Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024

Շաբաթաթերթ

Ի՞նչ է Փարիզի «Կլիմայական Համաձայնութիւնը» եւ անոր հետեւանքները

Փարիզի մէջ, Ֆրանսա, 2015-ին ստուերագծուած վերոյիշեալ համաձայնութեան գլխաւոր նպատակն էր նուազեցնել համաշխարհային օթերեւութաբանական ջերմացումը 2 սէնթիկրատ կամ 3.6 ֆարէնհայթ աստիճանով: Կլիմայ հետազօտող գիտնականները կը հաւատան, թէ որևէ պատճառով, եթէ այդ առաջարկուած ջերմաստիճանի սեմին գերագոյն չափը  գերազանցուի, յետագային շատ լուրջ և վտանգաւոր կլիմայի անվերաշրջելի հետեւանքներ  պիտի յառաջանան:

«Մենք պիտի տեսնենք ծայրայեղ ջերմութիւն, վնասարար փոթորիկներ, ծովեզերեայ յորդումներ և ուտեստեղէնի ապահովութեան տագնապ» ըսած է Մայքլ Օբընհայմըր, Բրինսթընի միջազգային գործունէութեան և աշխարհագիտութեան փրոֆեսորը:

195 երկիրներու կողմէ ստորագրուած և անցեալ տարի գործադրութեան դրուած սոյն համաձայնութիւնը կ՚աշխատի զգուշացնել աշխարհի պետութիւնները նման աղէտէ մը, երկրագունդի ջերմաստիճանը նուազեցնելով և մթնոլորտի մէջ արձակուած ածխային գոլորշիները զսպելով:

Գործնականօրէն՝ համաձայնութիւնը օրինապէս ի զօրու է, եթէ մասնակից պետութիւնները  ընդունին գործադրել պահանջքները և կլիմայի ջերմաստիճանի 2 աստիճանի նուազման ուղղութեամբ լրջօրէն աշխատին: Իրականութեան մէջ սակայն, այս համաձայնագիրի լիազօրութիւնը անկարող է և տկար իր գործադրութեան կարգով: Ծուխերու և ջերմացման արտահոսումի նպատակակէտերը ինքնին պարտաւորիչ չեն: Օրինակի համար. Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Օպամա խոստացած էր Միացեալ Նահանգներու բնածխային  երկթթուակի (carbon dioxide) արձակումը նուազեցնել 26 -28 առ հարիւրով մինչև 2025 թուականը: Բայց եթէ այդ ծրագիրը չյաջողուի իրագործել, որևէ օրինական հետապնդում կամ պատիժ չէ սահմանուած այդ ուղղութեամբ:

Օպամա «կլիմայի փոփոխութեան համաձայնութիւնը» կոչած է «լաւագոյն առիթը որ ունինք մեր այս միակ մոլորակը փրկելու»:  Նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի դիրքը սակայն այս ուղղութեամբ, ստեղծած է թշնամութիւններ, հակառակութիւններ և երկակի վերաբերմունքներ իրեն հանդէպ: Նախագահ Թրամփ, իր ընտրարշաւի ժամանակ արդէն խոստացած էր այս համաձայնութենէն քաշուիլ և ան արդէն կը պահէ իր խոստումը այսօր, բազմաթիւ երկիրներու քննադատութեան և նկատողութեան արժանանալով:

Նախագահ Թրամփի հեռակայ ծրագիրներէն մին էր կրճատել երկրին գլխաւոր անտեղի մսխումները, որոնք ձեռնտու չէին և եկամտաբեր, նկատի առնելով նաև երկրին մասնակցութիւնը աշխարհի այլազան երկիրներու մէջ բերած իր առիւծի բաժնի օգնութիւնները:

Այլ խօսքով, Փարիզի կլիմայական համաձայնութիւնը կը խորտակուի իր անգործադրելիութեան պատճառով, աշխարհի պետութիւնները կրկին  թողնելով անսանձ, իրենց ռազմական, ճարտարարուեստական, ուտեստեղէնի և երկրագործական արտադրութիւններու հեւիհեւ վազքին մէջ:

Բայց, արդեօ՞ք այդ պետութիւնները պիտի հետեւէին համաձայնութեան օրէնքներուն: Կասկածելի էր արդէն համաձայնագրին առաջին օրէն սկսեալ։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ