Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Ուղեղներու արտահոսք՝ հայրենիքի արիւնահոսք

ԶԵՆՈԲ ՔՀՆՅ. ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ

                                                                                     

«Հայրենիքը մարդուժի կարիք ունի:

                                                           

Ան կը կանչէ իր ցաքուցրիւ զաւակները»:       

Վերնագիրը կը վերաբերի Հայոց Աշխարհի աստիճանական ամայացման, որ ի վերջոյ, պիտի իրականացնէ մեր ոսոխին դարաւոր երազը` տիրանալ հայոց փոքր ածուին եւ մէկանգամընդմիշտ ջնջել հայ ագզը աշխարհի երեսէն:

Ցաւալի ճշմարտութիւն է վկայել, որ այսօր, արտահոսքը անքանակ է ու արագ` աւելի քան կարելի է պատկերացնել: Մարդիկ կը լքեն հայրենիքը զանազան պատճառներով, դժգոհութիւններով ու յուսախաբութիւններով: Դուրս ելլելու մարմաջէ կը տառապին շատեր` ուղղակի ազատուելու դժնդակ ու անբաղձալի կացութենէն: Կը մեկնին Ռուսաստան, Եւրոպա, Ամերիկա, Արեւելք, Ասիա եւ այլուր` գործի բերումով, նոր կեանք վարելու վառ յոյսով ու երազով: Կը մեկնին փորձաքարին բախելով իրենց բախտը` քանդելով իրենց երբեմնի բոյնը: Կը մեկնին անվերադարձ` յուսալով որ իրենց ընտրած նոր վայրը պիտի պարգեւէ յաջողութիւն, երջանկութիւն, բարօրութիւն, ապահովութիւն: Կը մեկնին մայր հայրենիքէն` իրենց հետ տանելով ոչ միայն իրենց ընտանիքները, հարազատները եւ բարեկամները, այլեւ` իրենց գիտելիքներու պաշարը, ճարտար ուղեղը, աշխատունակութիւնը, մրցունակութիւնը: Հիւրընկալ երկիրներ, անտարակոյս, գրկաբաց եւ մեծ ուրախութեամբ կ’ընդունին այս ստեղծագործ միտքերը, բանուկ ձեռքերը, աշխատունակ հոգիները, եւ անմիջապէս գործի կը լծեն զանոնք` յօգուտ իրենց երկրի զարգացման ու յառաջացման: Բարձրագոյն կրթութիւն ստացած մեր նոր սերունդի զաւակները օտար երկնակամարներու տակ կը գտնեն իրենց օթեւանը, ուր հեւիհեւ կ’աշխատին ծանր լուծի տակ` ապահովելու իրենց գոյութիւնը, կազմելու իրենց ընտանիքը, ու ապրելու բարւոք կեանք:

Այսպիսով, Հայաստանը կը զրկուի փայլուն ուղեղներէ, որոնք պիտի կերտէին Հայոց ազատ ու անկախ նոր աշխարհը եւ յատուկ փայլք տային անոր:

Ուղեղներու արտահոսքին մէջ, դժբախտաբար, կը գտնուին ներհուն մտաւորականներ, անուանի գիտնականներ, կարող արուեստագէտներ, ատակ ուսուցիչներ, փորձառու դաստիարակներ, մանկավարժներ, գրողներ, երաժիշտներ, բարձրաստիճան եկեղեցականներ, քաղաքական միտքեր, երիտասարդ մարտիկներ, եւ այնպիսի մշակներ, որոնք պատրաստ էին շէնցնելու հայրենիքը, ծաղկեցնելու մատաղ միտքը նոր սերունդի զաւակներուն, սատար հանդիսանալու հայ մտքի վերելքին ու հզօրացման: Կատարեալ դժբախտութիւն է տեսնել այս հրաշալի ուղեղներու մեկնումը: Չի բաւեր ափսոսալ ու աւաղել շուրջ 37,000 հոգիի կորուստը ամէն տարի (վերջին վիճակագրութեանց համաձայն), այլ հարկ է միջոցներ ստեղծել բարձրացնելու կենսամակարդակը` աշխատանք ստեղծելով եւ տանելի պայմաններ հայթայթելով: Հայը չի թողուր իր երկիրը, եթէ անտեղ կան գէթ հանդուրժելի պայմաններ:

Արդար ըլլալու համար, հոս պէտք է յիշենք նաեւ այն գեղեցիկ երեւոյթը, ըստ որում, կարգ մը երկիրներէ հայեր ներգաղթ կը կատարեն: Ամէնքիս յայտնի է, որ մշտատեւ պատերազմներու պատճառով, հայեր կը լքեն իրենց բնակավայրերը եւ կ’ուղղուին մայր հայրենիք, ուր կայ խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն: Այս ներհոսքին մէջ անշուշտ կան լաւ ուժեր, միտքեր, արհեստաւորներու ճարտար ձեռքեր, որոնք իրենց լուման պիտի ընծայաբերեն մայր երկրի զարգացման ճանապարհին: Սա խիստ քաջալերելի ու բերկրալի երեւոյթ է, որ հարկ է շարունակել: Այո, Հայաստանը կարիք ունի զանգուածային ներգաղթերու, որպէսզի զօրանայ եւ ուռճանայ: Մարդուժի հետզհետէ նուազումը ուժաքամ պիտի դարձնէ մեր երկիրը եւ անդամալուծէ զայն: Մեր հայրենի իշխանութիւնը լուրջ քայլեր առնելու է այս հրատապ հարցին դարման գտնելու ուղղութեամբ: Հայաստանի բնակչութեան թիւը սաստիկ նուազած է եւ վիճակը կը վատթարանայ օրըստօրէ: Սա արդէն ահազանգիչ է ու ահաբեկիչ: Մինչ այդ, արտագաղթը մեծ թափով կը շարունակուի` հիւծելով երկիրը եւ տկարացնելով: Մեր վիրաւոր հայրենիքը այսօր օգնութիւն կ’աղաղակէ, վասնզի իրօք հոգեվարքի մէջ է: Այս տագնապալի ճգնաժամը յայտնի է ուր կրնայ առաջնորդել հայութեան: Հայաթափումը ամէնէն վտանգաւոր վիճակը կը ներկայացնէ ներկայիս: Մեր հայրենիքի փրկութիւնը ամէն հայի ճիտին պարտքն է:

Այժմ անդրադառնանք այն հրաշալի ուղեղներուն, որոնք ի վիճակի էին բարեզարդելու հայոց աշխարհը, նպաստելու անոր բարձրացման, սակայն, ստիպուած թողեցին երկիրը եւ ընդմիշտ հեռացան:

Հայը ի բնէ հայրենասէր է ու աշխատասէր: Ան իր հայրենիքը կը սիրէ թէ մօտէն եւ թէ հեռուէն: Հայրենասիրութեան պակասի խօսք չի կրնար ըլլալ երբեւիցէ: Արտագաղթողին սէրը իր հայրենիքին հանդէպ խորունկ է ու անսահման: Ան երբեք չէ լքած ու չի լքեր իր մայր երկիրը, այլ կը հեռանայ ժամանակաւորապէս` հարկադրուած` տրտմած, տամկացած աչքերով, հոգեբեկ ու յուսահատ: Պարզապէս կենսապայմանները ձեռնտու չեն: Մթնոլորտը հեղձուցիչ է: Ապաբարոյականութիւնը քիչ մը ամէն տեղ տարածուած է: Մենատիրութիւնը ակնյայտ է: Գործազրկութիւնը եւ տնտեսական ահաւոր պայմանները յուսահատութեան մատնած են տեղացի հային, որ ճարահատ, գաղթի ցուպն ի ձեռին հեռացած է: Ան չի կրնար ապագային նայիլ վառ յոյսերով, երբ ան կը գտնուի պանդխտութեան մէջ` օտարի հողին վրայ եւ անոր լուծին ներքոյ: Պատմութիւնը ցոյց կուտայ, որ երբ խնդրոյ առարկան իր մայր երկիրն է, հայը վանողական ու անտարբեր դիրք չէ բռնած, ընդհակառակը, հայրենիքի կոչին արձագանգած է սիրով, խորին գիտակցութեամբ, անսակարկ նուիրումով, մեծագոյն զոհաբերութեամբ: Աշխարհասփիւռ հային միակ լաստը, ապաւէնը եւ յոյսը մայր հայրենիքն է: Անոր չգոյութեան պարագային, հային կեանքը խորտակուած է, յոյսը մարած եւ բոլոր ակնկալութիւնները` ցամքած: Արտահոսուած ուղեղները լաւ գիտակից են այս անուրանալի ճշմարտութեան, եւ այդ պատճառով, խոհեմ կը գտնուին եւ իրենց կապը մայր երակին հետ չեն կտրեր` յաճախակի այցելութիւններ կատարելով, արուեստի գործեր` գրական, գեղարուեստական, գիտական եւն. ուղարկելով մայր հայրենիք: Անոնք իրենց ներկայութիւնը զգալի կը դարձնեն ամէն բարեպատեհ առիթով: Պէտք չէ մտահան ընել, որ այս ուղեղները զարգացան Հայաստանի մէջ, եւ ըստ այդմ, պէտք է գնահատեն հայրենիքի ջամբած ուսումը եւ տուած ուղղութիւնը, եւ առ ի երախտագիտութիւն, վերադարձնեն իրենց տաղանդները ի սպաս հայրենիքին: Բարոյական մեծագոյն մեղքը երախտամոռացութիւնն է, մանաւանդ ուրացումը` մայր երկրի բիւրաւոր բարիքներուն: Մեծն Սերվանտէս ի զուր չըսաւ` դժոխքը լեցուն է ապերախտներով:

Մեր հովուական այցելութեանց ընթացքին շատ ու շատ կը հանդիպինք հայրենիքէն ժամանած հայերու, որոնք յարգանքով եւ երկիւղածութեամբ, սիրով ու կարօտով կը խօսին հայրենիքի մասին: Անոնցմէ շատեր չեն մոռնար նաեւ իրենց չունեցածէն բաժին հանելու հայոց հողին վրայ մնացած իրենց սիրելիներուն եւ բարեկամներուն: Անոնց միակ գանգատը հայրենիքի մէջ, գործազրկութեան առընթեր, տիրող միապետական իշխանութիւնն է ու ազնիւ քաղաքացիին շահագործումը: Անոնք կը յուսան ու կը մաղթեն, որ ի մօտոյ, ամէն ինչ պիտի կանոնաւորուի, եւ իրենք վերջ պիտի տան իրենց գաղթականութեան: Մինչ այդ, սակայն, անվերջ պայքար մը կայ տանելիք` ինքնագոյութեան, ազգային, կրօնական, հայրենասիրական վառ հոգիի պահպանման, եւ ինչու չէ նաեւ` տնտեսական: Սփիւռքահայ դարձած գաղթականը այս ամբողջը կը տանի գիտակից յանձնառումով եւ համոզումով` միշտ յուսալով, որ «ձախորդ օրերը ձմրան նման կու գան ու կ’երթան, վհատելու չէ, վերջ կ’ունենան», ինչպէս պիտի ըսէր աշուղ Ջիւանին, եւ կ’ունենանք այգաբաց:

Ուղեղներու արտահոսքը, այո, կ’արիւնոտէ հայրենիքին սիրտը. կասեցնելու է ի գին ամէն զոհողութեան: 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ