Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Ա. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ. 1995-1999

ԴՈԿՏ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

 

 

Նախընթացը

     Տ.Տ. Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի վախճանումէն ետք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Գարեգին Բ. Սարգիսեանի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս ընտրութիւնը եղաւ աննախընթաց եւ անսպասելի, նկատի ունենալով Կիլիկիոյ կաթողիկոսին իր աթոռին վրայ մնալու ցկեանս յանձնառութիւնն ու պարտաւորութիւնը, որ կանոնական կերպով կատարած էր Անթիլիասի մայր տաճարին մէջ 1977 թուին՝ յատուկ ուխտառութեամբ։ Գարեգին Բ. Կիլիկիոյ կաթողիկոսը Աթոռին ամէնէն ուշիմ եւ զարգացած հոգեւորականներէն էր, աւազանէն Նշան, ծնած 1932ին Սուրիոյ հայաշատ Քեսապ գիւղաւանին մէջ բարեհամբաւ Յակոբ եւ Ովսաննա Սարգիսեան ծնողաց յարկէն ներս։ Ուսման նախնական տարիներէն ետք որպէս յառաջադէմ աշակերտ, Նշան ընդունուած է Կիլիկեան Աթոռի Անթիլիասի Դպրեվանք 1945 թուին, երբ նոյն տարին Անթիլիաս կը հասնէր մեծանուն Տ.Տ. Գարեգին Ա. Յովսէփեանց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ընտրեալ կաթողիկոսը։ Դպրեվանքի առաջին դասարանի ուսանող Նշան Սարգիսեան նոյն տարին ներկայ եղած էր Գարեգին Հայրապետի օծման եւ գահակալութեան։

 

Առաջին Հանդիպումս 

     Ուսանողութեանս առաջին տարին յԱնթիլիաս, երբ 1949ի Սեպտեմբերին նոր ժամանած էի Գահիրէէն եւ նշանակուած երրորդ կարգի ուսանող, Նշան նորընծայ սարկաւագ մըն էր, մեզմէ երկու կարգ երէց, որ երեսնամեակ մը ետք, 1977-ին, ընդունելէ ետք Գարեգին անունը իր քահանայական ձեռնադրութեամբ, պիտի դառնար նաեւ մեծանուն Հայրապետին յաջորդներէն՝ որպէս Գարեգին Բ. Կաթողիկոս Տանն Կիլիկիոյ։ Դպրեվանքի դասընթացքները գերազանց յաջողութեամբ աւարտելով, Նշան սարկաւագ կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրուէր 1952 թուի Վարագայ Խաչի տօնին, երբ մի քանի ամիս առաջ, Յունիսին, վախճանած էր Գարեգին

Յովսէփեանց Կաթողիկոսը եւ ի յարգանս Հոգելոյս Հայրապետի յիշատակին ձեռնադրութիւնները յետաձգուած էին։

 

Գործունէութիւնը

     Գարեգին շուտով վարդապետական գաւազանի մասնաւոր աստիճանները կը ստանար եւ որպէս դաստիարակ եւ փոխ տեսուչ պաշտօնի կը կոչուէր վերատեսուչ Դերենիկ եպիսկոպոս Փոլատեանէն, որ եղած էր զինք ձեռնադրողը։ Կիլիկիոյ Տ.Տ. Զարեհ Ա. կաթողիկոսի արտօնութեամբ, Դերենիկ եպիսկոպոսի միջնորդութեամբ, եւ Եկեղեցեաց Համաշխարհային Խորհուրդի կարգադրութեամբ, Գարեգին վարդապետ Սարգիսեան Անգլիոյ Օքսֆորտի համալսարան կþընդունուէր, ուր երկու տարի ուսանելէ ետք կը գրէր անգլերէն լեզուով իր աւարտաճառը՝ Քաղկեդոնի Ժողովը եւ Հայ Եկեղեցին, որ իսկոյն կը հրատարակուէր Անգլիոյ SPCK յայտնի հրատարակչատան կողմէ եւ կը ստանար Պսակաւորի ակադեմական աստիճանը։ Անթիլիաս վերադարձին տեսուչ կը կարգուէր Դպրեվանքին, որ Անթիլիասի կաթողիկոսարանէն Զարեհ Ա. Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ փոխադրուած էր լեռնալիբանան՝ Պիքֆայայի կաթողիկոսարանը, ուր կային բնակութեան եւ դասասրահներու շէնքերն ու Սուրբ Աստուածածին մատուռը։ Շէնքերը կառուցուեցան եւ եկեղեցին օծուեցաւ մեր ուսանողութեան տարիներուն։ Սակայն սոյն կարգադրութիւնը մնայուն չեղաւ եւ մի քանի տարի ետք դպրեվանքը Անթիլիաս վերադարձաւ։

 

Գարեգին Բ. Կաթողիկոս Կիլիկիոյ

     1963 Փետրուարին Կիլիկիոյ Զարեհ Ա. Կաթողիկոս յանկարծամահ կþըլլար իր երիտասարդ տարիքին, եւ իրեն կը յաջորդէր Լիբանանի նախկին առաջնորդ եւ կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն Արքեպիսկոպոս Բարոյեան։ Խորէն Ա. կաթողիկոս իր առաջին եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը կը կատարէր եւ երկու օծակից միաբաններ՝ Գարեգին Սարգիսեանն ու Արտաւազդ Թռթռեան վարդապետները, 1964 Յունուարին եպիսկոպոսութեան կը բարձրացնէր։ Նորապսակ Գարեգին եպիսկոպոս դպրեվանքէն ներս իր պարտականութեանց կողքին կը մասնակցէր միջ-եկեղեցական ժողովներու, յատկապէս Կիլիկիոյ Աթոռը ներկայացնելով Եկեղեցեաց Համաշխարհային Խորհուրդի հերթական հանդիպումներուն։ Անգլերէն լեզուով կատարած իր կրօնագիտական հրատարակութիւններով կը դառնար ծանօթ հայ հոգեւորականը Եւրոպայի եւ Անգլիոյ եկեղեցական շրջանակներուն, եւ հետզհետէ ԵՀԽ-ի վարչական անդամ կþընտրուէր ու յատուկ յանձնախումբերու ատենապետ կը կարգուէր։ Տեսուչի իր պարտականութեանց լրումին թեմակալ առաջնորդի պաշտօնին կը կոչուէր՝ նախ Պարսկաստան եւ ապա Միացեալ Նահանգներ, երկուքն ալ Մայր Աթոռի թեմեր, որոնք հակառակ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի գիտութեան եւ արտօնութեան հակականոնական պայմաններու տակ 1956էն ետք խզուած էին Մայր Աթոռէն ու միացած Անթիլիասի։ Այդուհանդերձ, Գարեգին եպիսկոպոս կը յայտնուէր որպէս զարգացած եւ աշխատունակ, գրասէր եւ գիրքերու հեղինակ հոգեւորական մը։ Կիլիկիոյ Խորէն Ա. կաթողիկոս սրտի տագնապներու հետեւանքով կը ստիպուէր բժշկական հրահանգներուն հետեւիլ ու հայրապետական գործը թեթեւցնել։ Խորէն Ա. որոշեց աթոռակից կաթողիկոս մը ունենալ Աթոռին անմիջական գործերու կարգադրութեանց համար, եւ 1977ին Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատգամաւորական ժողով հրաւիրելով աթոռակից կաթողիկոս կþընտրուէր Գարեգին Արքեպիսկոպոս Սարգիսեան, որ կը ստանար Գարեգին Բ. Կաթողիկոս անունը։ Եւ երբ 1983 Փետրուարին Տ.Տ. Խորէն Ա. Կաթողիկոս կը վախճանէր, իսկոյն կը յաջորդէր Գարեգին Բ. որպէս Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ։ Ինչպէս յիշած ենք իր տեղին, Գարեգին Բ. ծաւալուն աշխատանք կատարեց Աթոռին եւ ենթակայ թեմերուն համար, եպիսկոպոսներ ձեռնադրելով եւ միաբանութեան թիւն ու որակը բարձրացնելով։ Տարեկան հայերէն գիրքի ցուցահանդէսներ կազմակերպելով մեծապէս քաջալերեց լիբանանահայ հեղինակներու գրական վաստակը, գլուխն անցնելով ինք իր հրատարակութիւններով։

 

Մէկ Աթոռէն Միւսը

 

     Գարեգին Բ. Կիլիկիոյ կաթողիկոսին մէկ Աթոռէն միւս Աթոռը անցնիլը եղաւ անակնկալ եւ հապճեպ, նկատի ունենալով Տանն Կիլիկիոյ միաբանութեան բոլորովին անտեղեակ ըլլալը, մանաւանդ երբ շուտով յայտնի եղաւ իր «անվերադարձ» մեկնումը դէպի Ս. Էջմիածին։ Որպէս հետեւանք այս բոլորին միաբանութեան եւ Կիլիկեան Աթոռի վարչական կազմերէն ներս հիասթափութիւն եւ յուսախաբութիւն չյառաջացաւ, առանց նոյնիսկ կացութեան մասնաւոր կարեւորութիւն տալու եւ կամ մտահոգութիւն յայտնելու։ Այդ յանկարծակի կացութեան ետին կար նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեան։ 1992ին Հայաստանի Հանրապետութիւնը դարձած էր ինքնանկախ՝ Սովետական 70ամեայ տիրապետութեան վախճանին։ Հանրապետութեան առաջին նախագահ ընտրուած էր Լեւոն Տէր Պետրոսեան, երբ Տ.Տ. Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս տակաւին ի կեանս էր։ Հայրապետը վախճանեցաւ 1994 Օգոստոսին եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան  Տեղապահ ընտրուեցաւ Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Թորգոմ Արքեպիսկոպոս Մանուկեան։ Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին Մայր Աթոռ տեղափոխուելու անսպասելի արարքին մէջ կարեւոր բաժին ունեցաւ Նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան, որ լիովին զօրավիգ կանգնեցաւ պետական իր հեղինակութեամբ վստահեցնելով, որ Գարեգին Բ. պիտի ընտրուէր Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը առաջին հերթին միամիտ, չըսելու համար անգիտակ ու անիրատես դուրս եկաւ, հակառակ իր պատմագէտի եւ բանասէրի համբաւին, իբր թէ «համոզուած» ըլլալով, որ Վազգէն Ա. կաթողիկոսի վախճանումէն ետք միակ կաթողիկոս մը կը մնար՝ յանձին Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կիլիկիոյ, որ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս ընտրուելով հայ եկեղեցւոյ պառակտումը պիտի վերացնէր ու միահեծան հովուէր Հայաստանեայց Եկեղեցին։ Նման անիրատես եւ անփոյթ աճապարանք կաթողիկոսը ինք շատ լաւ գիտէր, եւ սակայն երկու հաւանական պատճառներով ան լռելեայն կþանգիտանար ու կը համաձայնէր, եւ անշուշտ նաեւ իր փափաքը կþուզէր իրագործել՝ Հայ Եկեղեցւոյ բարձրագոյն Աթոռը բազմելու իր ձգտումին մէջ։ Այդ երկու պատճառները յայտնի եղան, մին ձերբազատուելու համար Անթիլիասի մէջ իր վրայ ճնշող քաղաքական կուսակցութեան կաշկանդումներէն, որուն պատճառով իր շարք մը ծրագիրները չէր կրնար իրագործել, եւ երկրորդ, իր անձնական իղձը գերագահ Աթոռին բազմելու կատարուէր, որքան ատեն որ պետական իշխանութեան ղեկավարին ուժն ու խոստումը ի զօրու կը մնային։ Այպանելի երեսը սակայն այն էր, որ քաղաքական միջամտութեամբ լարուեցաւ 1995 Ապրիլ ամսուն Մայր Աթոռի Ազգային-Եկեղեցական Ժողովին գումարումը, երբ կաթողիկոսին հաստատ գիտցածը նախագահը չգիտնալ կը ձեւացնէր, այսինքն այն իրողութիւնը, որ Անթիլիաս բնական ընթացքով իր կայքն ու գործը պիտի շարունակէր առանց դոյզն շփոթի կամ շարժումի։ Գարեգին Կաթողիկոսի մեկնումին վրայ, բնական եւ կանոնական կերպով Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կը մնար կանոնական կերպով ձեռնարկել յաջորդ կաթողիկոսի ընտրութեան առանց որեւէ նկատումի կամ մտահոգութեան։ Եւ յիրաւի, կատարուածը իր լրումին հասաւ հակառակ ուղղութեամբ, երբ նորընտիր Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը առաջին պատեհութեամբ, 1995 Յուլիսին վերադարձաւ Անթիլիաս՝ օծելու համար իր յաջորդը՝ Արամ Ա. Կիլիկիոյ կաթողիկոսը։    

 

Կաթողիկոսական Ընտրութիւն

 

     Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղապահ Թորգոմ պատրիարք Մանուկեան ութ ամիսներ վարեց իր պաշտօնը յաջողցնելու համար Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին ընտրութիւնը։ Տեղապահի հրաւէրին վրայ ներքին եւ արտաքին թեմեր ընտրեցին իրենց պատգամաւորները, որոնք Մայր Աթոռ հասան 1995 Ապրիլի 4-ին։ Յաջորդ օր Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ գումարուեցաւ Ազգային-Եկեղեցական Ժողովի ուխտառութիւնը, եւ յաջորդ օր Վեհարանի ժողովասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ։ Պատգամաւորներու ընդհանուր թիւը աննախընթաց էր, 398 պատգամաւորներ, որոնք Ս. Էջմիածնի մայր տաճարին մէջ մասնակցեցան երեք օր տեւող նիստերուն՝ նախագահութեամբ տեղապահ Թորգոմ Պատրիարքի եւ ատենապետութեամբ դատաւոր Տարիէլ Բարսեղեանի։ Ակնկալուածին պէս նպաստաւոր չեղաւ ընտրութիւնը առաջին հերթին, քանի որ Կիլիկիոյ կաթողիկոսէն ետք առաջին թեկնածուն Գարեգին Արքեպիսկոպոս Ներսիսեան աւելի քուէներ ստացաւ առաջին ընտրութիւններու ընթացքին, առանց սակայն կարենալ ընտրուելու։ Յաջորդ նիստին Գարեգին Բ. Կաթողիկոս Սարգիսեան, որ նախորդ օրէն աւելի քուէներ հաւաքած էր, յանկարծական ընդմիջումով Գարեգին Ներսիսեան արքեպիսկոպոսի «շնորհաւորական յայտարարութեամբ», Ամե-նայն Հայոց Կաթողիկոս հռչակուեցաւ, առանց սպասելու քուէներու վերջնական հաշուարկումին։ Գարեգին Կաթողիկոսի կարգադրութեամբ հայրապետական օծումն ալ տեղի չունեցաւ, քանի որ, իր բացատրութեամբ, ինք արդէն օծում ստացած էր, երբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ընտրուած էր 1977ին։ Տեղապահ  Թորգոմ Պատրիարքի նախագահութեամբ եւ մասնակցութեամբ ներկայ եպիսկոպոսներուն նորընտիր Հայրապետը ձեռնադրութիւն ստացաւ ու կատարեց իր ուխտառութիւնը տալով հայրապետական իր անդրանիկ պատգամը։ Նորընտիր Հայրապետը կոչուեցաւ Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ