Կիրակի, Նոյեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Նորանոր տարեդարձներ Մաշտոց Քոլէճին, արեւշատ օրեր անոր հիմնադիր նախագահ՝ Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանին

Կիրակի, Յունիս 4ի եւ Կիրակի, Յունիս 11ի օրերը Լոս Անճելըսի հայութեան կեանքին մէջ անմոռանալի օրեր պիտի մնան: Այդ օրերուն փառաշուք ձեռնարկներով նշուեցաւ ԱՄՆի ողջ տարածքին վրայ գործող, առաջին եւ ցարդ միակ անկախ եւ զուտ հայկական քոլէճին տարեդարձը։

     Այսօր, երբ աշխարհի բոլոր ցամաքամասերուն վրայ, դժբախտաբար քաղաքական, տնտեսական կամ ընկերային հայակուլ պայմաններու բերումով հայկական դպրոցներ կը փակուին, որքան մխիթարական է տեսնել Մաշտոց քոլէճի նման հաստատութիւն մը, որ նուաճումէ նուաճում կը շարունակէ իր յաղթական երթը: Այս բոլորը կարելի եղաւ իրականացնել, շնորհիւ Աստուծոյ եւ Անոր խոնարհ ծառային՝ Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանի ամբողջանուէր ծառայութեան եւ յարատեւելու կամքին:

     Կիրակի, Յունիս 4ին, Կլենտէյլի «Ֆէնիսիա» ճաշարանի մէջ յորդահոս բազմութեան մը ներկայութեամբ, տօնական ջերմ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ քոլէճի հիմնադրութեան 25ամեակը եւ անոր սիրելի նախագահ՝ Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանի ԱՄՆի մէջ ծաւալած կրթական, մշակութային եւ հասարակական ծառայութեան 40ամեակի պաշտօնական ճաշկերոյթ-հանդիսութիւնը, հովանաւորութեամբ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Լոս Անճելըսի Գլխաւոր հիւպատոսութեան, յանձին՝ վսեմաշուք Տիար Վալերի Մկրտումեանի:

     Ճաշի օրհնութենէն ետք, հանդիսութիւնը ձեռնհասօրէն վարեց ծանօթ եւ համակրելի հասարակական գործիչ՝ Տիար Յակոբ Յովհաննիսեան: Խօսք առին յարգամեծար՝ Վալերի Մկրտումեան, Իրաքահայերու Ընտանեկան Միութեան ատենապետ՝ Խաչիկ Ճանոյեան եւ Տէր Եղիայեան ընտանիքին կողմէ՝ ճարտարապետ Ժիրայր Թիւթիւնճեան:

     Իրենց թանկագին ներկայութեամբ ձեռնարկը կը պատուէին հոգեւոր հայրեր, քաղաքական գործիչներ, վարժարաններու տնօրէններ, հասարակական կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ, Քոլէճի առաքելութեան հաւատացող բարերարներ, ղեկավարներ եւ մանաւանդ՝ Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանի հանդէպ անսահման սէր եւ յարգանք ունեցող մեծաթիւ ազգայիններ:

     Երեք խօսողներն ալ մեծապէս գնահատեցին Մաշտոց Քոլէճի ծնունդը, անոր տարած պատուաբեր ծառայութիւնը ԱՄՆի հայութեան կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ յիշեցին Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանի մարդկային, քրիստոնէական նկարագրի ազնիւ գիծերը:

        Գործադրուեցաւ գեղարուեստական  հոյակապ յայտագիր մը: Ասունքով եւ նուագով ելոյթ ունեցան՝ Թագուհի Արզումանեան, Ռաֆֆի Գերպապեան, Լեւոն Սեւան, Մերուժան Մարգարեան, Մէկի Խլղաթեան եւ Գօգօ Հայիթեան, որոնք արժանացան ներկաներու ջերմ գնահատանքին։

     Այդ օր սրահը ողողուած էր այս հաստատութեան եւ անոր հիմնադիրին հանդէպ ջերմ սիրոյ զգացումներով: Ներկները մօտ 4 ժամ տեւող յայտագրին հետեւեցան մեծ բաւարարութիւն ստանալով, վայելելով անոր իւրաքանչիւր վայրկեանը:

    Այդ ճաշկերոյթին, Քոլէճի տնօրէնութիւնը եւ հոգաբարձութիւնը շատ տպաւորիչ յուշատախտակներով գնահատեցին մօտ 25 ազգայիններ, Քոլէճին եւ մեր գաղութին մատուցած ծառայութեանց համար:

      Մեր գաղութի սէրն ու յարգանքը արդարօրէն վայելող, հոյակապ դիւանագէտ՝ Տիար Վալերի Մկրտումեան ստացաւ Քոլէճի Պատուոյ Փրոֆեսորի կոչումը իր դիւանագիտական ծառայութիւններուն եւ Սփիւռք-Հայրենիք կապերու ամրապնդման սատարելուն համար:

     Ապա, յայտնապէս յուզուած, խօսք առաւ մեծարեալը՝ Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան: Ան իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց նախ Աստուծոյ, իր ընտանիքի անդամներուն, որոնք միշտ զօրավիգ եղած են իրեն։ Ան հպարտութեամբ յիշեց Քոլէճի 25 տարիներու իրագործումներու ամփոփ տեղեկութիւնները: Վերջաւորութեան հատումը կատարուեցաւ Քոլէճի եւ մեծարեալի տարեդարձներու հսկայ կարկանդակին։ Մեծարեալը պարգեւատրուեցաւ նաեւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան ամենաբարձր՝ Ոսկէ մետալով։

***

     Պաշտօնական այս ճաշկերոյթէն ետք, տօնակատարութեան ուրիշ հրավառութիւն մը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Յունիս 11, 2017, կէսօրէ ետք ժամը 5ին, Փասատինայի Հայ Նազովրեցի ընդարձակ եկեղեցւոյ մէջ:

     Այդ օր, Գոլէճի 25ամեակին առիթով, մանկավարժական բաժինէն 70 ուսանող-ուսանողուհիներ շրջանաւարտ եղան: 70 հայ երկսեռ երիտասարդներ հայ լեզուի, կրթութեան եւ հայապահպանման ասպարէզ մտան: Եկեղեւոյ սրահը լեփ-լեցուն էր: Հանդիսութիւնը սկսաւ շրջանաւորտներու տպաւորիչ մուտքով, առաջնորդութեամբ Քոլէճի նախագահ՝ Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանին եւ Քոլէճի հոգաբարձութեան ղեկավարներուն: Ապա, յաւուր պատշաճի աղօթք կատարուեցաւ: Հանդիսավարն էր ծանօթ ասմունքող՝ Յարութիւն Ֆոդուլեան:

     Գեղարուեստական բարձրորակ յայտագիր մը գործադրուեցաւ: Երգով, նուագով, պարով եւ ասմունքի գեղեցիկ կատարումով ելոյթ ունեցան՝ Մարալ Բարսեղեան, Անահիտ Ներսիսեան, Մէյրի Ակիւլեան, Ալէնուշ Եղնազար, Գագիկ Պատալեան, Թագուհի Արզումանեան, Նոէլ Տօքթորեան, Արաքս Կարապետեան, Յասմիկ Յովսէփեան, Ռուբէն Թելունց եւ Անժէլա Ամիրեան: Շրջանաւարտներու կողմէ՝ Քաղցրիկ Մանուկեան, Շրջանաւարտից Միութենէն Ազնիւ Փափազեան ու դասախօսական կազմի անունով՝ Յովսէփ Նալպանտեան:

      Որպէս գլխաւոր պատգամաբեր խօսք առաւ Յակոբ Յովհաննիսեան: Նմանապէս խօսք առին եւ որդիական ջերմ սիրով ու գնահատանքով խօսեցան  Դոկտ. Տէր Եղիայեանի ու Մաշտոց Քոլէճի գործունէութեան մասին իր երկու զաւակները: Երախտագիտական խորագոյն բառերով եւ արտայայտութիւններով խօսք առին քանի մը շրջանաւարտներ:

     Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան 15 հատորներու հեղինակ է, ան աւելի քան 100 գիտական յօդուածներ գրած է: Այդ օր հանրութեան ներկայացուեցաւ Դոկտորին վերջին գործը՝ “Voices in Silence” («Ձայներ Լռութեան մէջ»), որ պատմական արխիւային պատկերազարդ հատոր մըն է, 350 էջերէ բաղկացեալ: Հոն կը տեսնենք պատմական Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ աւելի քան 80 քաղաքներէն, գաւառներէն ու գիւղերէն առնուած լուսանկարներ: Հատորին 350 էջերուն 285-ը կը բաղկանայ գունաւոր գեղեցիկ էջերէ: Իսկապէս, պատմական, տեղեկատուական, բացատրական գուխ-գործոց հատոր մըն է, հրատարակութեամբ՝ Կլենտէյլի «Երեւան» տպարանի: Գիրքը ներկայացուց ծանօթ մտաւորական, Դոկտ. Տէր Եղիայեանին երկար տարիներու բարեկամ՝  Սարգիս Մաճառեան: Ան խղճամիտ կերպով ներկայացուց այս ծաւալուն հատորը, նշելով անոր առանձնայատկութիւնները, ունենալիք օգուտն ու նպաստը Հայ Դատին եւ մեր պահանջատիրական պայքարին:

Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան, յանուն Մաշտոց Քոլէճի գեղեցիկ գնահատագրերով պարգեւատրեց օրուան արուեստագէտ-արուեստագիտուհիները, խօսողներն ու “Voices in Silence” («Ձայներ Լռութեան մէջ») հատորի լոյս ընծայման բոլոր սատարողները:

     «Տարուան Հայրը» կոչումին արժանացաւ Սարգիս Թոփալեան, «Տարուան Մայրը»՝ Սէլա Էքմէքճեան: Հայագիտութեան Պատուոյ Փրոֆեսորի տիտղոսը շնորհուեցաւ Երան Գույումճեանին, կիպրահայ հանրածանօթ մտաւորական:

      Այս ուրախ առիթով հռչակագրեր ու գնահատագրեր  ղրկած էին՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահը, Կրթութեան նախարարը, ԱՄՆի Ծերակոյտէն հինգ անդամներ, Ներկայացուցիչներու Տունէն 26 անդամներ, եօթր նահանգապետեր, 36 քաղաքապետեր, 24 համալսարաններու նախագահներ, 84 հայ ու ամերիկեան կազմակերպութիւններ, 136 մտաւորականներ, շրջանաւարտներ ու բարեկամներ:

 Վեր. Յովսէփ Մաթոսեանի փակման աղօթքով վերջ գտաւ հանդիսութիւնը։

     Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք բոլոր անոնք, որոնք 25 տարի հաւատացին, ծառայեցին նիւթապէս եւ բարոյապէս օգտակար հանդիսացան այս սուրբ ու պատուական գործին, գլխաւորութեամբ մեր բոլորին սիրելի Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանին:

    Բոլորին կ՚ըսենք՝ ձեր վարձքը կատար: Մենք հպարտ ենք ձեզմով: Թող Աստուծոյ շնորհքները անպակաս ըլլան ձեր վրայէն:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ