Հինգշաբթի, Ապրիլ 18, 2024

Շաբաթաթերթ

Զաւէն Մսըրլեանի պաշտօնավարութեան փառաւոր յիսնամեակը

Հրատարակելով «Նոր Օր»-ի նախկին խմբագիր  եւ ԹՄՄ-ի  Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի երկարամեայ ատենապետ Վաչէ Սեմերճեանի շնորհաւորագիր-սրտի խօսքը, կը միանանք անոր բարեմաղթութիւններուն։ Կրթական մշակ եւ պատմաբան Զաւէն Մսըրլեան յետեղեռնեան լիբանանահայութեան պատմութեան վկան է, որ ամբողջ կեանք մը իր նպաստը բերաւ հայ նոր սերունդներու դաստիարակութեան եւ լոյս ընծայեց մնայուն արժէք ունեցող պատմական հատորներ։ Մեր շնորհաւորութիւնները անոր տնօրէնութեան մրցանիշային 50-ամեակին առիթով։  

«Նոր Օր»

 

Սփիւռքահայ իրականութեան բացառիկ եկեւոյթներէն մէկը, հասարակական մեր կեանքին մէջ նկատուող դիմացկունութիւնն է՝ պաշտօնի մը վրայ գտնուող հազուագիւտ եւ որակաւոր անձնաւորութիւններուն։ Այս մտածումը անխուսափելիօրէն կը պարզուի մեր յիշողութեան մէջ, երբ խնդրոյ առարկայ է բարեկամի մը, սրտակից ընկերոջ մը, հասարակական գործիչի մը երկարամեայ եւ բարձրորակ գործունէութիւնը։

Տարբեր մտածումներ չունեցայ ես, երբ տեղեակ մնացի իմ ամէնէն սրտամօտ բարեկամներէս մէկուն ի պատիւ պատրաստուելիք մեծարումի լայնածաւալ հանդիսութիւններու ծրագիրներուն։ Այս բոլորը բնական զգագումներ են, հակառակ որ հազարաւոր մղոններ կը բաժնեն մեզ։

Մեծարեալը՝ Զաւէն Մսըրլեան տնօրէնը, անբիծ հայրենասէրը, հասարակական գործիչն ու վաստակաւոր պատմաբանն է։ Իսկ իր բազմաթիւ հարազատներէն, բարեկամներէն մին՝ ես, Վաչէ Սեմերճեանը, կը մղուիմ վերյիշել անցեալ դարու՝ 50-ականներէն ի վեր զարգացած բարեկամութիւնը, սրտակցութիւնն ու սերտ գործակցութիւնը, որոնք ծնունդ առին բնականօրէն եւ տակաւին կը դիմանան սահող ժամանակին ու կը յամենան մեր մտածումներուն պաստառին վրայ։

Զաւէն Մսըրլեանը ճանչցայ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի մեր ուսանողական տարիներուն, երբ երկուքս կ՚աշխատակցէինք «Զարթօնք» օրաթերթի Երկուշաբթի օրուան մարզական բաժինի հրատարակութեան կարճ տարիներուն։ Ան պատասխանատուն էր սինեմարուեստի նուիրուած էջին, իսկ ես՝ մարզական էջերուն լրացումին կ՚օժանդակէի ատենի խմբագիր Էտմոն Կոտալազեանի կողքին։ «Զարթօնք սփոր» անուամբ թերթը երկար չդիմացաւ, հաւանաբար մէկ ու կէս տարի ապրեցաւ, բայց զայն հրատարակող երեք ուսանողներուն միջեւ ստեղծուած բարեկամութիւնը տակաւին կը շարունակուի առանց տեղատուութեան Պէյրութի եւ Կլենտէյլի միջեւ ստեղծուած հսկայ եռանկիւնին մէջ…։

Մսըրլեանը ճանչցայ նաեւ Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան կողքին գործող Հայ Համալսարանականներու Միութեան վարչական պատասխանատուութեան ընթացքին։ Զաւէնը մնայուն կերպով ատենապետ կ՚ընտրուէր վարչականներուս կողմէ՝ առանց երկմտանքի, ժամանակի բնական սահանքի ընթացքին։ Երկրորդ ընտրութիւն մը չէինք կրնար ունենալ, կամ մտածել այդ մասին, երբ Մսըրլեանը իր արդարադատութեամբ, խղճամիտ աշխատանքով եւ ազնուական բարեկամութեամբ մեզի հետ էր։ Վարչական որակաւոր եւ գործունեայ տարիներ էին մեր բոլորին համար, երբ իւրաքանչիւրս ծանրաբեռնուած էինք նաեւ համալսարանական պարտաւորութիւններով։

Շրջանաւարտութենէն ետք, Մսըրլեանի եւ իմ միջեւ ստեղծուած սրտակցութիւնն ու բարեկամութիւնը դիմացաւ տասնամեակներ շարունակ, առանց կրճատուելու, առանց դժուարութեան։ Մինչեւ այսօր, գրեթէ 67 տարիներ ետք կը շարունակենք նամակագրութեամբ՝ հի՜ն ու աւանդական կերպով պահպանել մեր բարեկամութիւնը։

 

***

«Զարթօնք սփոր» եւ Հայ Համալսարանականներու Ընկերակցութիւն երկու միաւորներ են, որոնք թերեւս չկան այսօր. կը մնայ սակայն խորունկ յիշողութիւն մը Զաւէնին ու իմ միջեւ, ատենին ստեղծուած յարգանքն ու սրտակցութիւնը կը դիմանան ժամանակին։ Ու այսօր, Մայիս 27, 2017-ին երբ Պէյրութի մէջ կը մեծարուի Զաւէն Մսըրլեան տնօրէնը՝ Հայ Աւետարանական Բարձրագոյն վարժարանի պատասխանատուներուն կողմէ, կը միացնենք իմ եւ իր ազնիւ բարեկամներուն գեղեցկագոյն մաղթանքները՝ սրտապինդ կերպով շնորհաւորելով հայ կրթութեան նուիրեալը, յաջողագոյն պատմաբանը եւ անխախտ բարեկամութեան խորհրդանիշ Զաւէն Մսըրլեանը։

Մսըրլեան պատմութեան յաջողած ուսուցիչին՝ որպէս վարժարանի տնօրէնի մնայուն եւ յաջող պաշտօնավարութիւն՝ բացառիկ երեւոյթ է սփիւռքահայ կրթական պատմութեան մէջ։ Դժուար է պատկերացնել կրթական մարզէն ներս իրագործուած այս յաջողութիւնը։ Բայց ճանչցած ըլլալով ազնիւ, արդարամիտ, պարկեշտ պատմաբան եւ գործին ամբողջական նուիրումով փարած Մսըրլեանի էութիւնն ու կենցաղը, կու գանք բոլորուելու սիրելի Զաւէնին շուրջ՝ անկեղծօրէն մաղթելով իրեն առողջութիւն, յաւելեալ խանդավառութիւն եւ կորով՝ շարունակելու իր սրբազան առաքելութիւնը՝ հանդէպ հայ կրթութեան, հայ ուսանողին եւ պատմաբանութեան։

 

Ի դիմաց Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լոս Անճելըսի Վարչութեան Ատենապետ՝

ՎԱՉԷ ՍԵՄԵՐՃԵԱՆ

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ