Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

«Յուշամատեան Իրաքի ՀԲԸՄ-ի 1911–2011». Հեղինակ՝ Համբարձում Աղպաշեան

ՓՐՈՖ. ՕՇԻՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

 

 Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միւթիւնը իր հիմնադրութենէն իվեր (Ապրիլ 15, 1906) աշխարհատարած իր գործունէութեամբ հասած է հայ համայնքներու գրեթէ բոլոր կարիքներուն:

 Կեանքի եղափոխութիւններուն եւ նոր պայմաններուն յարմարելու համար, ՀԲԸՄ-ը իր ծրագիրները քիչ մը վերափոխած է՝ ժամանակի ստեղծած նոր կարիքներուն հասնելու եւ ճգնաժամային հարցեր լուծելու համար նոր ծրագիրներ մշակած է՝ ժողովուրդին բարօրութիւնը ապահովելու համար – բնակարան եւ սնունդ հայթայթելով, կրթական կեանք ստեղծելով, մարզական, մշակութային եւ ընկերային կարիքներուն հասնելով:

 Պատմական կարեւոր եւ հարուստ գիրք մը լոյս տեսաւ վերջերս ծանօթ մտաւորական եւ պրպտող Համբարձում Աղպաշեանի աշխատասիրութեամբ Իրաքի ՀԲԸ Միութեան 100 տարուան գործունէութեան մասին: Ուրիշ կազմակերպութիւններ ալ գոյութիւն ունեցած են 1930-ական թուականներէն սկսեալ: ՀՄԸՄը հիմնուած է 1919ին: Պաղտատի մէջ ունինք Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ Եկեղեցին, կողքին ունենալով Ազգային Վարժարանը: Շրջան մը եղած են 3 դպրոցներ: Իրաքի հայ կեանքին մասին ընդհանրապէս շատ չէ գրուած: Որոշ գրութիւններ լոյս տեսած են տարեգիրքերու կամ ամսագիրներու մէջ 1930-ական թուականներէն սկսեալ: 1931-ի ՀԲԸ Միութեան Յուշամատեանին մէջ որոշ տեղեկութիւններ կան: Աղպաշեան կարեւոր փաստաթուղթեր հաւաքած է տարբեր աղբիւրներէ, հին ու նոր անդամներէ, նաեւ Ազգային Առաջնորդարանէն: ՆՍՕՏՏ Վազգէն Ա. Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց Իրաք այցելած է 1976-ին:

 Հայ գաղութին թիւը յաճախ փոխուած է քաղաքական վերիվայրումներու պատճառով: Ներգաղթի ժամանակ շուրջ 1000 հոգի Հայաստան փոխադրուած է: Ամէնէն բարձր թիւը եղած է շուրջ 25,000: Այժմ կը կարծուի որ շուրջ 8,000 հայեր մնացած եհ Պաղտատի եւ քրտական շրջանին մէջ : 

 Աղպաշեան ծնած է Պաղտատ՝ մասնագիտանալով ճարտարապետութեան մէջ: Կեանքին մեծագոյն մասը ապրած է Պաղտատ, 59 տարի եւ 10 տարիէ իվեր կը բնակի Լոս Անճելըս, ուր աշխատած է Պեքթըլ ընկերութեան մէջ: Եղած է գործունեայ մասնակից հայ կեանքին թէ՛ Պաղտատ՝ մասնաւորապէս ՀԲԸ Միութեան մէջ եւ թէ՛ մեծագոյն Լոս Անճելըս՝ Իրաքահայ Ընտանեկան Միութեան մէջ նաեւ աշխատակցելով առաւելաբար «Նոր Օր»ին եւ այլ թերթերու: Հեղինակն է «Թուրք պատմաբաններ որոնք ընդունած են Հայկական Ցեղասպանութիւնը» շատ արժէքաւոր եւ մանաւանդ պատմական գիրքը:

 Այս նոր հատորով, Աղպաշեան կը ներկայացնէ ՀԲԸ Միութեան 100 տարուան գործունէութիւնը Իրաքի մէջ՝ համապարփակ կերպով: Իրաքի Բարեգործականը ծնունդ առած է 1911-ին, այսինքն միութեան հիմնադրութենէն 5 տարի յետոյ՝ Դաւիթ Թադէոսեանի եւ Յակոբ Ստեփանեանի ջանքերով: Մասնաճիւղը ունեցած է 41 անդամներ, երբ գաղութին մէջ կային քանի մը հարիւր հայեր:

 Հրատարակուած են թերթեր, ինչպէս «Տիգրիս», «Գոյամարտ», «Սկաուտական Ձայն» եւ ուրիշներ:

 Եղած են մտաւորականներ (Լեւոն Գարմէն, Լեւոն Շահոյեան), առեւտրականներ, բժիշկներ, եւ կարեւոր թիւով բարերարներ, որոնք մեծապէս օգտակար հանդիսացած են գաղութի կազմաւորման ու գոյատեւման՝ շէնքեր եւ հողամասեր նուիրելով:

 Քստմնելի Ցեղասպանութենէն յետոյ Իրաքի հայոց թիւը բարձրացաւ, երբ Կիլիկիայէն բազմաթիւ որբեր հաստատուեցան մասնաւորաբար Պաքուպա եւ ՀԲԸ Միութեան առաջին գործն էր գաղթականներուն եւ որբերուն ամէն կերպով օգնութեան հասնիլ՝ թեթեւցնելով իրենց տառապանքը: Տեղական դրամահաւաքներէն զատ, Պօղոս Նուպար Փաշային ջանքերով կարեւոր օժանդակութիւն հասաւ Իրաք հաստատուած գաղթականներուն:

 Գիրքին Ա. մասին մէջ կը գտնենք Բարեգործականի Իրաքի մասնաճիւղերուն պատմութիւնն ու գործունէութիւնը: Իրաքի մէջ եղած են 5 մասնաճիւղեր – Պաղտատ, Պասրա, Մուսուլ, Քերքուք եւ Սիւլէյմանիէ:

 Բ. բաժինին մէջ կը կարդանք տարբեր մասնաճիւղերու գործունէութեանց մասին՝ բարեսիրական, կրթական, գեղարուեստական, մարզական, մշակութային, ուսանողական, թատերական եւայլն:

 Կը տեղեկանանք, որ եղած են համալսարանականներու, օրիորդաց, տիկնանց, ընկերային, սկաուտական եւ այլ մարմիններ ՀԲԸ Միութեան աշխատանքը առաջ տանելու համար: Իրաքի ՀԲԸ Միութեան սկաուտական խումբերն ալ իրենց մասնակցութիւնը բերած են բանակումներուն, որոնք տեղի ունեցած են Յորդանանի, Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ:

Արժանաւոր կերպով ներկայացուած են գաղութի բարերարներն ու ՀԲԸ Միութեան ատենապետները 1911-էն սկսեալ՝ իրենց լուսանկարներով եւ կենսագրական տեղեկութիւններով, ինչպէս նաեւ լուսանկարներ ակումբներու, շէնքերու, թատերական ներկայացումներու, երգչախումբերու, պարախումբերու, ճաշկերոյթներու, երիտասարդներու, որոնք աւելի խօսուն կը դարձնեն յուշամատեանը:

 Աղպաշեան պրպտող անձ մըն է, բանասէր մը որ 20 տարբեր աղբիւրներ ուսումնասիրած է, տարեգիրքեր, յօդուածներ, յուշեր, թեմական տոմարներ, որ կարողանայ կարելի եղածին չափ կատարեալ գործ մը հրատարկէ:

 Գիրքը կը բացուի ՀԲԸ Միութեան հիմնադեր Պօղոս Նուպար Փաշայի նկարով: Այժմու կախագահ Պերճ Սեդրակեանի գնահատական գիր ունի, նաեւ հակիրճ խօսքեր ունին Աբրահամ Շահինեան, Խաչիկ Ճանոյեան, Սեդա Թշապուրեան:

 Կը ծանօթանանք Իրաքի եւ հայ գաղութի մասին հակիրճ տեղեկութիւններով: Ապա 195 էջերու վրայ կը ներկայացուի ՀԲԸ Միութեան պատմութիւնը՝ վարչականներու ցանկով, գործունէութեամբ, ինչպէս նաեւ 200 լուսանկարներով։ Աղպաշեան ինք եւս եղած է մասնաճիւղի գործունեայ անդամ եւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան կրթական յանձնախումբի անդամ: Հիմնած է «Յակոբ Պարոնեան» թատերախումբը եւ բեմադրած է զանազան գործեր, նաեւ՝ իր հեղինակած թատրերգութիւնը:

 Իսկապէս շատ կարեւոր եւ տեղեկութիւններով հարուստ հատոր մը, որ հայոց պատմութիւնը կը ճոխացնէ եւ նորութիւններ կ՚աւելցնէ ՀԲԸ Միութեան գործունէութեան մասին եւ այս բոլորին համար պէտք է ջերմ շնորհակալութիւն յայտնել Համբարձում Աղպաշեանին իր տքնաջան եւ ուշագրաւ աշխատանքին համար:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ