Չորեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Ամերիկեան Բարքեր. Միայն Ամերիկայի Մէջ…

2016-17 դպրոցական տարեշրջանը իր աւարտին հասած ըլլալով, շրջանաւարտից դասարաններու վկայականաց բաշխման հանդէսները ամենուրէք են։ Վերոյիշեալ հանդիսութեանց հետ միատեղ սովորական է որ դպրոցը հրատարակէ տարեգիրք մը, ուր ամփոփուած ըլլան շրջանաւարտներու եւ բարձրագոյն դասարաններու աշակերտներուն դիմանկարներն ու անոնց դպրոցական գործունէութեանց յատկանշական դրուագները։

Դպրոցական տարեգիրքերու եւ շրջանաւարտից դասարաններու աւարտական հանդիսութեանց վերաբերեալ պիտի նկարագրեմ իրական կեանքէ առնուած երկու դրուագներ, որոնց քննարկումն ու քննադատութիւնը կը թողում ընթերցողի հայեցողութեան։

Առաջին – Վըրճինիա նահանգի Սթէֆըրտ գաւառի երկրորդական վարժարաններէն մէկու մը տարեգիրքին մէջ զետեղուած է 11րդ դասարանի աշակերտ Անտրու Շաքի եւ իր կողքին՝ Ալֆա Շաքի դիմանկարները։ Երբ կցուած նկարին նայիք, պիտի տեսնէք թէ Ալֆան Անտրու Շաքի հոգատար շունն է։

Հիմա պիտի հարցնէք թէ ինչո՞ւ շունին նկարը զետեղուած է հոն, հակառակ որ ան ուսանող չէ։ Պատասխանը հետեւեալն է։ Անտրու կը տառապի շաքարախտէ եւ վերջին տարեշրջանի ընթացքին՝ ան դպրոց յաճախած է իր շունին հետ, որ իր պահապան հրեշտակն է։ Անտրու նշած է նաեւ որ Ալֆան քանիցս զինք մահէ ազատած է, երբ իր արեան շաքարի աստիճանը յանկարծ արագօրէն նուազած է…

Ուստի, առ ի երախտապարտութիւն իր հաւատարիմ շունին հոգածութեան, Անտրու խնդրած է դպրոցի Տնօրէնութենէն, որ Ալֆային նկարն ալ զետեղուի դպրոցական տարեգիրքին մէջ, իր կողքին։

Ուրեմն բացայայտ է, որ դպրոցի Տնօրէնութիւնը՝ ընդառաջ երթալով Անտրուի փափաքին, արտօնած է որ շունին նկարն ալ մաս կազմէ տարեգիրքի բովանդակութեան։

Եկրորդ – Քալիֆորնիոյ Օրէնճ քաղաքի Chapman համալսարանի առեւտրական դպրոցի վկայականաց բաշխման հանդէսը՝ այս տարի տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 20 Մայիս 2017-ին։

Շրջանաւարտ ուսանողներէն մին էր Մարթի Օքանըրը, որ ստացաւ իր Master of Business Administration տիտղոսը։ Ան՝ մի քանի տարի առաջ, արկածի մը հետեւանքով դարձած էր quadriplegic, այսինքն կորսնցուցած էր իր ձեռքերուն եւ ոտքերուն գործածութիւնը։

Ճուտի՝ Մարթիին մայրը, վերջին երկու տարիներու ընթացքին Մարթիին հետ գացած էր համալսարան եւ ընկերակցած էր անոր, յաճախելով իր իւրաքանչիւր դասարան, որպէսզի կարենար անոր փոխարէն նշումներ կատարել եւ նաեւ պատասխանել անոր քննութեանց հարցումներուն։

Վերոյիշեալ զոհաբերութիւնը կը ցուցադրէ մօր մը սէրը՝ հանդէպ իր զաւկին։ Հոս պէտք է նշեմ, որ Ճուտի հանգստեան կոչուած ուսուցչուհի մըն է. պարագայ մը, որ կը դիւրացնէ զաւկին դասերու նոթագրութիւնը եւ անոր օգտակար հանդիսանալու նախաձեռնութիւնը։

Մեր պատմութիւնը բարեբախտաբար հոս չի վերջանար։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ։ Ուրեմն՝ առ ի երախտագիտութիւն իր մօր զոհողութեան, Մարթի հաճելի անակնկալ մը վերապահած էր անոր։

Արդարեւ, վկայականաց բաշխման հանդիսութեան՝ Մարթիի խնդրանքով, մայրն ալ ստացաւ պատուոյ Master of Business Administration վկայական մը… (նկարը ցոյց կու տայ մայրն ու զաւակը՝ բեմ բարձրանալու ճանապարհին)։

Մենք քաջ գիտենք, որ պատուոյ վկայականները շուկայի վրայ մեծ արժէք մը չեն ներկայացներ, սակայն ինչպէս ամերիկեան ասացուածքը պիտի ըսէր՝ It’s the thought that counts։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ