Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Մէկ Պարբերութեամբ…

– ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ. Թուրքիոյ սահմանին, Եգէական ծովուն մէջ, Իզմիրէն հիւսիս-արեւմուտք, Երկուշաբթի օր տեղի ունեցած է բաւական զօրաւոր երկրաշարժ։

– ԻՐԱՆ. Թեհրան դէմ է Իրաքեան Քիւրտիստանի անկախացումին։ Այդ տարածքը Իրաքի անբաժան մասն է։ Շատ հաւանաբար Սեպտեմբեր 25ին Իրաքեան Քիւրտիստանի իշխանութիւնները հանրաքուէ պիտի կազմակերպեն եւ անկախանան։

–  ԹՈՒՐՔԻԱ. Պաշտօնական Անքարան մեղադրած է կիւլէնականները Թուրքիոյ մէջ ռուս դեսպանի սպանութեան մէջ, որ պատահած էր անցեալ Դեկտեմբերին։ Թուրք քննիչները պարզած են, որ ահաբեկիչ Մեւլութ Ալթինթաշը շփում ունեցած է հինգ կիւլէնականներու հետ, որոնցմէ մէկուն հետ հանդիպած է Կիպրոսի մէջ։

– ԻՐԱՆ. Անցեալ շաբթուան երկու պայթիւններէն ետք, ութ հոգի ձերբակալուած է Իրանի մէջ։ Յիշեցնենք, որ Յունիս 7ին զոհուած էր 17 եւ վիրաւորուած 43 հոգի։

– ԳԵՐՄԱՆԻԱ. Յունիս 13ին Միւնիխի արուարձաններէն մէկուն շոգեկառքի կայարանին մէջ հնչած են կրակոցներ։ Վիրաւորուած է քանի մը հոգի, որոնցմէ մէկը՝ կին ոստիկան մը, բաւական ծանր։ Ձերբակալուած է մէկ անձ։

– ԱՄՆ. Քսանհինգ տարուայ մէջ առաջին անգամ ըլլալով Միացեալ Նահանգները չէ շնորհաւորած Ոուսիան՝ «Ռուսիոյ օրուան» առիթով եւ ռուսական դեսպանութեան շնորհաւորական նամակ չէ ուղարկած։ Յիշեցնենք, թէ Յունիս 12ին նշուեցաւ Ռուսիոյ օրը, իսկ ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւնները կը շարունակեն վատթարանալ։

 

 

 

 

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ