Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 4, 2024

Շաբաթաթերթ

Արժէքաւոր Հրատարակութիւն Մը. «ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԱՀԱՅ ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻ ԵՒ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ»

ՅՈՎՍԷՓ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ

Յոյժ գնահատելի հսկայական աշխատանք կատարած է Գէորգ Պիւյիւք Յակոբեան, բծախնդրօրէն ուսումնասիրելով իսթանպուլահայ ուսումնական կեանքն ու կրթական հաստատութիւնները՝ անցեալէն մինչեւ այսօր։ Պոլսահայ Միութեան մէջ տեղի ունեցած նորատիպ հատորի գինեձօնին գիրքը ներկայացուց ծանօթ մտաւորական, հայ գիրքի ու գրականութեան նուիրեալ՝ Յովսէփ Նալպանտեան։ Ստորեւ՝ լայն հատուածներ անոր ելոյթէն։  

«Նոր Օր»

 

            Գեղագիտական հաճոյք է կարդալ եւ ըմբոշխնել «Պատմութիւն իսթանպուլահայ ուսումնական կեանքի եւ կրթական հաստատութիւններու» 800 էջանոց ծաւալուն եւ հարուստ գիրքը: Գիրքը լոյս աշխարհ եկած է 2016-ի Սեպտեմբերին, տպագրուած Իսթանպուլ «Փարոս» հրատարակչութեան կողմէ: Հեղինակը, մեր լաւ ընկեր, Գէորգ Պ. Յակոբեան երկար տարիներ բծախնդրօրէն աշխատած է, որպէսզի իր տարբեր մանրամասնութիւններով, մեզի ներկայացնէ Պոլսոյ մէջ անցեալէն դէպի մեր օրերը գործած եւ գործող ազգային ու անհատական շուրջ 170 ամենօրեայ հայկական վարժարաններու մասին: Ուղղակիօրէն նշենք, որ այս հատորը ունի նաեւ պատմական արժէք. այստեղ կան դպրոցներէ բացի բազմաթիւ մանրամասնութիւններ՝ եկեղեցիներու, անհատ գործիչներու, պատմական դէպքերու, որոնց մասին գրութիւնները ա՛լ աւելի արժէքաւոր կը դարձնեն այս հատորը: Գիրքը էջադրած եւ ձեւաւորած է Գէորգ Պ. Յակոբեան, խմբագրած եւ սրբագրած՝ Մաքրուհի Յակոբեան, կափարիչի (կողքի) պատրաստութիւն՝ Արէտ Ավճու:

            Պոլիսը, այսօրուան Իսթանպուլը, բացառիկ տեղ գրաւած է մեր ազգային կեանքին մէջ: 19-րդ դարէն սկսեալ եւ ապա մինչեւ 1915 թուականը, ան եղած էր ողջ արեւմտահայութեան մտաւոր, ազգային-հասարակական կեդրոնը: 1913-14-ին Պոլիս կը հաշուէր 150 հազար հայութիւն, երբ քաղաքը 920 հազար էր: Այսօր Իսթանպուլի հայութիւնը կը հաշուէ 55 հազար (ճշգրիտ տուեալները կը պակսին), իսկ քաղաքը 14 միլիոն է:

            Նախաբանը գրած է վաստակաշատ խմբագիր, հեղինակ Ռոպէր Հատտէճեան: Իսկ Գէորգ Պ. Յակոբեան, Մեր խօսքը վերնագիրին մէջ կ’ըսէ «Թէ ինչո՞ւ այսպիսի աշխատանքի մը ձեռնարկեցի»:

            Հատորը բաժնուած է 5 գլուխներու:

          Գլուխ Ա. «Ընդհանուր ակնարկ՝ նախքան 1790 թուականը» էջ 15-60: Հինգ մաս:

            Այս բաժինէն կ’իմանանք հետեւեալը, թէ «1453-էն սկսեալ մինչեւ ԺԸ. դարու վերջերը Օսմանեան կայսրութեան սահմաններուն մէջ հայեր եւ թէ յոյները կազմակերպուած կրթարաններ չեն ունեցած: 1790 թուականին է որ Սուլթան Սելիմ Գ.ի հրամանով արտօնուեցաւ համայնքային վարժարաններ հաստատել» էջ 53:

            Մինչեւ 18-րդ դարու վերջը, ուսման փափաք ունեցող հայեր, կարդալ եւ գրել կը սորվէին կրօնական յատուկ հաստատութիւններու մէջ:

            Հեղինակը բծախնդիր է նաեւ հետաքրքրական այլ մանրամասներ հաղորդելու, որոնք կապ չունին դպրոցներու հետ։ Կան նաեւ Օսմանեան արխիւէն առնուած, առաջին անգամ ըլլալով, նոր փաստեր եւ տուեալներ:

            Այս հատորին մէջ կան բազմաթիւ տեղեկութիւններ՝ Պատրիարքներու, տնօրէններու, ուսուցիչներու, հեղինակներու, վարչական մարմիններու, որոնք միասնաբար կերտած են հաւաքական ազգային իւրայատուկ կեանք մը: Բազմաթիւ լուսանկարները ոչ միայն կը ճոխացնեն հատորը, այլեւ կը բերեն նորութիւններ։

 

            Գլուխ Բ. «Կրթական շարժումն ու զարգացումը մինչեւ Թուրքիոյ հանրապետութեան հռչակումը» էջ 63-170, եօթը մաս:

            Ուշագրաւ է իմանալ այս գլուխի առաջին մասէն, որ Շնորհք Մկրտիչ Ամիրա Միրիճանեանը կը հաստատէ առաջին թաղային վարժարանը 1790-ին Գումգաբուի մէջ: Կրթական գործը 1790-1853 բաժնին մէջ կը կարդանք այնպիսի նորութիւններ, որոնք իսկապէս մեզի ցոյց կու տան Գէորգ Յակոբեան պրպտող միտքի եւ անշահախնդիր ազգայինի կարողութիւնը, բծախնդրօրէն ներկայացնելու ամէն ինչ:

            1853 Հոկտեմբեր 29-ին կը կազմուի առաջին «Ուսումնական խորհուրդը» 14 անդամներէ բաղկացեալ։ Այնուհետեւ էջ 81-էն 88 կը կարդանք Ազգային Սահմանադրութեան ծագման եւ զարգացման մասին, նկարներ եւ տուեալներ, որոնք պէտք է իմանայ ամէն հայ:

            Ուսումնական խորհուրդի գործունէութենէն փաստ մը, 1864-ին, էջ 99. «Հաւաքուած այս տեղեկութիւններու հիման վրայ, Պոլսոյ մէջ կային 32 Ազգային վարժարաններ մանչերու, 14 Ազգ. վարժարաններ աղջկանց համար: Աշակերտ՝ 4,007 իսկ աշակերտուհի՝ 1,472: Ընդհանուր աշակերտութեան թիւն էր 5,479: Այս 46 վարժարաններուն մէջ կը գտնուէին 162 վարժապետներ, 19 վարժուհիներ, կառավարիչներ, համարատեսներ եւ օգնականներ: Ամսական ծախքն էր 70,445 ղրուշ, բացի ուրիշ պատահական ծախքերէ»:

            Էջ 159-ի վրայ կայ հայ որբանոցներու ընդհանուր ցուցակը (1919 Հոկտ. 31-ի վիճակով): Այս բաժինը նոյնպէս ճոխ է բազմաթիւ եւ իւրայատուկ լուսանկարներով:

            1918-ի Մայիսի յաջորդող օրերուն Պոլսոյ մէջ բացուած է Հայաստանի նորաստեղծ Հանրապետութեան ներկայացուցչութիւնը: Մինչեւ 1921-ի գործունէութեան տարիները մօտաւորապէս 5000 հոգիի անձնագիր տրուած է:

            Էջ 170-ի վրայ կը կարդանք Գէորգ Հալաճեանի կողմէ պատրաստուած յոյժ կարեւոր «1928 թ.ին գաւառի հայ բնակչութեան վիճակագրութիւնը» ցուցակը: Այս ցուցակէն կը տեղեկանանք, որ 1928-ին Թուրքիոյ գաւառի հայ բնակչութեան ընդհանուր գումարն է 44,630 անձ:

            1914-1915 Պոլսոյ մէջ գտնուող բոլոր հայկական վարժարանները գրաւուած են, եւ այդ կառոյցները գործածուած են զինուորական նպատակներու համար:

 

          Գլուխ Գ. «Թուրքիոյ Հանրապետութեան շրջան» էջ 173- 248, ունի վեց մաս:

            Էջ 181-ի վրայ հետեւեալ փաստը կը փոխանցուի. «1920-1921 թ.ին Պոլսոյ Հայ վարժարաններու աշակերտութեան թիւը կրկնապատկուած էր: 1921-ին հրատարակուած վիճակագրութեան մը համաձայն, Պոլսոյ մէջ 12,359 երկսեռ աշակերտութիւն գոյութիւն ունէր:

            Էջ 202-ի վրայ վերնագիրը կը յուշէ. «Յուսահատութեան տարիներ»: 1973-էն մինչեւ 1994 «ԱՍԱԼԱ»ի յարձակումներուն հետեւանքով, մասնաւորաբար 12 Սեպտ. 1980-ի զինուորական յեղափոխութենէն վերջ, Պոլսոյ հայութեան մէկ որոշ տոկոսը ճնշումներու եւ հսկողութեան տակ առնուեցան, մանաւանդ համայնքի յայտնի դէմքեր՝ հոգեւորականներ, բժիշկներ, գրողներ, տնօրէններ եւ այլք:

            Էջ 209-ի վրայ ուրիշ ցանկէ մը կ’իմանանք, թէ Շնորհք Պատրիարքի գահակալութեան տարիներուն Պոլսոյ վարժարաններու ուսանողներու թիւը ի՛նչ եղած է. …ուրեմն 1961-ին 8994 աշակերտէն 1998-ին՝ 3948: Իսկ 2014-ին միայն 2987 աշակերտ: Որպէս յիշեցում աւելցնեմ, որ Սփիւռքի տարածքին վերջին 50 տարիներուն փակած ենք ամենօրեայ 206 դպրոց, չհաշուած Սուրիոյ մէջ վերջերս փակուած վարժարանները: Ահաւոր անկումային վիճակի մէջ ենք:

            Հետաքրքրական տեղեկութիւններ կը ստանանք էջ 231-էն սկսեալ, մաս Զ. «Մարմնամարզութիւնը՝ մեր վարժարաններէն ներս»: Դպրոցներէ ներս մարմնակրթանքի մասին տուեալներ, նկարներ, փաստեր, եւ այլն: Օրինակ՝ 1913-ին Գատըգիւղի մէջ հիմնուած է «Մասիս» մարզական միութիւնը: Իսկ 1911-ին հիմնուած է «Մարմնամարզ» ամսաթերթը:

            Էջ 239-ի վրայ նկարին տակը կը կարդանք «Վահրամ Փափազեան (1892-1986) աթլեթիզմի մարզիկ: 1912 թ.ին Մկըր Մկըրեանի հետ Օսմանեան պետութիւնը ներկայացուցած են Սթոքհոլմի Ամառնային Միջազգային Ողիմպիականներուն: Փափազեան 1922-ին գաղթած է Ամերիկա: Յաջորդող էջերու վրայ սկաուտութեան հիմնումի ու տարածման մասին, կրկին փաստեր, նկարներ:

 

            Գլուխ Դ. «Կրթական հաստատութիւններ՝ որոնք գոյութիւն ունեցան կամ ունին երկու դարերու ընթացքին»:

            Այս գլխուն մէջ, ըստ հեղինակի փոխանցած տուեալներուն, 1900-ական թուականներուն Պոլսոյ հայ բնակչութիւնը (42 թաղերու մէջ) շուրջ 200 հազար էր (էջ 251): Եւ բազմաթիւ դպրոցներու մասին այլ շահեկան տուեալներ: Օրինակ, էջ 649-650-ի վրայ կը կարդանք Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ վարժարանի տնօրէն՝ Դանիէլ Վարուժանի «Հուսք Բանքը» ուղղեալ՝ 1912-13 տարեշրջանի շրջանաւարտներուն:

            Անհատական վարժարաններ (էջ 655-765): Այս բաժնին մէջ իրենց իւրայատուկ տեղը ունին Պէրպէրեան վարժարանը հիմնուած 1876-ին Գատըգիւղ, ապա Սկիւտար (էջ 671-680), էջ 676-ի վրայ կը տեսնենք նշանաւոր հիմնադիր Ռեթէոս Պէրպէրեանի նկարը: Նաեւ Նոր Դպրոց կամ Հինդլեան վարժարան, հիմնուած Բանկալթի 1909, ապա Հայաստանի մէջ (էջ 719-730):

            Հատորի տարբեր էջերու վրայ կը կարդանք համառօտ կենսագրութիւնները եւ գործունէութեան տարբեր երեսները՝ հայ մանկավարժներու, հեղինակներու, ազգային-հասարակական եւ կրօնական գործիչներու։

 

          Վերջին գլուխ Ե.: Աշակերտաց վիճակացոյց Պոլսոյ Հայ վարժարաններու:

            Էջ 768-էն մինչեւ 783 կայ մանրամասնեալ, եւ տարբեր տարիներու, Պոլսոյ վարժարաններու ցուցակները, բծախնդրօրէն կազմուած։

            էջ 785-ի վրայ կը կարդանք. «Ներկայիս Պոլսոյ մէջ կը գործեն 16 հայկական վարժարաններ»: Այս եւ յաջորդող էջերու վրայ, ժամանակագրական կարգով, տրուած է վարժարաններու անունները, իւրաքանչիւրին տնօրէններու եւ հիմնադիրներու անունները մինչեւ 2015:

            Էջ 791-ի վրայ կայ վերջաբանը: Ապա էջ 794-797 Պոլսոյ հայ վարժարաններու ընդհանուր ցանկագրութիւն ըստ էջադրութեան: Եւ վերջապէս էջ 799-ի վրայ կայ հեղինակին կենսագրութիւնը: Գէորգ Պ. Յակոբեան ամուսնացած է, ունի աղջիկ ու մանչ երկու զաւակներ եւ երեք թոռներ:

            Այս հատորէն ամէն հայ տուն պէտք է ունենայ, որպէսզի տեսնէ թէ մեր նախնիները, Պոլսոյ մէջ, ինչպիսի հայրենասիրութեամբ լեցուած, հայապահպանութեան ի խնդիր, մեծ զոհողութիւններով եւ դժուար պայմաններու մէջ հիմնած են բազմաթիւ դպրոցներ: Գիտակցաբար քաջալերեցէք, եւ մեր նոր սերունդի զաւակներուն ցոյց տուէք եւ ըսէք, որ այս հատորը, ինչպէս շատ շատերը չկան համակարգիչի մէջ…:

            Այս ծաւալուն հատորը սիրով նուէր ստացայ, հաճոյքով կարդացի եւ ուսումնասիրեցի, հպարտութեամբ լեցուեցաւ հոգիս, քանի որ այսպիսի դժուար, բծախնդիր եւ յամառ գործ մը գլուխ բերելը կրնայ միայն Գէորգ Պ. Յակոբեանի պէս ազնիւ եւ ազգասէր հայը, որ գիտէ ի՛նչ կ’ընէ, եւ ինչու կ’ընէ:

            Սիրելի Գէորգ, վարձքդ կատար, վաստակդ արդար, աւիւնդ անսպառ, կեանքդ երկար։           

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ