Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան տնօրէնը Անթիլիասի մայրավանքէն ներս

Անթիլիաս. Երեքշաբթի, 6 Յունիս 2017ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց, ընկերակցութեամբ իր տիկնոջ, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն՝ Զաւէն Խանճեան։

Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադառնալու ընդհանրապէս Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան ու յատկապէս Սուրիոյ հայութեան վերականգնումին առնչուած ծրագիրներուն։ Յայտնենք, որ Զաւէն Խանճեան, որպէս նախկին ատենապետ Քալիֆորնիոյ Սուրիոյ Օժանդակութեան Միացեալ Մարմնին, քաջատեղեակ է Սուրիոյ հայութեան կատարուած օժանդակութեան աշխատանքներէն։ Այս առիթով, Նորին Սրբութիւնը կարեւորութեամբ շեշտեց Սուրիոյ հայութեան աջակցութիւնը, որպէսզի ան կարենայ հանգրուանային կերպով լծուիլ վերականգնումի գործընթացին։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ