Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը չորսօրեայ պատերազմէն ետք. Նախկին իրավիճակի վերահաստատում

ԴՈԿՏ. ՄԻՔԱՅԷԼ ԶՈԼԵԱՆ

 

Մ. Զոլեան վերլուծաբան մըն է Երեւանի Շրջանային Ուսումնասիրութեանց կեդրոնին մէջ։ Անիկա մասնագիտացած է ցեղային հակամարտութեան, ազգայնական քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ ժողովրդավարութեան եւ ազգաշինութեան մարզերէն ներս յետ Խորհրդային Միութեան շրջանի։ Ան Երեւանի Պետական Համալսարանէն վկայուած է Պատմութեան մէջ Դոկտորայի աստիճանով, իսկ Պուտափեշտի Կեդրոնական Եւրոպայի Համալսարանէն՝ Ազգայնականութեան Ուսումնասիրութեանց մէջ՝ Մագիստրոս Արուեստից վկայականով։ Դասախօսած է Միջազգային Յարաբերութիւններ ու Քաղաքական Գիտութիւններ Երեւանի Հայ-Ռուսական համալսարանին մէջ։

Օգնական-փրոֆեսոր է, ու ներկայիս կը դասաւանդէ Երեւանի Պրուսովի Լեզուագիտութեան Համալսարանին մէջ իբրեւ վարիչ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ժողովրդավարական ամպիոնի։ Դասախօսած է Միջազգային Յարաբերութիւններ ու Քաղաքական Գիտութիւններ Երեւանի Հայ-Ռուսական համալսարանին մէջ։

Այցելու ուսանող եղած է Պըրքլիի Սլաւական, Արեւելեան Եւրոպայի ու Եւրոպա-Ասիական Ուսմանց բաժնին մէջ (2010), ինչպէս նաեւ՝ UCLA-ի ընկերաբանութեան բաժնին (2008), ու նաեւ՝ այցելու պրպտող Ֆլորանսի (Իտալիա) եւրոպական համալսարանին մէջ (2004)։

Դոկտ. Զոլեան երեւելի մասնագէտ է ժողովրդավարութեան՝ նախկին Խորհրդային Միութեան սահմաններէն ներս, ընկերային ցանցերու՝ media-ի օգտագործումով ու գործօն քաղաքականութեամբ։

2010-էն իվեր կը գործէ Երեւանի Լրագրողներու Ակումբին մէջ, եւ հրատարակած է աւելի քան երկոտասնեակ մը յօդուածներ, Հայաստանի թէ արտասահմանի մէջ։ Հայախօս է, ու նաեւ սահուն կերպով կը խօսի անգլերէն ու ռուսերէն, ու բաւականաչափ՝ սպաներէն ու ֆրանսերէն։

Պրն. Զոլեան անգլերէնով այս յօդուածը ուղարկած է «Turkish Policy Quarterly»-ին։ Յատկանշական բովանդակութեան համար, ստորեւ լոյս կ՚ընծայենք թերթիս խմբագրական կազմի անդամ Սարգիս Մինասեանի թարգմանութեամբ։

 

Ծանօթ Խմբ.

 

Հակամարտութեան մագլցումի կամ «4 օրուան պատերազմը», Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, ոչինչէն մէջտեղ չեկաւ։ 1994-ի զինադուլէն իվեր, ծանր ու թեթեւ բազմաթիւ միջադէպեր տեղի ունեցած էին սահմաններու երկայնքին ու շփման գիծերուն վրայ։ 2014-էն ասդին ձգտեալ վիճակը ծանրացաւ թէ՛ միջադէպերու յաճախականութեամբ, եւ թէ՛ ուժգնութեամբ՝ յատկապէս օգտագործուած զէնքերու։ Քաղաքական մեկնաբաններու մեծամասնութիւնը հաւանական չէր նկատեր մեծ մագլցում մը։ Այսուհանդերձ, դիւանագիտական կարգ մը շրջանակներ կը նախատեսէին, թէ զինուորական բռնկում մը կրնար առաջնորդել մեծ տագնապի մը եւրոպա-ասիական շրջանին մէջ։ 2016-ի գարնան, ներքին եւ արտաքին ազդակներ աւելի հաւանական դարձուցին զինուորական բախում մը։

 

Ճամբան դէպի քառօրեայ պատերազմ

Սկսելու համար, միջազգային ու շրջանային լարուած մթնոլորտը մագլցում մը կարելի կը դարձնէր Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։ Ռուսիան եւ Արեւմուտքը զբաղած էին Ուքրանիոյ ու Սուրիոյ տագնապներով։ Գաղթականութիւնը, ահաբեկչական սպառնալիքներն ու ժողովրդականութիւնը (populism) Եւրոպայի օրակարգի գլխաւոր նիւթերն էին։ Մինչ Մ. Նահանգներ անգութ ընտրապայքարի մէջ էր։

Թուրքիոյ կողմէ 2015 Նոյեմբերին վար առնուած զինուորական օդանաւին հետեւանքով, ռուս-թրքական ճակատումը ներազդեցիկ ազդակ մը կրնար ըլլալ։ Շրջանին մէջ ընդհանուր զգաստութեան մակարդակը բարձրացնելէ զատ, յառաջացած էր կացութիւն մը, որու ընթացքին Մոսկուա նուազ հակամէտ պիտի ըլլար «պատժելու» Պաքուն որեւէ գործունէութեան համար Արցախի մէջ, որովհետեւ նման քայլ մը վերջնականօրէն պիտի «կորսնցնէր» Ատրպէյճանը՝ թիւ մէկ դաշնակիցը Թուրքիոյ։ Ասիկա անընդունելի քայլ մը պիտի նկատուէր, քանի Ռուսիա «ռազմավարական ընկերակցութիւն» կը պահէ Իլհամ Ալիեւի կառավարութեան հետ. այս մէկը Մոսկուայի քաղաքականութեան նախապատուութիւններէն մէկն է Կովկասի մէջ։ Իրականութեան մէջ անիկա մեծ ճարտարութիւն ի գործ դրած է, որպէսզի վերոյիշեալ կեցուածքը չխանգարէ իր «դաշնակցային ռազմավարութեան» Հայաստանի մէջ։ 

Այսօր, Արցախի Հանրապետութիւնը պաշտօնական ճանաչում գտած պետութիւն մը չէ։ Անիկա կը տիրապետէ ոչ միայն Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզին – Խորհրդային կարգերու տակ–, բայց նաեւ՝ յարակից տարածութեանց, զորս Պաքու «գրաւուած» կը նկատէ։ Սակայն, Հայաստան եւ Արցախ զանոնք կը նկատեն «ապահով գօտի»ի մաս։ Խաղաղութիւն հաստատելու համար կատարուած բոլոր թելադրութիւնները կ՚առաջնորդեն «հողամաս՝ փոխան հաստատուած դրութեան ճանաչումի» (land for status quo recognition), կամ՝ «հողամաս՝ փոխան խաղաղութեան»։ Միջնորդներուն կողմէ առաջարկուած այսպէս կոչուած «Մատրիտեան սկզբունքները», որոնք հիմը կը կազմեն խաղաղութեան առաջարկներուն, կը թելադրեն ժամանակաւոր լուծում մը։ Գրաւուած հողամասէն մաս մը պիտի վերադարձուէր, փոխարէնը Լեռնային Ղարաբաղի ժամանակաւոր միջազգային ճանաչում պիտի տրուէր՝ ապահովական միջոցներով, ապագային (քանի մը տարիներ ետք) սահմանելու համար անոր վերջնական գոյավիճակը։ Կողմերը, սակայն, դժկամակեցան կատարելու ակնկալուած զիջումները։

Թէեւ երկու կողմերը կը տառապին անլոյծ հակամարտութենէն, Ատրպէյճա՛նն է, որ անընդունելի կը գտնէ ներկայ գոյավիճակին երկարաձգումը, ձգտելով փոխել զայն։ Այնուհետեւ անիկա որդեգրած է նոր ռազմավարութիւն մը՝ «մաշումի պատերազմը, որ մնայուն կորուստի պիտի ենթարկէ հակառակորդը, ստիպելով այս վերջինը վերադառնալու բանակցութեանց սեղանին։ Այս քաղաքականութիւնը աւելի ծախսալից պիտի դառնայ Հայաստանի համար, միաժամանակ երկրին մէջ խռովութիւն ստեղծելով»։

2016 Ապրիլ 2-ին, ատրպէյճանական զօրքերը յառաջացան երկու ուղղութեամբ՝ Արցախի հիւսիսէն եւ հարաւէն։ Հիւսիսային կողմէն անոնք գրաւեցին Թալիշը – գազանութիւններ ալ գործադրելով տեղի մնացող բնակչութեան վրայ – եւ հարաւի մէջ գրաւեցին ռազմագիտական կարեւորութիւն ունեցող Լալա-Թեփէ բլուրը։

Ղարաբաղեան զօրքը հակայարձակողանի անցաւ Ապրիլ 3-ին, եւ երեկոյեան արդէն վերագրաւած էր կորսուած տեղամասերէն մի քանին։ Ապրիլ 5-ին, երբ բախումները դադրեցան, Թալիշը դարձեալ հայկական հակակշռի տակ էր։ Սակայն Լալա-Թեփէն ու քանի մը վայրեր մնացին ատրպէյճանցիներու ձեռքը։ Նախագահ Սարգսեան յայտնեց թէ ընդամէնը շուրջ 800 հեքթար տարածութեամբ անկարեւոր հողամաս մը կորսուած էր։ Ատրպէյճան, ընդհակառակը, տօնախմբեց վերոյիշեալ տարածութեան գրաւումին համար։ Ազրպէյճանական զինուորական այս արշաւը համախմբեց իր բնակչութեան այլազան խմբաւորումները, տոգորելով զանոնք հայրենասիրական զգացումներով։

Կողմերը զիրար ամբաստանեցին քառօրեայ պատերազմին ձեռնարկելու համար։ Գոյավիճակը (status quo) պահպանելու համար Երեւան եւ Ստեփանակերտ պատճառ մը չունէին վերսկսելու հակամարտութեան մագլցումը։ Սակայն Ատրպէյճանի համար մէկէ աւելի նշանակութիւն ունէր. ա) հասկնալ հայերու պաշտպանողական զօրութիւնը, բ) քննել բազկերակը միջազգային համայնքին՝ զինուորական արշաւի մը պարագային, գ) ամրապնդել Ատրպէյճանի հանրային կարծիքը տիրող վարչակարգին հանդէպ։ Ժողովրդային թիկունքը կարեւոր էր, որովհետեւ երկիրը տնտեսապէս կը տառապէր քարիւղի գիներու անկումէն։ Զինուորական այս արշաւը ամրապնդեց ժողովրդական նեցուկը։ Նոյնիսկ ընդդիմադրութեան մէկ մասը, եւ ոչ-պետական կազմակերպութիւնները (NGO) հայրենասիրական ընթացք մը որդեգրեցին։

 

Թարգմ.՝ ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ

(Շար. 1)

«Turkish Policy Quarterly» Մարտ 14, 2017

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ