Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024

Շաբաթաթերթ

ՄԱՇՏՈՑ ՔՈԼԷՃԻ 25-ԱՄԵԱԿԸ ԵՒ ԴՈԿՏ. ԿԱՐՊԻՍ ՏԷՐ ԵՂԻԱՅԵԱՆԻ ԲԱԶՄԱԲՆՈՅԹ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆՑ 40-ԱՄԵԱԿԸ

«Ձեր լոյսը թող այնպէս շողայ մարդոց առջեւ, որ անոնք ձեր բարի գործերը տեսնեն եւ փառաւորեն ձեր Հայրը որ երկնքի մէջ է». Մատթէոս Աւետարանիչ

 

 

Կիրակի, Յունիս 4, 2017-ի երեկոյեան, Կլենտէյլի «Ֆենիսիա» հանրածանօթ ճաշարանի մայր սրահին մէջ, ԱՄՆ-ի հայութիւնը ընդհանրապէս եւ Լոս Անճելըսի հայութիւնը մասնաւորաբար, հանդիսաշուք ձեռնարկով մը պիտի նշեն ԱՄՆ-ի ողջ տարածքին վրայ գործող առաջին եւ ցարդ միակ հայկական անկախ Մաշտոց քոլէճի պատուաբեր 25-ամեակը:

            Իսկ Կիրակի, Յունիս 11-ին, կ. ե. ժամը 5-ին, գեղարուեստական բարձրորակ յայտագրով մը պիտի շարունակուի 25-ամեակի տօնախմբութիւնը Փասատինայի Հայ Նազովրեցի եկեղեցւոյ մէջ, ուր պիտի պանծացուի այս քոլէճի 25-ամեակը, ինչպէս նաեւ՝ այդ առիթով մեծագոյն հաճոյքով հանդիսականներուն պիտի ներկայացուի Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանի նոր հրատարակուած Արեւմտեան Հայաստանի, Կիլիկիոյ եւ Կապադովկիոյ շրջաններուն, նաեւ գրաւուած պատմական եւ ականատեսի բազմաթիւ այցելութիւններու արդիւնք եղող՝ վկայութիւններու արխիւային նոր հատորը:

            Գրել Մաշտոց քոլէճի 25-ամեակին եւ Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանի ազգային ծառայութեան 40-ամեակին մասին, կը նշանակէ անդրադառնալ Լոս Անճելըսի ազգային-հասարակական կեանքի պատմութեան փայլուն էջերուն մասին: Մենք, որ ականատեսն ենք այս հաստատութեան եւ Աստուածահաճոյ այս գործի գլխաւոր ճարտարապետ՝ Դոկտ. Տէր Եղիայեանի բազմաթիւ, բազմաբնոյթ եւ վիթխարի վաստակին, պարզապէս խօսք ու բառ չունինք ներկայացնելու համար այս թանկագին բարեկամին ծովածաւալ վաստակը, անոր կրթական, հոգեւոր, հասարակական, հայրենասիրական, մարդասիրական եւ ընկերային կեանքէ ներս բերած բազմարդիւն նպաստը: Յիրաւի, բազում են հեռատեսիլի, բեմերու վրայ, գիրքերու եւ յօդուածներու, պետական, մշակութային, եկեղեցանուէր մարմիններու եւ այլ ազգանուէր մարզերու ճամբով անոր մատուցած երախտարժան անհամար ծառայութիւնները:

            Արդարեւ, Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան, այս քաղաքի հայութեան համար օրհնութիւն մը եղած է: Մեր գաղութի կրթական կեանքի կազմակերպման, ձեւաւորման եւ արդիւնաւորման գլխաւոր ղեկավարներէն մին է:

            Մաշտոց քոլէճի 25-ամեակի ծառայութիւնները, որոնք եղան վարձու շէնքերու մէջ, ցարդ չունեցաւ բարերար մը, կամ ազգային հաստատութիւն մը որ նուիրատուութեամբ մը կարենայ այս քոլէճը մնայուն շէնքի մը մէջ տեղաւորել, որպէսզի մեր հայ երիտասարդ-երիտասարդուհիները աւելի մեծ թիւով կարենան օգտուիլ այս քոլէճէն: Ցարդ չեղաւ, բայց բնաւ ուշ չէ, միշտ կարելի է յուսալ եւ սպասել այդ երջանիկ օրուան, որ նման բարերար մը օգնութեան ձեռք երկարէ այս պատուաբեր քոլէճին:

            Մաշտոց քոլէճի մատուցած ծառայութիւններուն նոյնիսկ արագ թւումն իսկ գլխապտոյտ կը պատճառէ, եւ այս բոլորը եղած են Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանի ղեկավարութեամբ եւ տենդագին աշխատանքով: Քոլէճը 25 տարուան ընթացքին ունեցած է 7065 ուսանողութիւն, որուն 7034-ը՝ 96%ը  աշխատանքի տեղաւորուած է. պաշտօնէութիւն՝ 28, պատուոյ դասախօսներ՝ 5, համանքային ձեռնարկներ՝ 168. քոլէճին ստացած  գնահատագրերը՝  112,  հեռուստացոյցի  ծրագրեր՝ 2,276, պատուոյ փրոֆեսորի կոչում՝ 16, այցելուներ, տեղական՝ 4,064, միջազգային այցելուներ՝ 988 եւայլն:

            Ինչպէս ըսինք, գոլէճը իր կրթական եւ համայնքային ծառայութեամբ, մշտատեւ ներկայութիւն մըն է մեր գաղութէն ներս: Պտղատու հաստաբուն կաղնի մըն է այս հաստատութիւնը, որուն պտուղները հազարաւոր հայ երկսեռ երիտասարդներ վայելած են:

            Փառք եւ հազար պատիւ մեր ժողովուրդի ծոցէն ծնած եւ անոր ծառայութեան լծուած մեր Մաշտոց քոլէճին: Լոս Անճելըսի հայութեան կեանքին մէջ ծաղկուն, գեղեցիկ պարտէզի մը հրաշքն է Մաշտոց քոլէճը, որ Աստուծոյ օգնութեամբ է որ 25 տարի գոյատեւեց եւ կը մաղթենք անոր որ երկար տարիներ եւս շարունակէ իր ծառայութիւնները, գլխաւորութեամբ մեր շատ սիրելի բարեկամ, մեծահմուտ կրթական մշակ եւ գլխագիր մարդ՝ Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանի:

            Կարելի չէ այս գրութիւնը վերջացնել առանց մեր սրտագին շնորհաւորութիւնները յայտնելու Մաշտոց քոլէճի հիմնադիր եւ 25 տարիէ ի վեր նախագահ՝ Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանին:

            Արդարեւ, մեր սիրելի մեծարեալը 17 տարեկանէն նուիրուած է կրթական գործին եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ իր 40 տարիներու ծառայութեան ընթացքին ունեցած է 10,000-է աւելի ուսանողներ, որոնց մեծ մասին ներշնչման աղբիւր եղած է: Իր համալսարանական ուսումը ստացած է Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին մէջ, իսկ դոկտորական վկայականը ԱՄՆ Northwestern աշխարհահռչակ համալսարանէն: Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան արժանացած է 5 Պատուոյ դոկտորական վկայականներու եւ 9 փրոֆեսորական կոչումի: Վարչական անդամ եւ ղեկավարութեան մէջ է կրթական, բարեսիրական մօտ 11 միութիւններու: Ատենապետն է Լոս Անճելըս գաւառի Բանտերու Յանձնախումբին, ամերիկեան Rotary Club մարդասիրական կազմակերպութեան ԱՄՆ արեւմտեան շրջանի նախագահը եղած է: Այս կազմակերպութեան միջոցաւ կազմակերպած է 28 յաջորդական տարեկան համագումարներ, նուիրուած՝ աշխարհի խաղաղութեան: Գնահատուած է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ամենայն Հայոց եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսներու կողմէ, ԱՄՆ 4 նախագահներէ եւ 32 համալսարաններէ:

            Կազմակերպած է 25 անգամ դէպի պատմական Հայաստան ուխտագնացութիւններ:

            Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան եղաւ առաջին ազգային գործիչը, որ Հայաստանի 1988-ի երկրաշարժի տարին, մեր գաղութի պատմութեան մէջ եղաւ առաջին թելեթոն կազմակերպողը՝ հայրենի մեր ժողովուրդին վէրքերը ամոքելու համար: Անկէ առաջ եւ անկէ ետք բազմաթիւ ծրագիրներով կրթական եւ մարդասիրական աշխատանքներով իր նպաստը բերած է մեր յաւերժական Հայրենիքին:

            Մեր սիրելի մեծարեալը օրական 24 ժամ բանող, շարժման մէջ եղող, արտադրող էակ մըն է: Աստուածապարգեւ իր ողջ կեանքը եղած է շարժում եւ աշխատանք ի փառս Աստուծոյ եւ մեր ժողովուրդին:

            Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան գրասեղանի  առջեւ ըլլայ կամ դասարանի մէջ, կամ՝ ինքնաշարժի ղեկին առջեւ, մտքով ու մարմնով մեղուաջան աշխատանքի մէջ է:

            Հոգեւոր կեանքը մեր սիրելի մեծարեալին կեանքի Ալֆան եւ Օմեկան է: Անոր համար ամէն ինչ որ կ՚ընէ եւ կ՚ըլլայ միշտ Աստուծոյ փառքին համար է:

            Ամուսնացած է նոյնքան հոգեւոր թանկագին անձնաւորութեան մը, ազնուափայլ էակի մը, հրեշտականման տիպար՝ Տիկին Անճելա Տոքթորեան-Տէր Եղիայեանի հետ եւ ունին հոյակապ երկու մանչ զաւակներ, որոնք ամուսնացած են եւ իրենց ծնողներուն պարգեւած են երկու թոռնիկ: Ոչ միայն իր ընտանիքը, այլ նաեւ մենք շատ բախտաւոր կը զգանք, որ մեր կեանքին մէջ ճանչցած ենք այս սքանչելի անձնաւորութիւնը, վայելած այս իսկապէս քրիստոնեայ հայուն բարեկամութիւնը եւ լսած ենք անոր բազմաթիւ ելոյթները հեռատեսիլի կամ ամպիոններու վրայէն:

            Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան տակաւին իր ստեղծագործական իմաստուն տարիքին մէջ է, տակաւին շատ տալիք ունի իր Ատուածատուր տաղանդէն: Իրեն կը մաղթենք կենսառողջ օրեր եւ նորանոր յաջողութիւններ, իսկ Մաշտոց քոլէճին ալ յարատեւ եւ լուսաշող տարիներ։ 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ