Հինգշաբթի, Մարտ 28, 2024

Շաբաթաթերթ

Նախագահ Թրամփի պաշտօնական առաջին ճամբորդութիւնը՝ Սէուտական Արաբիա, Իսրայէլ եւ Վատիկան

 

Նախագահի պաշտօնը ստանձնելէն ետք, Տանըլտ Թրամփ արտասահմանեան իր առաջին ուղեւորութիւնը պիտի կատարէ, փորձելով հարթել բոլոր այն անհարթութիւնները, որոնք յառաջ եկան ընտրարշաւի ընթացքին եւ նախագահութեան առաջին ամիսներուն։

Իննօրեայ այցելութիւնը դէպի Միջին Արեւելք պիտի սկսի մահմետական սուրբ քաղաքներու երկրէն՝ Սէուտական Արաբիայէն։ «Հակամահմետական» Թրամփ Ռիատի մէջ պիտի կատարէ կարեւոր յայտարարութիւններ, ուր պիտի ընդունուի սիւննի քսան երկիրներու թագաւորներու, իշխաններու եւ նախագահներու կողմէ… այդպիսով պատգամ մը ղրկելով «թշնամի» Իրանին։

Եթէ նախկին նախագահ Օպամա Եգիպտոսէն խօսած էր ժողովուրդին հետ, այս պարագային Թրամփ լիովին կը հակասէ նախկին նախագահին որդեգրած դիրքին՝ խօսելով ուղղակի ղեկավարներու հետ։

ԱՄՆ-ի նախագահը Ռիատէն պիտի մեկնի Իսրայէլ, ապա՝ Վատիկան. այսպիսով, մինչեւ ՆԱԹՕ-ի ու Մեծ Եօթնեակի վեհաժողովներուն մասնակցիլը, ոտք դրած պիտի ըլլայ միաստուածային երեք ամենամեծ կրօններու կեդրոնները։

 

Թրամփ կ՚ըսէ, թէ իրաւունք ունէր Լաւրովի տեղեկութիւններ յայտնելու

Նախագահ Թրամփ յայտարարեց, որ ինք լիովին իրաւունք ունէր Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովին հետ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին եւ թռիչքներու անվտանգութեան մասին տեղեկութիւններ կիսելու։

Ան քննադատուած էր խիստ գաղտնի տեղեկութիւններ բացայայտելուն համար, որոնք կը վերաբերէին «Իսլամական պետութեան» դէմ գործողութիւններուն։

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ