Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

ՄԱՐԻԱ ՄԻՀՐԱՆԵԱՆ ՎՈՒՏՊԷՐԻ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ԽՆԱՄԱԿԱԼ ՄԱՐՄՆԻ ԱՆԴԱՄ

Ուրախութեամբ իմացանք, որ Պրպէնք քաղաքի մէջ գործող ամերիկեան հռչակաւոր Վուտպէրի համալսարանը, երկրորդ անգամ ըլլալով իր Խնամակալ Մարմնի անդամ նշանակած է «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի ԱՄՆ Արեւմտեան եւ Արեւելեան շրջաններու Միացեալ Մարմնի նախագահ, ինչպէս նաեւ՝ Cordova աշխարհահռչակ շինարարական ընկերութեան ֆինանսի տնօրէն, եւ նոյն ընկերութեան բաժնետէր՝ Մարիա Միհրանեան:

     Տիկին Մարիա Միհրանեան 3 տարուան շրջանի մը համար պաշտօնի հրաւիրուած է: Անցեալին ան 5 տարի Խնամակալ Մարմնի անդամ եղած է:

     «Վուտպէրի համալսարանը շատ յատուկ կրթական ծրագիր մը ունի, որուն մեծապէս կարիքը ունինք մեր շրջանին մէջ: Ճիշդ ասոր համար է, որ այս համալսարանը մշտատեւ վերելքի մէջ է», ըսաւ Տիկ. Միհրանեան:

Կը շնորհաւորենք մաղթելով յաջողութիւններ։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ