Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 10, 2024

Շաբաթաթերթ

102-րդ Տարելից Հայոց Ցեղասպանութեան Պահանջատիրութիւնը՝ մնայուն, յարատեւ արժէք

ՀԵՆՐԻԿ ԱՆԱՍԵԱՆ

 

   … Եւ այսպէս. անցան Մեծ Եղեռնին նուիրուած հանդիսութիւնները, ծաղկամատոյցներ, գրական-երաժշտական երեկոներ, եւ այլն, եւ այլն: Նորէն քալեցինք Ուիլշըր պողոտայէն մինչեւ Թրքական հիւպատոսութիւն: Պոռացինք, կանչեցինք` տարբեր բովանդակութեան պաստառներու շուքին տակ: Խուռներամ բազմութիւնը մէկ շունչ, մէկ մարմին դարձած` պատուոյ խնդիր ունի, արժանապատուութեան խնդիր, ոտնահարուած իրաւունքներու վերականգման խնդիր: Հոս արդէն հայու տեղայնութեան խնդիր չկայ, բոլորն ալ հայ են` ըլլայ լիբանանցի, հայաստանցի, եգիպտահայ, պարսկահայ` հայ, միայն ՀԱՅ: Մէկ նպատակ, մէկ պահանջատիրութիւն:

    Հիմնականին մէջ, Եղեռնէն ճողոպրած հայերու մնացորդաց, օտար հողերու վրայ կերպով մը բոյն շինած, հայրենիքի տեսլականով տառապած եւ անոր հովանիին տակ նոր բոյն, հայրենի օճախ ունենալու երազանքով ներշնչուած, ներգաղթած հայերու (աղբարիկներու) շնորհիւ հայաստանաբնակ հայերը գիտցան, հասկցան, թէ ի՞նչպէս է, որ այդքան մեծաթիւ հայեր յայտնուած են Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի, նոյնիսկ` հեռաւոր Ամերիկայի մէջ:

   Հասկցան եւ սկսան քալել` արդարութիւն փնտռելով, եւ ահա քանի տարի է կը քալէ հայը արդարութեան ետեւէն: Սկիզբը` կորսուած հողերը պահանջեց հայը, առանց հասկնալու, որ հողը չեն տար, կ՚առնեն, կ՚առնեն ուժով, պայքարով, եւ կամ ալ` ապաւինելով խոշոր տէրութիւններու խղճին եւ շահադիտական նկրտումներուն:

   Եկաւ պահը եւ հայը հասկցաւ, որ ոճրագործ թուրքին նախ պիտի դնել ցեղասպանութեան փաստին առջեւ եւ յետոյ նոր միայն անցնիլ պահանջատիրութեան խնդիրին:

   Առաջինի պարագային մենք որոշակի յաջողութիւններու հասանք: Աշխարհի գրեթէ 28 պետութիւն ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Երկրորդ  պարագան, որ անմիջա-կանօրէն կապ ունի առաջինին հետ` տեղքայլի մէջ է եւ առերեւոյթ դժուար լուծուելիք:

   – Ի՞նչ ընենք, նորէ՞ն քալենք, նորէ՞ն պոռանք, կանչենք: Լաւ, նորէն քալենք, թող այս սրբացած օրը` Ապրիլ 24-ը մնայուն ըլլայ մեր ողջ կեանքի ընթացքին: Թէեւ ամէնքս ալ գիտենք, որ տարուան ընթացքին մէկ օր քալելով հարց չի լուծուիր:

   – Քիչ մը շատ չեղա՞ւ մեր քայլքին երկարութիւնը, ուրիշ նոր ուղիներ չփնտռե՞նք: Եթէ  հաշուելու ըլլանք այսքան տարիներու ընթացքին աշխարհածաւալ մեր քայլքին երկարութիւնը, ամէնքս միասին երկրագունդին շուրջ գէթ պտոյտ մը գործած կ՚ըլլանք: Եւ չմոռնանք, որ մեր ամէն մէկ քայլարշաւին ի պատասխան, թուրքը եւ ազերին միասնական ուժերով օրէօր կ՚աւելցնեն հայոց պետականութիւնն ու ժողովուրդին բնաջնջելու մամլիչ մեքենային արագութիւնը: Եւ այսքան տարիներէ ետք, մենք կարելոյն միջոցներով պիտի ջանանք գէթ դանդաղեցնելու այդ չարագուշակ մեքենային արագութիւնը, լաւագոյն պարագային ալ` կեցնելու անոր ընթացքը:

   Սա անամօթ, լկտի Էրտողանին նայեցեք: Այնքան առաջ գացած է իր անասնական  կիրքին յագուրդ տալու մոլուցքին մէջ որ, ոչ միայն իր իւրայիններուն, այլեւ ողջ աշխարհի մահմետականներուն կը յորդորէ քէֆեր, խրախճանքներ ընել Գերմանիոյ եւ մնացեալ եւրոպական երկիրներու մէջ:

   – Կերէք, խմեցէք Եւրոպայի մէջ, ջանացէք կոտրել-թափել ամէն ինչ` ինչ որ քրիստոնէական աշխարհին կը պատկանի, միեւնոյնն է, վաղը միւս օր աշխարհը մահմետական պիտի դառնայ, Եւրոպան մերը պիտի ըլլայ,– այս կոչն է, որ կը հնչեցնէ արնածարաւ Թուրքիոյ նախագահը: Եւ, զարմանալիօրէն աշխարհ գրեթէ լուռ կը մնայ այս ձաբռտուքներուն դիմաց, հաւանաբար մտովի յիշելով ռուս բանաստեղծին ըսած թեւաւոր արտայայտութիւնը, որ է` «յիմարին մի առարկեր»:

   Առարկութիւն չընենք` յիմար է ըսողը, հասկցանք, բայց անկարելի է մտավախութիւն չունենալ, թէ այդ ապուշը կրնայ խենթ պահու մը այնպիսի աննկարագրելի յիմարութիւններ գործել, որոնց արդիւնքէն հազարներու, նոյնիսկ միլիոններու մահուան փաստին առջեւ կրնանք կենալ: Յիշեցէք թէ ինչի վերածեց օրեր առաջ Էրտողանի ձաբռտուքներէն ոգեւորուած խուժանը Բրիտանիոյ մայրաքաղաք Լոնտոնի բարեկարգ փողոցներն ու պուրակները, երբ երկրին իշխանութիւնները փորձեցին օրէնք հանել անօրէն գաղթականներուն երկրէն վտարելու վերաբերեալ:

   Եւ այս աշխարհակուլ երեւոյթներու կողքին եկուր եւ պահանջատիրութեան նոր ուղիներ փնտռէ: Սակայն մենք հայ ենք, տանջուած, չարչարուած, ոտնահարուած` նոյնիսկ իւրայիններու կողմէ, բայց ունինք բարձր, վսեմ արժանապատուութիւն եւ ոչինչ պիտի խանգարէ մեզի մշտապէս եւ մշտանորոգ միջոցներով հետապնդելու մեր արդար դատը:

   Հայաստանի պատկան մարմիններուն եւ ժողովուրդին դաս տալու յաւակնութիւնը չունինք բնաւ սոյն գրութեամբ, քաւ լիցի, միայն լուրջ մտահոգութեան եւ մտածումնե-րէ առաջ եկած է այս յօդուածը:

   Թուարկենք ուրեմն այն միջոցներն ու հնարաւորութիւնները, որոնց շնորհիւ աւելի կամ նուազ չափով մօտեցած կրնանք ըլլալ վերջնական նպատակին: Խնդրեմ սոյն յօդուածը ընդունիլ որպէս անձնական կարծիք:

   ԱՌԱՋԻՆ. Եթէ կ՚ուզենք մեր հայրենի ժողովուրդին լաւագոյնս  ներգրաւել պահանջատիրութեան համար մղուող պայքարին մէջ` անոր ապրուստը, օրուան հացը ապահովելն է: Ամէն տեսակ դժբախտութիւն, դաւաճանութիւն, անհանդուրժողականութիւն մարդուս քով կ՚առաջանայ հացի պակասէն: Եւ եկուր այսօր հացի կարօտ մեր հայրենի ժողովուրդին դաս կարդայ պահանջատիրութեան մասին: Չ՚ըլլար, չի կրնար ըլլալ մեր ուզածին պէս: Ըսել է թէ` պահանջատիրութեան պայքարին առիւծի բաժինը, թող ներուի, դարձեալ ինկած է սփիւռքահայու ուսերուն:

   Վստահ եղէք, որ հայրենի ուսուցչուհիներու (Տնօրէններու գլխաւորութեամբ) մեղմ ըսուած, ծախուիլը իշխանական թեւին` միայն օրուան հացը, աշխատանքը կորսնցնելու վախէն առաջ եկաւ: Ըսել է թէ որքա~ն կարեւոր է հացը: Ես, որ սով տեսած եմ, գիտեմ թէ ինչ ըսել է հացի չգոյութիւնը: Խեղճ Արթուրը հացի զոհ չդարձա՞ւ: Ի միջի այլոց, ըսեմ, որ յետայսու Արթուրին ոչ թէ պիտի կոչել Հաց բերող, այլ ինքնին` ՀԱՑ ԱՐԹՈՒՐ, որովհետեւ ան հաստատեց հացին սուրբ ըլլալը եւ զոհ գնաց յանուն հացի: Հոս, մենք, սփիւռքահայերս, որ քիչ մը հացի տէր ենք, պարտաւոր ենք աւելի մօտէն հետեւիլ հայրենիքի եւ Ղարաբաղի մէջ անցած-դարձածին: Գիտեմ, որ ամէնքն ալ կ՚օգնեն Հայաստանի իրենց բարեկամներուն եւ` նոյնիսկ անծանօթ մարդոց: Սակայն այս օրերուն աւելի-աւելի պիտի օգնել անոնց, որպէսզի քանի մը փարայի սիրոյն գայթակղութեան զոհ չդառնան եւ գործեն միայն ու միայն խղճի մտօք:

   Ինչպէս կեանքը ցոյց տուաւ, անգամ մը եւս հացի սիրոյն հայրենի մեր ժողովուրդը ընտրութիւն չըրաւ խղճի մտօք եւ մնաց նոյն անհեռանկար վիճակին մէջ: Այդ նոյն օրերուն ազերի Ալիեւը տօնախմբութեան վերածեց Ապրիլ 2-ը` որպէս Ղարաբաղի դէմ տարած յաղթանակի օր:

    Ես դեռ անցեալ տարի գրեցի, որ ապիլեան չորսօրեայ պատերազմը մեզի համար պարտութիւն էր, որովհետեւ հող կորսնցուցինք, հող, որը ձեռք բերած էինք հայու արիւնով: Եւ, չես գիտեր, թէ ինչ տրամաբանութեամբ էին որոշած հայրենի իշխանութիւնները յատկապէս այդ օրը շինծու խորհրդարանական ընտրութիւններ իրագործել, փոխարէն այդ օրը նշելու որպէս յիշատակի օր այն հարիւր, գուցէ թէ աւելի անպեխ, անմօրուք, անփորձ հայ զինուորներու հոգւոյն համար, որոնք զոհ գացին անիմաստ չորսօրեայ պատերազմի ընթացքին: Մեղմ ըսած` բարոյական չէ այդ օրը շինծու տօնական տրամադրութիւն ստեղծելը:

   ԵՐԿՐՈՐԴ գործօնը պահանջատիրութեան պայքարին մէջ հիմնական մասը վերապահուած է Սփիւռքին: Եւ այդ գործօնը ալ աւելի շարժուն դարձնելու համար, տարիներ շարունակ շեփորուած Ցեղասպանութեանը նուիրուած ֆիլմեր պատրաստելու գործը տեղէն շարժեցաւ: Կան այլեւս այդ թեմային հետ առնչուող նուազ կամ աւելի արժէքաւոր ֆիլմեր եւ գրականութիւն: Ահա խնդրեմ, ամսոյս 21-էն սկսեալ  Միացեալ Նահանգներու ողջ տարածքին սկսաւ ցուցադրուիլ համբաւաւոր միլիառատէր Քըրք Քրքորեանի 100 միլիոն տոլարով պատրաստուած «Խոստումը» ֆիլմը, որը անպայմանօրէն պիտի նայի իւրաքանչիւր մարդ աշխարհի բոլոր ծագերուն, գաղափար ունենալու համար թէ ինչ ըսել է հայ ժողովուրդի Ցեղասպանութիւն:

Սակայն հիմա կարգը եկած է Ամերիկայէն զատ, ուրիշ համայնքներու մէջ աշխուժացնելու պահանջատիրութեան գործօնը: Եւրոպայի հայ համայնքներուն մէջ օրէ-օր ալ աւելի կ՚աւելնան Հայաստանէն արտագաղթողներու թիւը, որոնք արդէն լաւագոյնս գիտեն Հայոց Եղեռնի պատմութիւնը, եւ անոնց` տեղական պայմաններուն քիչ թէ շատ յարմարուելէն ետք, հայկական հաստատութիւններու եւ եկեղեցւոյ, ինչո՞ւ չէ, Բարեգործականին պարտականութիւնը պիտի ըլլայ հոգատար մօտեցումով զանոնք ներգրաւել Պահանջատիրութեան պայքարին մէջ:

   Արտագաղթին պատճառով այսօր վերակենդանացած են ժամանակին պարպուած Եւրոպայի բոլոր հայկական գաղութները (Լեհաստան, Հունգարիա, Աւստրիա, Ֆրան-սիա, Անգլիա, Յունաստան, Բուլղարիա, եւ այլն), որոնց մէջ կը գործեն հայկական բազմաթիւ, բազմաբնոյթ միութիւններ եւ կազմակերպութիւններ: Ալ չենք խօսիր Ռուսիոյ մասին, ուր երեք միլիոնի հասնող հայութիւնը սպասելով երջանիկ լուրերու Մայր Հայրենիքէն, կ՚ապրի հայաբար, հայօրէն, մեր սովորոյթներուն, աւանդութիւն-ներուն հաւատարիմ վարք ու բարքով:

   Հսկայական ոյժ մըն է Ռուսիոյ եւ Եւրոպայի հայութիւնը, որ ամէն գինով պիտի ներգրաւել մեր պահանջատիրութեան պայքարի մէջ: Հոս է որ խոշոր ընելիք ունին Հայց. եկեղեցին, Հայ Դատը եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը: Աջէն-ձախէն, ժամանակ առ ժամանակ կը լսենք, կը կարդանք, կ՚իմանանք որոշ սփոփիչ լուրեր նշեալ հայ գաղութներէն: Սակայն եղածը քիչ է: Արտագաղթած հայերը պէտք ունին դպրոցներու, եկեղեցիներու, կրթական-մշակութային կեդրոններու, որոնց մէջ մեր մատաղ եւ երիտասարդ սերունդը կարենայ դասախօսներու, մանկավարժներու եւ դաստիարակներու կողմէ իրենց տրուած դասերուն շնորհիւ հոգւոյն մէջ զգալ, հասկնալ պահանջատիրութեան էութիւնը:

ԵՐՐՈՐԴ` Այս օրերուն համար կարեւորագոյն կէտը Պահանջատիրութեան ցանկին մէջ, ըստ իս, թշնամիին հետ «բարեկամութիւն» խաղալն է,- այո, այո, բարեկամութիւն, որ շատ աւելի դիւրին է իրականացնել եւրոպական երկիրներու մէջ: Ես իմ փորձառութեամբս գիտեմ, թէ որքա՜ն դիւրին է թուրքին խօսք հասկցնելը` անոր հետ հաց կիսելով, հետը նարդի (թաւլու) խաղալով, ընկեր-բարեկամ խաղալով, որոնց ընթացքին դուն մտերմիկ ձեւով մէջտեղ կը բերես նիւթեր` անցեալ դարու մեր ժողովուրդի գլխուն իրենց պապերու բերած չարագործութիւններու մասին:

   Իմ ուղեւորութիւններուս ընթացքին բազմաթիւ անգամներ հանդիպած եմ թուրք մտաւորականներու, որոնցմէ եւ ոչ մէկը խրտչած է իմ կողմէս որպէս զրոյցի նիւթ ընտրելով մեր Ցեղասպանութիւնը եւ պահանջատիրութիւնը:

   Գերմանիոյ Ֆրանկֆուրտ քաղաքի օդանաւակայանի ճաշարանին մէջ, Պոլիսէն ինծի հետ ճամբորդող թուրք փրոֆեսորը, որ իմ պատմածներէս բաւարար չափով պատկերացում ունէր Ղարաբաղի մասին, ճաշէն ետք, սուրճի ատեն ակնյայտ մտա-հոգութեամբ հարցուց.

   – Կրնա՞ս ինծի ճշգրտօրէն ըսել թէ ուր կը գտնուի Ղարաբաղը:

   Ես առանց վարանումի, գրիչս հանեցի եւ ձիւնի պէս ճերմակ կերպասէ անձեռոցիկին վրայ գծեցի Ղարաբաղի քատէսը` ապշահար ձգելով մարդը, որ հաւանաբար այդ վայրկեանին մտածած էր, թէ այս ինչ անկիրթ երաժիշտի հետ է գործը: Քանի մը վայրկեան քարտէսը քննելէ ետք ըսաւ.

   – Եւ հոն, Ղարաբաղին մէջ, միայն հայե՞ր կ՚ապրին…

   – Այո, միայն հայեր, եւ ինչպէս կը տեսնէք Հայաստանին փակած է երկիրը:

   – Է՜…, այդ պարագային ինչո՞ւ Հայաստանին չեն տար…

    Իմ բոլոր ջանքերս բաւական շքեղ սեղանին ծախսը գոցելու համար` անկարելի եղաւ, մարդը ինձմէ աւելի ճարպիկ գտնուեցաւ:

      Այս ամէնէն ետք, յորդորս է. օտար երկիրներու մէջ, մանաւանդ Եւրոպայի, բարե-կամ խաղալ թուրքին եւ ազերիին հետ, «մտերմութիւն» ընել պետական գործիչներու, առաջադէմ հայեացքներու տէր  անձանց հետ եւ ճաշի ատեն, քանի մը գաւաթ թրքական օղի ճնկելէն ետք, անոնց կատարնին տաքցած պահերուն ալ մէջտեղ բերել մեր պահանջատիրութեան հարցը եւ կարենալ ժամանակի ընթացքին, ինչպէս կ՚ըսեն` «խօսքերնիս քալեցնել»: Կեանքի փորձը ցոյց տուած է, որ շա՜տ-շատ հարցեր դրական լուծում ստացած են կերուխումի ատեն, մտերմիկ սեղանի շուրջ:

   Ես վեց անգամ Թուրքիա եղած եմ: Ճիշդ է, մշտապէս հանդիպումներս մտաւորա-կանութեան հետ եղած են, որոնք դիմացս նստած, ժպիտը դէմքերնուն վրայ ըսած են. «Մոռցէք անցեալը, վերջապէս այսօրուան մեր մե՞ղքը ինչ է…»:

   Իրենք շատ լաւ գիտեն իրենց մեղքը, Ապրիլ 24-ը եւ հատուցման չափը իրենց ոճրա-գործութեան:

   ՉՈՐՐՈՐԴ կէտը Պահանջատիրութեան պայքարին մէջ, ըստ իս, հետեւեալն է:

   Ժողովրդական առածը կ՚ըսէ. «Կ՚ուզե՞ս յաղթել թշնամիիդ, ուրեմն գործածէ նոյն զէնքը»: Մենք ոչ միայն նոյն զէնքը չենք օգտագործեր, այլեւ ոչ մէկ տեսակ զէնք կը գործածենք պատասխան հարուած տալու թէ ազերիին եւ թէ թուրքին: Ահա քանի տարի անցած է հայ սպայ Գուրգէնին Հունգարիոյ մէջ ազերի Սաֆարովին կողմէ գազանային սպանութենէն ետք, բայց առ այսօր ատոր պատասխանը չենք տուած:    Նոյնը` Հրանդ Տինքի պարագային: Տասը տարի է Թուրքիոյ դատարանը դեռ յանցագործներ «կը փնտռէ»: Ասկէ աւելի նուաստացուցիչ պարագայ չէ եղած հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ: Ի՞նչ եղաւ մեզի, ո՞վ խլեց մեզմէ վրէժխնդրութեան ոգին: Ի՞նչպէս պատահեցաւ, որ այսքան տկար եւ ստորնաքարշ եղան մեր երկրին տէրերը: Ո՞ւր են Եանիկեաններն ու ԱՍԱԼԱ-ի տղաքը, Յարութ Սասունեանը, Մոնթէն Ֆրեզնոյէն  ու Լիզպոնի տղաքը, որոնց վերջերս ալ աւելցաւ Հաց Արթուրը:

   – Ի՞նչ կը մտածէք, ժամանակը չէ՞ արդեօք նոր ՆԵՄԷՍԻՍ մը մէջտեղ հանելու…երբեք պէտք չէ մոռնալ, որ մարդ-գազանը միայն ծեծէն եւ մահէն կը վախնայ: Արժէ չէ՞ այս մասին խորհիլ:

     Պարապ-սարապ, մեր անփորձ հռետորաբանութեամբ, դիւանագիտական խակ իմացութեամբ հազիւ թէ տեղ մը կարենայ հասնիլ մեր հայրենիքը: Եթէ երկրին տէրերը մտադիր են գրաւուած, իրականին մէջ վերատիրացած հողերը յանձնել իբր թէ խաղաղութեան սիրոյն, ըսել է թէ բնաւ պէտք չէ զարմանալ Հայաստան աշխարհին օրէ-օր պարպուելուն համար: Հոս տեղին է յիշել հայկական մէկ առած մը, որ կ՚ըսէ. «ախորժակը ուտելէն յետոյ կը բացուի»: Ազատագրուած հողերը տալէն ետք, ազերին աչքը պիտի տնկէ Հայաստանին պատկանող հողերուն վրայ,- եւ այսպէ՜ս տարիներ շարունակ:

  Հայաստանի ժողովուրդը եռակի անգամ յուսախաբ է իշխանութիւններէն եւ, ցաւալիօրէն, օրուան գոյութեան պայմանները չեն արտօներ, որ ան ալ սփիւռքահայուն պէս կարենայ լրջօրէն զբաղիլ պահանջատիրութեան հարցով:

   Մենք միայնակ ենք, բարեկամ չունինք: Մեր հիւսիսի դրացի-հարեւան, իբրեւ թէ քրիստոնեայ յորջորջուող պատեհապաշտ վրացին թոյլ կու տայ, որ հայաբնակ Ջաւախքի շուկային մէջ վաճառքի հանուի թրքական արտադրութեան կօշիկներ, որոնց ներբանի եւ կրունկի վրայ ստորնաբար արտացոլուի Տիրոջ խաչի պատկերը: Ասկէ աւելի ցինիկ, այլամերժ մօտեցո՞ւմ քրիստոնեայ ազգի նկատմամբ: Անկարելի է երեւակայել: Մենք ինչո՞ւ նման «պարապ» բաներով չենք զբաղիր, – որովհետեւ մեզ հայ են ասում,  մենք մեզ ոչ մէկից չենք գերադասում,– ասում է բանաստեղծը:

   Այս օրերու համար համահունչ չեն բանաստեղծին այս հանճարեղ տողերը:

   Ինչպէս վերը նշեցի, թշնամիիդ հետ պիտի կռուիս նոյն զէնքով, թէ իրական կռուի պահուն, թէ կեանքի, եւ թէ կենցաղի մէջ:

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ