Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

Շաբաթաթերթ

ԾՆՆԴԵԱՆ 85-ԱՄԵԱԿԻՆ ԵՒ ՄԱՀՈՒԱՆ 23-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԻԹՈՎ՝ 1932-1994 ՎԱՐԴԳԷՍ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ՝ ԵՒ ԻՐ ԱՊՐԱԾ ՈՒ ՉԱՊՐԱԾ ՏԱՐԻՆԵՐԸ

ԱՐԱՄ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ

 

Անըմբռնելի միաձուլում մը մարդկային ներանձնական ապրումներու, սէրերու եւ կիրքերու: Առաւել՝ բարոյահոգեբանական խառնուածքի ինքնահակասութիւններով լի արուեստագէտ գրող մը, որ շատ հեշտօրէն իր ներքնախօսութիւնները կը վերածէր գրական էջերու, եւ իբրեւ քննախոյզ-արձակագիր՝ մեր ազգային-հասարակական բարդ իրավիճակներուն հանգուցալուծումները կը կատարէր ամենայն ճարտարութեամբ: Իր ստեղծագործական ողջ գրականութիւնը իր կեանքին «ապրած ու չապրած տարիներ»ուն արձանագրութիւնն էր եղած:  Խառնուածքով բանաստեղծ էր,- 1958-ին հրատարակած էր իր չափածոյ նախախայրիքը՝ «Բալլադ Մարդու Մասին»: Ասպարէզ էր ընտրած լրագրութիւնն ու հրապարակագրութիւնը, ձեռնհասօրէն վարած էր խմբագիրի պաշտօններ,- բարձրակէտը՝ «Գարուն» ամսագիրն ու «Երկիր Նայիրի» շաբաթաթերթը: Իսկ ի վերուստ շնորհեալ արձակագիրն ու վիպագիրը վերջին երեսնամեակին իրեն ապահոված էր ամուր պատուանդան մը խորհրդահայ գրականութեան մէջ:

Արդարեւ, 1960-ական թուականներուն, հայրենական գեղարուեստական արձակը կը յատկանշուէր թարմ շունչովը այն շքեղ աստղաբոյլին, որուն երիտասարդ անդամները կերտեցին հայրենի գրականութեան արդիաշունչ երկերը: Վարդգէս Պետրոսեան (իբրեւ «Գարուն» ամսագրի հիմնադիր-խմբագիր) եւ իր սերնդակից ու գաղափարակից տղաքը, ինչպէս Հրանդ Մաթեւոսեան, Պերճ Զէյթունցեան, Մուշեղ Գալշոյեան, Զօրայր Խալափեան, Կարէն Սիմոնեան, Գէորգ Արշակեան եւ ուրիշներ, կանգնեցան արժանաւոր դիրքերու վրայ իրենց հրատարակած վէպ-վիպակներով, պատմուածքներով ու խոհավիպային էսսէներով (էսքիզներ պիտի կոչէր զանոնք Վարդգէս Պետրոսեան) որոնք կու գային արտասանելու իրենց նոր խօսքը, հայրենաշունչ եւ արդիական մօտեցումներով: 1960-ականներուն խորհրդահայ գեղարուեստական արձակը իրագործեց անկիւնադարձային ոստում մը՝ խորքով ու ձեւով:  Խորքին մէջ՝ հարկ է զետեղել զայն համազգային ու պետական մակարդակով նշումին մէջ հայկական Ցեղասպանութեան 50-րդ տարելիցին, հայրենի երիտասարդութեան առողջ ընդվզումը եւ պատասխանատու դիրքերու վրայ գտնուող քաղաքական ղեկավարներու փոխըմբռնողութիւնը: Ապա, արեւելահայերէն լեզուի ուղղափառ կիրարկումը քայլ առ քայլ գնահատելի աճ մը արձանագրեց: Իրօք. փոփոխուող ժամամակները իրենց դրական ազդեցութիւնը կը դրոշմէին գրականութեան ու մշակոյթի բոլոր մարզերէն, ու յատկապէս խորհրդահայ բանաստեղծութեան բնագաւառէն ներս: Ահաւասիկ այս ժամանակահատուածին հարազատ ծնունդը եղաւ Վարդգէս Պետրոսեանի «Հայկական Էսքիզներ»ու երկհատոր գրական ժառանգութիւնը: Առաջին գիրքը լոյս էր տեսած 1969-ին («Հայաստան» հրտ. Երեւան): Հայրենիքին ու Սփիւռքին կենսական մտահոգութիւնները այս փոքրիկ հատորին մէջ միաձուլուեր էին իրարու մէջ: Եղած մէկ հոգեկերտուածք: Քիչ մը բանաստեղծութիւն, – «յոյզ-ապրում-զգացողութիւն» կը գտնենք տարածուած այս զոյգ հատորներու բոլոր էջերուն՝ իբրեւ շունչ ու ոգի, գեղարուեստական պատկեր, ու վաւերաթղթային ճշգրտութեամբ պատում ու պատմութիւն:

Վ. Պետրոսեանի ներաշխարհին ծնուցիչը էր ու կը մնար Գ. Նարեկացին՝ որուն հրեղէն բառերու աւազանին մէջ մկրտուեր էր ան իր ամբողջ զգայնութեամբ ու իմացական խորքով: Իրեն համար ընտրեր էր նաեւ աւագ եղբայր հոգի մը, նահատակի լուսապսակով շողշողուն «Պատկեր ու կենդանագիր»ն անոր, որ բոլոիս ծանօթ Չարենցն էր: Անով կը շնչէր եւ անով կ’ահագնանար իր ոգեղէն ամրոցը եւ ինք եւս այդ պահուն կ’ուզէր նմանիլ անոր՝ որուն պէս ինք ալ «փոքրամարմին» թէեւ, բայց անկասելի ջրվէժ մըն էր ամբարած իր ներաշխարհին մէջ: Կլանուած՝ անոր «Մահուան տեսիլքով, որուն պղտոր, կատաղած հեղեղը քշում էր իր ժողովրդի պատմութեան դագաղը: Դագա՞ղը… Եւ առաջին տողը ծնուեց իբրեւ նորածին մանկան ճիչ.- «Թող ոչ մի զոհ չպահանջուի ինձնից բացի, Ուրիշ ոտքեր կախաղանին թող մօտ չգան…»։

Չարենցն էր ան, եւ հայ ժողովուրդն ամբողջ, փառքովն իր հեռաւոր անցեալին ու դժխեմ ճակատագիրովը 1894-1923 երեսնամեակին: Եւ ինք՝ անոր սիրոյն, կենդանի պատարագ ու նահատակ:

Ահաւասիկ, այս հոգեվիճակը ամենօրեայ ապրումի վերածող արձակագիրը եղաւ Վարդգէս Պետրոսեան: «Հայկական էսքիզներ»ը գրուեցան հոգեկան այս պայմաններու տակ: Հարց մի տաք իրեն, թէ գրական ո՞ր մէկ սեռին կը պատկանին անոնք: Իւրաքանչիւր պատում՝ իսկական ապրում մըն է ինքն իր մէջ: Մասնիկ մը այն հսկայածաւալ խճանկարէն, զոր Շահնուր իրաւամբ կոչեր էր «Պատկերազարդ պատմութիւն հայոց»: Եկէք, այս մեծապաստառ որմնանկարին սա կէտին վրայ կեդրոնացնենք մեր լուսարձակին շողքը, այնտեղ՝ ուր հայրենի արձակագիրը իր նշանաւոր «Կռիւ»ը կը մղէր իր ժողովուրդին հետ: Խօսքը կու տանք իրեն.

            «Օ՜, իմ ժողովուրդ, դու հաւաքական Նարեկացի, գուցէ արդա՞ր էր, որ դու, հէնց եւ միայն դու պատասխան տայիր աշխարհի մեծ ու փոքր մեղքերի համար եւ հէնց քո «ողբաձայն աղաղակը» չլսէր աշխարհը, թէպէտ դու աղաղակել ես հէնց նրա բառերով: Օ՜, իմ ժողովուրդ, դու հանճարեղ ձախողակ: Դու, որ սքանչելի բանաստեղծներ ունեցար, բայց ոչ մի դիւանագէտ եւ պետական մարդ (եթէ ունեցար՝ ուրիշներին ծառայեցին), դու, որ սրբացրիր բոլորին, որ ուզեցան, ճգնեցին քեզ ծառայել, քեզ օգնել՝ առասպելի Արտաւազդ արքայորդուց մինչեւԵս չգիտեմ՝ այսօր, վաղը դու ո՞ւմ ես խաչելուԵս կռիւ ունեմ ժողովրդիս հետ, իսկ դու ասում ես ինձ հազարամեայ քո հեռուից.

                        Մի կեղեքիր ինձ, յօշոտուած եմ, տես,

                        Արդէն ջարդուածիս էլ մի ջախջախիր,

                        Էլ մի բզկտիր, մորմոքուած եմ ես,

                        Մթնածիս նորից մի կուրացրու

            Սիրեցի՞ր դու ոեւէ մէկին, ոեւէ մէկը սիրե՞ց քեզԻսկ սիրե՞լ ենք մենք ոեւէ մէկին, ոեւէ մէկը սիրե՞լ է մեզ…»:

ՄԷջբերուած այս տողերէն կ’առանձնացնեմ նախ Չարենցին պատկանող նշանաւոր երկտողեակը (… Ուրիշ ոտքեր կախաղանին թող մօտ չգան…), ապա՝ Վարդգէսին ուղեղային մորմոքը բացայայտող տողը. «Ես չգիտեմ՝ այսօր, վաղը դու ո՞ւմ ես խաչելու…»: Անհաւատալի է, բայց իրաւ: Ինչպէ՜ս պիտի կռահէր թէ, անծանօթ օր մը՝ խաչուելու հերթը պիտի գար նաեւ իրեն, նախ՝ զինք «ողջակիզելով» իր իսկ «կրակէ շապիկ»ին մէջ, ապա՝ 1994-ի Ապրիլ 15-ին, իր հողանիւթ շինուածքը դարձնելով զոհ հայասպան փամփուշտի, գործադրուած խորհրդաւոր պայմաններու տակ, որ պիտի վայելէր «պաշտպանութիւնը» անպատժելիութեան մենաշնորհի մը ծխածածկոյթին:

Ահա՛ թէ ինչու, իրեն զլացուեցաւ անձամբ ներկայ գտնուիլ իր 65-էն մինչեւ այսօր 85-ամեակի հերթական յոբելեաններուն: Որովհետեւ, ոչ եւս է ան, իբրեւ անհատ:

Իսկ «Ապրած եւ չապրած տարիներ» ասոյթը այլեւս դադրած է իր հանրածանօթ վիպակներէն մէկուն խորագիրը համարուելէ, ու վերադարձած իր հեղինակին: Ողբերգութիւնը սակայն, իր «չապրած տարիներ»ուն մէջ կը գտնուի: Իսկ գիրքերուն ճակատագիրը… նոյնքան դաժան իրականութեան մը դուռը կը բախէ մինչեւ այսօր եւ արդարութիւն կը պահանջէ իր ընթերցողէն:

Իր «ապրած տարիներ»ուն բեղուն հոսքը գրական ստեղծագործութեան վերածող գրագէտն էր եղած ան: Իր իսկ բանաձեւումով, զոր կը գտնենք «Հայկական Էսքիզներ»ու Բ. շարքի վերջերգին, կը գրէ. «Այս գիրքը դու ես թելադրում, իմ երկիր, եւ ես պարզ մի գրամեքենայ եմ, ձայնագրող ժապաւէն: Ուրեմն, նորից ճանապարհ: Եւ նորից քեզ, Հայաստան»:

***

Արդի հայ գրականութեան մերօրեայ ուսանողը, երբ կը ծանօթանայ Վ. Պետրոսեանի ստեղծագործական բեղուն վաստակին, անպայմանօրէն պիտի մտապահէ նաեւ յաջորդաբար լոյս ընծայուած իր վէպերն ու վիպակները, ինչպէս՝ «Վերջին ուսուցիչը», «Մենաւոր ընկուզենին», «Ապրած եւ չապրած տարիներ», «Դեղատուն Անի» եւ այլ երկեր, որուն նշանաւորագոյնը եղաւ «Կրակէ շապիկ» եռամաս ընդարձակ վէպը (1986), հարուստ իր նկարագրային խծբծանքներով ու քննադատութիւններով, ուղղուած սփիւռքահայ մեր իրականութեան ծնունդը եղող երեւոյթներուն: Արդարեւ, հայրենիքի մէջ ղեկավար դիրքերուն վրայ գտնուող շատ քիչ անձեր կային, որոնք լաւապէս գիտակ էին հայութեան սփիւռքեան կառոյցին ու հոգեբանութեան: Վարդգէս այդ փոքր խումբին կը պատկանէր, ու ճիշդ այդ պատճառով ինքզինքին թոյլ պիտի չտար յորդահոս ընթացքը իր սլաքներուն: Ներքին գրաքննիչը գրագէտին, պարտուած դուրս կու գար միտքերու այս անհաւասար բախումէն, երկբեւեռ վերիվայրումներէն: Ու հակառակ իր այս «մարդկային թուլութեան», տարագիր Սփիւռքի մեր կեանքին, հոգեբանութեան, երազին ու տենչերուն, եւ ընկերային գաղափարախօսութեան նուիրուած «Կրակէ շապիկ»ը կոթողային վէպ մը ըլլալէ չի դադրիր, ան՝ որ նախապէս իր ամսագրային առաջին տարբերակով կոչուած էր «Դատարկ աթոռներ ծննդեան տօնին» (տես՝ «Սովետական Գրականութիւն» ամսագիրի 1986-ի համարները), որուն վերամշակուած ու փոփոխութիւններու ենթարկուած տարբերակն էր նոյն տարին իսկ 600 էջի սահմանի մէջ լոյս տեսած ստուարածաւալ եռամաս այս հատորը, որ անվերջ մենախօսութիւնն էր հեղինակին, իր դրական թէ բացասական կերպարներով, բանավէճերով ու եզրայանգումներով: Ինք ներկայ է իր բոլոր «հերոս»ներուն մէջ, ինքն է բեմադրիչն ու բեմայարդարը, իր փափաքով է որ անոնք կը վիճին ու կը հաշտուին, կը սիրեն ու կը սիրահարին, կ’երգեն կամ կը մերժեն երգել («Քելէ լաօ, քելէ էրթանք մըր էրկիր…»):

Կարճ՝ այս վէպը, հեղինակին գիտակցական կեանքի ու գրական կենսափորձի ամբողջ ճանապարհին հանրագումարն է, իր ազգային գաղափարախօսութեան եւ հաւատքի քննութիւնն է, իր կեանքին վէպն է: Գրած է 1983-86 տարիներուն: Սակայն, գրելէ առաջ, ան ապրած է իր վէպը անձնապէս: Հոն արտայայտած գաղափարներուն մենք հանդիպած ենք ոչ միայն իր առօրեայ զրոյցներուն ընթացքին, այլեւ՝ «Հայկական Էսքիզներ»ու մէջ եւ իր հրապարակային ելոյթներու ընթացքին: Պատահած է նաեւ, որ կրկնութիւններու տժգունութիւնը տկարացնէ թափը իր թռիչքին եւ ազդեցութիւնը խօսքին:

1986-ին իր զոյգ տարբերակներով, Վ. Պետրոսեանի այս եզակի գործը, նոյն եւ յաջորդ տարիներուն իսկ հայրենի եւ սփիւռքահայ գրական մամուլի էջերուն տուաւ առատ նիւթ թեր ու դէմ կարծիքներու շատրուանումով (տեսնել նաեւ սոյն տողերը ստորագրողին զոյգ յօդուածները՝ «Զարթօնք»ի 6 Մայիս եւ 21 Հոկտեմբեր 1987-ի համարներուն մէջ): Արդարեւ, 1986-ին իր աւարտին հասած այս վէպը, իսկական դիմագիծը կու տար իր ժամանակին ու մարդերուն: Մինչ հեղինակը կը սարքէր անհեթեթ բեմադրութիւններ, որոնք կը վնասէին իր իսկ ազգային-ընկերային վարքագիծին: Այդ յօդուածին մէջ, կը մատնանշէինք հետեւեալ կէտերը.

– Հայ ժողովուրդին ճակատագրական աշխարհագրամասը:

– Եղեռնը՝ իր արհաւիրքով:

– Հողային մեր անժամանցելի դատը:

– Հայ եւ թուրք մերձեցումներ, – անհաշտ պայքար, ներո՞ւմ, մոռացո՞ւմ, ուրացո՞ւմ:

– Հայրենիքի ներկայ իրականութիւնը:

– Սփիւռքը այնպէս՝ ինչպէս որ է:

– Հեռանկարներ եւ եզրակացութին:

 

Մեկնելով մեր այս հարցադրումներէն, կը հաստատենք, թէ պէտք է ընդունինք,  որ Վարդգէս Պետրոսեան իր ժամանակի քաղաքական մտածողութեան մէջ (ընկերակցութեամբ իր պատանեկան շրջանի դպրոցակից՝ պետական բարձրազդեցիկ գործիչ ու իրեն ճակատագրակից Կարէն Դեմիրճեանի), հանդիսացաւ բացառիկ երեւոյթ մը: Մտքի մաքառումներով գրեց իր տասնեակ մը վէպերը: Նո՛յն տաղանդով ու կիրքով՝ ստանձնեց ու վարեց բարձրագոյն պաշտօններ: Հասաւ արագածանման կատարներուն եւ այդ բարձունքէն երբ աչքերը յառեց անոնց ստորոտին, տեսաւ ու հաստատեց գոյութիւնը  կեանքի առեղծուածային վիհերուն, որոնց մէջ օր մը թաւալագլոր պիտի գտնէր տարաբախտ գրագէտի իր վախճանը:   

Իսկ այսօ՞ր, սիրելի ընթերցող, երբ ներկայ ժամանակը կը յուշէ մեզի իր կեանքին 85-ամեակը, եւ ինք կը բացակայի ֆիզիքապէս մեր տեսադաշտէն ու մեր գրական հանդիպումներէն, մեր ընդվզումը կը յայտնենք հետեւեալ բառերով.-

Մարդ արարածը կը ծնի ու կ՚ապրի իբրեւ բնութեան մէկ պարգեւը: Անոր կեանքի վախճանին տնօրինումը զոհ պէտք չէ դառնայ մարդասպանական եւ ահաբեկչական արարքներու: Յոռեգոյնը դատական վճիռներուն՝ ցմահ բանտարկութիւնն է: Մանաւանդ, երբ հայանուն մարդերու եղբայրասպան գնդակներու զոհ կ՚երթան Վարդգէսէն մինչեւ Կարէն, Վազգէն ու Վահէ:

Հայ մարդեր, վերանկախացած մեր մայր հայրենիքի հողին վրայ … դժբախտաբար կը վայելեն պաշտպանութիւնը անձեռնմխելիութեան եւ անպատժելիութեան: Յանուն պատմական ճշմարտութեան, վերջին 25 տարիներուն հայրենի հողին յանձնուած զոհերուն ու դահիճներուն ցուցակագրումը կը պահանջենք, առ ի դատապարտութիւն արարքին եւ կանխազգուշացում՝ անոնց կրկնութիւններուն:

Արդա՞ր է մեր պահանջքը:

Ամէն ոք՝ թող հարց տայ իր խղճմտանքին։

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ