Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024

Շաբաթաթերթ

Խմբագրական Զանգեր, ղօղանջէ՛ք…

Մայիսեան յաղթանակներու շքերթը Շուշիէն, Արցախէն եւ Հայրենական Մեծ Պատերազմէն առաջ, կը նշանաւորուի Սարդարապատեան հերոսական յաղթանակով, որ օր ու արեւ պարգեւեց հայ ժողովուրդին՝ ծնունդ տալով Հայաստանի առաջին հանրապետութեան։

Այսօր, յարգելով եւ խոնարհելով յիշատակին առջեւ 99 տարիներու հեռաւորութենէն մեզի փոխանցուող ազատութեան, անկախութեան եւ ինքնութեան խորհրդանիշ՝ Սարդարապատի հերոսամարտի հերոս ժողովուրդին, մեր պարտքն է շարունակել Մայիս 28-եան պատմական անկախութեան ոգին, փոխանցելով զայն սերունդէ սերունդ։ 

Զանգե՛ր, ղօղանջէ՛ք… ղօղանջէ՛ք համայն հայութեան ականջներէն ներս, արթնութեան հրաւիրեցէք թմբիրի մտած խուլ ականջները, ղօղանջէ՛ք հայանուն գձուձ էակներու սիրտերուն ու հոգիներուն մէջ, ինքնասիրահարուած, եսապաշտ եւ անձնակեդրոն մարդ-արարածներուն մէջ, որոնք իրենց սխալը սխալով ուղղելով փուչիկներ են սոսկ, որոնք իրենց սեւը ճերմակ տեսնող, եւ անոր հաւատացող հաւկուրներ են, որոնք ամէն տեղ են, Հայաստան հայրենիքէն մինչեւ Միջին Արեւելք եւ Եւրոպայէն՝ Միացեալ Նահանգներ։ 

Զանգեր, ղօղանջէ՛ք… ու մահաքունէ փրկեցէք հայաշխարհը, ուր ժողովրդավարութիւնը դանդաղ քայլերով… տեղքայլի մէջ է, ուր Արցախը մեզ կը կանչէ, իսկ մենք, Սփիւռք կոչուած մեծ անորոշութեան մէջ գոյնզգոյն ծաղիկներ ենք սիրունատես ծաղկամաններու մէջ, պարարտանիւթերով հարուստ,  սակայն ՀՈՂ չկայ մեր ոտքին տակ։

Արտագաղթը Ներգաղթով միայն կրնայ տապալիլ. Զանգե՛ր, ղօղանջէ՛ք… թող Սարդարապատը ըլլայ Դասն այսօրուան եւ վաղուան։

Հողը հո՛ն է, Սարդարապատի մէջ, Էջմիածնի մէջ, Երեւանի ու Սեւանի շուրջ, Գիւմրիի եւ Արցախի մէջ։

Յարգա՜նք Սարդարապատը կերտող բոլոր հերոսներուն յիշատակին եւ ղօղա՛նջ յաղթանակի՝ բոլոր անոնց, որոնք կը հաւատան իրենց գործին, բա՛ց ճակատով եւ մաքո՛ւր խիղճով։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ