ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեան Հանրապետութեան տօնի առթիւ, 24 Մայիս 2017 թուակիր հրամանագրով, Երախտագիտութեան մետալով պարգեւատրեց «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Աւստրալիոյ մասնաճիւղի ատենադպիր, ազգային գործիչ Պրն. Հայրապետ (Հայկ) Լէփէճեանը, հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդման գործին մէջ իր ներդրած մեծ աւանդին համար:
Նշենք, որ Ընկ. Հայկ Լէփէճեան, Աւստրալիոյ ՌԱԿ Շրջանային Վարչութեան ատենապետն է, ինչպէս նաեւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան խորհրդական անդամ է: