Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

Շաբաթաթերթ

Լոս Անճելըսի Հայ Քոյրերու վարժարանի Ապրիլ 24-ի ոգեկոչում

 

Հայ Քոյրերու վարժարանը, այս տարի եւս մեծ թափով պատրաստուեցաւ ոգեկոչելու Հայոց Ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցը: Փոքր դասարաններէն մինչեւ ութերորդ դասարանի աշակերտները ամենայն լրջութեամբ հետեւեցան իրենց հայերէն լեզուի ուսուցիչներու ցուցմունքներուն եւ կատարեցին օրուան յատուկ ծրագիրներ: Փոքրերը պատրաստեցին Ապրիլեան նահատակներու նուիրուած յուշարձաններու եւ խաչքարերու մանրանկարներու պատրաստութիւն, հինգերորդները հայկական գորգերու նմուշներ, վեցերորդները աւանդութիւն դարձած ընտանեկան ծառեր պատրաստելով փորձեցին պեղել ու գտնել իրենց արմատները, իսկ եօթներորդ դասարանը իրենց պապենական գիւղերու եւ քաղաքներու անուններով պատրաստեցին պաստառներ, եւ ութերորդները ուսումնասիրեցին եւրոպացի եւ ամերիկացի միսիոնարներու մարդասիրական ծառայութիւնները եւ պատրաստեցին անոնց կեանքի ժամանակագրական քարտէսները եւ պատկերները իրենց փրկած որբուկներով շրջապատուած:

Ապրիլ 21-ին հինգերորդէն մինչեւ ութերորդ դասարաններու աշակերտութիւնը ընկերակցութեամբ տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմի  մասնակցեցան միջդպրոցական Ապրիլեան ոգեկոչման, որ տեղի ունեցաւ Մոնթէպելլոյի յուշարձանին շուրջ:

Ապրիլ 22-ին աշակերտութիւնը հաւաքուած էր Դանիէլեան սրահէն ներս նահատակներու նուիրուած պատարագին, որուն պատարագիչն էր Արհիապատիւ Տէր Միքայէլ Եպս. Մուրատեան առաջնորդ Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Քանատայի Կաթողիկէ հայոց։

Սուրբ Պատարագի աւարտին աշակերտները եւ բոլոր ներկայ ծնողներն ու հիւրերը երկիւղածութեամբ մօտեցան վարժարանիս շրջափակէն ներս  Ապրիլեան նահատակներու յիշատակին զետեղուած խաչքարին եւ ծաղիկներ տեղադրելով շրջապատեցին խաչքարը, ուր գերապայծառ Մուրատեան յատուկ սրբադասման աղօթքներով արարողութիւնը շարունակեց ապա աշակերտներուն հետ միասնաբար  ձեռքերը սիրտերուն դրած երդուեցին հաւատարիմ մնալ  նախնիներու աւանդին եւ քալել անոնց հետքերով:
Խաչքարի շուրջ նաեւ տեղի ունեցաւ աշակերտական փոքր յայտագիր մը, ուր աշակերտները  արտասանեցին Ուիլիամ Սարոյեանի «Կ’ուզեմ տեսնել» հատուածը երեք լեզուներով՝ անգլերէն, հայերէն եւ սպաներէն։ Յայտագիրը վերջացաւ «Կիլիկիա» երգով:

           Յետմիջօրէին ուսանողութիւնը, հիւրեր, ծնողներ, ուսուցչական կազմ եւ տնօրէնութիւն ներկայ եղան վարժարանի Դանիէլեան սրահէն ներս կայացած Ապրիլեան ոգեկոչման, ուր բոլոր աշակերտները իրենց մասնակցութիւնը բերին՝ երգերով, արտասանութիւններով, նուագով եւ ներկայացումով:

Օրուան հանդիսավարն էր ուսուցչուհի Լինտա Գանտիլեան, որ իր բացման խօսքով ներկայացուց օրուան խորհուրդը եւ բաղդատական մը ընելով անցնող քանի մը օրեր առաջ Քրիստոսի Յարութեան տօնին եւ հայ ժողովուրդի վերապրումին միջեւ՝ շեշտեց, թէ ինչպէս որ Քրիստոս յաղթական յարութիւն առաւ մեռելներէն, նոյնպէս հայ ժողովուրդը որպէս փիւնիկ յարութիւն առաւ Տէր Զօրի աւազներէն եւ իր կեանքը շարունակեց յաղթական աշխարհի չորս կողմերը եւ խրախուսեց աշակերտները, որ զինուին գիտութեամբ եւ պապերու հաւատքի զօրութեամբ, որպէսզի կարենան վերականգնել կորսուած արդարութիւնը:

Հանդիսութիւնը շարունակուեցաւ մանկապարտէզէն մինչեւ ութերորդ կարգի աշակերտներու երգերով արտասանութիւններով եւ կենդանի պատկերներով։ Հետաքրքրական էր եօթներորդ դասարանի թատրոնը,  որ կը ներկայացնէր սփիւռքահայ արդի ընտանիքի ապրումներն ու մաքառումները հայ եւ հայախօս մնալու համար։ Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ Ութերորդ դասարանի աղջիկներու ներկայացուցած ոգեւորիչ «Պիտ Պաշտպանեմ» երգով որուն ընդմէջէն անոնք տուին Ապրիլեան եզրակացուցիչ պատգամը «Յարատեւ պայքար»:

Օրուան աւարտին, վարժարանի Տնօրէնուհի՝ Քոյր Լուսիա, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր հայրենաւանդ ուսուցիչներուն եւ երաժշտութեան ուսուցչուհիին, որոնց հետեւողական եւ յարատեւ աշխատանքին արգասիքն էր օրուան յայտագիրը, ապա Քոյր Լուսիա բեմ հրաւիրեց այդ օրուան յայտագրերուն հիւրաբար ներայ գտնուող գաղութիս հանրայայտ տիկիններէն Սիրվարդ Գաւուքճեանը, որ յուզմունքով իր տպաւորութիւններն ու զգացումները փոխանցեց քաջալերելով աշակերտները զինուելու հայկական մշակոյթով եւ քրիստոնէական հաւատքով, զերծ մնալու համար ձուլումէ եւ սփիւռքի մէջ ապրելու համար որպէս հայ:

 

Յապաւումներով

 

ԼԻՆՏԱ ԳԱՆՏԻԼԵԱՆ

 

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ