Չորեքշաբթի օր, Ալեքսանդրիա քաղաքին մէջ, տեղի ունեցած հրաձգութեան որպէս արդիւնք վիրաւորուած են ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի անդամ, Հանրապետականներու ղեկավար Սթիվ Սքալիզը եւ անոր օգնականները։
Դէպքը տեղի ունեցած է պէյսպոլի բարեգործական խաղի մը նախապատրաստութեան ժամանակ։
Սքալիզը վիրաւորուած է ազդրէն, անոր կեանքին վտանգ չկայ, իսկ կասկածեալը ձերբակալուած է։ Վիրաւորներէն երկուքը՝ ծանր։