն, լաւը՝ վատէն,

            Կամ առողջ մարդը՝ հիւանդէն:

 

            Հազիւ թէ դեղարան մտնես,

            Երկու շարական կը լսես.

            Դեղագործէն՝ «Ալէլուիա»,

            Իսկ գրպանէդ՝ «Տէր ողորմեա՛»:

 

            Երբ չես կարող վերագտնել

            Կորած քունդ մարդավայել,

            Դարմանատուն կամ դեղատուն,

            Փրկութիւն չեն, այլ՝ նեղութիւն:

 

            Հիւանդանոց ըսուածն հապա

            Բանտէն ինչո՞վ ետ կը մնայ,

            Ձեռքիդ, ոտքիդ, կամքիդ՝ կապանք,

            Սիրած ճաշերդ միշտ բացակայ:

 

            Հոս ամէն ինչ անորոշ է,

            Ելքիդ օրն իսկ բախտորոշ է,

            Միայն մէկ բան շատ որոշ է,

            Ան ալ անորոշութիւնն է:

 

     Բայց վերջացնելու համար այս կարճ ընթերցումները, կան նաեւ միւսները, կան լաւերը. այդ մասին ալ իր խօսքը ունի Տոքթ. Թաշճեանը.

 

            Այս բոլորէն վերջ եւ առաջ,

            Կան բժիշկներ պարտաճանաչ:

            Ասոնց խօսքն է շունչ Նարեկի,

            Պարուէրները՝ հնչուն ոսկի,

            Դեղագիրը՝ տոմս հրաշքի,

            Կ՛աշխուժացնեն սիրտ, միտք, հոգի…:

 

Ո՞ւր են Պարոննեանները, Օտեանները, Պէշիկթաշլեանները… Ասիկա մեր մեծ հարցն է, եւ սա պարապին մէջ կը տեսնէք այս գոհարի պէս գիրքը, երգիծանքը, քիչ մը ժպիտ: Այո, իր խօսքը կ՚ըսէ, բայց ժպիտով կ՚ըսէ,  ցաւը կը յայտնէ, ցաւին մասին կը խօսի, բայց առանց վիրաւորելու:

            Երկրորդ կէտը՝ սուր երգիծանք է, եւ այս երգիծանքը ուղղուած է բոլորին, մէջն ըլլալով հիւանդները:

            Յարգելի բանախօսը Տոքթ. Թաշճեանի երգիծաշունչ՝ «Բժիշկ, հիւանդ եւ դեղորայք»ը՝ «գոհար հատոր» կոչեց։

«Երկու տարի առաջ երբ մեր գործակիցներէն մէկը Երեւանի արուարձաններէն մէկուն մէջ եղող իր տունը կը հասցնէինք, հոն, թաղային այդ մթնոլորտին մէջ, պատին վրայ գրուած էր հետեւեալը. «Բժիշկը բուժում է, բնութիւնը՝ առողջացնում»: Շատ դիպուկ, շատ գեղեցիկ փիլիսոփայութիւն մը կար այդ երկու տողին մէջ», ըսաւ բանախօսը։         

Արմէնեան, այլ օրինակ մը եւս բերելէ ետք հաստատեց, թէ առողջութեան հիմքը՝ մարզանքն է: Մեծ գիւտը առողջութիւն կերտելու՝ մարզանքն է: Եւ ես պիտի առիթ չկորսնցնեմ այս մէկը քարոզելու: Որովհետեւ մեր իրականութեան մէջ այդ մէկն է պակասը: Որչափ աւելի մարզանք՝ այդչափ աւելի լաւ: Եւ Տոքթ. Թաշճեանի այդ վերջին խօսքն ալ այս է:  Վերջացնելու համար՝ «Հոն ուր ժպիտ կայ, խնդուք կայ, բժշկութեան կարիք չկայ: Հոն ուր մարզանք կայ, բժշկութեան կարիք չկայ»:

            Տոքթ. Արմէնեանի լայն ու իմաստալից այս դասախօսութենէն ետք, երգչուհի Ալին Առուստամեան երգեց երկու երգ (խօսք՝ Վարդան Թաշճեանի, երաժշտութիւն՝ Արմէն Մանդակունեանի), երգեհոնի ընկերակցութեամբ Վահան Բզնունիի: Երիտասարդ երգչուհին, իր գեղեցիկ կատարումով հմայեց բոլորը եւ արժանացաւ ջերմ գնահատանքի:  

   Տոքթ. Վարուժ Ալավերդեանի կողմէ «Բժիշկ, հիւանդ եւ դեղորայք» գիրքէն սրամիտ ու հիւմուրախառն հատուածներու ընթերցումը, իր կարգին խնդուքի ու ծիծաղի պահ մը եղաւ ներկաներուն համար:

     Սրտի խօսքով հանդէս եկող Տոքթ. Արշակ Գազանճեան, տասնամեակներ առաջ  Լիբանանի Սէն Ժոզէֆ բժշկական եւ ատամնաբուժական համալսարանին մէջ իր դասընկեր՝ Տոքթ. Վարդան Թաշճեանի գրողի արժանիքները ներբողելէ, գրքին բովանդակութեան մասին դրականօրէն խօսելէ, ինչպէս նաեւ մատնանշումներ ու թելադրութիւններ կատարելէ ետք եզրակացուց, ըսելով որ հեղինակը օժտուած է աւելի լայն վէպ գրելու շնորհքով:

     Գինեձօնի հանդիսութեան հիւրաբար ներկայ, Սփիւռքի էսդրատային երգերու ռահվիրայ Ատիս Հարմանտեան, տաղանդաւոր երգահան Արմէն Մանդակունեանի (որ իր տիկնոջ հետ նոյնպէս ներկայ էր շնորհանդէսին) «Երեւան, Երեւան» երգը հնչեցուց  երիտասարդական թարմութեամբ եւ գրաւչութեամբ, մեծապէս տպաւորելով ներկաները։

     Շնորհակալական խօսքով հանդէս եկող Տոքթ. Վարդան Թաշճեան, իր առաջին շնորհակալութիւնը յայտնեց կեանքի հանգուցեալ ընկերոջը՝ Մատլէնին, ապա յաջորդաբար՝ հանդիսավար Տոքթ. Քարճիկեանին, Անժելա Բարսեղեանին, գրքի գրաշար ու ձեւաւորող, նոյնպէս հանգուցեալ Անթուան Գարամանլեանին, Վահան Վահանեանին (Ճանսըզեան), Տոքթ. Յարութիւն Արմէնեանին, Արմէն Մանդակունեանին, երգչուհի Ալին Առուստամեանին, դաշնակահար Վահան Բզնունիին, Սէսիլ Քեշիշեանին, Տոքթ. Վարուժ Ալավերդեանին, Տոքթ. Արշակ Գազանճեանին, Ատիս Հարմանտեանին եւ բոլոր ներկաներուն:

    Գինեձօնի արարողութենէն ետք, Տոքթ. Թաշճեան մակագրեց սրահին մուտքին վաճառուած իր նորատիպ «Բժիշկ, հիւանդ եւ դեղորայք» հատորները, որոնցմէ գոյացած հասոյթը պիտի յատկացուի Թռչնոց Բոյն որբանոցին:                      

    Այս յոյժ յիշատակելի շնորհանդէսի աւարտին տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն:

(Յապաւումներով)

                                                                        ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՃԱՌԵԱՆ      

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ