Շաբաթ, Մայիս 4, 2024

Շաբաթաթերթ

ՌԱԿ-ի Երախտաւորները. Յունահայոց նուիրեալ առաջնորդ՝ Եփրեմ Վարդանեան 1890, Հաճըն – 1964, Աթէնք

Երախտաւոր Եփրեմ Վարդանեանը ծնած է 1890-ին Ռումլու (Հաճընի շրջան), Ուլուգուշեան գերդաստանի համեստ յարկին տակ։

Նախնական ուսման համար իրեն հասակակից պատանիներու հետ յաճախած է Հաճնոյ նախակրթարանը, ու ապա ուղարկուած Այնթապ՝ շարունակելու համար իր ուսումը ծանօթ Վարդանեան վարժարանէն ներս։ 1907-ին կը վերադառնայ Հաճըն ու տարի մը կը յաճախէ տեղւոյն ամերիկեան բարձրագոյն վարժարանը ծանօթանալու անգլերէն լեզուին, ու ապա Ատանա՝ շուրջ տարուան մը համար կատարելագործելու իր կրթութիւնը տեղւոյն ազգային վարժարանէն ներս։ 1909-ի Ատանայի կոտորածներու ժամանակաշրջանին ան տարուան մը համար տեղափոխուած է Եգիպտոս, Գահիրէի մէջ հետեւելու մասնաւոր դասընթացքներու։ Հոն կը ծանօթանայ ատենոյ սահմանադիր-ռամկավար յայտնի դէմքերու ու կ՚արժանանայ Միհրան Տամատեանի անվերապահ խնամքին։ Իր ունեցած լեզուական հմտութեան համար, յարմար կը տեսնուի զինք Կովկաս ուղարկել։ Կովկասի մէջ իրեն պաշտօն կը վստահուի աշխատակցիլ Գրիգոր Արծրունիի «Մշակ»ին ու շուրջ 2 տարի իր մասնակցութիւնը կը բերէ «Քանթունի» գրական ծածկանունով (1910-1912)։ «Մշակ»ի իր գրական մասնակցութեան կողքին, Թիֆլիսի մէջ Վարդանեան կը վարէ թարգմանիչի մասնակի ժամանակով պաշտօն մը, առաւելաբար յունարէնէ եւ անգլերէնէ պաշտօնական թարգմանութիւններ կատարելով։

1912-ի աւարտէն առաջ կ՚որոշէ մեկնիլ Կ. Պոլիս, ու որպէս Օսմանեան քաղաքացի մուտք կը գործէ Օսմանեան զինուորական (Հարպիէ) վարժարանը, հետեւելու ծառայութեան դասընթացքներուն, զոր պիտի աւարտէր Համաշխարհային Ա. Պատերազմի շրջանին, դառնալով պահեստազօր սպայ։ 1915-ի սկզբնաւորութեան ծառայութեան կը զօրակոչուի Օսմանեան բանակին համար։

Բայց Ցեղասպանութեան ու տարագրութեան սկզբնաւորութեան, արդէն Եփրեմ իր մտերիմ ընկերոջ հայ սպայի մը հետ, կ՚իմանայ ճակատագիրը Օսմանեան բանակի մէջ ծառայող հայ զօրակոչիկներուն, ու 1916-ի սկզբնաւորութեան իր ընկերոջ հետ, ծպտեալ փախուստ կու տայ բանակէն ու կը հասնի Կիլիկիա։ Վարդանեան կը յաջողի գալ Ռումլու, ուր դժբախտաբար պիտի իմանար Ցեղասպանութեան զոհ դարձած իր գերդաստանի բոլոր անդամներուն գոյժը։ Եփրեմին կուտակած փորձառութիւնը բանակէն ներս, զինք կը մղէ, որ գործէ որպէս ծպտեալ քիւրտ, ահաբեկելով Հաճնոյ շրջանի թուրք գործակալները։ Աւելին, ան կը յաջողի Ռումլու մնացած հայ բնակչութեան կարեւոր մէկ մասը սպանդէն փրկել ու տեղափոխել զանոնք Կիլիկիոյ յարաբերաբար ապահով վայրերը։

1918-ի Համաշխարհային Ա. Պատերազմի զինադադարէն ետք, Վարդանեան կ՚անցնի Ատանա, ուր կը գործէր Սահմանադիր Ռամկավար Կուսակցութեան Կիլիկիոյ շրջանակը։ Երախտաւորը իր մասնակցութիւնը կը բերէ Ատանայի ատենոյ ազգային հասարակական կեանքին, ինչպէս նաեւ կը պաշտօնավարէ տեղւոյն ազգային վարժարանէն ներս։ Ատանայի մէջ իր ծանօթութիւն ու գործակցութիւնը ռամկավար ատենոյ ղեկավարութեան հետ, որոնց միայն անունին ծանօթ էր Գահիրէ գտնուած ժամանակ,– Մարտիրոս Տէր Ստեփանեան, Սեդրակ Կեպենլեան, Լեւոն Աճէմեան, բոլորն ալ Վարդանեանի սերնդակից,– կը մղեն շրջանակը կազմակերպչական փայլուն ծրագրումի։

Վարդանեան իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ հոն հրատարակուող ռամկավար պաշտօնաթերթ՝ «Կիլիկիոյ Սուրհանդակին», որուն խմբագրութիւնը ստանձնած էր երախտաւոր Մարտիրոս Տէր Ստեփանեանը։ Այս շրջանին՝ 1919 Յունիսին, կ՚իրականանայ Միհրան Տամատեանի Կիլիկիա մեկնելու ծրագիրը, որ նախապէս 1918 Հոկտեմբերին որդեգրուած էր ամբողջական Հայաստանի ներկայացուցիչ նշանակուելու Սուրիոյ եւ Կիլիկիոյ համայնքներուն մօտ։ Ատանայի մէջ Տամատեան, որ պիտի ծրագրէր Կիլիկիոյ անկախացումը, իր գործակիցներու շարքին կը դիմէ նաեւ Վարդանեանին, որուն ծանօթացած էր Գահիրէի մէջ։ Կիլիկիոյ մէջ կայք հաստատած ֆրանսական բանակի պատասխանատուն էր գնդապետ Պրեմոնը, որուն հետ հանդիպումներուն ներկայ կը գտնուէր Եփրեմ Վարդանեանը, որպէս Օսմանեան բանակի վկայեալ սպայ։ Կիլիկիոյ անկախացման ծրագրին գործընթացին մէջ Վարդանեանի փորձառութեան պիտի վստահուէր Կիլիկիա հասնող հայ կամաւորներուն հետ կազմակերպչական աշխատանքը, որոնք պիտի հանդիսանային կորիզը կազմուելիք Կիլիկեան բանակին։ Բայց Կիլիկիոյ միօրեայ անկախութիւնը 1920 Օգոստոս 4-5, պիտի կասեցուէր Կիլիկիոյ ֆրանսական հոգատար իշխանութեան կողմէ, ու Վարդանեան կ՚որոշէ անցնիլ եւ հաստատուիլ Յունաստան։

Աթէնքի մէջ կը զինուորագրուի յունական բանակին, որ այդ օրերուն պիտանի կը դառնան տարբեր լեզուներու իր պաշարն ու բանակային փորձառութիւնը։ Աթէնք հաստատուելէ ետք կը կազմէ իր ընտանեկան բոյնը ու կը բախտաւորուի երկու զաւակներով, մանչը՝ Արմէն եւ դուստրը՝ Անահիտ։ 1922-ին, երբ Աթէնքի մէջ կը կազմուի երկրորդ անգամ հայկական լեգէոնը, Վարդանեան կը դառնայ գործակիցը լեգէոնի ղեկավար՝ Զօրավար Թորգոմի, որ կեդրոնացած էր Թուրքիոյ սահմանակից Ակնրիկէի շրջանը։ Վարդանեան կը դառնայ հետեւակի աւագ հրամանատար, եւ իր փորձառութեամբ այս անգամ աչքի կը զարնէ Զմիւռնիոյ գաղթականները տեղաւորելով ու մասնակցելով թրքական բանակի յառաջխաղացը կասեցնելու մարտերուն։

Կարճ ժամանակուայ ընթացքին, որպէս բանակային, Վարդանեան կ՚արժանանայ յունական բանակի պատիւներուն, ու 1922 Նոյեմբերին իրեն կը տրամադրուի կենցաղային մնայուն թոշակ։

Հոս կ՚արժէ աւելցնել, որ յունական կառավարութիւնը 1920-ի Կիլիկիոյ պարպումէն ետք, Աթէնք հասած հայ գաղթականներուն տրամադրած էր Տորղութ Փաշայի բազմաբնակարան տուները, ու Վարդանեանին ալ բաժին ինկած էր այդ բնակարաններէն մին։ Երախտաւորը կարծես թափառական կեանքը սկսելով իր ծննդավայրէն, հասցուցած էր աւարտին ու Աթէնքի մէջ կազմելով իր ընտանեկան բոյնը, ապահովելով իր առօրեայ ապրուստը, 1924-ին սկսած էր դասաւանդել Ֆիսքի ազգային վարժարանէն ներս։

1920-ական թուականներուն Յունաստան հաստատուած հայ գաղթականներուն ստուար քանակը, ու մանաւանդ հոն տեղաւորուած հայ որբերը, կարեւոր դարձուցին յունահայ գաղութի կազմաւորումը։ Հայց. Առաքելական եկեղեցին, Բարեգործականը, ազգային կուսակցութիւնները, ինչպէս նաեւ ազգային վարժարանները ու հրատարակուող մամուլը իրենց կարեւոր դերը ունեցան գաղութի կազմաւորման մէջ։ 1922-ին Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Ա. Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովը, որ կը գումարուէր կեդրոն ունենալով Աթէնքը, երախտաւորին համար դարձաւ հասարակական իր գործունէութեան համար կարեւոր, ու իր սերտ գործակցութիւնը մշակեց Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ՝ Տոքթ. Էնֆիէճեանի, Արտակ Դարբինեանի եւ Յովհաննէս Պօղոսեանի հետ։

Այս շրջանին կարեւորութեամբ կազմուեցաւ Յունաստանի Շրջանային Վարչութիւնը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, որուն անդամ էր երախտաւոր Եփրեմ Վարդանեանը։ Կարճ ժամանակի մէջ կը կազմուի ՌԱԿ-ի ակումբ մը նաեւ Սելանիկի մէջ ու Վարդանեանի ջանքերով հոն ալ կը հրատարակուի գաղափարախօս պարբերաթերթ մը։ Պէտք է ըսել, որ Սելանիկի փոքրաթիւ հայկական գաղութը յետագային իր բարօր վիճակով պիտի նպաստէր յունահայ գաղութի ազգային հաստատութիւններուն։

1935-ին Վարդանեան հանգիստ կ՚առնէ իր կրթական ասպարէզէն ու կը հրաւիրուի լեզուական դասախօս որպէս յունական բանակի սպայակոյտի վարժարանին, առաւելաբար դասաւանդելով ֆրանսերէն եւ անգլերէն։

1946-ի ազգահաւաքի ծրագիրը, յունահայ գաղութին համար կարեւոր նկատելով, Վարդանեան անցած էր աշխատանքի ու երախտաւոր Առաքել Պետրոսեանի կողքին կը նպաստէ 1946-47-ի ազգահաւաքի կազմակերպման։

1948-ին իրեն կը վստահուի կուսակցական երիտասարդներու կորիզի մը կազմութիւնը, որ պիտի սատարէր Աթէնքի մէջ կազմութեան՝ «Արարատ» Մշակութային եւ Մարզական Միութեան, որ խանդավառութեամբ ու կարեւորութեամբ ցարդ կը գործէ յունահայ գաղութին համար։ Իր վատթարացած առողջութիւնը պատճառ կը դառնայ, որ դադրեցնէ իր աշխատասիրութիւնը ռամկավար մամուլին. կեանքի վերջին տարիներուն կորսնցուցած էր նաեւ իր տեսողութիւնը։

Երախտաւորը յաւիտեան իր աչքերը կը փակէ Աթէնքի մէջ՝ 1964-ին, արժանանալով  ազգային յուղարկաւորութեան։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ